Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Սրբոց Առաքելոց Եւ Առաջին Լուսաւորչացն Մերոց Թադէոսի Եւ Բարթողիմէոսի

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոց Առաքելոց Եւ Առաջին Լուսաւորչացն Մերոց Թադէոսի Եւ Բարթողիմէոսի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին Յիսնակի (Սուրբ Ծնունդը կանխող յիսուն օրերու շրջան) առաջին կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը կը տօնէ Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչներ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն յիշատակը: Յիսուսի տասներկու աշակերտները, իրենց Տիրոջ պատգամին համաձայն` «Գացէ՛ք ուրեմն աշակերտ դարձուցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգոյն սրբոյ», շրջեցան աշխարհով մէկ եւ ամէնուրեք տարածեցին Քրիստոսի լոյսը: Առաքեալներէն երկուքը` Սուրբ...

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական.  ՀՅ Դաշնակցութեան Հայրենակերտման Առաքելութիւնը Անշրջելի Է  (ՀՅԴ 132-Ամեակին Առիթով)

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. ՀՅ Դաշնակցութեան Հայրենակերտման Առաքելութիւնը Անշրջելի Է (ՀՅԴ 132-Ամեակին Առիթով)

«Դաշնակցութիւնը հարազատ զաւակն է հայ ազգին, ծնած անոր ծոցէն` իբրեւ իսկական արտայայտիչը բազմաչարչար մեր ցեղին քաղաքական պահանջներուն եւ ազգային ձգտումներուն» ՀՐԱՆԴ ՍԱՄՈՒԷԼ Դաշնակցութիւնը պետականակերտ կուսակցութիւն է, որ հիմը դրած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ այդ մէկը իրագործած է հայ ժողովուրդի լիակատար բնաջնջումին միտուած թրքական ցեղասպանական ծրագրէն երեք տարի ետք: Անշեղ եւ անխոտոր է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նպատակը` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական...

Ներէ, Որ Ներկայ Չեմ…

Ներէ, Որ Ներկայ Չեմ…

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Ի՞նչ բառերով դիմեմ քեզի, սիրելի՛ Մարզպետ, երբ հայկազեան ոսկեղենիկի գոհարները  շաղ կու տայիր յօդուածներուդ մէջ, մինչ ես հիմա կաղ յանգերով կու գամ յիշատակիդ բուռ մը աղօթք մրմնջելու: Աղօթք, որովհետեւ գովաբանութիւններէն ու  դրուատիքի խօսքերէն կը խորշէիր: Աղօթք, որովհետեւ մեր աղօթքներու յորդորներով եւ շարականներու երկնային մեղեդիով կախարդուած ապրեցար կեանքդ ու առաջնորդուեցար անոնց թելադրականութեամբ եւ եղար խիզախ ու ուղղամիտ: 1965-ին մեկնեցար...

ԼՕԽ-ական Մեր Ընկերուհին (Շամիրամ Գասոյեանի Յիշատակին)

ԼՕԽ-ական Մեր Ընկերուհին (Շամիրամ Գասոյեանի Յիշատակին)

ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Այսօրուան այս գրութիւնը պատշաճօրէն կը զուգադիպի Կամաւորներու օրուան: Մեր ընկերուհին` ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի անդամներէն Շամիրամ Գասոյեանը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն մինչեւ իր վերջին շունչը կամաւորաբար ծառայած է շրջապատին, առանց գանգատելու եւ դժգոհելու, միշտ ուրախ ու ժպտուն տրամադրութեամբ: Իրեն համար ժողովները առաջնահերթութիւն էին: Տարիներով ստանձնած է ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետութեան պաշտօնը եւ բծախնդրութեամբ կատարած է իրեն վստահուած պարտականութիւնը:...

Երկխօսութիւն Ընկերուհի Շամիրին Հետ

Երկխօսութիւն Ընկերուհի Շամիրին Հետ

Համեստ ու քաղցր, տիպար ու պատշաճ խաչուհի ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի ուշագրաւ տիրուհի, Մտքի, խղճի ազատութեան արդար հայուհի, Ազգին ծառան. իրաւունքի պաշտպան սիրելի: Աղէտի, արհաւիրքի փոթորիկով հարուածուածներ, Բողոք, մահ, կորուստ, դժխեմ ճակատագիրի ենթարկուածներ, Սարսափ, կրակ, բոց, անտէր ուժասպառ բոցավառուածներ, Արիւն... կեանքը սպառնացող վտանգներէն կորսուածներ: Հաւատքով եւ յոյսով, ուժ եւ լոյսի պայքար մղեցիր, Պողպատեայ կամքով, բոցիդ տառապանք շարունակեցիր, Սուրբ Քրիստոսով, մղձաւանջի վտանգը...

