Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը Կրնայ Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ենթահողի Վերածուիլ

Փետրուար 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բերձորի միջանցքի շրջափակումին իբրեւ հետեւանք հայկական կողմին ջանքերը` միջազգային ընտանիքին  դիմաց մերկացնելու Արցախը հայաթափելու Ազրպէյճանի իսկական նպատակը, սկսան արձագանգ գտնել:

Եւրոխորհրդարանի մէջ Ազրպէյճանի քայլերը քողազերծող վերջին ելոյթները, նոյնպէս Լա Հէյի մարդու իրաւունքներու միջազգային դատարանին մէջ հնչող հակաազրպէյճանական ելոյթներն ու ազրպէյճանական անհիմն ինքնապաշտպանական փորձերը առիթ հանդիսացան Արցախի ոչ միայն մարդկային վիճակի միջազգայնացման, այլ նաեւ քաղաքական կարգավիճակին շուրջ տարիներու պայքարի օրինականութեան յստակեցման:

Նպատակային էր հայկական ե՛ւ պետական, ե՛ւ սփիւռքահայ կողմերու, յատկապէս Հայ դատի գրասենեակներու դիւանաքարոզչական աշխատանքներուն մէջ հետեւեալ հարցերուն շեշտադրումը.

– Արցախի շրջափակումը նախ եւ առաջ մարդկային կեանքին սպառնալիք է, ցեղային ոչնչացման, իմա` Արցախի հայաթափման միտող քայլ, ինչ որ կը հաստատէ, որ Արցախը, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, այլ երկիրներու անկախացման ձգտումին համահաւասար իրաւունքով արտայայտած ու հանրաքուէով օրինականացուցած է անկախ ապրելու իր իրաւունքը, ուստի ան երբեք չի կրնար միանալ Ազրպէյճանի կազմին:

– Յաճախ խաղաղութեան լեզուով հանդէս եկող Ազրպէյճան կրկին հաստատած է ուժի սպառնալիքին դիմելու իր վարքագիծը, ժողովուրդ մը ամբողջ մատնելով սովի, երիտասարդներն ու մանուկները զրկելով իրենց ծնողներէն, ուսումնակրթական կեանքէն եւ վերջապէս առողջապահական ոլորտի ճգնաժամ ստեղծելով:

– Հակառակ միջազգային տարբեր կողմերու, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Ռուսիոյ, կրօնական միջազգային դէմքերու կոչերուն, Ազրպէյճան անտեսած է միջազգային ընտանիքը ու կը շարունակէ շրջափակման մէջ պահել Արցախի բնիկ ժողովուրդը:

Արցախի եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքն ու գերպետութիւններու Հարաւային Կովկաս թափանցելու ճիգերը Արցախի շրջափակման հարցին կու տան շատ աւելի օրակարգային կարեւորութիւն, ինչ որ կրնայ, հայկական կողմին ճիգերուն բազմապատկումին պարագային, Ազրպէյճանը ստիպել շարք մը զիջումներու:

Պատահական չէ, որ Ազրպէյճանի նախագահը կը դիմէ եւրոպական երկիրները կազի իր պաշարներով շլացնելու քայլին, երբ Հունգարիա իր այցելութեան առիթով օրեր առաջ կը յայտարարէ, թէ Ազրպէյճան բաւականաչափ կազ ունի բաւարարելու Եւրոպայի կարիքները` որպէս վստահելի մատակարար յառաջիկայ հարիւր տարուան ընթացքին: Դար մը ամբողջ Եւրոպան մատակարարելու խոստումը արդէն ինքնին թէական կը թուի, եթէ նկատի ունենանք, որ խօսքը բնութեան պաշարներու մասին է եւ ոչ թէ նիւթական շօշափելի հարստութեան:

Ազրպէյճանի սպառնալիքները չեն երաշխաւորեր տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատումը, ինչ որ փխրուն կը դարձնէ անգամ Ազրպէյճանի տարածքներէն արտածումները տարածաշրջանի լարուածութեան սրման պարագային:

Արցախի ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը սկսած է արդիւնաւորուիլ: Կը մնայ տոկալ, կառչած մնալ հողին, որովհետեւ հողն ու հայրենիքը միայն երկարաշունչ պայքարով կարելի է պահել:

Եթէ մեր ժողովուրդը յաջողի կառչած մնալ հողին, կը ձախողին Ազրպէյճանի բնապահպանման եւ այլ կեղծ ծրագիրները բնականաբար, ու Արցախի հարցի միջազգային արծարծման նշաձողերը կրնան ուղղուիլ Արցախի միջազգային ճանաչման:

44-օրեայ պատերազմով Ազրպէյճան ջանաց հայաթափել ամբողջ Արցախը, սակայն չյաջողեցաւ` ունենալով մէկտեղ զինուորական անսահման աջակցութիւնը Թուրքիոյ: Ազրպէյճանի շարունակուող յարձակողապաշտութիւնը կը բախի արցախահայութեան անկոտրում կամքին:

Ուստի Արցախի դիմացկուն ժողովուրդին տարբեր միջոցներով  աջակցութիւնը համայն հայութեան ազգային պարտքը կը համարուի այս օրերուն:

Նախորդը

«Ձմրան Մէջ Գարուն» Կ՛երգէ Սարըասլան

Յաջորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Քաղաքական Նախաձեռնութիւններ Շրջափակման Պայմաններում

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In