Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոց Առաքելոց Եւ Առաջին Լուսաւորչացն Մերոց Թադէոսի Եւ Բարթողիմէոսի

Դեկտեմբեր 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ եկեղեցին Յիսնակի (Սուրբ Ծնունդը կանխող յիսուն օրերու շրջան) առաջին կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը կը տօնէ Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչներ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն յիշատակը:

Յիսուսի տասներկու աշակերտները, իրենց Տիրոջ պատգամին համաձայն` «Գացէ՛ք ուրեմն աշակերտ դարձուցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգոյն սրբոյ», շրջեցան աշխարհով մէկ եւ ամէնուրեք տարածեցին Քրիստոսի լոյսը:

Առաքեալներէն երկուքը` Սուրբ Թադէոս (Ղեբէոս, Յուդա Յակովբոս) եւ Սուրբ Բաթողիմէոս (Նաթանայէլ), մարերուն, պարսիկներուն եւ ասորիներուն մօտ քարոզելով հասան Հայաստան:

* * *

Թադէոս առաքեալ Միջագետքի մէջ քարոզելէ ետք հասաւ Եդեսիա, ուր բազմաթիւ հրաշքներ գործեց եւ բուժեց Աբգար թագաւորը: Հիւանդութենէն հրաշքով փրկուած թագաւորը, իշխաններ ու բազում ժողովուրդ հաւատացին Յիսուսի եւ մկրտուեցան: Թադէոս առաքեալ Ադդէն Եդեսիոյ եպիսկոպոս ձեռնադրեց:

Սուրբ Թադէոս Եդեսիայէն անցաւ Հայաստան եւ Արտաշատի բլուրին վրայ հանդիպեցաւ Բարթողիմէոս առաքեալին: Երկու առաքեալները ամբողջ գիշերը միասին աղօթեցին, ապա իւրաքանչիւրը գնաց իր ճանապարհով: Առաքեալներու հանդիպման վայրը (Խոր Վիրապի վանքէն արեւմուտք) կոչուեցաւ Օթեաց Խաչ:

Թադէոս առաքեալ հասաւ Վասպուրականի Արտազ գաւառը: Սանատրուկ թագաւորի ամարանոց Շաւարշան (ներկայիս` Մակու) քաղաքին մէջ ան պատեհ առիթ ունեցաւ պալատ մտնելու: Գեղադէմ եւ վայելուչ արքայադուստր Սանդուխտ կոյս գիշերը գաղտագողի առաքեալին հետ տեսնուեցաւ, հաւատաց Քրիստոսի, ընդունեց նոր կրօնը եւ մկրտուեցաւ առաքեալին ձեռքով:

Առաքեալի քարոզչութեամբ, բազմաթիւ մարդիկ դարձի եկան եւ քրիստոնեայ մկրտուեցան:

Սանատրուկ արքան հրամայեց սուրի քաշել բոլոր նորադարձները, իսկ Սանդուխտը` բանտարկել:

Սանատրուկ ի զուր փորձեց համոզել Սանդուխտը, որ հրաժարի իր նոր հաւատքէն: Սանդուխտ հաստատ մնաց իր հաւատքին մէջ: Թադէոս առաքեալ գաղտնի բանտ այցելեց եւ սրտապնդեց Սանդուխտը: Առաքեալին աղօթքներուն շնորհիւ Սանդուխտի եւ միւս բանտարկեալներուն շղթաները քանդուեցան: Այս տեսնելով, երեսուներեք բանտապահներ դարձի եկան:

Սանատրուկ, տեսնելով դստեր անդրդուելի կորովն ու հաւատքը, հրամայեց սպաննել զայն: Դահիճը, որ պիտի գլխատէր Սանդուխտը, սուրով խոցեց արքայադստեր սիրտը: Երեք օր Սանդուխտի մարմինին վրայ երկինքէն իջած լոյս տարածուեցաւ: Զայն թաղեց Թադէոս առաքեալ:

Թադէոս առաքեալը նետեցին առիւծներու առջեւ` յօշոտուելու, սակայն գազանները անոր մօտենալով սկսան ոտքերը լիզել: Այնուհետեւ կրակի մէջ նետեցին, սակայն ան հրաշքով անվնաս մնաց: Ի  վերջոյ վճռուեցաւ զայն սուրով սպաննել: Մահապատիժի վճիռը գործադրուեցաւ, եւ Թադէոս առաքեալ սրամահ եղաւ: Նահատակութեան պահուն յանկարծ լոյս ծագեցաւ եւ բացուեցաւ այն վէմը, որով Թադէոս ծածկած էր Սանդուխտի գերեզմանը, եւ առաքեալին մարմինը հոն ամփոփուեցաւ:

Հետագային, Ե. դարուն, Յովհան Մանդակունի կաթողիկոսին օրով, Կիրակոս ճգնաւոր տեսիլքով գտաւ Թադէոս առաքեալի եւ Սանդուխտ կոյսի նշխարները: Անոնց գերեզմանին վրայ կառուցուած է Սուրբ Թադէի վանքը` Մակուէն հարաւ-արեւելք, Աւարայրի դաշտին հիւսիս-արեւելեան կողմը, Ալական լերան փէշերուն:

