Անդրադարձ

Հոգելոյս Եփրեմ Արք. Թապագեան

Հոգելոյս Եփրեմ Արք. Թապագեան

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Անձիս համար անակնկալ մը չեղաւ մահուան գոյժը, որ հաղորդուեցաւ  Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն` յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին ու միաբանութեան, որուն երիցագոյն անդամներէն էր  հոգելոյս սրբազանը: Գոյժէն քանի մը օր առաջ պարբերական մեր հեռախօսային զրոյցներէն վերջինին ըսած էր.  «Ուժաքամ եմ, Միհրա՛ն, անկողինէս ելլելու ի վիճակի չեմ, յատկապէս վերջին օրերուն սուր ցաւերու մէջ կը տառապիմ, այլեւս ցաւազերծող դեղերն ալ ոչ մէկ օգուտ...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Թրքական «Խաղաղասիրութիւն»

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սիրելի ընթերցողը քաջատեղեակ է, որ մեր դարաւոր թշնամին հարեւանն է մեր հայրենիքներուն` Հայաստանին եւ Սուրիոյ: Քեսապ հայաւանը` ծննդավայրս ու բնակավայրս, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան ծայրամասին, Միջերկրական ծովուն ափերուն կը գտնուի, կպած է Թուրքիոյ սահմանագիծին: Այդ սահմանագիծը իր երեք կողմերով աքցանի մը մէջ առած է կարծես Քեսապը: Սահմանագիծը, Թուրքիոյ բռնագրաւած (1937-ին) Ալեքսանտրեթ նահանգին (այժմ` Հաթայ) սահմանագիծն է: Ալեքսանտրեթ նահանգին...

«Երեւանը Եւ Պաքուն Պէտք Է Խաղաղութեան  Համաձայնագիր Ստորագրեն»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

Պաքուի Ուզած Համաձայնութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անգամ մը եւս կրկնեց Արցախի հարցը արդէն լուծուած ըլլալու մասին իր յայտնի յանկերգը: «Հայ-ազրպէյճանական ղարաբաղեան հակամարտութիւնը աւարտած է, այդ հակամարտութիւնը արդէն լուծուած է: Ղարաբաղը կը մնայ Ազրպէյճանի անբաժանելի մասը եւ միշտ այդպէս պիտի ըլլայ», պնդած է Ալիեւ` աւելցնելով. «Սակայն խաղաղութիւնը տակաւին ձեռք չէ...

Ակնարկ.  Ցնծացողներ Եւ Վճարողներ

Ակնարկ. Ցնծացողներ Եւ Վճարողներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քրիստոնեայ աշխարհին մէջ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հնչող ամէնէն տարածուն երգերէն մէկն է «Joy to the world»-ը (հայերէնով` «Ծա՛փ զարկ, աշխա՛րհ, ցնծա՛ այսօր»): Չորեքշաբթի, 25 յունուարին այս երգը` այսինքն ցնծութեան հրաւէրը հնչեց ուրիշ բովանդակութեամբ եւ աշխարահատարած երգչախումբի մը կողմէ:  Ծափ զարնող-ցնծացողները եղան... զէնքի ճարտարարուեստի տիտանները: Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու Գերմանիոյ վարչապետը եղան գլխաւոր մեներգողները, իսկ երգչախումբին մաս կազմեցին...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – Ի.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Նախորդ` ԺԹ. մասը աւարտեցինք մեր առաջին նախահայրերէն հուրրի` ձիերու մասնագէտ Քիքքուլիի, որ ճանչցուած է իբրեւ «Միտաննիներու երկրէն վարպետ ձի մարզող», այսինքն` Հայաստանէն, մարտակառքի ձիեր մարզելու եւ խնամելու ՔԱ շուրջ 1345-ին գրած ուղեցոյցէն, օրերու վրայ երկարող մարզումի եւ սնունդի մանրամասն վարժութիւնը մինչեւ 34-րդ օրը (1): Ստորեւ` ուսուցման մինչեւ 75-րդ օր շարունակութիւնը: «Օր 38. Առաւօտուն ձին լողացնել, ապա` 10 քմ...

