Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ձմրան Մէջ Գարուն» Կ՛երգէ Սարըասլան

Փետրուար 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

Իգնա Սարըասլանի չորս հատորներու («Լօ» 1974, «Քառասմբակ սէրերով» 1994, «Սիրոյ գոյնը» 1998, «Դէպի հորիզոն» 2016) շուրջ

Գիշերը առանց աղօթքի
կրօնք մըն է հիմա…

Ի. Սարըասլան

…Մարդուն խառնուածքը ճանաչողութենէն կու գայ. բանաստեղծի մը համար` Իգնա Սարըասլանի պարագային, արիւնը «Կաթիլ մը պատրանք (կը) թափէ» այն ապրումներուն մէջ որոնք բանաստեղծական անզանազանելի  աշխարհի կը վերածուին. աշխարհի տեսիլքներուն ընդմէջէն անակնկալին մարդն է բանաստեղծը: Սարըասլան իմացական եւ զգայնիկ շունչով մը, մենք չենք զարմանար, կը խօսի մեր տեսածէն եւ ապրածէն` իր տեսածիրէն, ներշնչեալի, փորձառութեան արտօնութեամբ: Բանաստեղծութիւններու առաջին «Լօ» հատորը մեզի իրաւունք կու տայ ըսելու, որ հասուն արիութեամբ կ՛ազդարարէ իր մուտքը` «շանթ աչքերով ծով գաղափարներու յառած»: Գաղափարներ եւ յիշատակներ` «ձեղունէն կախուած», արեւմտահայ բանաստեղծութեան յոյզերն արժեւորած տեսիլքներով եւ անխանդ ճանաչողութեամբ: Ան իր սերունդը չունեցաւ, բայց գիտակցեցաւ սերունդի մը չգոյութեան դառնութիւնը, ցաւերու անփութութիւնը` անբացատրելի խորհուրդ մը, վասնզի հոգւոյ մերկութեան պատգամը ժառանգած էր վարուժաններէն…

Երջանկութեան եւ արդարութեան ընդմէջէն կը վերակազմուի երազին ընդհանուր պատկերը. միշտ այդ ճամբով է, որ կ՛երթայ արդար (արդարացուող) յուզումով «տառապանքը մոռցած» ու տեղի կ՛ունենայ անխուսափելին («Կաղանդով մ՛արբենամ»). զգայնական յագեցում մը.

Ինծի շերտ մը երջանկութիւն հրամցուցէք
Ճաշակեմ` պատառ-պատառ յագենամ
Ինծի ումպ մը արդարութիւն տուէք
Ըմպեմ` կաթիլ-կաթիլ վերանամ

… Երբեմն կը պատահի որ բանաստեղծը առօրեային վրայ տակաւին անյայտ երանգներ կը բերէ եւ անոնք հոգեկան վիճակներու կը վերածէ. մեզմէ անկախ, թէ զգայնութեան ուժգնութենէն մենք կ՛ապրինք այդ վիճակներու հրավառութիւնը կամ, այլ խօսքով, զգայնապէս ականատեսը կ՛ըլլանք իրաւ բանաստեղծումի, ինչ որ Իգնա Սարըասլանի պարագային է:

Մեր ապրումը ամենեւին պատրանք մը չէ զգայախաբ-վայրկենապէսօրէն մեզ զուգող. մեր ապրումը հեռուէն, միգամածային շունչով կու գայ ու պատկերակերտ կը տարածուի: Սարըասլան կը ներկայացնէ կեանքը մթնոլորտի մը տակ, ուր ինք ապրած է ու չէ ապրած,  տեսած է ու չէ տեսած, այլ զգացած է վերապրումի ու իրականութեան ընդմէջ ծաւալող իրերու վիճակը, որ դադրի ինք իրմէ ու իր ապրումը սէր անուանէ` յաւակնութանց ան ունկընդիր, թերեւս` ազնիւ մտագարութիւն մը. (չենք վախնար բառը գործածելէ, վասնզի պիտի խօսինք Սարըասլանի հատորներէն անդին պահուըտած խարիսխներու լոյսերէն եւ սեւեռուն ճշմարտութենէն):

Արդ, լռութեան ապրումի խնդիրը. Սարըասլան լռութիւն կ՛ապրի ընդհանրացման գործողութեան (իմա` շարժումի, ընթացութեան) մէջ ու բնաւ չ՛աւետեր լռութեան մահը (չհասկցուածութիւն մը պարզագոյն). «Լռութիւն էր եւ լռութիւն դարձաւ»: Այլ է անձայնութեան ընկրկումը. «Օր մըն ալ երգը լռեց». այս պարագային կը ծագի միւս հարցումը, այն միւսը, որ տկարութեան ճնշումին կ՛ենթարկէ մեզ, երբ մէկէ աւելի անգամներ ականատես կ՛ըլլանք կեանքի գոյներու խամրումին, կը բացայայտենք իրողութիւնը իրականութեան փուճ-տարտամութեան, որ հոգեկան վայրէջքներու կը տանի.