Ականջալուր Ըլլանք Բագրատ Սրբազանի Պատգամին

Ականջալուր Ըլլանք Բագրատ Սրբազանի Պատգամին

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 30 հոկտեմբեր 2022-ը արցախեան պայքարի տարեգրութեան մէջ պիտի արձանագրուի իբրեւ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը վերահաստատելու օր: Այդ օր շուրջ քառասուն հազար արցախցիներ համախմբուեցան Ստեփանակերտի մէջ եւ վերաշեշտեցին իրենց կառչածութիւնը 1988 թուականին ազգային վերազարթօնքի շարժումով հրապարակ նետուած սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն նկատմամբ, որոնց գլխաւորներն են` ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, պատմական անարդարութեան սրբագրութիւնը, հետեւաբար նաեւ` շրջանի հայկական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ընդգծումը: Ստեփանակերտի...

132-Ամեակէն Ետք Եւ Նոր Պայմաններու Լոյսին Կամ Խաւարին Տակ.  Չթուլանանք, Չյանձնուինք Եւ Չյարմարինք…

132-Ամեակէն Ետք Եւ Նոր Պայմաններու Լոյսին Կամ Խաւարին Տակ. Չթուլանանք, Չյանձնուինք Եւ Չյարմարինք…

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Անցնող շաբաթներուն Լիբանանը դարձաւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին ուշադրութեան կեդրոնը, ուր տեղի ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ մարմիններու եւ Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի ու ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւններու լիագումար ու միջմիութենական նիստերը, հաւաքները, զեկուցական հանդիպումները... Այս ոգին եզրափակուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած մեծաշուք հանդիսութեամբ, որ համահունչ էր Լիբանանի մէջ անցնող օրերուն տիրող համահայկական ոգիին եւ դաշնակցական մթնոլորտին, եւ որ արժանի է համապատասխան...

Վահան Զանոյեան (ԺԴ.)  Թէ Ինչպէ՞ս Վերագտայ Զինք, Եւ Ո՞վ Է Ան

Վահան Զանոյեան (ԺԴ.) Թէ Ինչպէ՞ս Վերագտայ Զինք, Եւ Ո՞վ Է Ան

  ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Երեւան, 2010, Ձմեռ Հեռաձայնը հնչեց, ընկեր մըն էր. - Ո՞ւր ես, կրնա՞ս գալ: - Հեռու եմ, չեմ կրնար գալ, ուշ է արդէն: - Ուշ չէ, եկո՛ւր, մեծ անակնկալ ունիմ քեզի: Վահրամին (Դաւթեան) հետ եմ, Ռուբէն Աբովեանին մօտ, որ Մերձաւան գիւղը կ՛ապրի: - Ո՞ւր է ատիկա: - Էջմիածնի ճանապարհին... Շատ հեռու չէ, մենք կը սպասենք քեզի... եկուր... գոհ...

Մեր Ժողովուրդը Շարունակելու Է Ազատութեան, Արդարութեան Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրացման Համար Իր Պայքարը

Մեր Ժողովուրդը Շարունակելու Է Ազատութեան, Արդարութեան Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրացման Համար Իր Պայքարը

Ընկերվար միջազգայնականի 26-րդ համագումարին ընթացքին օրակարգի` «Խաղաղութեան ապահովում եւ ժողովրդավարութեան ուժեղացումէ թեմայի ծիրին մէջ խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը` անդրադառնալով արցախեան տագնապի ներկայ փուլին եւ Ազրպէյճանի շարունակական յարձակումներուն: Ստորեւ` անոր արտասանած խօսքը: Ես իմ ողջոյնի խօսքն եմ ուղղում ձեզ` որպէս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ազատութեան, արդարութեան...

Հայրենիքը Տուն Բերել

Հայրենիքը Տուն Բերել

ԿԱՄԻԼԱ ... Որովհետե՜ւ, մէջս ապաստանած մենութիւնդ պարպեցի մատղաշ արշալոյսին մէջ, շաղեցի սէրս ու հանեցի վրայէդ օտարացումի վերարկուն: Սիրաթուրմով քակեցի պրկուած ժամը, որ անորուշութեան սլաքներու միջեւ կը ժամադրուէր տունդ լքող թռիչքին հետ... Գիտե՛մ, այս աշխարհի մէջ գիշերները սկսած են կարմրիլ, իսկ երբ մտնեմ հաց գնելու, մօտիկ տեղ մը, կը ճաքճըքի սեղաններուն վրայ սպասող պնակներուն դատարկութիւնը. Հայրենի՜ք, երանի արեւուն դիմաց ցորենի արտ...

