Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող կիրակին Ծաղկազարդ է, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ:

Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ նաեւ արարչութեան առաջին օրը, երբ Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց եւ լոյսը տարածելով` հալածեց խաւարը:

Յիսուս, իր մահը կամաւորաբար յանձն առնելու գիտակցութեամբ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ Ինքն է Աստուծոյ Գառը, որ կը կամենայ պատարագուիլ մարդոց փրկութեան համար, ուղղուեցաւ Երուսաղէմ, հոն Իր երկրաւոր կեանքին վերջին հանգրուանը ապրելու համար:

Աստուած հրամայած էր, որ նիսան (մարտ-ապրիլ) ամսուան տասներորդ օրը Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը մէկ տարեկան, անարատ եւ արու գառնուկ մը առնէ եւ պահէ զայն մինչեւ այդ ամսուան տասնչորրորդ օրը, ապա երեկոյեան զոհաբերէ: Եւ Յիսուս Քրիստոս` Աստուծոյ Որդին` Հայր Աստուծոյ Գառնուկը, Զատկուան տօնէն հինգ օր առաջ Երուսաղէմ մուտք գործեց, ինքզինք զոհաբերելու համար իբրեւ զատկական նոր գառնուկ:

Դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ Յիսուս իր վերջին հրաշագործութիւնները կատարեց. երկու կոյրերուն աչքերը բացաւ եւ չորս օրէ մահացած ու թաղուած Ղազարոսին յարութիւն տուաւ:

Յիսուս Բեթանիայէն ուղղուեցաւ դէպի Երուսաղէմ: Ժողովուրդը խուռներամ Իրեն կը հետեւէր: Յիսուս` խոնարհ կեցուածքով, իշու վրայ նստած, մուտք գործեց Երուսաղէմ:

Աշակերտներ եւ ժողովուրդ խանդավառութեամբ ընդունեցին Տիրոջ մուտքը Երուսաղէմ: Ոմանք իրենց զգեստները գետին փռեցին, իսկ ուրիշներ արմաւենիի ճիւղեր եւ ձիթենիի ոստեր փրցնելով, օդին մէջ ճօճելով աղաղակեցին. «Ովսաննա՜ Բարձրեալին. օրհնեա՜լ ըլլայ ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով. օրհնեա՜լ ըլլայ մեր հօր` Դաւիթի թագաւորութիւնը, որ կու գայ: Խաղաղութի՜ւն երկինքի մէջ եւ փա՜ռք բարձունքներուն վրայ»:

Երուսաղէմ դղրդաց: Յիսուս իսկոյն փութաց տաճար, ուրկէ վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք տաճարի շրջափակին մէջ առուծախ կ՛ընէին, լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնեվաճառներուն աթոռները շրջեց` հասկցնելով, որ Աստուծոյ տունը կոչուած է աղօթքի տուն ըլլալու եւ ոչ թէ աւազակներու որջ:

Այդ դէպքէն չարացած` քահանայապետը եւ անոր համախոհները վճռեցին սպաննել Քրիստոսը:

* * *

Ծաղկազարդի նախորդող շաբաթ երեկոյեան եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ նախատօնակ եւ կը բացուի խորանին վարագոյրը, կը կատարուի Ղազարոսի յարութեան յիշատակը: Եկեղեցիները արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղերով կը զարդարուին: Հայաստանի մէջ, ուր արմաւենիներ եւ ձիթենիներ չկան, եկեղեցիներուն ներսը ուռենիի ճիւղերով կը զարդարեն:

Ծաղկազարդին կը յիշատակուի Քրիստոսի հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ: Առաւօտեան ժամերգութեան ժամանակ կ՛երգուի «Տէր յերկնից» շարականը, որ Տիրոջ առաջին գալստեան անդրադարձով կը պատմէ Անոր Երուսաղէմ յաղթական մուտքը: «Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»:

Աւետարանի ընթերցումէն ետք Անդաստանի կարգ կը կատարուի. «Օրհնեսցի եւ պահպանեսցի եւ նախախնամեալ պահեսցի»: Կ՛օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը, երկիրը, տարուան պտղաբերութիւնը, վանքերը, բնակավայրերը եւ անոնց բնակիչները:

Սուրբ Պատարագի ընթացքին կ՛օրհնուին ձիթենիի ճիւղեր, որոնք բարիք, առատութիւն, պտղաբերութիւն, իմաստութիւն, խաղաղութիւն եւ յաղթանակ կը խորհրդանշեն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կը բաժնուին:

Ծաղկազարդի օրը հռչակուած է իբրեւ մանուկներու օրհնութեան օր: Երբ Քրիստոս Երուսաղէմի տաճար մտաւ, մանուկները գոչեցին. «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի որդիին». այդ պատճառով ալ տեղի կ՛ունենայ Ծաղկազարդի թափօր եւ մանուկներու օրհնութիւն:

* * *

Ծաղկազարդի երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն:

Եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանին փակուած վարագոյրին առջեւ հոգեւորականը ծնրադիր եւ յուզախառն կ՛երգէ «Բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր զդուռն ողորմութեան, որ ողբալով կարդամք առ Քեզ» շարականը եւ մեծ բանալիով մը դրան ուռնակին կը զարնէ ու հաւատացեալներուն անունով արտասուալից կը պաղատի Աստուծոյ, որ իրենց թերութիւններուն ու մեղքերուն պատճառով իրենց առջեւ փակ չպահէ արքայութեան դուռերը, այլ ներէ բոլորիս մեղքերը եւ մեզ Իր յաւիտենական թագաւորութեան մէջ ընդունի:

Փակ վարագոյրի ետին կանգնած ուրիշ հոգեւորական մը փոխասացութեան ձեւով կը պատասխանէ եւ կը յիշեցնէ, որ ասիկա Արքայութեան դուռն է, որ կը բացուի միայն զղջումով, ապաշխարութեամբ ու հաւատքով Աստուծոյ դիմող մարդոց դիմաց:

Դպիրներ կ՛երգեն «Զողորմութեան Քո զդուռն բա՛ց մեզ Տէ՜ր» շարականը: Վարագոյրը կը բացուի, եւ եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը կը վառեն, պատկերացնելով Աստուծոյ արքայութեան լուսաւորութիւնն ու փառքը եւ արդարներուն Քրիստոսի հետ Արքայութիւն մտնելը:

Սարկաւագի «Խնդրեսցուք» քարոզէն ետք քահանան «Թագաւոր խաղաղութեան» աղօթքով կ՛արձակէ ժողովուրդը ի խաղաղութիւն»:

 

 

Նախորդը

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Լուսարձակը` Ֆրեզնոյէն Ժամանած Բժիշկներուն Առաքելութեան Վրայ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արցախեան Դատը Չէ Փակուած

Դեկտեմբեր 5, 2023
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Ո՞ւր Է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ – Դ.

Դեկտեմբեր 5, 2023
Երուանդ Փամպուքեան, ՀՅ Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարան (Անձնանուններ, Տեղանուններ, Թուանշանային Ծածկագրեր),  «Վէմ» Մատենաշար, Թիւ 5, Եր. «Լուսակն», 2023, 253 Էջ
Անդրադարձ

Երուանդ Փամպուքեան, ՀՅ Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարան (Անձնանուններ, Տեղանուններ, Թուանշանային Ծածկագրեր), «Վէմ» Մատենաշար, Թիւ 5, Եր. «Լուսակն», 2023, 253 Էջ

Դեկտեմբեր 5, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In