ժամերն անցան – գիշերը վրայ հասաւ
…ծաղիկներուն վրայ
երկչոտ անձրեւ մը տեղաց
պահ մը ոմանք զգացին թէ
երկնակամարին վրայ
աստղ մը
սահեցաւ
իսկ ոմանք կարծեցին թէ
հեռուն
օդակայանը
սաւառնակ մը
վայրէջք
կատարեց

Տողերու վայրէջքը նշմարելէն զատ, «շերտ մը աստղազարդ երկինք» ըլլալու հանգամանքը նոյնպէս խնդրայարոյց է, քանզի (անմոռանալի պատկեր մը) «բանտարկեալի պատուհանին առջեւ» մարդոց տագնապին ունկնդիր մը կայ, ու զինքը` բանաստեղծը, չի գեղազարդեր մարդոց սպասումը, չ՛ոճաւորէր պահը, որքան ալ մթնոլորտը թելադրէ. կայ ընկալեալ բնականութիւն մը, ու Սարըասլան չի յօրիներ, այլ կ՛երեւակայէ` խորքին մէջ միշտ զերծ, բանաստեղծականացումէն, աւելորդ մտային միգամածութենէն` մարդկային ինքնացման տագնապ ապրելով, փնտռելով անոր արտայայտութեան հմայքը: Եւ ուր ալ ըլլայ, վստահաբար իր ապրումը հիմնովին կ՛ընդունինք, չենք տառապիր, ու չենք զղջար, քանզի իր մտածումը մեր պատկերացումներէն կու գայ ու թախիծ կը դառնայ «ուղղահայեաց զգայնութիւններու»: Այսպէս կ՛ապրինք գիշերուան բարեպաշտութեամբ, որ ինքնավերացում մըն է անցեալէն` ներկայ. չէ՞ք կարծեր, կը զգուշանա՞ք ատկէ, ես կը վստահիմ. ան մտածել կու տայ, գեղեցիկ-ծափալից ճառերէն փախուստ կու տայ ուրոյն խառնուածքով, որ չ՛ապացուցուիր ու յոյժ իմացական ըմբռնում մըն է:

Բանաստեղծ մը առնուազն զգայունակ պէտք է ըլլայ. Սարըասլան աւելի քան զգայունակ է գեղարուեստի իր բարեխառն պատրաստութեամբ: Անոր մենքը խանդավառող չէ, ապրեցնող է, տեսակ մը` կեցուածքիւ ուղղորդող: Այդ մենքը իր միտքէն կու գայ, աննկատելիօրէն ամբողջութիւն մը կը կազմէ` հեռաւոր անցեալին ու մենաւոր* ներկային մէջ.

Ճիշդ այն պահուն
հսկայ սկիհի մը նման
դարձեալ փշուր-փշուր
դաձեալ արցունք-արցունք եղաւ ամէն ինչ
ամէն ինչ եւ մենք

«Մեր մրուրը յաւերժութեան կոչեցին». նորէն մենքի չհատնող խոկո՞ւմ, թէ՞ անցեալի զգայնութիւններու պոռթկում. «Բայց ո՞ւր եմ – ո՞ւր ես – անցեալը ո՞ւր է – ո՞ւր են հին երջանկութիւնները հիմա»: Յամենայն դէպս ոչ յոգնած հոգիի չարդարացուող տարտղնումէ կը թելադրէ. քիչիկ մը անզգուշութիւն  եւ … երազազրկումը, կամազրկումը իրարմէ չենք տարբերեր. համընդհանրական տագնապ մը  («Կամարէ մը մտանք ներս») մեզ կը շուրջառէ: Չեմ շարունակեր, չեմ կրնար, խռովքը ցնորքի կը վերածուի, Սարըասլան չ՛արտօներ, չի պակսիր իր շնչառու իմացականութեան լոյսի խորհուրդը, ըմբոստութեան ճամբան թեքութիւն ունի ու վիպապաշտօրէն նկարչագեղ չէ` վասն ընթացիկ ինքնատպութեան ու հոգեկան կեղծութեան. «Մեր հոգիքը»  (Տիրան Չրաքեան), կ՛ըսեն, աւելորդ ճիգ մը, նկրտում մը կը վատնէ, եւ տակաւին կը մնանք շփոթած: Ասիկա պարզ իրողութիւն մը պիտի ըլլար, եթէ ազգային չըլլար. «աստեղազարդ երկնակամարներուն վրայ /ոստոստուն կապոյտ երազ մը պիտի  ըլլայինք»:

Երազը սէր կը գուժէ, սէրն ալ կ՛առաջնորդէ. «Եւ սիրեցինք եւ գինովցանք անվերջ / գեղեցկութեամբն ազատութեան»: Պահ մը կը թուի, թէ այդ էականը` ոգիին փառքը, կու գայ ազատութենէն (թերեւս իմացական), բայց արդեօ՞ք այս կարգի զգայնութիւնները կը մասնայատկուին` զգացականէն դէպի առարկայական աշխարհը, որմէ կը սկսի անխաթար բանաստեղծումը:

Երբեմն ալ այնպիսի տպաւորութիւն կը ստանանք, որ իր մտածումը յանկարծօրէն կը բխի` էութենէն, երեւութապէս իրմէ եկող ամէն բան ալ հոգեւին սիրելէ վերջ կը դառնայ, ատիկա անխուսափելի է թրթռացող բանատողերու շարք ու ամբողջական  կ՛ըլլայ, միշտ ու հիմնովին մարդոց կորուստներէն կը խօսի, ու տարտամութեան նշոյլ իսկ չենք կրնար երեւակայել.

Ալ մի՛ փնտռէք մեզ – այն զգացումին մէջ
Որ ճարճատուն քերթուածի մը տողն է առաջին
Ալ մի՛ փնտռէք մեզ – պիտի երթանք
Մեր ինչուներով խանդավառ
Մեր ինչպէսներով գինովցած

Եւ այս է պատճառը, որ ընթերցողն ալ տեսակ մը կ՛այլանայ, ինքզինք կը զգայ ապահով յոգնութենէն, զոր կրնանք բանաստեղծութեան, ընդհանրապէս գրական, յոգնութիւն անուանել, որքան ալ ներշնչումի ծնունդ ու արգասիք ըլլայ: Եւ ինչպէս Զարօ Աղան, Սարըասլանն ալ «ժամանակի տաքն ու պաղը շալկած» կ՛ոգեկոչէ ամէն կողմէ իրական աշխարհ ներխուժած սէրերու գաղտնի ուժը, զայն ապրելու գայթակղութիւնն ունենալով` գրելու մղումէն, ինքնաներշնչումէն կու գայ. առաքինութիւն մը, որ երբեք չի կործաներ անոր պարզ ապրումի բանաստեղծը ըլլալու հագամանքովը:

Անշուշտ այսօրինակ պարզութեան ետին խորհուրդ մը կայ, անճիգութեան, անբռնազբօս կերպի իր վայելքը մենք կ՛ապրինք (երբեմն չենք զգար) հատորէ հատոր, բանաստեղծի պարկեշտութիւն մը, որ յաճախ կը պակսի, բայց ատկէ առաջ նախ պէտք է ճանչնանք զայն, եթէ կ՛ուզէք, ինչպէս ամէն իրաւ բանաստեղծի պարագային, մեզ ճանչնալու բացառիկ առիթներէն եւս մէկը չկորսնցնելու համար: Կ՛ենթադրեմ, որ ան ճիշդ է, երբ կը գրէ. «Խոստացէ՛ք պայքարիլ բոլոր անոնց դէմ / որոնք մեր յոյսերը / մեր երազները / մեր ճակտի քրտինքը կողոպտեցին»:  Ու կը սպասէ խոստումի, քանզի վստահ է` «Չկարծուի թէ այս քերթուածը հոս վերջացաւ / այս քերթուածը հոս չի վերջանար»: Իգնա Սարըասլանին մտածումը չէ վերջացած եւ կը շարունակէ մեզի խօսիլ մեր գիտցածէն, ապրածէն եւ ապրելիքէն. նորէն` բանաստեղծէն առաջ մարդ ըլլալու եւ մարդ ապրելու պարագայ մը, բայց բանաստեղծի ճակատագրովը… ու այդ ճակատագիրը տեսակ մը, եթէ կարելի է ըսել, հրահրումի դեր կատարած է շարունակելիօրէն` բանաստեղծի միտք բանին առաւելս ընդլայնելու համար: Մեր այս հաստատումին կը հետեւի վերջին` «Դէպի հորիզոն» հատորը: Այդ տարիներու ընթացքին իր սեւեռումներու, տագնապներու ներքին դաշտանկարը ընդլայնած ըլլալով, ոճի ինքնակերպութեան չենթարկուած, վասնզի խորհելիքը արմատներէն կու գայ, այլ բառով մը` արմատաւոր  ընձիւղեալ է` «Յիշողութիւններէն չպարտուեցանք» ու պատգամն ալ առկայ է.

