Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիլմորի Ոստիկանութեան Գնդապետ Կարօ Գիւրեճեան Վենթուրայի Շերիֆի Հրամանատարի Աստիճան Ստացաւ

February 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԻԿ

Կարօ Գիւրեճեան (աջին)

Ուրբաթ, 20 յունուարին, Վենթուրայի գաւառային ոստիկանութեան (sheriff) կեդրոնատեղիին մէջ, շրջանի 24 ոստիկաններու նոր պաշտօններու տուչութեան պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին գաւառի շերիֆ Ճիմ Ֆրայհոֆ հրամանատարի (Commander) աստիճան տուաւ Վենթուրա գաւառի Ֆիլմոր քաղաքի ոստիկանութեան գնդապետ Կարօ Գիւրեճեանին:

Գնդապետ Գիւրեճեան այս ձեւով դարձաւ առաջին հայ երիտասարդը, որ շրջանին մէջ կը հասնի ոստիկանական նման բարձր աստիճանի մը:

Հանդիսութեան, գնդապետ Կարօ Գիւրեճեանի մօր, եղբօր, ազգականներուն եւ հարազատներուն կողքին, ներկայ էին` շրջանի բարձրաստիճան ոստիկանապետներ, պետական դէմքեր, նահանգային պաշտօնատարեր, այլ աստիճաններով պարգեւատրեալ ոստիկաններու ծնողները եւ հարազատներն ու հարիւրաւոր հիւրեր:

Կարօ Գիւրեճեան ծնած է 1970-ին, Թրիփոլի (Լիբանան): Ան երրորդ զաւակն է Օննիկ եւ Անահիտ Ջաղացպանեան Գիւրեճեաններուն: Ան հօր մահէն ետք (լիբանանեան ներքին պատերազմի զոհ` դիպուկահարի մը փամփուշտէն), իր մօր եւ երկու եղբայրներուն` Յակոբ-Ճեքին եւ Րաֆֆիին հետ 1975-ին կը հաստատուի Միշիկըն նահանգի Ալպինա գիւղաքաղաքը: Նախնական ուսումը ստանալէն ետք, 1987-ին կը հաստատուի Քալիֆորնիա եւ բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ UCLA-ի մէջ, ուրկէ 1993-ին տնտեսագիտութեան պսակաւոր գիտութեան վկայական կը ստանայ:

Հետեւելով իր վաղամեռիկ ոստիկան եղբօր` Յակոբ-Ճեքի քայլերուն եւ անոր բարի ու կամեցող օրինակին (որ եղած էր Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկան, եւ որ 2001-ին զոհ գացած ոճրագործի մը անարգ փամփուշտին), ինք եւս ուզած էր դառնալ գաւառային ոստիկան:

1994-ին կ՛անդամակցի սոյն գաւառի ոստիկանական շարքերուն` հետեւելով անոնց դասընթացքներուն: Մինչեւ հրամանատարի այս աստիճան ստանալը, ան այս գաւառին մէջ ստանձնած է զանազան պաշտօններ` բանտայինէն մինչեւ երթեւեկութիւն, ապա` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանի աշխատանքներուն մէջ, Վենթուրա, Մուրփարք, Ֆիլմոր եւ Թաուզընտ Օքս քաղաքներուն մէջ:

Շնորհիւ իր հմտութեան, պաշտօնի գիտակցութեան, անկեղծութեան, ծառայասիրութեան, պարկեշտութեան եւ աշխատասիրութեան` Կարօ Գիւրեճեան 2002-ին կը դառնայ Վենթուրա գաւառի շերիֆի տեղակալ, իսկ 2010-ին` տասնապետ եւ ապա 2015-ին` քեփթըն:

Ըստ շերիֆ Ֆրայհոֆի` Կարօ Գիւրեճեան պարտաճանաչ, խղճամիտ եւ օրինակելի ոստիկաններէն մէկն է, եւ ինք շատ հպարտ է նման հայ ու նուիրեալ երիտասարդի մը ներկայութիւնը վայելելով, իր ղեկավարած ոստիկանական հսկայ զօրաբաժինին մէջ:

 

 

 

 

Նախորդը

Սփիւռքի Տարի 2023-ԺԱ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմնական Միջոցները, Փոքրիկներու Միութիւններ

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Կանխարգիլումը Ծուռ Հայելիի Մէջ

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.