Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Տարի 2023-ԺԱ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմնական Միջոցները, Փոքրիկներու Միութիւններ

Փետրուար 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Նախորդող Ժ. մասը մարդուժի վերաբերեալ գնահատական կատարելէն ետք աւարտեցինք. «Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ փոքր տարիքէն պէտք է անդամակցի հայը հայ պահող, Հայ դատը հետապնդող ազգային որեւէ միութեան, կամ կուսակցութեան, նոյնիսկ` մէկէ աւելիին: Այս է հայապահպանման ՏԵԴԱ-ին Այբը` ակումբը»:

Միութեան մը, կամ կուսակցութեան ակումբը, ժողովրդային տունը հայ անհատին ազգային ոգիով կազմաւորման լրացուցիչ միջավայրն է: Մանաւա՛նդ` սփիւռքի պայմաններուն բերումով հայկական վարժարան չյաճախողներուն համար, թէեւ անիկա երբե՛ք չի փոխարիներ հայ դպրոցը: Իւրաքանչիւրը ունի իր ուրոյն արժէքը:

Միւս կողմէ, սակայն, ճանչցած եմ օտար վարժարան յաճախած յայտնի միութենական երեք պատասխանատուներ` Վ.Հ., Մ.Պ., Տ.Շ., որոնք ակումբային աշխատանքին ընթացքին ինքնազարգացումով հայերէն սորվեցան, որոնցմէ երկուքը ատենադպիրի (քարտուղար) պաշտօն ալ վարեցին` նամակագրութիւն, տեղեկագիրի պատրաստութիւն, ատենագրութիւն եւ այլն, իսկ երրորդը նաեւ ազգային վարժարանի մը տնօրէն դարձաւ եւ զանազան այլ պաշտօններ վարեց: Շատ հաւանաբար այսպիսի ուրիշ օրինակներ ալ կան, որոնցմէ տեղեակ չեմ:

1. ՀՄԸՄ-ի գայլիկներու տողանցք, Պուրճ Համուտ, Լիբանան: 2. Նոյնպէս` արծուիկներ:

Ուրեմն երբե՛ք ուշ չէ: Որեւէ ժամանակ կարելի է մայրենի լեզուն` հայերէնը սորվիլ, առնուազն` խօսիլ եւ կարդալ: Յարաբերաբար անսխալ գրելը, շարադրելն ու լեզուամտածողութիւնն է աւելի դժուարը:

Դպրոցներու նման, նախակրթարանին զուգահեռ, փոքր տարիքին` 5-6 տարեկանէն սկսեալ (1), իբրեւ կակուղ թաթիկ գայլիկ կամ արծուիկ անդամ ընդունող միութիւնը արդէն գոյութիւն ունի, սկաուտութիւնն է այդ, իր յատուկ դաստիարակչական ծրագիրով եւ կանոններով (2):

Օրինակի համար, սկաուտական միութիւններէն Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` Հ.Մ.Ը.Մ.-ը այժմ կը գործէ 25 շրջաններու (երկիրներ կամ երկրամասեր) մէջ, 111 մասնաճիւղերով եւ միաւորներով: Բացի Ովկիանեայէն` ներկայ է բոլոր ցամաքամասերուն մէջ: Կ՛արժէ նշել բոլորը (3).

Հայաստան` «Գ. Յակոբեան» (Երեւան), «Յ. Հինդլեան» (Երեւան), «Վ. Զաքարեան» (Երեւան), Աբովեան (Աբովեան), «Հ. Առուստամեան» (Չարենցաւան), «Վ. Չերազ» (Կիւմրի), «Շ. Քրիսեան» (Երեւան), «Վ. Չերազ» (Երեւան), «Վ. Բախշեան» (Արմաւիր), «Հրազդան» (Հրազդան), «Վ. Ռոստոմեան» (Էջմիածին), Մարտունի (Մարտունի), «Ա. Զոհրապեան» (Վետի), «Տ. Խոյեան» (Երեւան), «Դ. Վարդան» (Երեւան):

