Անդրադարձ

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Քաղաքական Նախաձեռնութիւններ Շրջափակման Պայմաններում

Շարունակուող շրջափակումը անկիւնադարձային փոփոխութիւնների է ենթարկել Արցախում բնակուող իւրաքանչիւր անհատի առօրեայ կեանքը: Այդ փոփոխութիւնները անհատական դաշտից առաւել նկատելի են Արցախի քաղաքական, տնտեսական, անվտանգային եւ կենսապահպանման համակարգերում: Բնական է, որ լուծելի խնդիրների առաջին շարքում պարէնի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքների սակաւութեան վերացման կամ հաւասարաչափ բաշխման համակարգի ստեղծումն է: Պէտք է անկեղծօրէն նշել, որ այդ ասպարէզում  շտաբը  կատարել է արդիւնաւէտ աշխատանք, եւ այսօրուայ  դրութեամբ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը Կրնայ Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ենթահողի Վերածուիլ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը Կրնայ Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ենթահողի Վերածուիլ

Բերձորի միջանցքի շրջափակումին իբրեւ հետեւանք հայկական կողմին ջանքերը` միջազգային ընտանիքին  դիմաց մերկացնելու Արցախը հայաթափելու Ազրպէյճանի իսկական նպատակը, սկսան արձագանգ գտնել: Եւրոխորհրդարանի մէջ Ազրպէյճանի քայլերը քողազերծող վերջին ելոյթները, նոյնպէս Լա Հէյի մարդու իրաւունքներու միջազգային դատարանին մէջ հնչող հակաազրպէյճանական ելոյթներն ու ազրպէյճանական անհիմն ինքնապաշտպանական փորձերը առիթ հանդիսացան Արցախի ոչ միայն մարդկային վիճակի միջազգայնացման, այլ նաեւ քաղաքական կարգավիճակին շուրջ տարիներու պայքարի օրինականութեան յստակեցման:...

Ժիրայր-Վահէ Մալճեանի «Անդրդուելին»

«Ձմրան Մէջ Գարուն» Կ՛երգէ Սարըասլան

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ Իգնա Սարըասլանի չորս հատորներու («Լօ» 1974, «Քառասմբակ սէրերով» 1994, «Սիրոյ գոյնը» 1998, «Դէպի հորիզոն» 2016) շուրջ Գիշերը առանց աղօթքի կրօնք մըն է հիմա... Ի. Սարըասլան ...Մարդուն խառնուածքը ճանաչողութենէն կու գայ. բանաստեղծի մը համար` Իգնա Սարըասլանի պարագային, արիւնը «Կաթիլ մը պատրանք (կը) թափէ» այն ապրումներուն մէջ որոնք բանաստեղծական անզանազանելի  աշխարհի կը վերածուին. աշխարհի տեսիլքներուն ընդմէջէն անակնկալին մարդն է...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Տխուր Եւ Նոյնքան Ալ` Ծանր

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ «Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»: ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ Լաւ որոշում էր, որ առողջ սովորութեան մը վերածուելով` դարձաւ աւանդական: Այսպէս, տարիներ առաջ, երբ այս երկրին մէջ երեք...

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական.  Հայ Դատի Յանձնախումբերը Մի՛շտ Պատնէշի Վրայ

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Հայ Դատի Յանձնախումբերը Մի՛շտ Պատնէշի Վրայ

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի առաքելութեան հիմնական նպատակներէն է Արցախի հիմնահարցի լիարժէք լուծումը` որպէս Հայ դատի բաղկացուցիչ մաս: Յունուար 25-ին, Քանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը երկու առանձին նիստ գումարեց ու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակման առնչութեամբ վկայութիւններու ու լսումներու առիթ ստեղծեց: Քանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կողմէ միաձայնութեամբ նախաձեռնուած այս իրադարձութիւնը պատմական անկիւնադարձային ձեռքբերում էր, որովհետեւ Քանատայի խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ...

