Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Պարզութիւն

Դեկտեմբեր 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տիկինը համարեա՛ ամէն օր կը տեսնեմ: Առաւօտները, երբ բարեկամիս խանութին մուտքին կը նստինք սուրճ մը խմելու, դիմացի պուրակին մէջ կը պտտի, կը պրպտէ բոյսերը, ապա կամաց-կամաց իր ձեռքերուն մէջ կը ձեւաւորուի սովորական բոյսերէ եւ քանի մը դեղին ծաղիկներէ հրաշալի փունջ մը, զոր խնամքով կը շտկրտէ, կը յարդարէ եւ վերջնական ձեւին մէջ դնելէ ետք, խորհրդաւոր ժպիտ մը դէմքին վրայ, կը հեռանայ:

Հարցուցի իր մասին: Միայնակ կ՛ապրի: Մէկը չունի: Ո՛չ ազգական, ո՛չ հարազատներ, ո՛չ ալ զաւակներ ու թոռներ, որ այցելեն: Երկու զաւակները Միացեալ Նահանգներ կ՛ապրին եւ տարիներ առաջ անգամ մը այցելած են իրենց մօրը: Այդքան:

Բայց կինը ունի մտերիմ դրացիներ, որոնք աչալուրջ ու հեռուէն կը հսկեն, որպէսզի ան բանէ մը զուրկ չմնայ: Ունի նաեւ աշակերտներու եւ աշակերտուհիներու մեծ բանակ մը, որուն քանի մը հատը յաճախ կ՛այցելէ սուրճ մը խմելու համար իր նախկին ուսուցչուհիին հետ, որ իր առանձնութիւնը կը փարատէ իրեն յատուկ զբօսանքներով: Նախ` առաւօտուն սուրճ մը` դրկից դրացուհիին հետ, որ անդամալոյծ է եւ ամէն առաւօտ կը սպասէ, որպէսզի տան զանգը հնչէ: Եթովպիացի հոգատարը գիտէ, որ զանգը սեղմողը իրենց դրացուհին է, եւ կ՛աճապարէ դուռը բանալու: Ժամ մը կը նստին դէմ դիմաց, սուրճ կը խմեն, կը խօսակցին եւ կը վերլուծեն քաղաքականութենէն մինչեւ իրենց ճակատագրին հարցերն ու խնդիրները:

Տիկինը ապա կը վերադառնայ տուն եւ մէկ օր առաջ պատրաստած ճաշը կը տաքցնէ եւ կը նստի սեղանին առջեւ: Սովորութիւն ըրած է ժամը տասնմէկին ճաշ ուտելու` փոխանակ նախաճաշի եւ ճաշի: Պրանչի հասկացողութեամբ է, ըստ երեւոյթին, որ նախաճաշն ու ճաշը միացուցած է` ժամը տասնմէկի ճաշով: Առաւօտեան հաւաքած բոյսերէն եւ քանի մը ծաղիկներէն պատրաստած փունջը կը գտնուի սեղանին վրայ: Խնամքով զանոնք զետեղած է ծաղկամանի մը մէջ` մէկ առ մէկ լուալէ եւ թօթուելէ ետք: Ուշադիր է, որ միջատներ չըլլան ցօղուններուն եւ տերեւներուն վրայ, որոնք սովորական բոյսերու ներդաշնակ փունջ մը կը կազմեն:

Ճաշէն ետք` հանգիստ քանի մը ժամեր, որոնց ընթացքին խնամքով պահուած հին ամսաթերթեր եւ շաբաթաթերթեր աչքէ կ՛անցընէ մեծ հետաքրքրութեամբ, հոգ չէ թէ երէկ, առջի օր, իրականութեան մէջ ամէն օր նոյն ամսաթերթերն ու շաբաթաթերթերն են, որոնք կը շարէ, մէկ առ մէկ կը թերթատէ, եւ կարծէք` ամէն օր նորութիւն մը կը յայտնաբերէ անոնց մէջ:

Կէսօրէ ետք կ՛իջնէ փողոց եւ քալելով կ՛երթայ քանի մը փողոց անդին գտնուող բարեկամ բանջարավաճառին խանութը, ուր կ՛արժանանայ յարգալից վերաբերումի: Չվաճառուած բանջարեղէն եւ պտուղներ կը գնէ կէս գինով եւ գոհունակ կը վերադառնայ: Հիմա կը սկսի մէկ օր առաջ երեկոյեան դոյլերու մէջ հաւաքած ջուրով բանջարեղէնը եւ պտուղները լուալու արարողութիւնը: Մէկ առ մէկ կը մխրճէ ջուրին մէջ, կը շփէ եւ կը ցօղուէ ու մաքուր կտաւին վրայ կը շարէ: Քիչ ետք, պտուղները կը տեղաւորէ ամաններու մէջ եւ սառնարան կը փոխադրէ: Բարի դրացիներ ելեկտրականութեան հոսանք հայթայթած են, եւ ինք շնորհակալ է: Գոնէ սառնարանը կ՛աշխատի: Ա՛լ ինչ կ՛ուզէ: Ոչի՛նչ:

Այս տիկնոջ պատմութիւնը իմանալու համար բաւական երկար ժամանակի պէտք չեղաւ: Քանի մը հարցում` բանջարավաճառին, դրացիին տղուն եւ վարի նպարավաճառին: Պատմութիւնը ամբողջացաւ: Պատմութիւն մը, որ խրթին չէ, ոչ ալ բարդ մանրամասնութիւններ ունի: Գոհ եւ ինքնաբաւ ու քիչով գոհացող կնոջ մը առօրեային պատկերն է, որ աւելի խճանկարի կը նմանի` գունաւոր եւ տժգոյն երանգներով: Ինչ որ հիանալի է, կեանքին գաղտնիքը գտած ըլլալու այս կնոջ զարմանալի հանդարտութիւնն է, որ մեղմ զեփիւռի մը կը նմանի: Կը փչէ, կը զգաս եւ չես զգար միեւնոյն ժամանակ:

Ահաւոր հեւքոտ մեր առօրեային մէջ, նման համեստ ու պարզ կեանք մը ապրող այս կնոջ մեզի փոխանցած պատգամը կը խորհիմ, որ մեզի մտածելու առիթ պէտք է տայ: Պարզութիւն, համեստութիւն եւ… ուրախութիւն: Այսքա՛ն:

ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ

Նախորդը

«Հոս Դաշնակցական Ցոլակն Է…» (Ցոլակ Յովսէփեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

2022-ի Պատմական Մոնտիալը` Քաղաքակրթութեանց Բախում, Քարոզչութիւն Եւ Քաղաքականութիւն

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?