Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Զարմանալի՞ Է…

March 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Պզտի՜կ, երկրորդական երեւցող լուր մը` Երեւանէն:

Քանի մը օր առաջ Արագածոտն մարզի Աշտարակ քաղաքին մօտակայ Փարպի (*) գիւղին բնակիչները ափ ի բերան մնացեր են, երբ առտու մը իմացեր են, որ գիւղի «ամբուլատորիա»-ի (հասկցէ՛ք, սա բուժարան կը նշանակէ) տնօրէնուհին պաշտօնէ արձակուած է եւ փոխարինուած… մանկապարտէզի ուսուցչուհիով մը:

Որոշումը տուող իշխանութիւնները բացատրեր են, որ պաշտօնազրկուած տնօրէնուհին օրէնք խախտած է, որովհետեւ կեդրոնին մէջ պաշտօնավարութեան կողքին, նաեւ անձնական գործ կ՛ընէր, բժշկութեամբ կը զբաղէր: Ի դէպ, կեդրոնէն քանի մը հոգի ալ գործէ արձակուած են: Գիւղացիները կ՛ըսեն, որ գործէ արձակուած բժշկուհին 45 տարիէ ի վեր կ՛աշխատէր կեդրոնին մէջ եւ շատ օգտակար գործ կ՛ընէր (արդեօք արժանի չէ՞ր պատուով հանգստեան կոչուելու): Պաշտօնի վրայ մնացողներ զարմանք կը յայտնեն, թէ մանկապարտէզի ուսուցչուհի մը ինչպէ՞ս կրնայ դարմանատան մը պատասխանատու նշանակուիլ, երբ բժշկութենէ բան չի հասկնար, եւ պաշտօնի բերումով, պէտք է դեղագիր գրէ, բժշկական թուղթեր ստուգէ-ստորագրէ:

Ես ալ կը զարմանամ… զարմացողներուն զարմանքին համար:

Նախ, եթէ պաշտօնազրկուած ուսուցչուհին բարձրագոյն դատարանի անդամ նշանակուած ՔՊ-ական մը ըլլար, վստահաբար այս ճակատագիրին պիտի չարժանանար, այլ եղածը «թեքնիք պատահար» պիտի սեպուէր: Փոխարինողը ահաւասիկ նոր փաստ մը կը բերէ, թէ «թաւշեայ» Հայաստանի մէջ ԽԾԲ-ական (խնամի-ծանօթ-բարեկամ) տրամաբանութիւնը, փտածութիւնը որքա՜ն արմատախիլ եղած են:

Յետոյ, ինչո՞ւ զարմանալ, որ մասնագիտական գործի մը համար պաշտօնի կը կոչուի բժշկութենէ բան չհասկցող մը: Չէ՞ որ Հայաստանի վարչապետի աթոռին նստած է մարդ մը, որ ո՛չ քաղաքականութենէ կը հասկնայ, ո՛չ դիւանագիտութենէ, ո՛չ ալ ռազմական հարցերէ ու տնտեսութենէ. մէկ խօսքով, երկիր մը կառավարելու որեւէ նախապայման չ՛ամբողջացներ, եղած-չեղածը ձախլիկ թերթապան մը եղած է, իսկ անոր շուրջ խմբուածներէն շատեր իր նմանակներն են:

Եթէ Փարպիի «ամբուլատորիա»-ն վաղը քայքայուի, միայն այդ գիւղի բնակիչները պիտի տուժեն, մինչդեռ Հայաստա՞նը…

23 մարտ 2023

(*) Փարպին ծննդավայրն է Ե. դարու մատենագիրներէն Ղազար Փարպեցիի, որ հաւանաբար ուրախ է, որ չ՛ապրիր «թաւշապատ» Հայաստանին մէջ:

Նախորդը

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Յաջորդը

«Եւրօ-2024». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մրցաշարքը Սկսաւ Պարտութեամբ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.