Սթափելու Ժամանակը

Ի՞նչ Է Բերձորի Միջանցքի Բացման Հայաստանեան Քաղաքականութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Արցախի պաշարումին 56-րդ օրն է. բազմաթիւ յայտարարութիւնները, դատապարտումները ոչինչ փոխած են ահազանգիչ կացութենէն: Արդարութեան միջազգային ատեանի քննարկումները եւս մնացին անհետեւանք: Ստեղծուած կացութիւնը կը գտնուի փակուղային վիճակի մէջ: Քանի մը օր առաջ, խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը կազմակերպած էին լսումներ Բերձորի միջանցքին մասին: Հաւաքուած էին, խորհրդարանին մէջ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, քաղաքական դէմքեր ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ: Կը մասնակցէր նաեւ Քաղաքացիական պայմանագիր...

Թուրքիա-Սուրիա Հաշտութեան Շրջագիծին Մէջ… Դամասկոս Կառչած Կը Մնայ Իր Սկզբունքներուն

Թուրքիա-Սուրիա Հաշտութեան Շրջագիծին Մէջ… Դամասկոս Կառչած Կը Մնայ Իր Սկզբունքներուն

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Թուրքիա-Սուրիա հաշտութեան շրջագիծին մէջ կան շարք մը խաղաքարտեր եւ ազդակներ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ գծել Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ ապագայ յարաբերութիւնները: Այս առումով սուրիացիները երկար սպասեցին եւ լաւ հետեւեցան ու լսեցին թրքական յորդող յայտարարութիւնները` նախքան անոնց պաշտօնական, յստակ եւ անկեղծ պատասխան տալը: Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ հաշտութեան ու յարաբերութիւններու բնականոնացման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն նախագահներուն հանդիպումին մասին թրքական...

Ցեղասպանութեան Կանխարգիլումը Ծուռ Հայելիի Մէջ

Ցեղասպանութեան Կանխարգիլումը Ծուռ Հայելիի Մէջ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ «Cada vez que un turco negց el genocidio de los armenios los armenios volvieron a ser exterminados (Jorge Carriցn, Membrana. Barcelona: Galaxia Gutenberg, 2022, p. 179) «Ամէն անգամ որ թուրք մը ժխտած է հայերու ցեղասպանութիւնը, հայերը կրկին բնաջնջուած են» (Խորխէ Քարրիոն, «Մաշկ», 2022, էջ 179) Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան 4-րդ կլոպալ ֆորումի բացման իր ելոյթին մէջ, վարչապետ Նիկոլ...

Ֆիլմորի Ոստիկանութեան Գնդապետ Կարօ Գիւրեճեան Վենթուրայի Շերիֆի Հրամանատարի Աստիճան Ստացաւ

Ֆիլմորի Ոստիկանութեան Գնդապետ Կարօ Գիւրեճեան Վենթուրայի Շերիֆի Հրամանատարի Աստիճան Ստացաւ

ՊԵՏԻԿ Կարօ Գիւրեճեան (աջին) Ուրբաթ, 20 յունուարին, Վենթուրայի գաւառային ոստիկանութեան (sheriff) կեդրոնատեղիին մէջ, շրջանի 24 ոստիկաններու նոր պաշտօններու տուչութեան պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին գաւառի շերիֆ Ճիմ Ֆրայհոֆ հրամանատարի (Commander) աստիճան տուաւ Վենթուրա գաւառի Ֆիլմոր քաղաքի ոստիկանութեան գնդապետ Կարօ Գիւրեճեանին: Գնդապետ Գիւրեճեան այս ձեւով դարձաւ առաջին հայ երիտասարդը, որ շրջանին մէջ կը հասնի ոստիկանական նման բարձր աստիճանի մը: Հանդիսութեան, գնդապետ Կարօ Գիւրեճեանի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Սփիւռքի Տարի 2023-ԺԱ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմնական Միջոցները, Փոքրիկներու Միութիւններ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Նախորդող Ժ. մասը մարդուժի վերաբերեալ գնահատական կատարելէն ետք աւարտեցինք. «Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ փոքր տարիքէն պէտք է անդամակցի հայը հայ պահող, Հայ դատը հետապնդող ազգային որեւէ միութեան, կամ կուսակցութեան, նոյնիսկ` մէկէ աւելիին: Այս է հայապահպանման ՏԵԴԱ-ին Այբը` ակումբը»: Միութեան մը, կամ կուսակցութեան ակումբը, ժողովրդային տունը հայ անհատին ազգային ոգիով կազմաւորման լրացուցիչ միջավայրն է: Մանաւա՛նդ` սփիւռքի պայմաններուն բերումով հայկական վարժարան չյաճախողներուն...