2022-ի Պատմական Մոնտիալը` Քաղաքակրթութեանց Բախում, Քարոզչութիւն Եւ Քաղաքականութիւն

2022-ի Պատմական Մոնտիալը` Քաղաքակրթութեանց Բախում, Քարոզչութիւն Եւ Քաղաքականութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 20 նոյեմբերին ընթացք առաւ 2022-ի Մոնտիալը` միջինարեւելեան, իսլամական ու արաբական երկիրի մը մէջ առաջինը: Անիկա ոչ միայն իբրեւ երեւոյթ, այլ նաեւ ծախսալի ըլլալու առումով պատմական է: Արդէն մէկ տարի առաջ մարզադաշտերու, փապուղիներու, օդակայաններու, նոր քաղաքի ու նաւահանգիստի կառուցման ծախսերը գերազանցած էին 200 միլիառ տոլարը: 2017-ին յայտնի դարձած էր, որ Քաթար շաբաթական 500 միլիոն տոլար պիտի ծախսէ մարզադաշտերու պատրաստութեան...

Տոմս.  Պարզութիւն

Տոմս. Պարզութիւն

Այս տիկինը համարեա՛ ամէն օր կը տեսնեմ: Առաւօտները, երբ բարեկամիս խանութին մուտքին կը նստինք սուրճ մը խմելու, դիմացի պուրակին մէջ կը պտտի, կը պրպտէ բոյսերը, ապա կամաց-կամաց իր ձեռքերուն մէջ կը ձեւաւորուի սովորական բոյսերէ եւ քանի մը դեղին ծաղիկներէ հրաշալի փունջ մը, զոր խնամքով կը շտկրտէ, կը յարդարէ եւ վերջնական ձեւին մէջ դնելէ ետք, խորհրդաւոր ժպիտ մը դէմքին վրայ, կը...

«Հոս Դաշնակցական Ցոլակն Է…»  (Ցոլակ Յովսէփեանի Յիշատակին)

«Հոս Դաշնակցական Ցոլակն Է…» (Ցոլակ Յովսէփեանի Յիշատակին)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ ... Պիտի լսէր հեռաձայնողը, եթէ պատահէր, որ ընկեր Ցոլակը քիչ մը հեռու ըլլար հեռաձայնի գործիքէն եւ չկարենար անմիջապէս պատասխանել. հեռաձայնին վրայ արձանագրուած` ինքնավստահութիւն բուրող իր խօսքը պիտի թելադրէր, որ պէտք էր պատգամ մը ձգել, եւ ինք անպայման կը պատասխանէր շուտով: Իսկապէս ալ հեռաձայնողը ընդհանրապէս երկար չէր սպասեր, եւ ընկեր Ցոլակին կատակախառն ձայնը կը հնչէր գիծին միւս ծայրէն: Յիշատակներու...

Պատի՛ւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Պատի՛ւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ Անցնող օրերուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հաւատարիմ համակիրներ,  գաղափարակից ընկեր-ընկերուհիներ մեծ ոգեւորութեամբ ուղղուեցան «Հիլթըն Պէյրութ «Հապթուր Կրենտ» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահ` ներկայ գտնուելու անոր 132-ամեակի նշման հանդիսութեան եւ իրենց յանգանքն ու զօրակցութիւնը յայտնելու անոր: Անոր, որ աւելի քան դարէ մը ի վեր մնացած է պատնէշի վրայ` միշտ հայութեան կողքին, միշտ հայութեան համար: Իր ծնունդէն մինչեւ մեր օրերը, բոլոր հանգրուաններուն եւ...

132 Տարեկան Երիտասարդ Գաղափարը

132 Տարեկան Երիտասարդ Գաղափարը

ԳՐԻԳՈՐ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ Անցնող շաբաթ նշեցինք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 132-ամեակը: Շատ բան ըսուեցաւ այս մասին, սակայն հիմնականը եւ հասարակ գիծը կը մնայ այն, որ այս կուսակցութիւնը քաղաքական սովորական կազմակերպութիւն մը չէ, ժամանակաւոր ծրագիրներով ինքզինք մէջտեղ նետած միութիւն մը չէ, կեղծ լոզունգներով ու գրաւիչ արդիական խօսքերով իր մէջ հաւաքած եւ իրականութենէ անջատուած երիտասարդներու ինքնակոչ համախմբում մը չէ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ժողովուրդին...