Իւրաքանչիւր տարին որ կը սահի կ՛երթայ
մեր յիշողութեան մէջ
ե՞րգ մըն է, թէ՞ վէրք մը
դեռ չեմ գիտեր:

Ասիկա բանաստեղծի չգիտնալիքն է այլեւս, զգայնութեանց ծխածածկոյթներով ու դիրտերով սքողուն, բայց` տեսանելի անոնց, որոնք հաղորդական են աշխարհին հետ ընդհանրապէս ու ունին գաղտնիքը մենութեան մէջ արտայայտուելու, իսկ Սարըասլանն ալ կարծես թէ կը յորդորէ.

Վառէ, կրակ մըն ալ դուն վառէ,
մարած մոխիրներով մի զբաղիր…

Ես ալ` իբրեւ բարեկամ ու խոհակից «մարած մոխիրներու» խորհուրդի ընդմէջէն կը համարձակիմ` տարապայման ըլլալով, ըսել կ՛ուզեմ` «անպատասխան հարցումներու» պատասխանին սպասելն ալ առնուազն անհետաքրքիր «զբաղում» մըն է` գգուանքներէն զուրկ թերեւս ոգեզուրկ թելադրանքներ առթող: Բայց նորէն իրականութիւնը ներսէն ու դուրսէն կը բացուի, կը գոցուի, նոյն ատեն հնազանդիլ «կը սկսի»` մեզի տեսանելի.

Վարագոյրը բացուեցաւ – կեանք մը սկսաւ…

Ու այդ կեանքէն ներս. «Երջանկութիւնն ինչո՞ւ միշտ չակերտի» մէջ էր, կ՛ըսէ Սարըասլան, արդեօք կրնա՞մ յաւելել` թերեւս չակերտներու… կը հակադարձեմ բանաստեղծին… սապէս, ինքզինք հարցեր կու տայ ու կէտադրական նշաններու` միջակէտին, ենթամնային, ապաթարցին, վերջակէտին եւ ի վերջոյ «վայրագ եւ անգութ» կախման կէտին մօտեցած` կարծես թէ բան մը չէ հասկցած ու նորէն կը հարցնէ. «Կեա՞նք մըն էր արդեօք», թէ՞ «երազներու փակ փեղկերէն» անդին ուրիշ կեանք մը անկումի, յուսահատութեան ու հաւատքի պատկեր մը` ի նշան մխիթարութեան, գուցէ ի նշան սիրո՞յ. «Ողջնցուր զիս դուն ով սէր»: Բայց դէպի հորիզոն գոյութենական ճամբայ մը կայ. իր ապրումներուն ընթացքը` «ջինջ իբր երկինք մը գարնան» կը վերահսկէ ու իրականութիւնը այնքան ալ չէր դառնացուցեր զինք, վասնզի արթնցած է այլեւս` համառութեամբ մը բանաստեղծի ու մարդու, քաջ գիտնալով «ցաւն հաճոյքին ու հաճոյքները ցաւին» վարուժանեան պատգամումի իմաստը, որ տակաւին կ՛ապրեցնէ ու կու գայ կեանքէն… շարունակաբար:

Յատուկ «Ազդակ»-ին համար

* Պոլսահայ իրականութիւնը արդեօք փխրուն նկարագիրով մեզի չի՞ ներկայացներ տագնապներու պայթունավտանգ հասունութեան վիճակ մը, մանաւանդ վերջին  ազերիաթրքական յայտնի ռազմային քաղաքական զոյգին պարագային…

Նախորդը

Տխուր Եւ Նոյնքան Ալ` Ծանր

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Բերձորի Միջանցքի Շրջափակումը Կրնայ Արցախի Միջազգային Ճանաչման Ենթահողի Վերածուիլ

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In