Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Հայ Դատի Յանձնախումբերը Մի՛շտ Պատնէշի Վրայ

Փետրուար 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի առաքելութեան հիմնական նպատակներէն է Արցախի հիմնահարցի լիարժէք լուծումը` որպէս Հայ դատի բաղկացուցիչ մաս: Յունուար 25-ին, Քանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը երկու առանձին նիստ գումարեց ու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակման առնչութեամբ վկայութիւններու ու լսումներու առիթ ստեղծեց:

Քանատայի խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կողմէ միաձայնութեամբ նախաձեռնուած այս իրադարձութիւնը պատմական անկիւնադարձային ձեռքբերում էր, որովհետեւ Քանատայի խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Արցախի Հանրապետութեան պետական ներկայացուցիչները հանդէս եկան ներկայացնելով Արցախի ու արցախահայութեան այսօրուան իրավիճակը, միաժամանակ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ձեւակերպումը տեղ գտաւ յանձնաժողովի բանաձեւին մէջ, որ Արցախի անկախութեան ճանաչման գործընթացին գծով կարեւոր իրագործում է` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի յանձնաժողով մը նման բառակապակցութեամբ բանաձեւ որդեգրեց:

Պատերազմէն ետք Հայաստան կանգնած է ազգային անվտանգութեան բազմաբեւեռ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Հայրենիքի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան կը սպառնայ թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը: 2020 թուականին Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած թուրք-ազրպէյճանական պատերազմը իրողութեան մէջ փանթրքական երկարաժամկէտ ծրագրի իրագործման մէկ օղակն էր եւ կը թիրախաւորէր ոչ միայն Արցախը, այլ նաեւ Սիւնիքը, ի մասնաւորի` Մեղրին: Հայաստանի գործող իշխանութիւններու Արցախի գծով զիջումներու գահավէժ ընթացքով` կը վտանգուի նաեւ Սիւնիքը, որուն համար հաշուեյարդարի քարոզչական նախապատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են Պաքուի կողմէ, որ համակարգային ձեւով կեանքի կոչած է «Արեւմտեան Զանգեզուր»-ի քարոզչական իր թեզն ու նորաթուխ կեղծ քարտէսները:

Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու ներկայ պայմաններու լոյսին տակ հայկական կողմի նպատակային գերխնդիրը այսօր կը կայանայ միասնական ուժերով կանգնելու պատնէշներուն վրայ: Հայաստան-Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան վերընձիւղումն ու անոր ամրապնդումը այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, երբ Արցախն ու արցախահայութիւնը կը գտնուին գոյապահպանման խնդրին դէմ յանդիման եւ հայութեան տարբեր հատուածներու միջեւ փոխըմբռնման, համախմբուածութեան եւ միասնութեան մթնոլորտի ապահովումը` յաւելեալ թափով կրնայ նպաստել Արցախի անկախութեան ճանաչման գծով Հայ դատի աշխատանքներուն:

Արցախի շրջափակման հեռակայ նպատակը: Արցախի հայաթափման հանգրուանային գործընթացն է եւ այս մէկը կանխելու համար Եւրոպայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար պայքարող Հայ դատի յանձնախումբերը համընդհանուր զօրաշարժի մէջ են:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը Օթթաուայի իր գրասենեակի եւ տարբեր քաղաքներու մէջ գործունէութիւն ծաւալած իր յանձնախումբերուն հետ միասին միշտ հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան ու միջազգային յարաբերութիւններու գծով Արցախի պետական շահերու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր եւ այս մէկը կատարած է, հակառակ Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ լոպպիստական աշխատանքներու գծով իրեն դէմ ծառացած անյաղթահարելի բարդութիւններու:

Որպէս սփիւռքահայ քաղաքական ու դիւանագիտական ներուժը համախմբող կառոյց` աշխարհատարած Հայ դատի յանձնախումբերու տասնամեակներու վրայ երկարող պատմական առաքելութիւնը ինքնին փաստ է, որ հայ ժողովուրդի համազգային ու քաղաքական տեսլականներուն համար մաքառումի ճանապարհին յաղթանակներ կարելի է իրագործել կազմակուռ ու միասնական մեր շարքերով:

Նախորդը

Շրջափակման 56-րդ Օրը. Ստեփանակերտի Մէջ Վառարան Եւ Վառելափայտ Կը Տրամադրեն Բնակիչներուն

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի 100-Ամեակի Պաշտօնական Բացման Գոհաբանական Պաշտամունքը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?