Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

132-Ամեակէն Ետք Եւ Նոր Պայմաններու Լոյսին Կամ Խաւարին Տակ. Չթուլանանք, Չյանձնուինք Եւ Չյարմարինք…

Դեկտեմբեր 2, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Անցնող շաբաթներուն Լիբանանը դարձաւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին ուշադրութեան կեդրոնը, ուր տեղի ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ մարմիններու եւ Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի ու ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւններու լիագումար ու միջմիութենական նիստերը, հաւաքները, զեկուցական հանդիպումները… Այս ոգին եզրափակուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած մեծաշուք հանդիսութեամբ, որ համահունչ էր Լիբանանի մէջ անցնող օրերուն տիրող համահայկական ոգիին եւ դաշնակցական մթնոլորտին, եւ որ արժանի է համապատասխան գնահատանքի: Բնականաբար այս հանգրուանին ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ Լիբանանի մէջ նշեալ բնոյթի ծրագիրներ իրականացնելը կազմակերպական-ժողովավարական կարգերէն ու կարիքներէն անդին, ունէր ներգաղութային պատգամ` զօրակցիլ լիբանանահայութեան ու Լիբանանի կառոյցին եւ մղիչ ուժ հանդիսանալ` յաղթահարելու բազմաբնոյթ դժուարութիւնները:

Գաղտնիք չէ, որ այսօր սփիւռքի սիրտը հանդիսացող Լիբանանի գաղութը տագնապալի վիճակի մէջ է, հակառակ անոր որ այս գաղութը իր բոլոր բացթողումներով եւ թերութիւններով ունի իր արժէքը, գործունէութիւնը, կարեւորութիւնը, եւ, տակաւին, մարդուժի կեդրոն հանդիսանալու առաքելութիւնը: Գաղութի այս ցնցումային եւ երբեմն ալ անորոշ վիճակը ունի արտաքին եւ ներքին պատճառները: Լիբանանի տնտեսական-քաղաքական եւ ապահովական վիճակը ունի իր վճռորոշ դերը, որովհետեւ երկրի անկայունութիւնը նոյնինքն եւ ինքնաբերաբար կ՛ազդէ շրջապատին վրայ, սակայն այստեղ անընդունելի է պատասխանատուութիւնը ամբողջովին «ճակատագրին» յանձնելու մօտեցումը եւ ձեռնածալ յարմարելու մաշեցման առաջնորդող «կեցուածքները»:

Հո՛ս է մեր հիմնական խնդիրը: «Ի՞նչ ընենք, պայմանները այս են», «Այս օրերուն արդէն դպրոց պահելը դժուար է», «Այսօր կուսակցութիւնները արդէն իսկ լիբանանեան առումով կ՛արժեզրկուին, եւ բնական է, որ մենք ալ ազդուինք», «Է՜հ, ժողովուրդը հացի դրամ չունի, ինչպէ՞ս ձեռնարկի պիտի գայ» եւ շարքը կարելի է երկարել: Այո՛, բացասական հոսանք կայ. արտաքին ազդակներուն մէջ անպայման նաեւ կարելի է տեսնել թրքական գործօնը, գուցէ` լիբանանեան ձեռքերով, բայց պէտք չէ յանձնուիլ եւ, ամէնէն կարեւորը, պէտք չէ յարմարիլ կացութիւններուն:

Երբ վերադառնանք մեր դաշնակցական աւանդներուն, ապա կը սկսինք հաւատալ, որ ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ անգամ կարելի է նոր կացութիւն ստեղծել, փրկել, փոխել, բարելաւել, զարգացնել… Պահանջուածը Դաշնակցութեան 132-ամեակին նախորդող եւ կեդրոնական տօնակատարութեան ոգին լոզունգներէն անդին` ամէնօրեայ եւ իսկական հոգեվիճակի ու ապրումներու վերածելն է:

Թիթեղաշէն ու խոնաւ դասարաններուն մէջ այբուբեն սորված սերունդին ժառանգորդները, քաղաքացիական պատերազմի ցաւերը յաղթահարած հաւաքականութեան հետեւորդները, Լիզպոնի գործողութեան քաջարիներ պատրաստողները եւ տասնեակ տարիներ գաղութն ու կառոյցները պահպանած ծառաներու զաւակները այսօր ալ կրնան վերականգնիլ: Կարեւորը կամքը ունենալն է: Այս է 132-ամեայ կուսակցութեան ուխտը: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր դաշնակցելու ուղեգիծը:

Չգինովնանք արտաքին, ժամանակաւոր եւ մակերեսային երեւոյթներով: Հաւատանք, վստահինք եւ տեղ տանք երիտասարդներուն ու համակիրներուն: Վերանայինք գաղութին առաջնահերթութիւնները եւ աշխատելաոճը: Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, մեր հայեացքները չհեռացնենք հայրենիքէն: Եւ ամէնէն կարեւորը` չթուլանանք, չյանձնուինք եւ չյարմարինք, որովհետեւ վերստին ազգի փրկութեան վերջին յոյսը Դաշնակցութիւնն է, որուն տրոփող սիրտը Լիբանանն է…

– Արի՛ք, միանանք, յառաջ գնանք…

 

 

 

Նախորդը

«Վտանգաւոր, Բայց… Կայուն» Թատերախաղը Կիպրոսի Մէջ

Յաջորդը

Ականջալուր Ըլլանք Բագրատ Սրբազանի Պատգամին

RelatedPosts

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը
Անդրադարձ

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

Յունուար 28, 2023
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2023
Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In