… Որովհետե՜ւ,
մէջս ապաստանած մենութիւնդ պարպեցի
մատղաշ արշալոյսին մէջ,
շաղեցի սէրս ու հանեցի վրայէդ
օտարացումի վերարկուն:
Սիրաթուրմով քակեցի պրկուած ժամը,
որ անորուշութեան սլաքներու միջեւ
կը ժամադրուէր տունդ լքող թռիչքին հետ…
Գիտե՛մ, այս աշխարհի մէջ
գիշերները սկսած են կարմրիլ,
իսկ երբ մտնեմ հաց գնելու,
մօտիկ տեղ մը, կը ճաքճըքի սեղաններուն վրայ սպասող
պնակներուն դատարկութիւնը.
Հայրենի՜ք, երանի արեւուն դիմաց
ցորենի արտ ըլլայի…
Ամէն օր, նոյն ժամուն ժամացոյցները կը պոռան.
– Արթնցի՛ր:
Ժամանակի պղպջակներուն դատարկապորտ սլաքները
Իրենց ետեւէն կը քաշեն.
– Քալէ՛:
Որովհետե՜ւ,
Երբ քամին երեսիս նետեց պատերազմի գիշերը`
ես որդեգրեցի զինք,
ազատագրելով իր երազները կաղկանձող մութէն,
որ յանկարծ անձնասպան չըլլան
օրերու անառակ փամփուշտներով…
Պատուհաններուն վրայ լերդացած մութը
լուսինն իբրեւ թելակծիկ կը խառնէ,
իսկ աչքերու երեսին կղպուած ապակիներն
ալ ուժ չունին դուրս նայելու:
Անոր համար, երբ բանաս Հայրենիքի դուռը,
ոտքդ զգո՜ւշ դիր ներս`
հողով փաթթուած Տղաք կան,
յանկարծ չտրորես անոնց չորցած երազները:
Որովհետե՜ւ,
փողոց մը խճողուած անտարբերութիւն կայ
կեանքի ու մահուան զինեալ սահմանին վրայ:
Որովհետե՜ւ,
Փամփուշտը կը ճեղքէ ներկան,
ուրկէ կը կաթի կարմիր լռութիւն:
Որովհետե՜ւ,
Ես մեռայ ամէն զոհուող Տղու հետ,
Բայց մարմինս դեռ յանձնուած չէ հողին…
Ամայութեան աւազներէն խաղալիքներ կը շինենք
ու կը խաղանք պատերազմի անտուն երգեր,
որ կը ծաղկին մեր լեզուին վրայ:
Գամեցէ՛ք զիս արդարութեան խաչափայտին,
պատռե՛մ պիտի երախը արնախում ժամանակի
եւ ի՜նչ փոյթ, որ ձեռքերս արիւնին ձեր մեղքերէն.
Դուք տեսա՞ծ էք աչքերը ծեր երեխայի,
երբ մանկութիւնը կը պայթի իր փոքրիկ սիրտին մէջ.
Որովհետե՜ւ,
մենք կը մաշենք ստրկութիւնը ուրիշին` մե՛ր ուսերուն դրած
եւ ոտքերը մեր թաց են տակաւին
Տէր Զoրի յուշերէն…
Բայց մեզի ռազմի երգեր են հարկաւոր,
այլ ոչ` դժբախտներ ու գերեզմաններ:
Ելէ՛ք ոտքի, Հայրենիքը մեզի կը սպասէ`
ծովից ծո՜վ եւ աւելին:
Ինձմէ քայլ մը անդին, բռնութեան լեզուն կը ներծծէ
երկրին մարմինը,
իսկ մենք կը շարունակենք խաղալ
չարդարացուած երջանկութիւն…
Որովհետե՜ւ,
Քալող վէրք ենք պոկուած թախծի արցունքէն,
որ չենք կրնար սրբել, քանի դեռ
հրեշտակները կը մսին
երազի դատարկ բարձերուն վրայ:
Ազատութեան թռիչքը բարձրանալ
ժամանակի չմարող պատերազմներու մէջէն,
արիւնէ ծովերէն վե՜ր թռչիլ`
տեսնելու համար գալիքը,
անդունդի մէջէն քալել`
խաղաղութեան կարմիր նետը սրած,
ուր սահմանապահ գիշերը
ժամանակը պահածոյի տուփերուն մէջ կը լեցնէ
անհնար տառապանքի կղպանքով…
Ամէնուր, ամէնո՜ւր մեզի լիզող ներկայի անառակ լեզուն է,
մութը կը սրէ ականջները մեր մահերգէն առաջ.
Պատերազմը կեղեքած է երկրագունդին մաշկը
ու մեզմէ կը թափին լաւագոյն առաւօտներ…
Այո՜, գիտեմ, որ թռիչքէն առաջ թեւերը ծանր են,
անկշռելի՜ ու երազի երկինքը կը թուի անհաս,
սակայն ալ ժամանակ չկա՛յ…
Մինչ մենք կը փնտռենք մեղաւորը
Հայրենիքը տխո՜ւր կը հեռանայ.
Ելէ՛ք ոտքի, հայրենիքը տուն բերելու:
Որովհետե՜ւ ,
Ժամացոյցները անդադար կը պոռան.
– Արթնցէ՛ք, արթնցէ՛ք:
Մեզի մեռելներու պէս կը տանին մեռնելու,
բայց ո՛չ, մեր շուրթերը տա՜ք են դեռ
ու մեզմէ դուրս երկինք չկա՛յ ալ թռչելու:
Գամեցէ՛ք զիս թշուառութեան խաչափայտին,
պատերազմի սեւ աչքերը պատռե՛մ պիտի իմ Արցախէն
ու տանի՜մ ծոցիս մէջ տաքցնելու:
Որովհետե՜ւ,
ապաստանած օրեր կան անաւարտ
եւ ի՜նչ փոյթ, որ սիրտս պիտի բացուի
տառապանքի աղաղակէն.
Որովհետե՜ւ,
կեանքի ու մահուան ստեղնաշարին
մատներս անվախ կը նուագեն մարտական սոնաթը,
եւ պիտի՛ նուագեն մինչեւ բոլո՛րը արթննան
ու քալենք, նո՛յնիսկ վիրաւոր, նո՛յնիսկ առանց ոտքերու`
ցեղին կանչը երակներու հոսքին մէջ ուժեղ.
Որովհետե՜ւ,
Անձնատուր գագաթներուն վրայ
հանգչող տղաք կան, որ չհասցուցին սիրել…
Յուշերու շրջափակուած խաչմերուկին վրայ կ’այրինք,
իսկ ցուրտի լեզուն կը տաքնայ մեր երազներով.
Սիրոյ սպասման սրահին մէջ
որքա՜ն սպասող սիրտեր կան պատկերին առջեւ ծնկած:
Ըսէ՛ք ինծի, հրեշտակները քանի՜ անգամ ելան – իջան
կեանքի թելերով ասեղնագործելով երկինքը,
որ չենք կրնար բռնել արիւնոտ ձեռքերով…
Որովհետե՜ւ,
լոյսի փարթամ դաշտերուն մէջ կ’արածէ կեանքը,
բայց մեր թեւերը ծա՜նր են, տղա՛ք,
Ձեր ներկայի դատարկութեամբ…
Անվերջ վերադարձի պուպրիկ ենք կարծես
անօթի, նեղուած, սառած, անբառ, անեզր.
Պատերազմի հատուող սահմանին
կ’ոռնանք, կը խնդանք, կրկին կը ծնինք,
մոռցած տունդարձի ճամբան`
կ’երթանք անյայտի հասցէն ծամելով. ո՜ւր…
Լոյս մը առաւօտով նուաճուած,
ազնուութեան արմատի մէջ խրուած,
ուրկէ զուլալ աչքեր կը նային
սաստիկ մութի աճող երգերով`
Ինձմէ քեզի լոյս մը…
Հո՜ն, ուր կ’այրի վերջալոյսը,
պատերազմի բեմին վրայ
կրակէ թնդանօթները կը պատռեն մեր օրերու կոկորդը,
իսկ մեր ձեռքերը անձեւ են չքմեղանքի համար
եւ ժամերգութեան խռովայոյզ տարերքը
կը պեղէ հիման, ինչպէս ամենածանր արցունք,
որ չենք կրնար կլլել…
Որովհետե՜ւ,
եսիդ բոյնին մէջ
գիշերները առաւօտներ կը սափրեն
ու կը լեցուի սիրտդ
կարմի՜ր-կարմի՜ր դաշտերով.
Ոտաբոպիկ զգուշ քալէ անոնց վրայ,
որ չմսի հողը…
Զարկէ՛ք ճակտիս թշուառութեան խաչափայտը`
ջրազրկուած փշածաղիկը գոյութեան.
Ջիղերուս վրայ պիտ’ նոթագրեմ գալիքի երգը`
արեւներ փրցնելով խաւարի սեւ ձեռքէն,
եւ ի՜նչ փոյթ, թէ պիտի մեռնիմ
քրտնած մութի լուսանցքին` ձեզի՜ համար,
որ դո՛ւք ապրիք Հայրենիքիս յաւերժութիւնը:
Դարձեալ կ’երգեմ արիականչ երգը ցեղիս.
Զանգե՜ր զարկէք լուսափթիթ Մասիսի գագաթէն,
սրբեմ պիտի անոր բազմագանգուր հառաչանքը,
սէրս, որպէս հաց փռեմ ոտքերուն առաջ.
Քերթուած առ քերթուած պագնեմ պիտի
Հայրենիքիս մարմինը,
եւ համբոյրս, որպէս վիրակար դնեմ
անոր վիրաւոր սիրտին վրայ,
յետոյ մեռնի՜մ երջանկութիւն մը…
Ելէ՛ք ոտքի հայրենիքը տուն բերելու,
Ելէ՛ք ոտքի հայրենիքը տուն բերելու,
Ելէ՛ք ոտքի հայրենիքը տուն բերելու:
10 նոյեմբեր 2022