Անդրադարձ

Մեր Կորուստները

Մեր Կորուստները

Մահացաւ Մատենադարանի Գլխաւոր Աւանդապահ, Ձեռագրագիտութեան Բաժինի Վարիչ Գէորգ Տէր Վարդանեանը Վերջերս մահացաւ Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, ձեռագրագիտութեան բաժինի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Գէորգեան ճեմարանի եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Գէորգ Տէր Վարդանեանը: Ան ծնած է 9 յունուար 1951-ին, Շամշադինի շրջանի Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղը: Ուսած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի հնագիտութեան, աղբիւրագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժինը, որ աւարտած է...

Յաղագս Պիպեռեան Զաւէնի

Լուսաւոր Գիշեր. Յաղագս Ալբերտ Մուշեղեանի Եւ Խորենացի Պատմահօր

 ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ Հայաստան այցերէս մէկն էր, կը յիշեմ, հաւանօրէն 2010, յուլիսի ահաւոր տօթ կէսօր մը: Գացած էի հանդիպելու երեւանեան իմ սակաւաթիւ ծանօթութիւններէս` Վլատիմիր Բարխուդարեանին, ակադեմիայի իր գրասենեակը: Զրոյցը, հանդարտ եւ ջերմ միանգամայն, ինչպէս էր ինքը` այժմ հանգուցեալ հիւրընկալս, տեւեց բաւական երկար: Ոգեկոչեցինք առաւելաբար վենետիկեան օրեր, որ անցուցած էինք միասին` ծանօթացումով եւ անկաշկանդ զրոյցով: Տպաւորած էր իր զուսպ, խաղաղ, ճենթըլմեն վարքով-վարմունքով,...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող կիրակին Ծաղկազարդ է, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ նաեւ արարչութեան առաջին օրը, երբ Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց եւ լոյսը տարածելով` հալածեց խաւարը: Յիսուս, իր մահը կամաւորաբար յանձն առնելու գիտակցութեամբ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ Ինքն է Աստուծոյ Գառը, որ կը կամենայ պատարագուիլ մարդոց փրկութեան համար, ուղղուեցաւ Երուսաղէմ, հոն Իր...

Այնթապի Հերոսամարտը

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ա. Մ. Այնթապ Կիլիկիոյ գլխաւոր քաղաքներէն է եւ կը գտնուի Եփրատի վտակ Սաճուրի ափին: Այնթապ, Ի. դարու սկիզբի տուեալներով, ունէր 50 հազար բնակիչ, որուն 20 հազարը հայեր էին: Այնթապցի հայերը գլխաւորաբար արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին: Այնթապի մէջ կը գործէին հայկական վեց եկեղեցիներ. Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցին կառուցուած էր 19-րդ դարու վերջաւորութեան: Վարժարաններ` Վարդանեան, Ներսէսեան, Հայկանուշեան եւ աւետարանականներու Այնթապ քոլէճը, իսկ...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Մեր օրերուն կ՛ապրէինք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ պահերը, եւ բնականաբար պատանիի տարիքի մէջ գտնուող Դաշնակցութեան պատանեկան միութեան անդամակցած ոեւէ անդամ մեծ գրաւչութեամբ եւ հմայքով պիտի նայէր ԼԵՄ-ականներուն եւ իրմէ աւելի տարեցներուն, որոնք պահակութիւն կ՛ընէին եւ կամ լծուած էին հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան գործին: Օրին Ընդհանուր վարիչ մարմինը, պատասխանատուները եւ վարիչները ունեցան հաւասարակշիռ մօտեցում Դաշնակցութեան մարտական ու գաղափարական դաստիարակութեան...

