Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսաւոր Գիշեր. Յաղագս Ալբերտ Մուշեղեանի Եւ Խորենացի Պատմահօր

Ապրիլ 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Հայաստան այցերէս մէկն էր, կը յիշեմ, հաւանօրէն 2010, յուլիսի ահաւոր տօթ կէսօր մը: Գացած էի հանդիպելու երեւանեան իմ սակաւաթիւ ծանօթութիւններէս` Վլատիմիր Բարխուդարեանին, ակադեմիայի իր գրասենեակը: Զրոյցը, հանդարտ եւ ջերմ միանգամայն, ինչպէս էր ինքը` այժմ հանգուցեալ հիւրընկալս, տեւեց բաւական երկար: Ոգեկոչեցինք առաւելաբար վենետիկեան օրեր, որ անցուցած էինք միասին` ծանօթացումով եւ անկաշկանդ զրոյցով: Տպաւորած էր իր զուսպ, խաղաղ, ճենթըլմեն վարքով-վարմունքով, ո՛չ այնքան յաճախակի` գոնէ իմ «հայրենի փորձառութիւններուս» սահմաններուն մէջ:

Երբ կը պատրաստուէի մեկնելու, Բարխուդարեան դարձաւ ետին եւ ցած դարանէ մը վերցնելով` գրասեղանին դրաւ քանի մը հատորներ: Մէկը իր հեղինակութիւնն էր` «Հայկական գաղթավայրերը», երկրորդը` փառակազմ ժողովածուն հնգամեակ մը առաջ նշուած հայկական այբուբենի. ստեղծման հազարհինգհարիւրամեակի գիտաժողովի նիւթերուն: Գրիչը վերցուց, ձօնագրեց զանոնք ու երկարեց ինծի: Ապա, մինչ կը ձօնագրէր երրորդ հատոր մը, տիտղոսաթերթին վրայ նկատեցի հեղինակի անուն մը` «Ալբերտ Մուշեղեան», եւ գիրքին խորագիրին քով իրեն` Բարխուդարեանին ուղղուած ձօնագրում: Վարանեցայ. «Պարո՛ն Բարխուդարեան,- ըսի,- այս մէկը ձերն է, ձեզի է ձօնագրուած»: Բարեմտօրէն խնդաց. գրասեղանին անկիւնը` մատնանիշ ըրաւ նոյն հատորէն երկրորդ օրինակ մը. «Ոչինչ… Ես երկուսն եմ ստացել…»: Եւ` «Կարդացէ՛ք, կարդացէ՛ք անպայման…» աւելցուց:

Երեք հատորները անութիս` բաժնուեցայ բարեկամէս: Եւ հետեւող երեկոն, շրջագայութիւններէս դարձիս, ուզեցի աչք մը նետել անոնց: Գիտաժողովի ժողովածուն, իր ճոխութեամբը շլացուցիչ, արդէն տարհամոզեց անմիջական խորասուզումի փորձէ. յարմար «պատառ» էր տունդարձէ ետք` շաբաթ մը լուռ ու հանդարտ կեդրոնացումի: Անցայ ինծի անծանօթ Ալբերտ  Մուշեղեանը հեղինակ ունեցող հատորին` «Մովսէս Խորենացու դարը»:

Խորագիրը եւ Խորենացիի անունը արդէն կը գրաւէին զիս: Որքան ալ պարզ սիրող պատմագիտութեան եւ բանասիրութեան, քիչ-շատ ծանօթ էի աւելի քան հարիւրամեակ մը քաշքշուող բանավէճին` Խորենացիի ինքնութեան եւ «Պատմութիւն Հայոց»-ին շուրջ. եւ անշուշտ` անոնց վիճակուած ուրացումներուն: Ասոնք բնազդային խրտչում մը զարգացուցած էին մէջս ու թէեւ յաճախ կու գային պսակաւո՜ր անուններէ, երեւցած էին ինծի իբրեւ դրսեւորումները անհոգի մասնագէտներու, բանասիրութեան լարախաղացներու, զուրկ` կլոպալ ընկալումի ատակութենէ,  ներիմացական շնորհէ: Թէկուզ եւ կոչուէին Ակինեան կամ Թոմսոն…  Կեցուածքիս մէջ զիս քաջալերեր էին ողջմիտ պաշտպան-պահապաններ, որոնց հանդիպումը ըրած էի ընթերցումներու մէջ` Նիկոլ Աղբալեան, Ստեփանոս Մալխասեան…

