Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

March 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Մեր օրերուն կ՛ապրէինք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ պահերը, եւ բնականաբար պատանիի տարիքի մէջ գտնուող Դաշնակցութեան պատանեկան միութեան անդամակցած ոեւէ անդամ մեծ գրաւչութեամբ եւ հմայքով պիտի նայէր ԼԵՄ-ականներուն եւ իրմէ աւելի տարեցներուն, որոնք պահակութիւն կ՛ընէին եւ կամ լծուած էին հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան գործին: Օրին Ընդհանուր վարիչ մարմինը, պատասխանատուները եւ վարիչները ունեցան հաւասարակշիռ մօտեցում Դաշնակցութեան մարտական ու գաղափարական դաստիարակութեան միջեւ` միշտ ընդգծելով, որ զէնքը միջոց է գաղափարի իրականացման եւ նպատակներուն հասնելու համար եւ ոչ` նպատակ: Այս մէկը կարեւոր է, որ պատանիի տարիքին մեր գաղափարական կազմաւորումի կարեւոր հանգրուանին ճիշդ ձեւով փոխանցուէր եւ մշակուէր, եւ կարելի է ըսել, որ անոնք յաջողեցան, որովհետեւ այդ տարիներուն մեր մէջ արմատ դրաւ գաղափարականութիւնը, հակառակ հմայիչ մարզին անմիջական գոյութեան: Բանաձեւ մը, որ ե՛ւ բանակումներուն ե՛ւ սեմինարներուն ե՛ւ ժողովներուն ճիշդ ձեւով փոխանցուեցաւ:

Նաեւ կարեւոր էր այն առումով, որ Հայաստանը դեռ չէր անկախացած, Դաշնակցութիւնը գաղափարական պայքարի մէջ էր խորհրդային իշխանութիւններուն դէմ, որոնք համազարկ բացած էին կուսակցութեան դէմ:  Գաղափարական պայքար էր, եւ այդ տարիքին նոյն հաւասարակշիռ բանաձեւը ճիշդ ձեւով աշխատեցաւ դաստիարակչական ծրագիրներուն մէջ, եւ մենք գիտցանք, որ գաղափարական-քաղաքական հակադրութիւնը օրուան Հայաստանի վարիչներուն հետ տարբեր բան է, եւ հայրենիքի կապուած իւրաքանչիւր նուաճում ազգային խնդիրներու առումով տարբեր բան է: Այդ տարանջատումը քիչ մը մանկավարժական-գաղափարական առումով պէտք էր փոխանցուէր, եւ այս իմաստով մեր վարիչները լաւապէս իւրացուցած էին այս գաղափարը, որուն իբրեւ արդիւնք` մենք ունեցանք սերունդ մը, որ գաղափարական լիցքը ստացաւ օրուան պատասխանատուներուն կողմէ:

Տարեդարձները առիթներ են յառաջիկայ աշխատանքներու նոր ուղենիշներ բանաձեւելու: Պիտի մաղթեմ, որ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն համար նոր ծրագիրներ մշակուին` պահպանելով գաղափարական ժառանգութիւնը, բայց նաեւ` ստեղծելով նորարարութիւնը: Կը յուսամ, որ այդ մարզի պատասխանատուներու շրջանակներուն մէջ միշտ կատարուի սերնդափոխութիւն, եւ պատանեկան միութեան շրջանաւարտները, ապա ԼԵՄ-ականները եւ երիտասարդ դաշնակցականները գրաւեն այս մարզի պատասխանատուութիւնը` շարունակելով այն առողջ եւ ճիշդ դաստիարակութիւնը, որ նախապէս իրականացուցին նախորդ սերունդները` իբրեւ պատասխանատու, վարիչ, Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ եւ դաստիարակչական գործին լծուած  ընկերներ:

 

 

Նախորդը

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Յաջորդը

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.