Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մամուլի Անծանօթ Զինուորը. Րաֆֆի Յովսէփեանի Յիշատակին` Մահուան Քառասունքին Առիթով

Մարտ 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի չորրորդ Պատգամաւորական ժողով, Աթէնք 1987: Ձախէն աջ` Յակոբ Պետիրեան, Նշան Օղիկեան, Գէորգ Կարապետեան+, Րաֆֆի Յովսէփեան +, տոքթ. Տիգրան Չափանեան + :

Մաշտոցեան հայատառ մամուլի ու գրականութեան ծառայող աշխարհասփիւռ գրողներու, հրապարակագիրներու, տպագրիչներու, գրաշարներու, ցրուիչներու ասպարէզին առընթեր, յատուկ պաշտօն մը կը վարեն կարգ մը երկիրներու մէջ գործող գրաքննիչները. մեր պարագային` դամասկահայ` Րաֆֆի Յովսէփեանն էր:

Վերոնշեալ երեւոյթը կրնայ խորթ թուիլ այսպէս կոչուած «ազատ» երկինքներու տակ ապրող կարգ մը ընթերցողներուն համար:

Այս առիթով հաստատում մը պիտի կատարեմ` մէջբերելով Պոլսոյ  «Մարմարա» օրաթերթի աւագ խմբագիր Ռոպէր Հատտեճեանի հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Մեր մօտ գրաքննութիւն չկայ, սակայն մենք մեր գրաքննիչներն ենք»:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութեան մօտ երկար տարիներ այս պաշտօնը վարած էր Փանոս Համմալեանը, որուն մահուընէ ետք,  իննսունական թուականներու սկզբնաւորութեան, Րաֆֆի Յովսէփեանը կոչուեցաւ այս առաքելութեան:

Լիբանանի յաջորդեցին քաղաքացիական պատերազմի աւարտին մասամբ լաւատեսութեան տարիներ, երբ բազմաթիւ պարբերաթերթեր եւ երեք օրաթերթեր լոյս կը տեսնէին Պէյրութի մէջ եւ բոլորն ալ սուրիահայ ընթերցողներուն կը հասնէին, նախ Դամասկոս, ապա Հալէպ, Լաթաքիա,  Քեսապ, մինչեւ Գամիշլի:

Րաֆֆիին` իր պարտականութեան գիտակից, ամէն առաւօտ փուռէն տաք հացի նման ելած  մամուլը երբ հասնէր, աչքէ անցընելէ ետք, ցրւումի ազդանշանը կու տար: Աշխատասէր, բծախնդիր, անշահախնդիր, յատկապէս անկողմնակալ եւ պարկեշտ, երկար տարիներ հաճոյքով կատարեց այս գործը` իբրեւ անծանօթ զինուոր հայ գիրին եւ գրականութեան:

Ծնած էր Դամասկոս, 1954-ին, տեղւոյն Ազգ. միացեալ նախակրթարանը աւարտելէ ետք, բոլոր դամասկահայերու նման, յաճախած պետական միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարան: Բարձրագոյն կրթութեան հետեւած էր ճարտարապետական ուսումնարանին մէջ: Միջոց մը Լիբանան ապրելէ ետք, վերադարձած է ծննդավայր եւ զբաղած ակնոցավաճառութեամբ: 1991-ին ընտանիք կազմած է, ՀՄԸՄ-ական ֆութպոլիստ, Սուրիոյ ազգային խումբի նախկին խմբապետ` Գէորգ Կրպոյեանի դստեր` Քնարին հետ, որ կրթական մշակ էր Ազգ. միացեալ վարժարանին մէջ. անոնք բախտաւորուած են երկու շնորհալի զաւակներով` Խաժակ (իրաւաբան-փաստաբան) եւ Դալար (դեղագործ):

Գաղափարապաշտ ընտանիքի մէջ ծնած Րաֆֆին, ՀՄԸՄ-ի գայլիկ, ապա, սկաուտ եղած էր. եւ հասած էր մինչեւ մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնին: Ան մաս կը կազմէր նաեւ տեղւոյն պասքեթպոլի խումբին, շրջան մըն ալ աղջկանց խումբի մարզիչն էր, մասնակցած էր ՀՄԸՄ-ի շրջանային ու համագաղութային ժողովներու:

Րաֆֆիին ծանօթութիւնս կը սկսի Քեսապէն, բանակումի օրերէն, աւելի քան յիսուն տարիներ առաջ, երբ Դամասկոսի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական փողերախումբը եզակի ըլլալով Սուրիոյ տարածքին, Հալէպ թէ Քեսապ, տողանցքները առաջնորդելու պատիւը կը վայելէր, նախքան Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբի վերակազմակերպումը 1978-ին:

Զանազան հանդիպումներու եւ ժողովներու ընթացքին, ընկերական եւ գաղափարական մթնոլորտի մէջ մեր ծանօթութիւնը խորացաւ, ուր Րաֆֆին իւրայատուկ էր իր  ուղիղ կեցուածքներով եւ  խիզախ նկարագիրով:

Հրատարակչական ասպարէզիս բերումով, վայելած եմ Րաֆֆիին ազնուութիւնն ու սահուն գործելաոճը, որուն երախտապարտ կը մնամ:

Վերջին երեսնամեակին Սուրիոյ մէջ  հրատարակուած գիրքերու նախատիպերուն վրայ դրոշմուած պիտի մնայ հանգուցեալ ընկեր Րաֆֆի Յովսէփեանի ստորագրութիւնը` իբրեւ Հայ մամուին ծառայած անծանօթ զինուորի:

Ժընեւ

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 30 Մարտ 2023)

Յաջորդը

Յակոբ Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով -2- Ցորենի Ամպածրար (1) Հասկը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?