Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Արաբական Լիկա Վերադարձը Մօտալուտ Կը Թուի

Մարտ 29, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան տարիներէ ի վեր իրար հետ կը մրցին սիւննիներու ղեկավարի կարգավիճակի համար։ Այսօր անոնց միջեւ յառաջացած է մէկ այլ մրցակցութիւն մը՝ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները առաջինը կարգաւորելու, ուստի եւ մրցակիցին ճամբան փակելու շուրջ։

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Մարտ 13-ին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարները Մարտ 15 եւ 16-ին Մոսկուայի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն։ Սուրիական կողմը, սակայն, անմիջապէս յայտարարեց, թէ նշեալ քառակողմ հանդիպումի պայմանները տակաւին չեն հասունցած եւ Սուրիան տակաւին կը պնդէ երկու կողմերուն միջեւ քաղաքական որեւէ հանդիպումէ առաջ թրքական ուժերու իր հողերէն հեռացման վերաբերեալ Անգարայէն երաշխիքներ ստանալու վրայ։

Նախքան այդ, 8 Մարտին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր, որ «յառաջիկայ շաբաթ» Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի մասնակցութեան «թեքնիք ժողով պիտի գումարուի՝ նախապատրաստելու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը»։ Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, սակայն, հաղորդեց, որ Մարտ 16-ին նախատեսուած հանդիպումը յետաձգուած է «թեքնիք պատճառներով»։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով Մարտ 27-ին յայտարարեց, որ այդ «խորհրդակցութիւնները» տեղի պիտի ունենան Ապրիլի սկիզբը։

Այստեղ խօսքը թեքնիք եւ արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւններու մասին է, ինչ որ տակաւին շատ հեռու է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն։ Պատճառը սուրիական կողմի արդար ու տեղին եղող վերապահութիւնն է։ Թրքական կողմը ի զուր ջանք թափեց ռուսական միջնորդութեամբ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներուն միջեւ հանդիպումի մը ապահովման համար։

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Մարտ 16-ին Մոսկուա իր այցելութեան ծիրին մէջ ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպումին, ապա ատիկա կապ ունի հասնելուն փուլի մը, ուր Թուրքիան պատրաստ կ’ըլլայ յստակօրէն եւ աներկբայ դուրս գալու սուրիական բոլոր հողերէն, ահաբեկչութեան աջակցութիւնը դադրեցնելու եւ կացութիւնը վերադարձնելու Սուրիոյ մէջ պատերազմէն առաջ գոյութիւն ունեցած իրավիճակին: Այս միակ պարագային է, որ իմ եւ Էրտողանի միջեւ կրնայ հանդիպում տեղի ունենալ: Առանց ատոր այդ հանդիպումի արժէքը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ զայն կատարենք, եթէ Սուրիոյ մէջ պատերազմին համար վերջնական արդիւնքներ պիտի չձեռքբերէ»: Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, որ Ասատի նախապայմանները անընդունելի են։ Այդպիսկով՝ Դամասկոս Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը զրկեց Մայիս 14-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան մէջ քարոզչական կարեւոր յաղթաթուղթէ մը։

Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մրցավազքին մէջ Սէուտական Արաբիան կը գտնուի աւելի լաւ դիրքի վրայ եւ մթնոլորտը աւելի դրական է։

Մարտ 23-ին Սուրիան ու Սէուտական Արաբիան համաձայնութիւն գոյացուցին  տասը տարիէ ի վեր սառեցուած դիւանագիտական յարաբերութիւններէն ետք վերաբանալու իրենց դեսպանատուները։ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ալ աղբիւր մը հաստատեց, որ Սուրիոյ հետ երկու ժողովուրդներուն համար պէտք եղած հիւպատոսական ծառայութիւններու մատուցումը դիւրացնելու բանակցութիւններու մատուցումը դիւրացնելու բանակցութիւններ սկսած են։

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, մէջբերելով սէուտցի եւ սուրիացի պաշտօնատարներ, կը հաղորդէ, որ բանագնացներ աշխատանք կը տանին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի ապրիլի վերջաւորութեան Ֆիթրի տօնէն ետք Դամասկոս հաւանական այցելութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու` նշելով, որ անոնք «զգուշացուցին, թէ բանակցութիւնները կրնան տապալիլ»: Այս բոլորը Սուրիոյ Արաբական Լիկայի մէջ իր աթոռը վերստանձնելու ուղղութեամբ մեծ յառաջդիմութիւն մըն է։

Այն իրողութիւնը, որ Մայիս 19-ին Արաբական 32-րդ վեհաժողովը պիտի գումարուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ մտածել կու տայ, թէ Սուրիան արաբական շրջապատին մէջ վերահամարկելու, պատերազմէն քանդուած երկիրը վերակառուցելու շուրջ քուէարկութիւնը կրնայ նշեալ վեհաժողովի օրակարգին վրայ ըլլալ՝ եթէ ամէն ինչ «ըստ ծրագիրի» ընթանայ։

Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղարի զինուորական հարցերու խորհրդատու Մահմուտ Խալիֆա արդէն Փետրուար 14-ին յայտարարած էր, որ Սուրիոյ Արաբական Լիկայի մէջ իր աթոռին վերադարձը «մօտալուտ պիտի ըլլայ»։ Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Մուհամէտ Հալպուսին ալ Փետրուար 25-ին արաբական երկիրներուն կոչ ուղղած էր՝ Սուրիոյ իր արաբական շրջապատ վերադառնալու որոշում որդեգրելու։ Հարցերը առայժմ այդ ուղղութեամբ կ’ընթանան։

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Մարտ 19-ին այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր հանդիպում ունեցաւ իր պաշտօնակից Մուհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան Փետրուար 12-ին այցելած էր Դամասկոս, ինչ որ Փետրուար 6-ի երկրաշարժէն ետք օտարերկրեայ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը առաջին այցելութիւնն էր Սուրիա: Ան մէկ օր ետք նաեւ այցելեց Օման։

Նշենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի Սուրիան հարուածած երկրաշարժէն ետք, Փետրուար 27-ին այցելեց Դամասկոս եւ հանդիպում ունեցաւ իր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատի եւ Սուրիոյ նախագահին հետ։ «Դամասկոս այցելութեանս նպատակը հիմնականին մէջ մարդասիրական է» , ըսաւ եգիպտական դիւանագիտութեան պետը՝ այդպիսով չբացառելով իր այցելութեան քաղաքական՝ իբրեւ թէ «ոչ հիմնական» նպատակը։

Ասատ մէկ օր առաջ Դամասկոսի մէջ ընդունած էր Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութենէն պատուիրակութիւն մը՝ նախագահութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամէտ Պալպուսի, որուն կ’ընկերակցէին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի, Պաղեստինի, Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Օմանի եւ Լիբանանի պատուիրակութիւններու նախագահները։

Ընդհանուր պատկերն ու ստեղծուած տպաւորութիւնը դրական է, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Սուրիոյ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումն ու արաբական շրջապատ վերադարձը կը նուազեցնէ Իրանի ազդեցութիւնը, մեծապէս կը սանձէ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային Թուրքիոյ հետագայ ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնէ Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման համար միջնորդութիւն կատարող Ռուսիոյ ազդեցութիւնը, որովհետեւ կը հանգչեցնէ սուրիական դիւանագիտութիւնը, անոր «թթուածին» կ’ապահովէ, խուսանաւումի լայն հնարաւորութիւն կ’ընծայէ եւ յաւելեալ ինքնավստահութիւն կը շնորհէ։

Միացեալ Նահանգներ եւս դէմ են Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս Փետրուար 28-ին յայտնեց. «Ասատի վարչակարգին նկատմամբ մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: Հիմա կարգաւորման ժամանակը չէ: Հիմա ժամանակը չէ` Ասատի վարչակարգին հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու»։ Սակայն զարգացումները այդ ուղղութեամբ կ’ընթանան։ Այս առումով ուշագրաւ է Սուրիա-Արաբական աշխարհ յարաբերութիւններու բնականոնացումէն վնասուող երկու երկիրներու՝ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջաններուն մէջ վերջերս արձանագրուող փոխադարձ յարձակումները։

Վերոնշեալ երկիրները, բնականաբար նաեւ Թուրքիան,  մեծ ջանք պիտի թափեն ձախողցնելու Սուրիա-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու բնականոնացումն ու Դամասկոսի իր արաբական շրջապատ վերադարձը, որովհետեւ ատիկա իրենց շահերէն կը բխի։ Դամասկոս եւ Ռիատ ատոր քաջ կը գիտակցին, ահա թէ ինչու «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը հաղորդէր, որ սէուտցի եւ սուրիացի պաշտօնատարներ «զգուշացուցին, թէ բանակցութիւնները կրնան տապալիլ»:

Յամենայնդէպս, եթէ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթներէն մէկը պիտի յաջողի, ապա Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը աւելի հաւանական կամ առնուազն աւելի մօտալուտ կը թուի։ Ռիատի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման զուգահեռ Սուրիոյ Արաբական Լիկայ վերադարձը եւս մօտալուտ կը թուի։ Այդ վերադարձով՝ Սուրիոյ արաբական ու շրջանային դերակատարութիւնը դէպի վերականգնում պիտի ուղղուի։

«Հայրենիք»

 

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?