Համազգայինի 95-Ամեակ
Հրատարակչատուն-«Բագին» ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Համազգայինի 95-ամեակին առիթով յատուկ ձեւով կ՛արժէ լուսարձակի տակ բերել հրատարակչական բաժանմունքը: Ինչպէ՞ս սկսած էր, ո՞ւր է այսօր եւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Եթէ պահ մը զանց առնենք սփիւռքահայ կեանքին մէջ Համազգայինի հրատարակչատունէն լոյս տեսած պատմա-յեղափոխական, գրական, մանկապատանեկան հատորներու, դասագիրքերու եւ գրական ու այլ ամսաթերթերու, պարբերաթերթերու հրատարակութիւնները, կը տեսնենք, թէ որքա՜ն ամայութիւն կը ստեղծուի: Պատմական արագ ակնարկ մը:...




