Նիւթին հանդէպ շահագրգռութիւնս, եթէ բաւարար էր հատորը բանալու եւ թերթելու, աւելի անդին պիտի չտանէր զիս` ընդդէմ երեւանեան հիւրանոցի սենեակիս առժամէութեան եւ շրջմոլիկի յոգնութեանս: Բայց… քառորդ մը ետք կարթուած էի, կախարդուած: Աչքերս բացուեցան, յոգնութիւնս մղուեցաւ յետին հորիզոններ: Կը գտնուէի իսկական «երեւոյթ»-ի մը առջեւ…

Յափշտակուած` կարդացի ամբողջ գիշերը: Լուսնալու մօտ էր, որ յոգնասպառումը իր իրաւունքները պահանջեց: Բայց դադարը արդէն պարզ առկախում էր. ընթերցումը նոյն թափով պիտի շարունակէի յաջորդ օրը, յաջորդ օրերը, ապա` օդակայանը, ապա` երկժամեայ թռիչքին մինչեւ Աթէնք, ուր եւ առանց ընդհատումի աւարտեցի-փակեցի գիրքը… ափսոսանքով:

Խորենացիի` միանգամայն ներիմացական եւ հմտաբան մօտեցում մը, ըսի, հանդիպեր էի արդէն: Նիկոլ Աղբալեան յատկապէս, իր «Դասախօսութիւններ հայ մատենագրութեան մասին»[1] երկին մէջ, ընդունելի վարկածներ կը բերէր յօգուտ Պատմահօր, անոր «Պատմութիւն Հայոց»-ը իր ժամանակին մէջ վերահաստատելով, վերականգնելով անոր վաւերականութիւնը, մատնանշելով ձգտումը` նորովի արժեւորելու աւանդական պատմութիւնը, միանգամայն եւ որոշ քննականութեամբ մօտենալու անոր: Եւ իր` Աղբալեանի կողմէ, հայկեան աւանդավէպը առնչելով «ուրարտական» պիտակուած պատմաշերտին, ապա եւ հերքելով «եկուոր» արմէններու քաշքշուած վարկածը` իբրեւ արտայայտութիւնը արեւմտամոլ հակումի մը… Ի դէպ. Աղբալեան նաեւ հետաքրքրական բացատրութիւն մը ունէր այն փաստին, որ մատենագիրներ Ե. դարէն մինչեւ Թ. կամ Ժ. դար չեն յիշատակած երբեք Խորենացին: Ան հաւանական կը գտնէր «Պատմութիւն Հայոց»-ի ձեռագիրին` պատուիրատուին եւ յետնորդներու դիւանին մէջ ի պահ մնացած ըլլալը, մէկ կամ միւս պատճառով, եւ ապա երեւան ելլելը` Բագրատունեաց տան իշխանութեան գլուխ գալուն գուգահեռ…

Բայց Մուշեղեանով գտածս շատ աւելին էր` սկզբնաղբիւրներէ կտրուած Աղբալեանի մը մօտեցումէն, զոր նաեւ իր լսարանը կը կաշկանդէր նիւթի ռամկացման մտահոգութեամբ մը: Այժմ կը գտնուէի հեղինակի մը առջեւ` հոգեմտաւոր բացառիկ սրատեսութեան տէր, միանգամայն եւ բացառիկ հմտաբան: Օժտուած նաեւ` զգաստ, բայց անսխալ ներիմացումի ատակութեամբ: Հատորը, ինչպէս յաճախ` նման աշխատասիրութիւններ, ժողովածու էր նոյնանիւթ կամ մերձանիւթ ուսումնասիրութիւններու, բոլո՛րն ալ հարուստ` նշեալ այս շնորհներով, ինչ որ ընթերցումը կը դարձնէր իսկական հիացական վայելք մը, նոյնիսկ` սիրողական մակարդակի ընթերցողին համար, որ եմ:

Յաջորդական գլուխներու ձեւով հատորին մէջ տեղադրուած յօդուածները կը ներկայանան հետեւեալ պատկերով.

Ա.- Մովսէս Խորենացու  ծննդեան տարեթիւի եւ ծննդավայրի հարցի շուրջ,

Բ.- Չորս Հայքերի առեղծուածը Մովսէս Խորենացու «Պատմութիւն Հայոց»-ում,

Գ.- VII դարի պարսկական մի արշաւանք Մովսէս Խորենացու «Պատմութիւն Հայոց»-ում եւ դրա հերքումը,

Դ.- Վասպուրական նահանգի յիշատակումը Մովսէս Խորենացու «Պատմութիւն Հայոց»-ի մէջ,

Ե.- Գր. Խալաթեանի եւ Կ. Թումանովի դրոյթների սնանկութիւնը,

– Յաւելուած. Մովսէս Խորենացու Հայկեան առաջին տոհմապետները եւ նրանց Այրարատ (Ուրարտու) բնօրրանը:

Հեռո՛ւ ինձմէ, հոս, առաջադրանքն ու յաւակնութիւնը` պատմա-բանասիրական այս նիւթերը արծարծելու ըստ էութեան: Ներկայ գրութեամբ կրնամ արտայայտել տպաւորութիւններ միայն, որոնք կ՛արժեն, ինչ որ կ՛արժեն` ողջմիտ դատումը ընդունելով իբր պարզ չափանիշ. ապա եւ` ընել այդ նիւթերէն բխող այժմէական գաղափարական հարցադրումներ: Եւ մանաւանդ պարտիմ ճշդել  դրդապատճառը, որ զիս մղեր է գրամեքենայիս առջեւ` արձանագրելու այս տողերը,  ինչ որ չըսուեցաւ դեռ…

Որովհետեւ, հատորը փակելէ ամիսներ ետք, մինչ տակաւին չէի յայտնաբերած հոգեմտաւոր այդքան պայծառ աշխարհի տէր այս հեղինակը` իբր կենսագրական անհատ, դիպուածը աչքիս դէմ բերաւ Ստեփան Ալաջաջեանի «Ճամբեզրի վրայ» երկը` իրեն բնորոշ ջերմ շեշտերով արձանագրուած յուշագրական հատորը: Եւ ապշանքով կարդացի դրուագ մը` հեռու վաթսունական սառցահալեան տարիները.ոգեկոչող` «Սովետական Գրականութիւն» թերթի խմբագրական խորհուրդի մէկ նիստը` նուիրուած Մաշտոցեան յոբելեանի մը.

«Ո՞վ է այս մարդը, որ սեւ ակնոցների տակից, իր վառ աչքերով նայում է վրաս ու ինձ չտեսնելով` խօսքը ուղղում է ինձ:

«Չլինէր մեր ընդունած քրիստոնէութիւնը, չէր լինի մեր այբուբենը, եւ քրիստոնէութիւնն ու այբուբենը չէին ներծծուի մեր էութեան մէջ: Հայրս ասում էր` «Ես հայ քրիստոնեայ եմ, հայերէն եմ աղօթում»:

Այս մէկ խօսքի մէջ կայ հայը իբրեւ ազգ, քրիստոնեան` իբրեւ հաւատք, աղօթքը` իբրեւ դպրութիւն: Հայոց գրերով է կարդում իր աղօթքը:

«Ինչո՞ւ էր ինձ ասում, յատկապէս ինձ:

«Գիրն ի՞նչ է,– շարունակեց նա,- որեւէ ազգի այբուբենն ի՞նչ է: Ազգի միտքն ի՞նչն է դրսեւորում, լեզուն բացում, արձանագրում ու թողնում զաւակներին: Չկայ մի խոհ, մի խօսք, մի յոյզ, որ գրերը չկարողանան արտայայտել: Հարցական նշանն անգամ գիր ունի եւ բան է ասում, բան է հարցնում: Ես կոյր եմ… եւ դա գիտեմ:

«Նա կոյր էր: Ես փշաքաղուեցի: Հոգիս դողաց:

«Կուրտիկեանն էլ ասաց.

«Բայց նա անընդհատ ինձ էր նայում:

«Նա անընդհատ բոլորին էր նայում»2:

Յայտնութիւնը ցնցիչ էր: Ալաջաջեանի փշաքաղումը, հիացական պատկառանքը, ելեկտրական հոսանքի նման` փոխանցուեցան ինծի…  Վերընթերցեցի հատորը կրկին, մէկ շունչով, այս անգամ կարկամած` անկէ բխող ճառագայթումէն…

Դիմելով հանրագիտարանային հրատարակութիւններու, տպագիր թէ թուայնագիր, առաջ տարի տեղեկութիւններու քաղս, խորապէս շահագրգռուած այլեւս հեղինակի նաեւ մարդկային, անձնակա՛ն երեսով: Եւ «Ուիքիփետիայ»-ի (հայաստանեան տառադարձութեամբ` «Վիքիպեդիա») էջերուն ընթերցեցի, հոս` ա՛լ առարկայական եզրերով խմբագրուած, կենսագրութիւնը[3] այսօր ալեհեր նահապետ դարձած` Ալաջաջեանի «նրբակազմ, մեղմ դիմագծերով երիտասարդ»-ին:

Ահա հեղինակը: Եւ ահա, հիմա` հատորը, մէկը միայն` հոգեմտաւոր լոյսով պայծառացած երախտաշատ Մուշեղեանի բազմաթիւ գործերէն: Բայց թերեւս` ամենայայտնաբերիչը իր լուսաւոր գիշերին…

Երկասիրութիւնը սկսող էջերը, «Հեղինակի կողմից» խորագրեալ, կը տարազեն առաջադրանքը` «ըստ ամենայնի հերքել[ու] Մովսէս Խորենացու «Պատմութիւն Հայոց»-ում մինչ այժմ մատնացոյց արուող պատմա-աշխարհագրական անաքրոնիզմները` VI – VIII դարերին վերագրուող պատմական անցքեր ու իրողութիւններ, որոնց պատճառով նոյնիսկ հայ խոշոր պատմաբաններ` Նիկողայոս Ադոնցը եւ Յակոբ Մանանդեանը Մովսէս Խորենացուն համարում են VIII – IX դդ. հեղինակ»: Հերքում, որ կ՛առաջադրուի կատարել  «յունա-հռոմէական եւ ասորական աղբիւրներում եւ պահլաւական գրական յուշարձաններում նոր հայթայթած տուեալների հիման վրայ»:

Հիմնական վերատեսութեան այս մեթոտով Մուշեղեան պիտի քննէ գլխաւոր վարկածներ, եկող` եւրոպացի վաստակաւոր հայագէտներէ, որոնք Խորենացիի մօտ գտած են հետքեր սկզբնաղբիւրներէ` յետնագոյն ժամանակներու պատկանող ժամանակագիրներէ, ինչ որ նովին բանիւ պատմահայրը կը փոխադրէր աւելի ուշ դարերու, նաեւ անոր «Պատմութիւն»-ը նկատելով աւելի կամ նուազ զեղծուած: «Նոր փաստերի քննութեամբ,– կը յարէ Մուշեղեան,- դարձեալ հերքւում է այդ հակագիտական վարկածը. ես ցոյց եմ տալիս աւելի հին յունարէն աղբիւրներ, որոնցից հաւասարապէս օգտուել են  թէ՛ V դարի հայ պատմագիր Մովսէս Խորենացին եւ թէ՛ VI դարի յիշեալ ժամանակագիրները»:

Իր փաստարկման սկիզբը Մուշեղեան հակադիր կողմերու ազգային պատկանելութեան հարցին մասին կարեւորութեամբ կը շեշտէ. «Բանավէճը չի մղւում հայ եւ օտար հայագէտների միջեւ, այլ` աւանդական Խորենացու կողմնակիցների եւ հակառակորդների: Ոմանք, հէնց հայ բանասէրների շրջանում, Խորենացու կեղծիքի բացայայտմամբ ոգեւորուած, այնքան հեռու գնացին, որ նրա ամբողջ «Պատմութիւն»-ը յայտարարեցին ծայրէ ծայր կեղծիք ու նենգափոխում, ինչ որ չեն արել Կութշմիտը եւ Թոմսոնը»:

Աւելի անդին, ախտաճանաչելով «Խորենացուն ուշ շրջանի հեղինակ համարելու վարկածը» իբր «ամբողջովին հակագիտական», զայն կը վերագրէ`

«ա. Հետագայ դարերում աշխարհագրա-քաղաքական նոր իրադրութեան մէջ ի յայտ եկած նոր անուանացանկի ներմուծման,

«բ. Միջնադարեան խմբագիրների եւ գրիչների անիրազեկութեան,

«գ. Առանձին պատմական դէպքերի եւ հասկացութիւնների վերաբերեալ այսօր պատմագիտութեանը եւ բանասիրութեանը անյայտ տուեալների,

«դ. Քննադատների թոյլ տուած միտումնաւոր խեղաթիւրման, ինչպէս եւ նրանց ունեցած թիւր պատկերացումների»:

Եւ հետեւող գլուխները, որոնց վերոնշեալ խորագիրները գաղափար մը կու տան գոնէ անոնց ընդգրկած նիւթերուն մասին, լիուլի կ՛իրագործեն այս առաջադրանքները: Ըսուեցաւ արդէն, որ պատմա-բանասիրական նիւթի քննարկման չեն միտիր այս տողերը: Ո՛չ անոնց ստորագիրը, ո՛չ անոնց հրատարակման վայրը չեն համապատասխաներ այդպիսի առաջադրանքի: Կը բաւէ ուրեմն արագ նշումներով անցնիլ նիւթերուն վրայէն` մատնանիշ ընելով անոնց առընթեր ներկայացող գաղափարական ցցուն, խորապէս շահեկան մի քանի դրոյթներ:

Նախ` արծարծումը Խորենացիի ծննդավայրին, որ իր կարգին առարկայ դարձած է վէճի ու վիճարկումի: Ամուր փաստերով հաստատելէ ետք, որ Տարօնի Խորեան (հետագային նաեւ Խորոնք) աւանն է իր անունը տուած իր բնիկ Մովսէս որդիին, ահա` Մուշեղեանի լուսաւոր եզրայանգում-արտաբեւեռումը.

«Խորենացու ծննդավայրը պատմական Տարօնից Այրարատ, Ջաւախք կամ Սիւնիք տեղափոխելը վերջին մէկ ու կէս դարերում հայերիս վիճակուած մեծ աղէտի` գաղթականութեան եւ նրա ծնած մտայնութեան հետեւանք է պարզապէս: […] Եւ ստացւում է, որ մենք մեր ձեռքով մեր ազգային մեծ երախտաւորներին եւ նրանց յիշատակներն ենք գաղթեցնում մեր այս փոքրիկ  Հայաստան, փոխանակ հոգ տանելու, որ նրանց նուիրական անուններով վառ պահենք ժողովրդի հոգում` կորսուած Տարօնի ու Վասպուրականի, Մեծ Ծոփքի, Բարձր Հայքի ու Փոքր Հայքի պատմական վայրերի յիշատակները»:

Բարդ, շատ հմտաբան, պատմագրական աղբիւրներու եւ արձանագրութիւններու խորամուխ քննութիւն մը վարելով պատմա-աշխարհագրական բաժանումներու` «Հայքեր»-ու շուրջ, Մուշեղեան վեր կը հանէ շփոթը` հայ թէ օտար «գերքննադատ» պատմագէտներու, անոնց անտեղեակութիւնը` «նախա-յուստինեանական» վարչաբաժանումներէ, արդէն առգոյ` Ե. դարուն: Շատ ամփոփ եւ պարզացուած տարազելով` ըսեմ ու անցնիմ, որ ասո՛նց է անդրադարձած Խորենացի եւ ոչ` Զ. դարու նորագոյն բաժանումներու: Վկայակոչուած փաստերը, աղբիւրները` ընդդիմախօսներու յարգալի լռութիւնը միայն կրնան գտնել իրենց դէմ…

Եւ նոյնքան շլացուցիչ յստակութեամբ է, որ մեր պատմագէտը պիտի լուսաբանէ եւ՛ Զ. դարուն ենթադրուած արշաւանքը, որուն յղուեր է Խորենացիե՛ւ իր մօտ առգոյ Վասպուրական տեղանունը, որ նոյնպէս իբր նահանգի անուն` պիտի հաստատուէր Զ. դարէն ետք միայն: Առաջինի պարագային` պատմագէտները, հայ թէ օտար, կը շփոթեն տուեալ արշաւանքը ուրիշի մը հետ, որ իրօք Ե. դարուն է, որ կատարուած է, նախքան Պատմահօր գործին խմբագրումը: Երկրորդը` Խորենացիի «վասպուրական»-ը պարզ վերադիր ածական է, նշող կալուածները, որոնք կը տրուէին արքայական ընտանիքի կրտսեր անդամներուն, եւ որ հետագային արտագրող գրիչներ, իրենց օրին այլեւս ընդունուած Վասպուրական տեղանունին վերածելով, դարձուցած են յատուկ տեղանուն (գլխագիրը արդէն ըլլալով բացակայ` հին ձեռագիրներէ…): Փաստեր, որոնք վրիպեր են տեսողութեան տէր, բայց կարճատես կամ մտասեւեռեալ պատմագէտներու ուշադրութենէն…

Վերջապէս, «Արամի անունով Հայաստան աշխարհն Արմենիա անուանելու աւանդութիւնը, որ պահպանուել է Խորենացու «Պատմութեան» մէջ, սկզբունքօրէն հակադրւում է թէ՛ հելլենիզմի ծաւալատենչ գաղափարաբանութեամբ  թելադրուած թեսալացի եկուոր Արմէնի առասպելին եւ թէ՛ նորագոյն պատմաբանների զարգացրած եկուոր արմէնների տեսութեանը, որ կամայ թէ ակամայ սնունդ է տալիս որոշ նորեկ ժողովուրդների նուաճողական նկրտումներին: Օգտուելով հայերի եկուորութեան նորահնար առասպելից` այդ նորեկները ձգտում են հնացնել իրենց նորաթուխ պատմութիւնը եւ ներկայանալ իբրեւ Առաջաւոր Ասիայի եւ Այսրկովկասի հնաբնակներ»:

Այս բոլորով, Խորենացին կը ներկայանայ, իր ժամանակի պատմագրութեան չափանիշներով, իբրեւ աւանդական աղբիւրները քննականօրէն ընկալող պատմագիր, իսկապէ՛ս յեղափոխական` իր ժամանակին մէջ: Ապա եւ իբրեւ կրողը` «ազգային-ազատագրական շարժման որոշակի քաղաքական ծրագիրի», ինչպէս կը շեշտէ Մուշեղեան. «Խորենացին եկաւ մեզ` հայերիս խրատելու, որ քաջութեան օրինակները ուրիշներից չպէտք է առնել, այլ` մեր սեփական հներից. «Զի թէպէտեւ եմք ածու փոքր եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ, եւ զօրութեամբ տկար, եւ ընդ այլով յոլով  անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի», ի տարբերութիւն Փաւստոսներու, որոնք քաջութեան իբրեւ տիպար օրինակներ` հրեայ Մակաբէներ կ՛ոգեկոչէին: «Հին կտակարան»-ի անհեթեթ որդեգրումը քրիստոնէական աւանդութեան մէջ` խորթ է Մուշեղեանի, ինչպէս` Խորենացիի հոգիին. այդ է, որ կ՛արտայայտէ խորիմաստ դատումը. «Կարծես թէ հեթանոս հայերը երբեք չէին պաշտպանել իրենց հայրենի երկիրը, եւ խրախուսիչ օրինակները պէտք է բերուէին անպայման Հին Կտակարանից […], որը եկաւ մոռացութեան տալու սեփական աշխարհակալ թագաւորներին` միայն նրա համար, որ նրանք հեթանոսներ էին: […] Խորենացին եկաւ վերականգնելու պատմական արդարութիւնը, վերացրեց այն անդունդը, որ գոյացել էր հեթանոս անցեալի հետ կապը խզելու հետեւանքով: Յոյները պահպանել էին այդ հեթանոս անցեալը իր հնամենի առասպելներով ու բանաստեղծութեամբ, պատմագիրներով ու պատմական հերոսներով»…

* * *

Մուշեղեանի գաղափարական լուսոլորտը, ինչպէս կ՛երեւի հոս, հեռո՛ւ` խանգարելէ իր մօտեցման գիտականութիւնը, կը լրացնէ զայն` այդ մեթոտը, դրական, ընկալուչ կեցուածք հանդէպ աւանդական պատմութեան, զայն քննականօրէն օգտագործելու պայմանով: Խորաթափանց դիտող ու մտածող, ինչպէս իր բարձր մտատիպարը` Խորենացին, ան այսպէս` իր ժամանակակից եզերքէն, որ այսօր գոյութենական ճգնաժամի մատնուած Հայաստան մըն է, կը կամրջէ տասնհինգդարեայ անջրպետ մը, զայն կապելով միւս եզերքին` Ե. դարու պետականազուրկ, «Ողբալի» Հայաստանին:

Տեսանող` Մուշեղեան կը տեսնէ, գիտէ՛, որ «պետականութիւնը տէրութիւն է եւ տիրութիւն»:  Գիտէի՞ն, գիտե՞ն ատիկա` ահա քառորդ դարէ ու աւելի` ալետատան Հայաստանի ղեկին կեցած ու կեցող իրերայաջորդ վարորդները…

—————

[1] «Դասախօսութիւններ հայ մատենագրութեան մասին», հրատ, Համազգային մշակութային ընկերութեան, Պէյրութ, 1951

[2] Կ՛արժէ հոս մէջբերել նաեւ շարունակութիւնը Ալաջաջեանի պատումին.

«Նա խմբագրական խորհուրդին էր հրաւիրուած եւ իր յօդուածն էր կարդում` նուիրուած Մաշտոցի յոբելեանին:

«Աշխարհում միակ մարդն էր, որ որպէս հայ` մեսրոպեան տառերով չէր գրում եւ Մեսրոպի մասին էր գրում:

«Նա իր գրերն է ստեղծել,- ասաց Ալբերտ Արիստակէսեանը:

«Եւ յետոյ,- շարունակեց նա,- այդ բոլորը եղան, որովհետեւ մենք պետականութիւն ունէինք: Մի Տրդատ թագաւոր ընդառաջեց քրիստոնէութեանը, մի Վաղարշակ թագաւոր` Սահակին ու Մաշտոցին, որոնք հանճարներ էին: Հանճարներն էլ պէտք ունեն պետականութեան, պետականոթիւնը տէրութիւն է եւ տիրութիւն: Եթէ չլինէր այդպէս, ո՞վ հիմա կ՛ընդունէր պրայլեան այբուբենը: Եթէ գիր պէտք է կոյր մարդուն, ապա առաւել պէտք է տեսնողին»:

«Գիտէ՞ այս նրբակազմ, մեղմ դիմագծերով, համոզիչ խօսող երիտասարդը, որ սենեակում նստած են քրիստոնէութեանը չհաւատացող Նայիրի Զարեանն ու Հրաչեայ Քոչարը, կեանքում չաղօթած, գրականագէտ Սուրէն Աղապապեանը, աչքերը կոմունիստական շարժման մէջ բացած Ստեփան Կուրտիկեանն ու Վաչէ Պարտիզունին:

Խմբագիր Էդուարդ Ջրբաշեանն ու Ստեփան Զօրեանը յաճախ են արտասանել «ի սէր Աստուծոյ» խօսքը, ուստի չեմ կարող ասել, որ ցնցուած էին այս կոյր երիտասարդի խօսքերով: Էդուարդ Թօփչեանին բնաւ չես բացատրի:

«Մաշտոցը լո՜յս է… այս չտեսնող երիտասարդն անգամ տեսնում է այդ լոյսը: Ալբերտ Մուշեղեան է անունը:

«Գրել է ու գրում է կոյրերի համար ստեղծուած ուռուցիկ տառերով, հիմնադրել է մի այնպիսի տպարան, ուր գիրք է տպւում կոյրերի համար: Հայ կոյրերն անգամ գրաճանաչ պիտի դառնան: Նա այդ տպարանի գլխաւոր խմբագիրն է: Տեսողութիւնից չզրկուածների հետ հաւասար սովորել է Երեւանի պետական համալսարանում, ուռուցիկ տառերով հերունագրել է դասախօսութիւնները ու տիրապետել գերմաներէն լեզուին, որպէսզի Հայնէին ու Կէօթէին թարգմանի»:

«Հիմա,- ասաց Արիստակէսեանը,- դասագրքեր է լոյս ընծայում աչազուրկ հայ մանուկների համար»:

««Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի խորհուրդը հաւաքուել էր, որ մի ամբողջ համար  նուիրուի Մեծն Մեսրոպին:

«Ահա կոյրերի տառերով մի քերթուած բերեց նա ու զարդարեց ամսագիրը, աւելին` իր խօսքերով:

«Ծանր նստել է պահը իմ տեսնող աչքերիս մէջ, կոպերիս վրայ: Անձամբ չկարողացայ խօսել նրա հետ, չծանօթացանք իրար հետ, բայց նա մնաց իմ գրառումների մէջ` իբրեւ պատուական ու խնկարկելի մարդ: Եւ նա ապրում է:

«Եթէ չլինէր Գրողների միութեան քարտուղարութեան որոշումը` անմիջապէս մեկնել Կիրովական` Վաղարշակ Նորենցի ու Սողոմոն Տարօնցու հետ, մեսրոպական օրերի նշանաւորմանը, միւս օրն իսկ կը գնայի, կը գտնէի Ալբերտ Մուշեղեանին, աչքերի լոյսը կորցրած, բայց հոգու ու մտքի լոյսով ուրիշներից աւելի պայծառ հայ երիտասարդին»:

  1. «Ալբերտ Մուշեղեանը ծնուել է 1931 թուականին, Երեւանում: Վեց տարեկանում տինամիթի պայթիւնից կորցրել է տեսողութիւնը: 1939-1946 թուականներին սովորել է Երեւանի կոյր երեխաների գիշերօթիկ եօթնամեայ դպրոցում: 1949 թուականին աւարտել է Երեւանի N3 երեկոյեան դպրոցը: 1949 թուականին ընդունուել եւ 1954 թուականին աւարտել է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետի ռոմանօ-գերմանական բաժինը, այնուհետեւ ասպիրանտուրան` աւստրո-գերմանական գրականութեան գծով:

«1965-1973 թուականներին եղել է Հայաստանի կոյրերի միաւորումի կենտրոնական վարչութեան նախագահը: Ուսումնասիրութիւնները կատարել է կնոջ` բանասէր, թարգմանչուհի Ռիմա Յարութիւնեանի (1932-1997) օգնութեամբ: 1956 թուականին կազմակերպել է պրայլեան տպարան` կոյրերի` ուռուցիկ տառերով գրքեր տպագրելու համար եւ նշանակուել է գլխաւոր խմբագիր, տպագրութեան պատրաստել եւ լոյս է ընծայել հայկական առաջին պրայլեան գրքերը` Րաֆֆու «Սամուէլ» վէպը, Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւնների ժողովածուն, Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն»-ը եւ այլն): 1958-1973 թուականներին եղել է Կոյրերի միաւորման պրայլեան ամսագրի հիմնադիր-խմբագիրը, 1963-1975 թուականներին` պրայլեան հրատարակչութեան պետ, 1974 թուականից աշխատել է ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի ինստիտուտ, 1978 թուականից` ՀՀ ԳԱԱ Գրականութեան ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող: Բնական եւ հասարակական գիտութիւնների միջազգային ակադեմիայի անդամ: […] 1980 թուականին «Աւետիք Իսահակեանի կեանքի եւ ստեղծագործութեան վաղ շրջանը» թեմայով դիսերտացիա է պաշտպանել եւ ստացել բանասիրական գիտութիւնների թեկնածուի աստիճան:

«Հեղինակ է շուրջ 100 գրականագիտական եւ հայագիտական ուսումնասիրութիւնների` նուիրուած յատկապէս հայ հին գրականութեան չլուծուած խնդիրներին»:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 1 Ապրիլ 2023)

Յաջորդը

Մեր Կորուստները

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?