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.    Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Կեանքին ու էութեանս մէջ տոքթոր Ճոյին ձգած դրոշմը արտայայտելու ունակ դարձայ վէրքերուս փակուելէն եւ կարերու քակուելէն օրեր ետք, երբ իրեն յղեցի հետեւեալ նամակը. «Սիրելի՛ տոքթ. Ճօ, Քու ունեցած դրական ոգիդ Աստուծոյ կողմէ նուէր է իսկական: Երբ առաջին անգամ եկայ քեզ տեսնելու, իսկապէս կ՛ամչնայի, երկմտանքի մէջ էի, սակայն զիս ընդունած ձեւդ, անմիջականութիւնդ, եղբօր նման մտերիմ մօտեցումդ ինծի տուին զօրութիւն...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան ծնած է Խարբերդ, 1914-ին: Զաւակը` Խարբերդի Եփրատ քոլեճի փրոֆեսէօր Յովհաննէս եւ Մարիձա (ծնեալ Թիւֆենքճեան) Պուճիքանեաններուն: Եղբայրը` դեղագործ Արմէն Պուճիքանեանի: Գարեգինին հայրը նահատակուած է Ցեղասպանութեան առաջին տարին, 1 ապրիլ 1915-ին: Այսպիսով,  Պուճիքանեաններուն վեց զաւակներուն կրտսերը` Գարեգին, 1915-ին` մէկ տարեկան հասակին կորսնցուցած է հայրը: 1922-ին իր հօրեղբօր` գերմանական քոլեճի երաժշտութեան փրոֆեսէօր Մարտիրոս...

Յակոբ Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով  -2-  Ցորենի Ամպածրար (1) Հասկը

Յակոբ Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով -2- Ցորենի Ամպածրար (1) Հասկը

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն` Յակոբ Քորթմոսեան, Աւետիս Գրիգորեան, Փառէն Յովսէփեան, Դալար Քալուկեան, Վահան Մանճիկեան` յոբելեարին հետ: Տարիները անցան, միջնակարգ դասարան հասած էի, աւելի հասունցած էի: Ուսուցչուհիներէս մին եկաւ մեր դասարանը` ըսելով, որ այսօր վերջին դասապահը սովորական դասաւանդութիւն պիտի չընենք, եւ մեզի ուղեկցեցաւ դպրոցիս (Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին) կից գտնուող «Սարդարապատ» սրահը: Նախքան քայլ առնելը` հարցուցինք. - Ինչո՞ւ: Պէտք...

Հայ Մամուլի Անծանօթ Զինուորը.  Րաֆֆի Յովսէփեանի Յիշատակին` Մահուան Քառասունքին Առիթով

Հայ Մամուլի Անծանօթ Զինուորը. Րաֆֆի Յովսէփեանի Յիշատակին` Մահուան Քառասունքին Առիթով

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ ՀՄԸՄ-ի չորրորդ Պատգամաւորական ժողով, Աթէնք 1987: Ձախէն աջ` Յակոբ Պետիրեան, Նշան Օղիկեան, Գէորգ Կարապետեան+, Րաֆֆի Յովսէփեան +, տոքթ. Տիգրան Չափանեան + : Մաշտոցեան հայատառ մամուլի ու գրականութեան ծառայող աշխարհասփիւռ գրողներու, հրապարակագիրներու, տպագրիչներու, գրաշարներու, ցրուիչներու ասպարէզին առընթեր, յատուկ պաշտօն մը կը վարեն կարգ մը երկիրներու մէջ գործող գրաքննիչները. մեր պարագային` դամասկահայ` Րաֆֆի Յովսէփեանն էր: Վերոնշեալ երեւոյթը կրնայ խորթ թուիլ...

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Շաբաթ, 15 օգոստոս 2020, յետմիջօրէ: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անցած են 15 օրեր, սակայն դէմքիս, յատկապէս ճակտիս զոյգ լայն վէրքերը կը շարունակեն բացայայտ կերպով յուշել, որ պայթումին ահագնութիւնը լիովին կը մերժէ գէթ որոշ չափով հեռանալ ինձմէ… «Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը» հարցումը ոչ միայն կը մրճահարէ միտքս ու սիրտս, այլ նաեւ մնայուն կերպով կը հնչէ դէմքիս նայողներուն կողմէ, որոնց...