Արցախ` Ստեփանակերտ: Վրաստան` Ախալքալաք, Ախալցխա, Թիֆլիս: Ռուսիա` Մոսկուա: Լիբանան` Պէյրութ, Զահլէ, Թրիփոլի, Պ. Համուտ, Այնճար, Ճիւնի, Անթիլիաս, Ժըտէյտէ, Պաուշրիէ, Ռաուտա: Սուրիա` Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա, Գամիշլի, Քեսապ: Յորդանան` Ամման: Պաղեստին` Երուսաղէմ, Հայֆա, Եաֆա: Եգիպտոս` Գահիրէ, Աղեքսանդրիա: Իրաք` Պաղտատ: Քուէյթ` Քուէյթ: Կիպրոս` Նիկոսիա: Յունաստան` Աթէնք, Քոքինիա, Սելանիկ: Անգլիա` Լոնտոն: Աւստրիա` Վիեննա: Ֆրանսա` Փարիզ, Վալանս, Մարսէյ: Նետրլանտներ` Ալմելօ, Ալքմար, Առնհեմ: Գերմանիա` Միւնիխ: Շուէտ` Սթոքհոլմ, Վեսթերոս, Սոտերթելիա: Պուլկարիա` Սոֆիա, Ռուսէ, Փլովտիվ, Վառնա, Շումէն, Պուրկաս, Տոպրիչ: Քանատա` Մոնրէալ, Համիլթըն, Թորոնթօ, Քեմպրիճ, Սենթ Քաթրինզ, Լաւալ, Վանքուվըր:

3. ՀՄԸՄ Ալմելօ, Նետրլանտներ գայլիկներ, արծուիկներ եւ սկաուտներ:  4. Քորտոպայի ՀՄԸՄ-ի գայլիկներ, արծուիկներ, արենուշներ եւ սկաուտներ, Արժանթին:

Արեւմտեան Մ. Նահանգներ` Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, «Սասուն» (Ֆրեզնօ), Մոնթեպելլօ, «Ազատամարտ» (Փասատինա), «Արարատ» (Կլենտէյլ), Օրենճ Քաունթի, «Մասիս» (Սան Ֆեռնանտօ), «Սեւան» (Սան Տիէկօ), «Արազ» (Ինլընտ Էմփայր), «Անի» (Սանթա Քլարա), «Շանթ» (Քրեսենթա Հովիտ), «Սիփան» (Պըրպենք), «Արցախ» (Լաս Վեկաս), Ֆինիքս, «Կարս» (Ուոլնաթ Քրիք) «Ջաւախք» (Նորթ Հոլիվուտ), «Լոռի» (Սաքրամենթօ), «Կիլիկիա» (Սանթա Քլարիթա), «Հրաշք»: Արեւելեան Մ. Նահանգներ` Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Շիքակօ, Ֆիլատելֆիա, Տիթրոյթ, Փրովիտընս, Ֆլորիտա, Ալպընի, Շարլոթ, Մերիմաք Հովիտ:

Հարաւային Ամերիկա` Արժանթին. Պուէնոս Այրէս, Քորտոպա: Ուրուկուէյ` Մոնթէվիտէօ.

Աւստրալիա` «Անդրանիկ» (Սիտնի), «Արաքս» (Մելպուռն), «Կամք» (Սիտնի), «Նաւասարդ» (Սիտնի), «Արարատ» (Սիտնի):

Անմիջապէս յայտնենք, որ թէեւ սկաուտական շարժումը նաեւ միջազգային ենթահողի վրայ կը գործէ, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները սփիւռքի մէջ, իբրեւ հայ ազգային միութիւն հիմնեցին զայն, նաեւ` յարաբերութիւններ մշակելով կեդրոնին հետ, պահելով սակայն իր ուրոյն դիմագիծը:

Համաշխարհային սկաուտական կազմակերպութեան նախկին ընդհանուր քարտուղարը (1988-2004)` զուիցերիացի քաղաքական գիտութեան դոկտ. Ժագ Մորէյոն (նախապէս` Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ, ծն. 1939), 29 յուլիս 2002-ին ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի մէջ տեղի ունեցող 6-րդ ընդհանուր բանակումին այցելութեան ընթացքին, ոմանց համար զարմանալի` երեք ուշագրաւ հաստատումներ կատարեց.