Թահա Հուսէյն` «Մշակոյթի Ապագան Եգիպտոսի Մէջ»  (Ընտրանիներ)

Թահա Հուսէյն` «Մշակոյթի Ապագան Եգիպտոսի Մէջ» (Ընտրանիներ)

ՎԱՀԱՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ինչո՞ւ այս յօդուածը (կամ` յօդուածներու շարքը, ինչպէս որ Տէրը կամենայ): Գաղտնիք մը չէ, որ մեր` հայերուս, այսօրուան իրավիճակը (իբրեւ ազգ) լաւագոյնը չէ, այլ աւելի՛ն,  օրհասական է: Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի Հանրապետութենէն մնացած նշխարհին մէջ ապրողները եւ մնացեալ հայերս, որ թէեւ զոյգ հանրապետութեանց սահմաններէն դուրս կ՛ապրինք, բայց Հայաստանը մեզի համար սոսկ զբօսավայր մը չէ, այլ` հայրենիք մը, որ մեր...

Հանդիպումը

Հանդիպումը

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ ՎԵՐԸ կամ ՏԵՂ ՄԸ հանդիպեցան իրենք ու անոնք Իրենք նոր հասան Անոնք հոն էին Երկու խումբերն ալ նոյն ճանապարհով անցան Երկու խումբերն ալ նոյն վայրը հասան Անոնք կը կարծէին թէ իրենք վերջին հասնողները պիտի ըլլան Իրենք կոտրեցին անոնց օրէնքը Անոնք ափսոսանքով սպասեցին իրենց Իրենք գիտակցութեամբ կը հետեւէին ճամբային անոնց Իրենք ու անոնք տեսնուեցան ի վերջոյ Հաւաքուեցան Միատեղուեցան Հոն...

Մինչեւ Ե՞րբ

Այցելութեան Մը Առիթով

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Նախորդ շաբաթ լիբանանահայութիւնը առիթ ունեցաւ վայելելու Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը շրջագայեցաւ Այնճարէն մինչեւ դպրեվանք, գրեթէ բոլոր վարժարանները, շաբաթ օր ժողովրդային ցուցադրութիւն ունեցաւ եւ երկուշաբթի Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն ու անձնակազմին ներկայացումով եզրափակեց իր լիբանանեան երթը` այսպիսով Արցախով ոգեւորելով եւ գեղարուեստական լաւ ժապաւէնի մը ցուցադրութեամբ տարբեր ճաշակի, զգացումի, գոյնի եւ երաժշտութեան վայելքը շնորհելով մեզի: Այս բոլորէն անդին`...

Ջիւան Աւետիսեան Արցախեան Շունչն Ու Հարազատութիւնը Լիբանան Բերաւ

Ջիւան Աւետիսեան Արցախեան Շունչն Ու Հարազատութիւնը Լիբանան Բերաւ

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ «Երկուքս ալ մեր անցեալին բանտարկեալներն էինք, հալածուած` նոյն դէմքին կողմէ»... Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնին գլխաւոր հերոսուհի` օփերայի երիտասարդ երգչուհի Սոֆիա Մարտիի (35 տարեկան, աշխարհահռչակ ջութակահար Վլատիմիր Սփիվաքովի եւ հայ դերասանուհի Սաթի Սփիվաքովայի դուստրը` Թաթիանա Սփիվաքովա) այս խօսքը, որ շեշտակի կերպով փորագրուած է ժապաւէնին մէջ անոր ունեցած մտորումներուն ընթացքին, շատ խօսուն ու բովանդակալից է: Երկուքը` մէկը ինքն է,...

Հայ Մտաւորականութիւնը Պիտի Ըլլա՞յ Ազգի Իրաւութեան Գաղափարախօս

Հայ Մտաւորականութիւնը Պիտի Ըլլա՞յ Ազգի Իրաւութեան Գաղափարախօս

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայոց պատմութեամբ եւ մշակոյթով կազմաւորուած ազգային մտաւորականութիւնը գաղափարախօսը պէտք է ըլլայ հայոց իրաւունքին, լիիրաւ վերականգնումին եւ անսեթեւեթ ինքնութեան պաշտպանութեան պայքարին: Խօսքը վերջին պահակագունդին կը վերաբերի: Այսինքն մտաւորականութիւնը, ինչ ալ ըլլան ընկերաքաղաքական բացասական պայմանները, էականէն պէտք չէ հեռանայ, վասն պատշաճեցումներու` կիսամիջոցները չչատագովէ, անոնցմով տուրք չտայ նահանջական գործնապաշտութեան առաջնորդներուն, անոնք ըլլան պետական-քաղաքական, թէ մոլորակի վրայ տարտղնուած եւ մանրուող համայնքներու հարազատութեան...

Page 226 of 807 1 … 225 226 227 … 807

Արխիւներ