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

 ԹՈՐԳՈՄ Լեւոն Բաշալեանի Նոր Զգեստը նորավէպը կը սկսի մօր այս խօսքով, որ մէջբերելով` կը փորձեմ յիշեցնել Համազգայինի երկու համեստ գործունէութիւն, որոնցմէ առաջինին մասին միայն պրն. Յակոբ Լատոյեան յօդուածով  մը անդրադարձած է, իսկ երկրորդին մասին` ոչ ոք: 1.- Գրասէրներու Շրջանակ 1980-ականներու սկիզբը Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը կազմեց գրասէրներու շրջանակ մը` մասնակցութեամբ հայկական երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններէ շուրջ 20 աշակերտներու:...

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Պատրաստեց ՅԱՍՄԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ «Հայը պիտի մնայ որպէս հին հերոսական ազգ…» … Լիանա Ոսկանեանի ընտանիքում հերոսական պատմութիւնները շատ են: Եւ նրանց տոհմի պատմութեան մէջ` բոլորի սրտի մի թանկ անկիւնում կայ Ներսէս Վազգէնի Զախարեանի անունը: Մի խիզախ հայորդի, որ ազգի պայքարին միացել էր պատանի տարիքից: Միացաւ ազատամարտիկներին եւ կռուեց Բեկոր Աշոտի ջոկատում: Մինչ այդ Ներսէս Զախարեանը Պաքուի եւ Սումկայիթի հայերի տեղահանութեան եւ...

Դամասկոսի Արաբական Լիկա Վերադարձը Մօտալուտ Կը Թուի

Դամասկոսի Արաբական Լիկա Վերադարձը Մօտալուտ Կը Թուի

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան տարիներէ ի վեր իրար հետ կը մրցին սիւննիներու ղեկավարի կարգավիճակի համար։ Այսօր անոնց միջեւ յառաջացած է մէկ այլ մրցակցութիւն մը՝ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները առաջինը կարգաւորելու, ուստի եւ մրցակիցին ճամբան փակելու շուրջ։ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Մարտ 13-ին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարները Մարտ 15 եւ 16-ին Մոսկուայի մէջ ժողով մը...

Ժամի Խեղկատակութիւնը

Ժամի Խեղկատակութիւնը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Անցնող շաբաթավերջին ականատես  եղանք Լիբանանի ժամի փոփոխութեան խեղկատակութեան: Խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետի պաշտօնակատարին միջեւ մակերեսային զրոյցի մը իբրեւ արդիւնք` ժամերու փոփոխութեան օրակարգը ջնջելու որոշումը բաւական մեծ աղմուկ յառաջացուց երկրին մէջ: Արդէն Լիբանանի մէջ համայնքային զգայնութիւնները ծայր աստիճան սրած էին, եւ մտահոգիչ վիճակ մը առկայ էր, այս մէկն ալ եկաւ նոր գրգռութիւններ յառաջացնելու: Երեք տեսակ վերլուծում կայ: Ոմանք մտածեցին,...

Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը

Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը

Վաղամեռիկ մտաւորական, խմբագիր եւ հրապարակագիր Վազգէն Էթիէմեզեանի ծննդեան 80-ամեակը այսօր կը նշուի յատուկ ձեռնարկով եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ: Այդ առիթով յանձնախումբը դիմած է Վազգէն Էթիեմեզեանի գործակիցներու, հարազատներու եւ բարեկամներու` տեսանիւթով, բանաւոր թէ գրաւոր միջոցներով իրենց վկայութիւնները տալու համար Վազգէն Էթիեմեզեան մարդուն, մտաւորականին եւ դաշնակցականին մասին: Ստորեւ տրուած գրութիւնը կը պատկանի այդ վկայութիւններու շարքին: Ս. ՄԱՀՍԷՐէՃԵԱՆ Ընկեր...

