ԹՈՐԳՈՄ
Լեւոն Բաշալեանի Նոր Զգեստը նորավէպը կը սկսի մօր այս խօսքով, որ մէջբերելով` կը փորձեմ յիշեցնել Համազգայինի երկու համեստ գործունէութիւն, որոնցմէ առաջինին մասին միայն պրն. Յակոբ Լատոյեան յօդուածով մը անդրադարձած է, իսկ երկրորդին մասին` ոչ ոք:
1.- Գրասէրներու Շրջանակ
1980-ականներու սկիզբը Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը կազմեց գրասէրներու շրջանակ մը` մասնակցութեամբ հայկական երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններէ շուրջ 20 աշակերտներու: Անոնք շաբաթը երկու անգամ կը հաւաքուէին, կ՛ընթերցուէր ժամանակակից գրողի մը մէկ գործէն յատկանշական հատուած մը, եւ աշակերտները իրենց տպաւորութիւնները կը յայտնէին շատ ազատ, պարզ, անմիջական: Ձեռնարկը կազմակերպողները նպատակ չունէին գրող պատրաստելու (արդէն կարելի ալ չէ ), այլ` գրասէր պատանիներու միջեւ կապ հաստատելու, վարժեցնել գրութեան մը մասին կարծիք յայտնելու, գրականութենէն հաճոյք ստանալու, Պէյրութ գտնուող գրողներու հետ անձամբ տեսակցելու, Համազգայինի շուրջը զանոնք համախմբելու: Այդ պատանիները, որոնք այժմ զաւակներու, ոմանք թոռներու տէր են, իրենք թող վկայեն, որ ի՜նչ անհամբերութեամբ կը սպասէին, թէ հանդիպումին օրը հասնի, եւ Համազգայինի ակումբը երթան:
Այս մթնոլորտը չքացաւ յանկարծ երբ շշուկներ լսուեցան, թէ գրասէրներու շրջանակի հանդիպումներուն կ’ընթերցուին եւ կը վերլուծուին համայնավար գրողներու գործեր: Սրբապղծութի՜ւն: Ուրեմն համայնավար քարոզչութիւն տեղի կ’ունենայ:
Անշուշտ աշխատանքը պէտք էր դադրեցնել:
Իսկ գիտէ՞ք, թէ որո՛նք էին այդ «համայնավար» գրողները(ոմանք այդ օրերուն ողջ էին). Հրանդ Մաթեւոսեան, Էդուարդ Աւագեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, Ակսել Բակունց, Մկրտիչ Արմէն:
2.- Գիրքերու մնայուն ցուցահանդէս-վաճառք
Քանի մը տարի ետք Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գրատարած յանձնախումբը ծրագրեց Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի սպասման դահլիճին մէջ գիրքի մնայուն ցուցահանդէս-վաճառք կազմակերպել` բոլոր ներկայացումներու եւ ձեռնարկներու ատեն: Մարդիկ, որոնք գրախանութ երթալով գիրք գնողներ չեն, առիթ կ՛ունենան գիրքեր տեսնելու եւ գնելու: Այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար կազմուեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններէ 10 աշակերտներէ բաղկացած խմբակ մը: Պատանիները նախ այցելեցին հայկական բոլոր հրատարակչատուները, ներկայացուցին ծրագիրը, գիրքերը ապառիկ առին եւ սրահի մուտքին սեղաններու վրայ տեղադրեցին… սպասելով յաճախորդներու: Եւ որովհետեւ այդ տարիներուն շաբաթը քանի մը անգամ բազմամարդ ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենային, գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: Կը վաճառուէին նոյնիսկ այնպիսի գիրքեր, որոնք հրատարակչատուներու պահեստներուն մէջ փոշիներու տակ մնացած էին:
Ամբողջ աշխատանքը կը կատարէին պատանիները, իսկ Շրջանային վարչութեան յանձնախումբի անդամները դիտորդի դեր ստանձնած էին:
Պատահեցաւ անխուսափելին. այս անգամ առարկուեցաւ, թէ գիրքերու այդ սեղանները եւ ապակեայ պահարանը սրահին մուտքը տգեղցուցած են:
Եւ… վերջ:
Բայց եւ այնպէս գործունէութիւնը կատարեց իր զոյգ առաքելութիւնները` հայերէն գիրքեր տարածել եւ Համազգայինի միջոցով պատանիներ միութենական, հաւաքական կեանքի վարժեցնել:
Եւ որպէսզի օդին մէջ փչուած խօսքեր չթուին, կը ներէք, որ պիտի նշեմ անունները Համազգայինի ծրագիրը հիանալի հեքիաթի վերածած պատանիներուն. Յակոբ Լատոյեան, Աւետիս Կիտանեան, Արսէն Կիտանեան, Արիս Մանուկեան, Գրիգոր Ճենանեան, Անի Էքմէքճեան-Պիլալեան, Սագօ Նոխուտեան, Կարօ Նոխուտեան, Կարօ Տէրունեան:
Ձեզի ծանօթ ըլալու է այս անձնաւորութիւններուն ազգային, միութենական գործունէութիւնը վերջին քանի մը տասնամեակներուն մէջ եւ այսօր:
Վստահաբար այժմ ալ կան նոյն պատրաստակամութեամբ եւ ոգիով օժտուած երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներ, որոնց եթէ վստահուի մշակութային որեւէ ծրագիր մշակել եւ գործադրել, կրնան ամբողջական պատասխանատուութեամբ կատարել այդ:
Այս ձեւով Համազգայինի հրաշալի հեքիաթը կը շարունակուի:
Եւ երկինքէն կ՛իյնան երեք խնձորներ, առաջինը` այս հրաշք տղոց, երկրորդը` անոնց վստահողներուն եւ երրորդը` մթնոլորտ չքացնողներուն: