Մեզ Շրջափակող Քարը Ո՛վ Պիտի Գլորէ
Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան ճանապարհին կը հանդիպինք բազմաթիւ ներշնչող պատկերներու, որոնցմէ մին Խաչեալ Յիսուսի գերեզմանի մուտքի ծաւալուն քարի տապալումն է: Կան Ծաղկազարդի գունագեղ փունջերն ու ովսաննաները, կայ Յիսուսի օծման անուշահոտը, կայ աշակերտներուն հետ Գեթսեմանիի աղօթքի մտերմութիւնը, եւ նամանաւանդ վերջին ընթրիքի յուզական պահն ու պատգամը: Միւս կողմէ, կան խիստ ծանրակշիռ պահեր: Տաճարի մաքրագործումը, Յուդայի մատնումը, Պետրոսի ուրացումը, խաչի առանձնութեան ճգնաժամը: Իսկ...



