Սթափելու Ժամանակը

Նոր Լիբանանի Մը Սպասումով

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Լիբանանի մէջ ապրող ամէն մարդ, երկրին քաղաքացի կամ ոչ, իրաւամբ կրնայ հարց տալ, թէ տակաւին գոյութիւն ունի՞ լիբանանեան պետութիւն: Կառավարող իշխանութեան ձեւականութեան մասին չէ խօսքը, այլ` Լիբանանի Հանրապետութիւն կոչուած պետութեան մասին է, այն կազմակերպ ու օրինակարգ համակարգին, որ կոչուած է պաշտպանելու երկրին ամբողջականութիւնը, կարգն ու կանոնը, քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, ապահովելու անոնց կենսական կարիքները` սնունդ, առողջութիւն, ջուր եւ ուժանիւթ, վերջապէս`...

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Արցախի մէջ 120 հազար հայեր գոյատեւման պայքար կը մղեն զերոյէն ցած ջերմաստիճանի պայմաններու մէջ, առանց ջերմութեան, սնունդի եւ դեղորայքի` բնապահպաններ ձեւացող էքօ-ահաբեկիչներու կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով: Սակայն Ազրպէյճան պիտի չխուսափի մարդկային իրաւունքներու կապուած լուրջ խախտումներէն` առանց բարձր գին վճարելու: Ազրպէյճան ծաղրի առարկայ դարձած է ամբողջ աշխարհին առջեւ: Գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները, բացի Էրտողանի բռնապետութենէն,...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Եռամիասնութի՜ւն…

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Հաստատում (խտացուած) Սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւններով զարգացող, բազմալեզու,  բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ բազմաշերտ  իրականութիւն մըն է: Իր անչափելի կարելիութիւններով եւ մասնագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ աճող իբրեւ մարդուժի հսկայ աղբիւր` կարեւոր ազդակ է ան եւ ունի ուժականութիւնը` գործնապէս նպաստելու ինքզինքին, Հայաստանին,  ազգային պետականութեան ամրապնդման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ղարաբաղեան դատին եւ ազգային-քաղաքական ներկայ ու հեռահար նպատակներու իրացման պայքարին... Սակայն մտքերու մէջ...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յոյսի Ու Յուսախաբութեան Միջեւ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յոյսի Ու Յուսախաբութեան Միջեւ

Վերջին շրջանում փաշինեանական վարչակարգը իրականացնում է շեշտուած ու բացայայտ հակառուսական քաղաքականութիւն: Յիշենք այդ քաղաքականութեան մի շարք դրսեւորումներ. Նիկոլ Փաշինեանը մերժեց ստորագրել Երեւանում գումարուած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողովի հռչակագիրը, հայկական կողմը հրաժարուեց մասնակցել Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Մոսկուայում կայանալիք Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտգործնախարարների բանակցութիւններին, չեղարկեց 2023 թ. Հայաստանում ՀԱՊԿ միացեալ ուժերի զօրավարժութիւնների անցկացումը, մինչ այդ պաշտօնական Երեւանը անցանկալի անձ էր յայտարարել...

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Առաջին Թիւը

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Առաջին Թիւը

ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023 թուականի առաջին թիւը արդէն համացանցի վրայ է: Նկատի ունենալով օրուան հրատապ հարցերը` «Դրօշակ»-ի այս թիւի նիւթերը հիմնականին մէջ առնչուած են Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած փորձութիւններուն եւ յատկապէս Արցախի շրջափակման: Թիւին առաջնորդող յօդուածին մէջ անդրադարձ կը կատարուի արտաքին ազդեցութիւններու տակ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած անհեռանկար ու վտանգաւոր քաղաքականութեան, յատկապէս` իր դաշնակիցներուն նկատմամբ եւ նոյնքան վտանգաւոր սիրաբանութեան Հայաստանն ու...

Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը

Բնակա՞նը, Թէ՞ Բնութիւնը

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու յաջորդող օրերուն այս հարցումը կը յոգնեցնէ ուղեղս, երբ իւրաքանչիւր քայլափոխիս, աղբի կեդրոններու կողքին, կը հանդիպիմ նետուած տօնածառերու, երեւոյթ մը, որ ընդհանրապէս տարածուած է  աշխարհասփիւռ երկիրներու բարեկեցիկ թաղերուն մէջ: Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կը սկսին երեւնալ բնական տօնածառերը եւ անոնց լոյսերն ու  զարդերը: Շուկաներու մէջ առատօրէն կը ցուցադրուին նուէրներ ու խաղալիքներ, խմիչք ու քաղցրաւենիք, ...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Նիկոլ Փաշինեան Երեւոյթը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախը Եւ…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երեւոյթը... ֆենոմենը... Ոչ թէ անձը, այլ` հայ քաղաքական կեանքի եւ բեմի վրայ ստեղծուած եւ շարունակուող  անօրինակ կացութիւնը: Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ նման նախընթաց կա՞յ, թէ՞ ոչ, որ պարտուած, հազարաւոր զոհերու, հայրենիքի անվտանգութեան եւ տարածքներու պաշտպանութեան գործին մէջ ձախողած պատասխանատուն, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս, որուն քաղաքականութիւնը յատկանշուած ըլլայ կորուստներով, որուն կը պարտադրուին զիջումներ, զորս ան գլխահակ կ՛ընդունի, եւ որոնք...

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

Թուրքիա-Սուրիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ներկայ Փորձը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար, նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու փետրուար 2004 թուականին, երբ Թուրքիոյ օրին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ խորհրդականն էր, ստեղծեց «Զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքական ուղեգիծը, որ դարձաւ թրքական պետութեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքը, սակայն ի վերջոյ ձախողեցաւ: Փոխան զերօ խնդիրներու` Անգարան իր բոլոր դրացիներուն հետ ստեղծեց խնդիրներ: Այսօր` 14 մայիս 2023-ին նախատեսուած նախագահական ու խորհրդարանական...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Հայո՛ց Բանակ Մինչեւ Երբ Պիտի Շարունակուի Ինքնախաբէութեան Հանդէսը (28 Յունուար)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Իմ պաշտելի կազմակերպութիւնը հայոց բանակն է»: ՊԱՐԳԵՒ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Հաւանաբար ճի՛շդ պիտի ըլլար արձանագրել խայտառակութիւն գոյականը, փոխան ինքնախաբէութեան, ցոյց տալու համար հայութեան կրած վիրաւորանքին  տարողութիւնը` ինչ կը վերաբերի հայոց բանակին ունեցած վերջին տարիներու խոր վէրքին, պարտութեան, անկազմակերպ վիճակին, հաւաքական խեղճութեան, մտքի խարխափումին, հոգիի դալկութեան, կամքի շիջումին, զինուորական ունակութեան նուազումին, արհեստավարժի տեղատուութեան, սթափ ու տեղին հարուածելու կարողութեան ոչ նախանձելի...

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Չորեքշաբթի օր, լիբանանահայ քաղաքացին մէկ կողմ դրած իր սեփական տագնապներն ու երկրի դիմագրաւած զանազան դժուարութիւնները, ընդառաջեց հայկական կուսակցութեանց կոչին եւ Պեքաայէն Պուրճ Համուտ, ու հայահոծ շրջաններ իր միացեալ խօսքը ուղղեց մերժելով ազրպէյճանաթրքական հայաթափման եւ ցեղային զտման քաղաքականութիւնը եւ զօրակցելով առանձինն պայքարող Արցախին: Փակուեցան ազգային, միութենական հասարակական կրթական հաստատութիւնները խորհրդանշական կերպով երկու ժամ: Հայ մարդիկ փակեցին իրենց հաստատութիւնները, իսկ...

