Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան ծնած է Խարբերդ, 1914-ին: Զաւակը` Խարբերդի Եփրատ քոլեճի փրոֆեսէօր Յովհաննէս եւ Մարիձա (ծնեալ Թիւֆենքճեան) Պուճիքանեաններուն: Եղբայրը` դեղագործ Արմէն Պուճիքանեանի: Գարեգինին հայրը նահատակուած է Ցեղասպանութեան առաջին տարին, 1 ապրիլ 1915-ին: Այսպիսով, Պուճիքանեաններուն վեց զաւակներուն կրտսերը` Գարեգին, 1915-ին` մէկ տարեկան հասակին կորսնցուցած է հայրը:
1922-ին իր հօրեղբօր` գերմանական քոլեճի երաժշտութեան փրոֆեսէօր Մարտիրոս Պուճիքանեանի հովանաւորութեամբ, Պուճիքանեան գերդաստանը փոխադրուած է Լիբանան ու հաստատուած` Անթիլիաս:
Գարեգին Խարբերդի մէջ իր նախակրթութիւնը 2 տարի ստացած է գերմանական որբանոցին մէջ, ապա յաջորդաբար մէկական տարի` Անթիլիասի Փափազեան փոքր վարժարանին ու Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ:
1928-ին շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Ս. Նշան վարժարանէն: Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Լիսէ Ֆրանսէի մէջ` ստանալով առաջին եւ երկրորդ պաքալորէաները:
1938-ին դեղագործի վկայականը ստացած է Պէյրութի Ֆաքիւլթէ Ֆրանսէզ տը Ֆարմասի: Համալսարանական տարիներուն հետեւած է նաեւ պետական երաժշտանոցի դասերուն ու վկայուած է իբրեւ ջութակահար: Եղած է այդ հաստատութեան հոգաբարձու, նոյն պաշտօնով ծառայած է նաեւ Աքատեմի Լիպանէզ տէ պօ զ՛ար կաճառին:
Այդ տարիներուն Գարեգին կը պատրաստէ իր տոքթորական տեսութիւնը` հետեւեալ խորագիրով. «Գինին` իր պատրաստութիւնը, քիմիական բաղադրութիւնը եւ գործածութիւնը», ֆաքիւլթէէն ստանալով Տոքթէօր ան Ֆարմասի տիտղոսը: Հրաւիրուած է համալսարանէն` իբրեւ դասախօս դեղագործական նիւթերու: Այդ պաշտօնը շարունակած է մինչեւ մահը` ապրիլ 1974:
Համալսարանին մէջ եղած է կենսաբանութեան բնալուծարանին տնօրէնը, հայր Տիւփրէ Լաթուրի աջ բազուկը:
1940-ական տարիներուն, երէց եղբօր` Արմէնին հետ դոկտոր. Պուճիքանեան հաստատած է սեփական դեղարանը` Ֆարմասի սանթրալ-Լազարիէ շէնք,
Պէյրութի Պուրճ հրապարակին մօտ:
Այս դեղարանին Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութենէն կը շնորհուի մանր դեղաշինութեան լիազօրութիւն: Հոն կը պատրաստուին կիներու յատուկ` հականեխական պատրոյգներ (ovules), հակապզուկի (anti-acné) եւ հակաոսպաբիծի (anti-lentigo) օծանելիք, բուսական պատրաստուկներ, մազի օճառահեղուկ (շամփու), ստամոքսի կեղի հեղուկ սպեղանի մը, օ տը քոլոն ու ցաւամոքիչ «Ալթա»դեղահատը:
1958-ի Լիբանանի քաղաքացիական առաջին պատերազմին, ամրան, շաբաթ օր մը, Գարեգին Պուճիքանեան կ՛առեւանգուի, կը տարուի անյայտ տեղ մը: «Ատեանը» զինք մահուան կը դատապարտէ, պատին տակ կը կանգնեցնեն գնդակահարելու համար: Մետասաներորդ պահուն դեղարանին մէկ յաճախորդը զինք ճանչնալով` կը փրկէ:
Զուգահեռ իր դեղագործութեան` Գարեգին Պուճիքանեան կը զբաղի կրթական գործունէութեամբ: Կը հիմնէ Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը: Կ՛անդամակցի Վերածնունդին, տարիներով կը ղեկավարէ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ երգչախումբը` ըլլալով եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ խնամակալութեան անդամ ու անոր դպրոցին մանկավարժական խորհրդատուն:
1951-ին կ՛ամուսնանայ դաշնակահարուհի եւ եկեղեցւոյ երգեհոնահար օրիորդ Զուարթ Սեմերճեանի հետ: Գարեգին եւ Զուարթ կը բախտաւորուին 3 դուստրերով:
Եղած է խոնարհ, ծառայասէր, ազգասէր, մշակոյթի ծառայող անձնաւորութիւն մը:
Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան մահացած է 1974-ին:
Անոր ու եղբօրը` Արմէնին կեանքի վաստակը` Ֆարմասի սանթրալ-Լազարիէ շէնք դեղարանը Լիբանանի քաղաքացիական Բ. պատերազմի սկզբնաւորութեան, դեկտեմբեր 1975-ին, հրոյ ճարակ կ՛ըլլայ:
Մոնրէալ, 25 փետրուար 2023
Աղբիւրներ`
- «Հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին» (Յաւելուած), «Բժիշկին Զ. Խօսքը», բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022:
- Պուճիքանեան, Ատոմ, Անձնական տեղեկութիւններ, Մոնրէալ, 2018: