Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Մ.

Այնթապ Կիլիկիոյ գլխաւոր քաղաքներէն է եւ կը գտնուի Եփրատի վտակ Սաճուրի ափին:

Այնթապ, Ի. դարու սկիզբի տուեալներով, ունէր 50 հազար բնակիչ, որուն 20 հազարը հայեր էին: Այնթապցի հայերը գլխաւորաբար արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին:

Այնթապի մէջ կը գործէին հայկական վեց եկեղեցիներ. Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցին կառուցուած էր 19-րդ դարու վերջաւորութեան: Վարժարաններ` Վարդանեան, Ներսէսեան, Հայկանուշեան եւ աւետարանականներու Այնթապ քոլէճը, իսկ 1912¬ին բացուած է Կիլիկեան ճեմարանը:

Այնթապցիք 1915-ին տեղահանուեցան եւ քշուեցան Տէր Զօրի անապատները: Առաջին աշխարհամարտի աւարտին, Օսմանեան կայսրութեան պարտութենէն ետք, Այնթապ անգլիական գրաւումի ենթարկուեցաւ, որմէ ետք, 1919-ին, քանի մը հանգրուանով, այնթապցիք վերադարձան իրենց պապենական օճախները, որոնք թալանուած էին: Այդ ժամանակ Այնթապ ունէր 40 հազար բնակիչ, որուն 18 հազարը` հայեր: Այնթապցիք կազմեցին Ազգային միութիւն, որ դարձաւ տեղական իշխանութիւն:

* * *

1919 նոյեմբերին Այնթապ մուտք գործեց երկու հարիւր հոգինոց ֆրանսական գումարտակ մը, որմէ ետք անգլիացիք քաղաքը ֆրանսացի գընդապետ Ֆլի Սէն Մարիի յանձնեց:

Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ Այնթապի շրջանի թրքական ուժերու հրամանատար նշանակուած Գլըճ Ալին շրջակայ գիւղերէն սկսաւ չեթէներ հաւաքել եւ միաժամանակ զինել Այնթապի թուրք բնակչութիւնը:

Այնթապցիք 1920 յունուարին, Ատուր Լեւոնեանի գլխաւորութեամբ, Ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական մարմին մը ստեղծեցին: Ինքնապաշտպանութեան մարմինը հայկական թաղամասերը տասնմէկ մասի բաժնեց: Հրամանատարներ ու խմբապետներ նշանակուեցան, եւ բաժնուեցան դիրքերը, որոնց վրայ պահակներ ճշդուեցան: Ստեղծուեցան նաեւ Կարմիր խաչ, մատակարարման եւ այլ մարմիններ, հրշէջներու խումբ, զէնքերը բաժնուեցան եւ ձեռնարկուեցաւ ռումբերու պատրաստութեան:

Թուրքեր 1 ապրիլ 1920-ին յարձակեցան հայկական թաղերուն վրայ: Միաժամանակ արդիական զէնքերով զինուած թուրքերը շուկային մէջ անակնկալօրէն յարձակեցան հայերուն վրայ եւ սկսան ջարդել զանոնք:

Արագօրէն հայկական թաղերուն ու փողոցներուն անցքերուն վրայ սկսան պատնէշներ բարձրացնել:

Կռուի առաջին օրերուն թուրքերը մեծ ուժերով յարձակեցան բազմաթիւ անգամներ, բայց միշտ ալ հայ մարտիկներու բուռն դիմադրութեան բախելով եւ մեծ կորուստներ տալէ ետք փախուստի դիմեցին: Հայ կռուողներ գրաւեցին կարգ մը կարեւոր դիրքեր եւ նահանջի մատնեցին թշնամին:

Ապրիլ 25-ին ֆրանսական նոր ուժեր հասան Քիլիսէն. նոյն օրն իսկ ֆրանսական ու թրքական ուժերուն միջեւ ընդհարումները սկսան:

Թուրքերը, սաստիկ ռմբակոծումներու կողքին, հայկական թաղերը հրդեհելու աշխատանքին ձեռնարկեցին: Հրդեհներն ու ռմբակոծումները աւեր կը գործէին, բայց կռուողներն ու ժողովուրդը կ՛աշխատէին կանգուն պահել դիրքերը եւ ջուրի հեղեղներով մարել հրդեհները: Հայերուն կացութիւնը հետզհետէ օրհասական կը դառնար

Թուրքեր առանց պայմանի անձնաւորութիւն պահանջեցին հայերէն:

Երկու ամսուան խաղաղութենէ ետք, հինգշաբթի, յուլիս 29-ի առաւօտուն թրքական զօրքերը կրակ բացին ֆրանսական դիրքերուն վրայ. կռիւները վերսկսան թնդանօթի կատաղի մարտերով:

Նոյեմբեր 20-ին (1920) Ատանայէն Այնթապ հասաւ գնդապետ Կուպոյի ֆրանսական զօրամասը:

Գնդապետ Կուպոյի զօրամասին ժամանումէն ետք Այնթապի թրքական թաղամասերուն պաշարումը աւելի սեղմուեցաւ:

8 փետրուար 1921-ին Այնթապի թուրք բնակչութեան անունով պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Անտրէայի` անձնատուութեան առաջարկով, եւ յաջորդ օրն իսկ, 9 փետրուարին, թուրք պատուիրակները ստորագրեցին քաղաքին անձնատուութեան պայմանները, որոնց հիմամբ անոնք կը ճանչնային ֆրանսական հոգատարութիւնը եւ կը յանձնէին իրենց զէնքերն ու զինամթերքը:

Մէկ ամիս ետք, 9 մարտ 1921-ին, Լոնտոնի մէջ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ քեմալական կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Պէքիր Սամի բէկի եւ Ֆրանսայի վարչապետ Պրիանի միջեւ:

Այնթապի հայերը յաջորդող ամիսներուն զանգուածաբար ձգեցին իրենց հայրենի օրրանը եւ փոխադրուեցան Հալէպ: 25 դեկտեմբեր 1921-ին, երբ ֆրանսացի վերջին զինուորները հեռացան Այնթապէն, տակաւին քաղաքին մէջ կը մնային 3500 հայեր:

Թրքական իշխանութեան վերահաստատումէն ետք հայերուն դէմ հալածանքներ սկսան: 1922-ի տարեվերջին ու մինչեւ 1923 յունուար Այնթապէն հեռացան հայութեան վերջին բեկորները:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Անդրանիկ Ժողովի Գումարման 100-Ամեակին Առիթով. Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Շրջափակին Մէջ Պատանեկան Միութիւններու Դիւաններու Խորհրդանշական Ժողով

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?