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ Յոյժ նշանակալից տարի է համասփիւռքեան թատերարուեստի համար 2023 թուականը. նշանակալից եւ անշուշտ` յատկացուցիչ, վասնզի   կը լրանայ ազգային մեծանուն երախտաւոր, գործարար, բեմադրիչ, բեմագիր, դերասան Գասպար Իփէկեանի (Կ. Պոլիս, 19 յունուար 1883 Պէյրութ,  30 դեկտեմբեր, 1952) ծննդեան 140-ամեակը: Վստահ ենք, որ տարին յոբելենական ըլլալէ զատ`  համասփիւռքեան թատերարուեստի ազգապահ գործունէութեան` ցայժմ իր ծիրին մէջ վերընթաց շարժումի կը վերածուի: Տակաւին շուրջ...

Սլաք.  «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Սլաք. «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի հետ ամբողջ հայութիւնը անգամ մը եւս խոր ցնցում եւ յուզում ապրեցաւ` իմանալով, որ 19 յունուարի կանուխ ժամերուն, Գեղարքունիքի մարզի  սահմանամերձ Ազատ գիւղի զինուորական մէկ կացարանին մէջ աղէտալի հրդեհ մը պատահած է եւ խլած` 15 մատղաշ զինուորներու կեանքը: Ահաւոր ողբերգութիւնը ստեղծեց տարբեր արձագանգներ, դուռ բացաւ հազար ու մէկ քննադատութիւններու, քննարկումներու, մեկնաբանութեան: Այդ բոլորէն անդին` դաժան իրականութիւնը այն է,...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայ Բժիշկներու, Ատամնաբուժներու Եւ Դեղագործներու Ոդիսականը Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Եւ Անկէ Ետք

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ 2018-ին հրատարակեցինք «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» հատորը: Իբրեւ վերապրողներու զաւակ ու անոնց տառապանքներուն ժառանգորդը, նաեւ իբրեւ բժիշկ` պարտք զգացինք անդրադառնալ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին` արթնութեան հրաւիրելու համար ներկայ դարուն ապրող բժշկական դասի բոլոր անդամները, յուշելու, որ մեր ճիտին պարտքն է չմոռնալ մեր նահատակ գործընկերները, հետապնդել մեր արդար...

Մինչեւ Ե՞րբ

«Սփիւռքի Տարի»

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Երկրորդ տարին ըլլալով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը հռչակէ «Սփիւռքի տարի»` կոչ ուղղելով սփիւռքի բազմաշերտ գաղութներուն` միասնական ճիգով, թափով ու կորովով վերակազմակերպուելու, վերաշխուժանալու եւ Հայաստանի ու Արցախի կողքին մնալու: Փաստօրէն անցնող շաբաթներուն 120 հազար արցախահայերու շրջափակման եւ այդ պատճառով յառաջացած կենցաղային, մարդկային, առողջական եւ այլ ճգնաժամին պէտք եղած ուժգնութեամբ չարձագանգեց սփիւռքահայութիւնը: Սփիւռքը լուռ է, եւ այս մէկը նոր...

Մեր Կորուստները.   Մահացաւ Նշանաւոր Երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեան

Փունջ Մը Լուսաւորող Ժպիտ Մասիս Արարատեանի Յիշատակին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կորսնցուցինք Մասիս Արարատեանը. հայ ժողովուրդին` հայրենի եւ սփիւռքի հայութեան համար հաւասարապէս մեծ կորուստ է Մասիս Արարատեանի վերջին հրաժեշտը: Ու թէեւ ծերունազարդ, բայց մի՛շտ երիտասարդ արուեստագէտին կեանքի մոմը մարեցաւ, սակայն անոր անմար կրակը պիտի շարունակէ լուսաւորել մեր մութ ու լոյս օրերը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրած էր իր իմացական կեանքի ողջ տեւողութեան, պիտի շարունակէ բաշխել իր երգիծանկարներէն տարածուող ժպիտը, որովհետեւ,...

Page 218 of 807 1 … 217 218 219 … 807

Արխիւներ