Գաղափարի Մարտիկը՝ Սարգիս Զէյթլեան

Գաղափարի Մարտիկը՝ Սարգիս Զէյթլեան

Կը ներկայացնենք Գաղափարի Մարտիկ, անմահ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի «Հայ Երիտասարդութիւնը Եւ Իր Տագնապը. Խարխափումներ» յօդուածաշարը իր 8 բաժիններով, քաղուած «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի 1971 թուականի տարբեր թիւերէն: 1- Հայ Դատի Շուրջ https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_15.html 2- «Հայկական Ինքնութիւն» Սփիւռքականութիւն https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_13.html 3- Համադրութիւն եւ Հակադրութիւն https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_17.html 4- «Փակ Միջավայրը» https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_20.html 5- «Երկուութեան» Փարատումը https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_22.html 6- Գլխաւոր Ախտանիշները https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_27.html 7- Հայաստանի Դերը https://arftroshag.blogspot.com/2021/11/blog-post_29.html 8- Սփիւռքահայ Ղեկավարութիւնը. Ամաթէօրիզմ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. Զարմանալի՞ Է…

 Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պզտի՜կ, երկրորդական երեւցող լուր մը` Երեւանէն: Քանի մը օր առաջ Արագածոտն մարզի Աշտարակ քաղաքին մօտակայ Փարպի (*) գիւղին բնակիչները ափ ի բերան մնացեր են, երբ առտու մը իմացեր են, որ գիւղի «ամբուլատորիա»-ի (հասկցէ՛ք, սա բուժարան կը նշանակէ) տնօրէնուհին պաշտօնէ արձակուած է եւ փոխարինուած... մանկապարտէզի ուսուցչուհիով մը: Որոշումը տուող իշխանութիւնները բացատրեր են, որ պաշտօնազրկուած տնօրէնուհին օրէնք խախտած է, որովհետեւ...

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Պատրաստեց ՅԱՍՄԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆԸ «Ինձ համար աւելի լաւ է շրջափակման մէջ տառապեմ իմ հայրենիքում, քան ազատութեան մէջ` առանց հայրենիքի» ԼԻԱՆԱ ՈՍԿԱՆԵԱՆ արցախցի բազմազաւակ մայր «... Ոչ մի տեղ առանց Սիւնիքի ու Արցախի: Առանց աշխարհագրական Հայաստանի այդ հզօր ողնաշարի մեր ամբողջական հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չի կարող: Փոքր ազգերը պարտադրօրէն աւելի հայրենասէր պիտ լինեն, քան մեծերը, մենք` աւելի, քան բոլորը: Բարոյական ուժն օգնում...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անտառի Փսփսուքը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երկու Սիրտեր

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ Ուրախ ու զուարթ քով-քովի նստած Ընկուզենիին հովանիին տակ Կ՛երգենք, կ՛երազենք երդիք մը սուտակ Բոյն մը երջանիկ, սիրով պարուրուած Նստած ժամերով այսպէս ծառին տակ Մերթ սէր երգելով եւ մերթ լռելեայն Եթերին յառած աչքերը մեր լայն Իբրեւ սիրահար երկու աղաւնեակ: Օտար ափ ինկած մենք երկու ճահել Կապոյտ երկնքի վառ աստղերուն տակ Բոյն մը կ՛որոնենք, մաքուր ու յստակ Ու երդում կու...

Տպաւորութիւններ Միջազգային Դաշնակահար Եւ Յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի Համերգէն

Տպաւորութիւններ Միջազգային Դաշնակահար Եւ Յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի Համերգէն

Ստորեւ կը ներկայացնենք 18 մարտին Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի սրահին մէջ Համազգայինի 95-ամեակի ծիրին մէջ կայացած միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեանի համերգին վերաբերող ապրումներ եւ տպաւորութիւններ: Սէրուժ Գրաճեանի համերգը ցնցիչ յայտնութիւն մը եղաւ լիբանանահայութեան համար: Յայտագիրը` ամփոփ, ուսումնասիրուած, եւ կարկինը շատ լայն բացած. հարաւ-ամերիկեանէն մինչեւ Ազնաւուրի ֆրանսականն ու գնչուներու պարը, հայկականէն`  արաբականը, դասականէն` հայրենասիրականը, մինչեւ իսկ` ժողովրդականն ու մանկականը:...

Page 209 of 807 1 … 208 209 210 … 807

Արխիւներ