Թադէոս առաքեալ Հայաստան բերած էր Սուրբ Գեղարդը, որով հռոմէացի Ղունկիանոս հարիւրապետը խաչի վրայ խոցած էր Յիսուսի կողը, ինչպէս նաեւ բաժին մը այն իւղէն, որ Յիսուս փոխանցած էր առաքեալներուն:

* * *

Բարթողիմէոս առաքեալ Հայաստան հասնելէն ետք քարոզչութեան սկսաւ Սիւնեաց նահանգէն, ուրկէ անցաւ Գողթն գաւառ:

Գողթնի մէջ ան իր պարսիկ հետեւորդներէն Կումսը եպիսկոպոս ձեռնադրեց եւ Որդուար (ներկայիս` Օրդուբադ) քաղաքին արեւմտեան կողմը Տեառն Ընդ Առաջ եկեղեցին կառուցեց:

Բարթողիմէոս առաքեալ այնուհետեւ տեղափոխուեցաւ Արտաշատ, ուր հանդիպեցաւ Թադէոս առաքեալին:

Արտաշատէն Բարթողիմէոս առաքեալ մեկնեցաւ Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներ, այնուհետեւ` Անձեւացեաց գաւառ:

Բարթողիմէոս առաքեալ իրեն հետ Հայաստան բերած էր Աստուածամօր պատկերը: Ան Անձեւացեաց գաւառի Դարբնաց քար վայրին մէջ, Անահիտի մեհեանին տեղ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Հոգեաց վանքը կառուցեց, Աստուածամօր պատկերը հոն զետեղեց եւ կուսանոց հիմնեց:

Աստուածամօր այդ պատկերը Բարթողիմէոսի յանձնած էր Յովհաննէս Աւետարանիչ` իբրեւ սփոփանք եւ ապաքինում հիւանդներուն: Սուրբ Կոյսի ննջման եւ թաղման ժամանակ Բարթողիմէոս ներկայ չէր եղած եւ վերադառնալէն ետք շատ տրտմած էր, որ չէր կրցած հրաժեշտ տալ Աստուածածնին: Բարթողիմէոսի թախանձանքին տեղի տալով, միւս առաքեալները բացած էին Սուրբ Կոյսին գերեզմանը, բայց զայն թափուր գտած էին: Աստուածածինը վերափոխուած էր երկինք:

Բարթողիմէոս առաքեալ Անձեւացեաց գաւառէն անցաւ Աղբակ գաւառի Արեւբանոս (Ուրբանոս) քաղաքը: Առաքեալի Սուրբ Հոգիով լեցուն քարոզչութեամբ քրիստոնէութիւն ընդունեցին Սանատրուկ թագաւորի ազգականներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ արքային քոյրը` Ոգուհին:

Սանատրուկ թագաւոր, լսելով քրոջ յանդգնութեան մասին, անոր մօտ ուղարկեց Տերենտիոս հազարապետը, որպէսզի համոզէ նորադարձ իշխանուհին` կռապաշտութեան վերադառնալու: Բայց Տէրը բացաւ Տերենտիոսի միտքն ու հոգին, եւ ան եւս քրիստոնեայ դարձաւ ու մկրտուեցաւ:

Զայրացած թագաւորը հրամայեց սպաննել Բարթողիմէոս առաքեալը, Ոգուհին եւ Տերենտիոս հազարապետը:

Բրածեծ եւ մաշկազերծ եղած ժամանակ Սուրբ Բարթողիմէոս բազկատարած աղօթեց. «Հա՛յր, օգնէ՛ հոգ տանելու այս երկրին, որ ոտնակոխ չըլլայ թշնամիէն: Անոնց տուր հովիւ եւ առաջնորդ, որ Քեզ ճանչնան միակ ճշմարիտ Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքիչ: Զիս եւս ընդունէ, Տէ՛ր իմ, եւ Քեզ հաւատացողներս պահպանէ»:

Աղօթքէն ետք Բարթողիմէոս առաքեալ հոգին աւանդեց:

Երանելի Ոգուհի եւ Տերենտիոս հազարապետ սրախողխող ըլլալով նահատակուեցան:

Անոնց արիասիրտ նահատակութեան երկու հազար վկաներ քրիստոնեայ դարձան:

Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալի գերեզմանին վրայ, Աղբակի մէջ, Մեծ Զաբ գետի աջ ափի բլուրի գագաթին հետագային կառուցուեցաւ Սուրբ Բարթողիմէոսի վանքը:

 

 

Նախորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. ՀՅ Դաշնակցութեան Հայրենակերտման Առաքելութիւնը Անշրջելի Է (ՀՅԴ 132-Ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Այժմէականութիւնը Պահած Դրուագ Մը

RelatedPosts

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը
Անդրադարձ

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

Յունուար 28, 2023
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2023
Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In