ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ
Այսօրուան այս գրութիւնը պատշաճօրէն կը զուգադիպի Կամաւորներու օրուան: Մեր ընկերուհին` ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի անդամներէն Շամիրամ Գասոյեանը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն մինչեւ իր վերջին շունչը կամաւորաբար ծառայած է շրջապատին, առանց գանգատելու եւ դժգոհելու, միշտ ուրախ ու ժպտուն տրամադրութեամբ:
Իրեն համար ժողովները առաջնահերթութիւն էին: Տարիներով ստանձնած է ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետութեան պաշտօնը եւ բծախնդրութեամբ կատարած է իրեն վստահուած պարտականութիւնը:
Հերթական ժողովներուն միշտ ներկայութիւն էր, իսկ Ընդհանուր ժողովներուն անպայման պարտականութիւն մը կը վստահուէր իրեն` ըլլալով օրուան ժողովի նախագահը կամ քարտուղարուհին, եւ կամ` յանձնախումբերէն մէկուն անդամ: Քանի մը անգամ մասնակցած է նաեւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Պատգամաւորական ժողովներուն:
Մարիամ Գասոյեանը նաեւ ունէր գեղարուեստական շնորհներ: Ձեռնարկներուն միշտ ներկայ կ՛ըլլար եւ հաճելի մթնոլորտ կը ստեղծէր իր արտասանութիւններով:
Հեռաձայնային կապ մը բաւարար էր, որ զինք աշխատանքի հրաւիրէիր, եւ ինք թռչունի նման, թեւեր առած կը հասնէր առանց որեւէ ակնկալութեան, ուրախ ու զուարթ տրամադրութեամբ:
2015-ին, յունիս ամսուն, օրուան վարչութիւնը մեծ շուքով տօնեց ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի 80-ամեակը եւ պարգեւատրեց ընկերուհիները, որոնք տարիներով ծառայած էին միութեան: Ընկհ. Շամիրամն ալ արդարօրէն եւ արժանի կերպով մաս կազմեց այդ փաղանգին:
ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վերջին Ընդհանուր ժողովին, որ պիտի գումարուէր չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2022-ին, հեռաձայնեցինք իրեն, ըսաւ. «Հանգիստ չեմ, բժիշկի պիտի երթամ, երանի ժամադրութիւն առած չըլլայի, կու գայի»: Ժողովները եւ միութիւնը ամէն բանէ վեր կը դասէր ան:
4 օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը մեծապէս ցնցեց զինք, հարուածեց իր կայունութիւնը, եւ այդ օրէն միշտ առողջական հարցեր ունեցաւ: Մէկ անգամ կարողացանք խօսիլ հետը, օրէ օր վիճակը վատթարացաւ, պայքարեցաւ ամէն դժուարութեան դէմ, սակայն 30 հոկտեմբերին վերջնականապէս բաժնուեցաւ մեզմէ:
Թող ժպիտդ եւ եռանդդ միշտ մեզի ընկերանան առյաւէտ:
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի ընկերուհի Շամիրամ:
Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ: