Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբավայրէ Ուխտավայր

April 7, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Միտք, սիրտ եւ հոգի. ասոնք կը կազմեն մարդ անհատի ամբողջ էութիւնը: Մարդը հանգիստ է, երբ միտքը խաղաղ է, սիրտը` մաքուր եւ հոգին` անբիծ. մարդը հանգիստ է, երբ Աստուած-մարդ եւ մարդ-մարդ յարաբերութեան մէջ հաշտ է. նաեւ մարդը հանգիստ է, երբ հաշտ է իր անձին հետ: Որքան Աստուծոյ մօտենաս, այնքան դուն քեզ ապահով կը զգաս, որքան մտերմանաս Անոր հետ, այնքան դուն քեզ տարբեր մակարդակի վրայ կը գտնես:

Ինչպէ՞ս մօտենալ եւ մտերմանալ Աստուծոյ հետ: Արդար հարցում մը, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կրնայ հարցնել եւ պէ՛տք է հարցնէ:

Երբ առաջին անգամ ըլլալով կ՛երթանք անձի մը տունը, մենք զմեզ անծանօթ կը նկատենք, իսկ քանի մը անգամ այցելութիւն տալէ ետք կը սկսինք հանգիստ եւ մտերիմ զգալ: Նոյնն է եկեղեցի երթալու եւ Աստուծոյ հանդիպելու պարագան. որքան երթաս Տունը Աստուծոյ այնքան կը ծանօթանաս ու կը մտերմանաս Տանտիրոջ` Աստուծոյ, երկնաւոր Հօրդ:

Ուխտաւորներ մօտեցան ու մտերմացան Աստուծոյ, երբ շաբաթ, 2 ապրիլ 2022-ին կատարեցին ուխտագնացութիւն` Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի սրբավայրէն դէպի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի ուխտավայր: Տպաւորիչ էր պատկերը, երբ Տիրոջ հետ քալելով ուրիշին համար կ՛աղօթէին` «Աշխարհին խաղաղութի՜ւն, հիւանդաց բժշկութիւն, հայ ընտանիքներուն համբերութիւն, Ս. Աթոռին անսասանութիւն…». երբ իրենց միտքը, սիրտն ու հոգին ամբողջութեամբ նուիրած էին Աստուծոյ, կտրուելով աշխարհի ճղճիմ մտահոգութիւններէն ու անարդար տագնապներէն. երբ սլացած էին դէպի վե՛ր եւ ճախրելով երկինքը` հասած Աստուծոյ:

Անոնց ոտքերը, երբ դէպի ուխտավայր կ՛առաջնորդուէին, իրականին մէջ դէպի Աստուծոյ Տունը կ՛առաջնորդուէին, ուր հասնելէ ետք ուխտաւորները պիտի ըսէին. «Կը նախընտրեմ գաւիթիդ մէջ իմ անցուցած մէկ օրս, քան թէ հազար ուրիշ օրեր` գաւիթէդ դուրս ապրուած» (Սղ 84.10):

Անոնց ոտքերը երբ դէպի ուխտավայր կ՛առաջնորդուէին, հասնելէ ետք անոնք կ՛ըսէին. «Սրբարանդ եկայ` քեզ տեսնելու, զօրութիւնդ եւ փառքդ դիտելու համար: Որովհետեւ քու սէրդ կեանքէն աւելի՛ կ՛արժէ. ուստի շրթներս պիտի գովաբանեն Քեզ» (Սղ 63.2-3):

Աստուծոյ հետ մեր ուխտը նորոգած ենք, մտերմացած եւ մտահոգութիւնները բաժնեկցած, իսկ հիմա եկած ենք ու պատրաստ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հայրապետական թափօրով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով օրհնուելու եւ այդ օրհնութիւնը մեր տուները տանելու: Եկած ենք մեր Անթիլիասի ուխտավայրէն` Ս. Աթոռէն, մեր հաւատքի հօր օրհնութիւնը առնելու եւ արար աշխարհին բաշխելու:

Եկած ենք մեր ուխտը վերանորոգած եւ մեր աչքերը դէպի երկինք յառած` հայրապետին շրթներէն լսելու. «Ո՜վ Լուսաւորիչ մեծ հայրապետ, Ս. Աջիդ հովանիին տակ օրհնէ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդդ, սրբէ մեր մեղքերը, մաքրէ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական ախտերը, առողջութիւն շնորհէ հիւանդներուն, լուսաւորէ մեր կեանքի խաւար ճամբաները, երկնային բարիքներով ծաղկազարդէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ ընտանիքներուն կեանքը». ամէն:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 131-ամեակի Նշում Կլենտէյլի Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.