1.- «Շատ ուրախ եմ, որ ՀՄԸՄ-ը այն փոքրաթիւ միութիւններէն է, որ տակաւին դասական, իսկական սկաուտութիւն կը կիրարկէ, պռա՛ւօ:

2.- «Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին համար անհրաժեշտ է ազգային գաղափարականով տոգորուած սկաուտութիւնը:

3.- Բիւրականէն դէպի արեւմուտք, միշտ ներկայ, վիթխարի Արարատ լերան հովանիին ակնարկելով` յոյս յայտնեց, «որ յաջորդ բանակումին, Արարատ լեռը իր հարազատ երկրին` Հայաստանի սահմաններուն մէջ կը վերադառնայ եւ անոր լանջին կը բանակիք»:

5. Համա-ՀՄԸՄ-ական 6-րդ բանակումին Սուրիոյ խումբէն մաս մը, 29 յուլիս 2002, ձախէն երկրորդը` պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան, Յարութ Չէքիճեան եւ Ժագ Մորէյոն: 6. ՀՄԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի գայլիկ, արծուիկ, արենուշ եւ սկաուտ բանակում, Արժանթին:

Ահաւասիկ համաշխարհային սկաուտութեան բարձրագոյն հեղինակութեան կարծիքը, որ իբրեւ թելադրանք պէտք է ընդունինք բոլորս` առանց «միջազգայնականութիւն» խաղալու:

«Մէկ ծրագիրի շուրջ միանանք» խորագիրով խմբագրականին մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր Կեդրոնական վարչութիւնը «Հայ Սկաուտ»-ի 16 մարտ 1920-ի համարին մէջ կը գրէ (4). «Մենք կը փափաքինք յանուն ուժի, տեւականութեան եւ օգուտի, որ սոյն հատուածները գան, միանան ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին տակ: Կրեն իրենց ճակատներուն ու մէջքերուն վրայ Մասիսի խրոխտ մանրանկարը` փոխանակ օտար սկաուտական եռաճիւղ շուշանածաղիկին, արդէն ամէն ազգ ունի իր ուրոյն սկաուտական նշանաբանը…. Ահա հայրենիքը մեզ պարտականութեան գլուխ կը կանչէ, շինարար աշխատանքի զանգակը հնչելու մօտ է եւ այս աւեր հայրենիքին մէջ մենք պէտք ունինք ծրագրուած միութիւններու, կազմակերպուած ձեռնարկներու, որոնց շարքին ամենակարեւորներէն է սա մեր պատանիներու, չյոգնած կորովներու կազմակերպութիւնը»:

Յաջորդող` 1 ապրիլ 1920-ի «Հայ Սկաուտ»-ի «Պարտականութեան գլուխ» խորագիրով խմբագրականին մէջ (5) ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը ուղղակի կ՛եզրակացնէ. «Դուրս գանք առայժմ միջազգային սկաուտութենէ եւ առժամանակեայ կերպով ազգայնացնենք զայն` յարմարցնելով մեր ներկայ պահանջին եւ մշակենք ծրագիր մը` զուտ ներգաղթի համար»:

7. ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ»-ի 1 ապրիլ 1920-ի խմբագրականը: 8. ՀՄԸՄ-ի փոքրագոյն անդամին` գայլիկ-արծուիկին «Կակուղ թաթիկ» գրքոյկը (2):

Այժմ, 103 տարի անց, սփիւռքն ու հայրենիքը կարիքը ունին ամուր հայեր պատրաստող ազգային սկաուտական շարժումին ու նաեւ` նմանօրինակ պատանեկան միութիւններու: Մեր բոլոր իրաւունքներուն տիրանալէ ետք միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանը կերտելէ ե՛տք միայն կը մտածենք «միջազգայնականութիւն» խաղալու մասին: Այս ցիր ու ցան, տակաւին տարտղնուած մեր ազգէն հեռո՛ւ թող մնան բոլոր հակազգայինները, աղանդներն ու անոնց գործակալները:

Փորձենք հասկնալ, թէ ի՛նչ է ազգային սկաուտութիւնը` գայլիկութիւնը, թերթատելով ՀՄԸՄ-ի փոքրագոյն անդամին` գայլիկ-արծուիկին «Կակուղ թաթիկ» դաստիարակչական գրքոյկը, որ կարելի է ներբեռնել այստեղ (2). «Գայլիկը այն սկաուտն է, որուն տարիքը կը տարուբերի 6-11 տարեկանի միջեւ, ան միշտ կ՛օգնէ ուրիշին եւ վստահելի է: Ան կը հագնի գայլիկական յատուկ տարազ եւ ամէն շաբաթ ներկայ կը գտնուի հաւաքոյթներուն, ուր կը սորվի սկաուտական, ազգային, կրօնական, բնութեան, մարզական գիտելիքներ»: Ահաւասիկ` ոչ անձնասէր, ծառայող հայ մանուկին պատրաստութիւնը: Գրքոյկը ունի հետեւեալ գլուխները, որոնք լուսաբանութեան չեն կարօտիր.

  1. Ճանչնալ ազգային դրօշակը, 2. Վոհմակին օրէնքը, 3. Տէրունական աղօթք, 4. Գայլիկին տարազը, 5. Հինգ յօդուածներ, 6. Բարեւելու ձեւերը, 7. Յիսուսի ծնունդը, 8. Հաւաքել հայ հինգ հերոսներու նկարներ, 9. Վարդանանց պատերազմ, 10. Մոկլիին պատմութիւնը, 11.- Երեք շրջանակները, 12.- Նշանաբանը, 14.- Խոստումը, 15. Մեծ կանչի ձեւը, 16. Հետախուզական նշաններ, 17. Անուն, մականուն եւ հասցէ գրել, 18. Կօշիկ կապել, մազ սանտրել, 19. Մարմնային ճկունութեան շարժումներ»:
9. Որբեր որբանոց կը դիմեն, 1919-1920, Գիւմրի:       10. ՀՄԸՄ-ի փոքրիկ մարզիկներ, Արժանթին:

Վոհմակին օրէնքն է 1. Գայլիկը մտիկ կ՛ընէ ծեր գայլը, 2. Գայլիկը ինքզինքը մտիկ չ՛ըներ եւ 3. Գայլիկը մաքուր հայերէն կը խօսի:

Հինգ յօդուածներն են. 1. Գայլիկը նախ ուրիշները կը մտածէ, 2. Գայլիկը աչքն ու ականջը կը բանայ, 3. Գայլիկը միշտ մաքուր է, 4. Գայլիկը ճշմարտախօս է, 5. Գայլիկը միշտ ուրախ է:

Գայլիկին նշանաբանն է «Լաւագոյնը». միշտ իր լաւագոյն ճիգը պիտի թափէ եւ կատարէ:

Գայլիկին խոստումն է. «Կը խոստանամ ընել կարելիս` հաւատարիմ ըլլալու համար Աստուծոյ, հայրենիքիս, ծնողքիս եւ վոհմակի (երամի) օրէնքին:
Գործել բարիք մը ամէն օր»:

Գործնական առաջարկ 8. Հայկական գաղութներու մարդահամար մարդահաւաք կատարելու կարեւորութիւնը եւ միջոցները:

Ահաւասիկ` հարիւր տարիէ աւելի սփիւռքի մէջ գործող, փոքրերու յատուկ ազգային, կրօնական, բարոյական ու չարքաշութեան դպրոց մը, որ անհրաժեշտօրէն պէտք է ամրապնդենք, անոր շարքերը խտացնենք, տարածենք եւ նեցուկ կանգնինք անոր: Քաղաքներու մէջ, ուր հայկական դպրոց չկայ, հայ ծնողքին նուազագոյն պարտականութիւնն է իր փոքրերը շաբաթը մէկ անգամ, հոգ չէ թէ` թերեւս հեռու, գայլիկ սկաուտ հաւաքին տանի ակումբ, եւ իրենք ալ իրենց կարգին յարաբերութիւն հաստատեն այլ ծնողներու հետ, որոնք եկած են այնտեղ: Իտէալ համադրում, նաեւ` համայնքին միջեւ կապերու զարգացում:

Այնպէս չէ՛, որ սփիւռքի մասին գիւտերու պիտի սպասենք, կամ անիւը վերստին պիտի հնարենք, կամ փիլիսոփայենք: Սփիւռքը առաջին օրերէն իսկ տէր ունեցած է, նոյնի՛սկ հեռաւոր Չինաստանի մէջ (6) գաղութային ինքնաբուխ կազմակերպուած կառոյցներ` եկեղեցի, դպրոց, միութիւններ եւ կուսակցութիւններ:

Հարցը այն է, որ Հայաստանի 1991-ի վերանկախացումը թուլացուց սփիւռքի լարուած մեքենային երթը, եւ նոր առաջնահերթութիւններ ու մարտահրաւէրներ աւելցուց սփիւռքի ընելիքներուն վրայ: Փոխանակ հայրենիքը կազմակերպուած միջոցներով ներգաղթով զբաղելու, բոլորովին հակառակը, արտագաղթ պատճառեց եւ մէկուկէս միլիոնէ աւելի նոր գաղթականներ աւելցուց սփիւռքի թիւին վրայ… Ա՛յս է ողբերգական իրականութիւնը:

Ո՛ւր որ արդէն ազգային կառոյցներ գոյութիւն ունին, պէտք է զօրացնենք զանոնք: Նախ ունեցածնիս փրկենք` ամրապնդելով զանոնք: Առայժմ ժամանակ չվատնենք համասփիւռքեան նոր կառոյցներ ստեղծելու անվերջանալի եւ անիմաստ վիճաբանութեամբ: Հոն, ուր տակաւին կառոյց չկայ, եւ հայկական գաղութ կայ, պէտք է անոր մօտակայ կազմակերպուած գաղութը զբաղի անոնցմով:

Կը յիշեմ` 1970-ական տարիներուն Քանատայի Թորոնթօ քաղաքի հայկական գաղութը թորոնթոյաբնակ հայերուն հեռաձայնի հասցէատետրը պատրաստած էր` իրարու միջեւ պարտականութիւն ստանձնելով, Թորոնթոյի ծաւալուն, հազարաւոր էջ հեռաձայնի հասցէարան գիրքը մասերու բաժնելով եւ մէջէն հայերուն անունները զատելով: Այժմ աւելի դիւրութիւններ կան այս աշխատանքը կատարելու եւ բոլորին մատչելի դարձնելու:

Ա.- Քահանաներն ու միութիւնները հասցէահաւաք (հասցէ, հեռաձայնի թիւ ել-հասցէ) պէտք է կատարեն եւ մնայուն ելեկտրոնային միջոցներով կապ հաստատելով ցանցեր կազմեն:

Բ.- Իւրաքանչիւր հայ իր ունեցած հայերու հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը ղրկելով կ՛ամբողջացնէ գաղութին համրանքը` ի վերջոյ կազմելու հասցէներու ընդհանուր շտեմարան (7):

24 յունուար 2023
Շար 11/12

haroutchekijian.wordpress.com

(1).- https://goldenspread.org/scouting-programs/cub-scouts/

(2).- https://www.homenetmen.org/upload/books/pdf/Gagugh-Tatig_v2.pdf

(3).- https://www.homenetmen.org/hy/regions-chapters-units

(4).- «Հայ Սկաուտ», Ա տարի թիւ 10, 16 մարտ 1920:

(5).- «Հայ Սկաուտ», Ա տարի թիւ 11, 1 ապրիլ 1920:

(6).- https://www.aztagdaily.com/archives/537045

(7).- https://www.aztagdaily.com/archives/563799

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 4 Փետրուար 2023)

Յաջորդը

Ֆիլմորի Ոստիկանութեան Գնդապետ Կարօ Գիւրեճեան Վենթուրայի Շերիֆի Հրամանատարի Աստիճան Ստացաւ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?