Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատի՛ւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

December 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Անցնող օրերուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հաւատարիմ համակիրներ,  գաղափարակից ընկեր-ընկերուհիներ մեծ ոգեւորութեամբ ուղղուեցան «Հիլթըն Պէյրութ «Հապթուր Կրենտ» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահ` ներկայ գտնուելու անոր 132-ամեակի նշման հանդիսութեան եւ իրենց յանգանքն ու զօրակցութիւնը յայտնելու անոր: Անոր, որ աւելի քան դարէ մը ի վեր մնացած է պատնէշի վրայ` միշտ հայութեան կողքին, միշտ հայութեան համար:

Իր ծնունդէն մինչեւ մեր օրերը, բոլոր հանգրուաններուն եւ ամէնուր այս հզօր կուսակցութիւնը  պայքարած է ամբողջական  Հայաստանի ստեղծումին եւ համայն հայութեան իրաւունքներուն ի խնդիր:

Արդարեւ, կարելի՞ բան է չհպարտանալ  անոր 132 տարիներու պատմութեամբ, մօտիկ անցեալով ու ներկայով: Կարելի՞ բան է չնշել անոր հիմնադրութեան տարեդարձը: Ո՞վ կրնայ հերքել կամ ուրանալ այն իրողութիւնը, որ ժողովուրդէն ծնունդ առած այս հսկան բոլոր ժամանակներուն ու  պայմաններուն պաշտպանած է հայրենի հողը եւ հայուն պատիւը: Ո՞վ կրնայ մերժել այն իրողութիւնը, որ այս կուսակցութիւնը պայքարի կուսակցութիւն է, եւ ամօթալի պարտութիւններն ու յանձնուողական վիճակները իրեն համար պատուաբեր չեն: Ո՞վ կրնայ անտեսել այս կաղնին, որուն արմատները  խոր են, շա՜տ խոր եւ մխրճուած`  հողին ընդերքին մէջ, իսկ սաղարթները` այնքան ստուար ու ծաւալուն, որ հակառակ բազմապիսի փոթորիկներուն ու քամիներուն` անոնք կը մնան կանգուն ու հովանի կը դառնան մեր ազգի բոլոր զաւակներուն: Փաստօրէն մեր ժողովուրդի զաւակները հպարտ են այս կաղնիով: Եւ ինչո՞ւ չհպարտանալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ, գործով ու տեսլականով: Կա՞յ հայ մը, որուն ծանօթ չէ Դաշնակցութեան գործը` հայրենիքին ու ժողովուրդին ցուցաբերած ծառայութիւնը: Կա՞յ հայ մը, որ չէ լսած դաշնակցական կտրիճ ֆետայիներուն ու հաւատքի մարտիկներուն մասին, որոնք իրենց անձը զոհաբերած են ի սպաս հայրենիքին: Դեռ աւելի՛ն. կա՞յ հայ մը, որուն մտասեւեռումին առանցքը չեն Արցախը, Ջաւախքը, Նախիջեւանը: Վերջապէս, կա՞յ հայ մը, որուն համար ամբողջական Հայաստանի վերականգնումը հրամայական չէ: Ի վերջոյ պէտք է ընդունիլ, որ Դաշնակցութիւնը իր տեսլականով ու գործով կը մարմնաւորէ հայութեան բոլոր նպատակները: Վկա՛յ այդ հանդիսութեան ներկայ մեր ժողովուրդը, որ անգամ մը եւս փաստեց, թէ ինք ե՛ւ հպարտ է այս կուսակցութեամբ  ե՛ւ տէր է անոր:

Վկա՛յ անոր հաւատարիմ համակիրները` տարեցէն մինչեւ երիտասարդը: Վկա՛յ պատանի-պարմանուհիներու այն հոյլը, որ այդ օր բազում ներկաներու դիմաց խոստացաւ հաւատարիմ մնալ Դաշնակցութեան աւանդին:

Վստահաբար Դաշնակցութինը հալածողներուն համար այս բոլորը հաճելի չեն, սակայն անոնք պէտք է գիտակցին Դաշնակցութեան ուժին եւ հեղինակութեան: Գիտակցին նաեւ, որ այս կուսակցութիւնը դեռ կը վայելէ իր համակիրներուն անվերապահ վստահութիւնը: Պատիւ է այսպիսի հզօր կուսակցութեան մը կողքին ըլլալն ու անոր ծառայելը:

Վարձքը կատար ձեռնարկը կազմակերպող մարմինին:

Փա՛ռք Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն:

Յարգա՛նք անոր շարքերուն մէջ ծառայած ու ծառայող դաշնակցականներուն վաստակին:

Խոնարհում` հայրենի հողին պաշտպանութեան ի խնդիր ինկած դաշնակցականներուն ու հայորդիներուն:

Պատի՛ւ պայքարի կուսակցութեան:

Պատի՛ւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

 

 

Նախորդը

Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

«Հոս Դաշնակցական Ցոլակն Է…» (Ցոլակ Յովսէփեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.