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ 27 յունուարին Իսրայէլի i24NEWS միջազգային հեռատեսիլային ընկերութիւնը սփռեց կեղծիքներով լեցուն կէս ժամ տեւողութեամբ  հաղորդում մը` Իսրայէլի հետ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները փառաբանելու եւ Հայաստանը, Իրանն ու Ռուսիան անարգելու համար: Այս գայթակղեցուցիչ հաղորդումը ոչ մէկ կապ ունէր լրագրութեան հետ, եւ ամէն բան կ՛առնչուէր Ազրպէյճանի տխրահռչակ «ձկնկիթային դիւանագիտութեան» հետ: Ահա հատուածներ` հեռատեսիլային հաղորդումէն, զոր ես սղագրած եմ: Մեկնաբանութիւններս...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին Սուրբ Զատիկէն ինը շաբաթ առաջ` յունուար 18-էն փետրուար 23, Առաջաւորաց Պահքին յաջորդող շաբաթ օրը կը տօնէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակը: Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ յոյն էր, Կեսարիոյ Գամիրք գաւառէն: Ան հռոմէական բանակի զօրավար էր եւ արիութեան համար Կոստանդիանոս Մեծ կայսեր կողմէ Կապադովկիոյ կայսերական զօրքի հրամանատար նշանակուած էր: Սուրբ Սարգիս, զինուորական իր պարտականութիւններուն կողքին, եւ օգտուելով կայսեր թոյլտուութենէն,...

Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը

Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Փոթորիկ է մէջս: Արթնցած եմ կէս գիշերէն ետք` առանց պատճառի, բոլորովին շուարած եւ ինքզինքս կորսնցուցած վիճակի մէջ: Լռութիւնը տիրական է: Կարծես աշխարհը պահ մը կանգ առած է իր խոլ վազքէն (յայտնի ալ չէ, թէ դէպի ո՛ւր կը վազէ): Կը թուի ինծի, թէ առանձին եմ, եւ ամէն բան խանգարուած է հիմա: Բերձորի ճամբան փակ է, կազամատակարարումը` ընդհատուած, եւ հարիւր...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Անձի Պաշտամունքի Եւ Թուրքը Ճանչնալու Մասին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քանի մը օր առաջ գրադարանիս մէջ գիրք մը կը փնտռէի, երբ ձեռքս անցաւ բարակուկ, հազիւ 20 էջնոց երգարան-պրակ մը, որ լոյս տեսած է 1945-ին, Հալէպ: Ընթերցողս քիչ ետք կրնայ հետեւցնել, թէ հրատարակողը ի՜նչ որակի հայրենասէր մըն էր): Անոր մէջ կար երգ մը, որուն պատճէնը կ՛ընկերանայ տողերուս: Խորագիրը` «Ջա՜ն, Ստալի՛ն»: Յիշողութեանս մէջ արթնցան հեռո՜ւ յիշատակներ: Մանկութեանս, Հալէպի մէջ, կարգ...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ինչի՞ Մասին Է Խօսքը…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Արցախի շրջափակման 51-րդ օրն է, եւ հայութեան համաշխարհային զօրաշարժը մտած է իր տարերքին մէջ: ՀՅԴ համաժողովրդական համակարգը ամէն կողմ է: Նոյնպիսի թափով կը գործեն սփիւռքի միւս քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները: Յանկարծ Արցախի պահանջատիրական խօսոյթը նոյն նշանաբանով կը թուի գործել հայ կեանքի բոլոր շերտերէն: Արցախը կը գտնուի իր կենաց-մահու մարտահրաւէրին առջեւ, եւ Արցախի փրկութիւնը ամբողջ հայութեան աւագ խնդիրն է...

Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի

Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Շուրջ 50 օր պիտի ընէ, որ Ազրպէյճան, այսպէս կոչուած, «բնապահպան»-ներու ձեռամբ փակ պահած է Արցախը Հայաստանին եւ հետեւաբար ամբողջ աշխարհին կապող միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը: Այս պատճառով ալ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամային կացութիւն ստեղծուած է, հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ սնունդի տագնապը, դեղատուներուն մէջ կը տեսնուի մանուկներու սննդեղէնի եւ ընդհանրապէս դեղերու պակաս, նաեւ զգալի է վառելանիւթի պաշարներու նուազում:...

Մի՛ Շեղէք Սլաքները

Հա՞յ, Թէ՞ Սփիւռքահայ

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Խորագիրը ընթերցողին առաջին պատասխանը հաւանաբար «Բնականաբար հա՛յ» ըլլայ: «Բնականաբա՛ր հայ» պատասխանելու են ոմանք` ազգային հաւաքական կեանքը պառակտումէ հեռու պահելու, հայաստանցի-սփիւռքահայ, արեւմտահայ-արեւելահայ, հայախօս-օտարախօս, սուրիահայ-լիբանանահայ, ֆրանսահայ-ռուսահայ բաժանարար գիծերը մերժելու եւ «Անկախ տարբերութիւններէն, բոլորը հայ են»-ի «Մենք մէ՛կ ազգ ենք»-ի ճշգրիտ պարունակին եւ հասկացողութեան մէջ մնալու համար: Սոյն յօդուածը այս մօտեցումին մասին չէ, այլ կը փորձէ սփիւռքեան պարունակին մէջ խորագիրին...

Մեզմէ Պիտի Չլսէք

Բացուի՛լ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Երբ կը խօսուի բացուելու մասին, հարցը ինծի համար կը ներկայանայ զոյգ երեսներով` ճանչնալ եւ ճանչցուիլ: Այս ընկերական զրոյցը բնականաբար նկատի պիտի առնէ ճանչնալու եւ  ճանչցուելու հաւաքական ոլորտը, ինչ որ, սակայն, զանց չ՛առներ նաեւ անհատական ոլորտը, որ, ուզենք կամ չուզենք, իր դերը կը խաղայ հաւաքական ճիգին մէջ ալ: Բայց այդ արդէն կրնայ ուրիշ մտորումներու նիւթ դառնալ: Նաեւ, բնականաբար, պիտի խօսուի...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեանի Կենսագրութիւնը (*)

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան ծնած է 1895-ին, ապտիւլհամիտեան ջարդերու օրերուն, Եդեսիա-Ուրֆա: Ան զաւակն է Պետրոս եւ Եղիսաբէթ Ալահայտոյեաններուն: Յովսէփ ունեցած է երկու եղբայրներ` Մովսէս եւ Յարութիւն, եւ չորս քոյրեր` Ֆերիտէ, Հռիփսիմէ, Եղիսաբէթ, Մարի, որոնք բոլորն ալ ազատած են ջարդէն եւ հասած են Հալէպ: Ալահայտոյեան գերդաստանին բուն մականունը եղած է Եկներեան, սակայն կենցաղային պատճառով մը փոխուած...

1930 – 2020.  90 Տարեկան Ճեմարանը

Համազգայինի 95-Ամեակ Ճեմարան

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Զոքաք Էլ Պլաթ - Նշան Փալանճեանի շէնքը Ընդհանրապէս յոբելեանականները 15-50-75-100 տարիներու ծառայութեամբ կը յատկանշուին: Համազգային մշակութային միութեան 95-ամեակի նշումը յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ իբրեւ միութիւն` անոր գոյութիւնն ու գործունէութիւնը սփիւռքահայ կեանքին մէջ մեծ իմաստ ու տարողութիւն ունի: 95-ամեակի յօդուածաշարքովս պիտի փորձեմ իւրաքանչիւր մարզի մէջ Համազգայինի ներդրումը մատնանշել, որպէսզի աւելի եւս շեշտուի կատարուածին կարեւորութիւնը ու լուսարձակի տակ բերուի յառաջիկայ...

Page 217 of 807 1 … 216 217 218 … 807

Արխիւներ