Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Կոյր Բթացումը Սահման Ունի՞…

April 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կար ժամանակ, երբ Հայաստան-Արցախի դէմ ազերիական թշնամանքներն ու յարձակողական քայլերը, թափանցում-գրաւումները պարբերական կշռոյթ ունէին. հիմա արդէն կը տեսնենք, որ անոնք ստացած են «օրը նոր` թշնամանքները նոր» յաճախակիութիւն: Այս ընթացքին դիմաց, հայրենի մեր ժողովուրդին «իշխանապաշտպան» զանգուածը ինկած է ահաւոր կուրութեան մէջ, որ բթացումի տարած է ուղեղները: Դէպքերը կը դիտուին այնպիսի դիրքերէ, որ կարծէք թէ անոնք տեղի կ՛ունենան մեզի հետ կապ չունեցող երկրամասերու մէջ` Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի կամ բեւեռներէն մէկուն մէջ (այլ հարց, թէ աշխարհի որեւէ մէկ շրջանի իրադարձութիւնը անպայման որ պէտք է գրաւէ մեր ուշադրութիւնը, օրինակի համար… իսրայէլեան ոճրագործ իշխանութիւններուն կողմէ պաղեստինցիներու ջարդը, Ուքրանիոյ կործանումը եւ այլ ահաւոր զարգացումներ):

Նորագոյն «աւետիս»-ը հասաւ հինգշաբթի, 30 մարտին, երբ հաղորդուեցաւ, որ ազերիական ուժերը նոր յառաջխաղացք արձանագրեր են Գորիս-Ստեփանակերտ առանցքային ճամբուն վրայ, հասեր են Տեղ, նոր դիրքեր գրաւեր են (եւ Ալիեւ շատո՜նց յանկերգի վերածած է, թէ գրաւած դիրքերէն ետդարձ պիտի չկատարէ, այլ պիտի ամրանայ հոն): Հետեւանքը այն է, որ Գորիսէն դէպի Ստեփանակերտ երկարող ճամբան, որ արդէն իսկ փակ է մօտաւորապէս 110 օրէ ի վեր, վերաբացուելու հնարաւորութիւնը վերջնականապէս եւ պաշտօնապէս կորսնցուցած է, ուրեմն Հայաստանէն Ստեփանակերտ գացողը պէտք է շատ աւելի երկար ոլորաններէ անցնի:

Հայաստանի վարչապետը այս իրադարձութիւնը ներկայացուց իբրեւ բնական, սպասելի՜ քայլ, բացատրելով, որ այս դասաւորումին մասին Ազրպէյճանի եւ Արցախի իշխանութիւնները ամիսներ առաջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին, ուրեմն «պէտք չկայ աղմուկ բարձրացնելու»…

Կը ծագին անխուսափելի հարցումներ: Այդ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ճիշդ որո՞նց միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է այս նոր ճամբու ծրագիրին մասին, եւ արդեօք ինչո՞ւ մինչեւ վերջին վայրկեանը ոչինչ ըսուած էր այդ գծով: Սա չի՞ նշանակեր, որ «Ազրպէյճանը Արցախի դէմ նոր ցեղասպանութիւն կը պատրաստէ» յայտարարողները` Փաշինեան, արցախցի Արայիկ եւ գործակիցներ, խորքին մէջ, վարագոյրին ետին յամառօրէն կը շարունակեն նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան հասցնող դաւադիր վարքագիծը: Ազերիական այս նոր յառաջխաղացքը յաւելեալ որքա՞ն հողի զիջում կը նշանակէ: Բնականաբար նաեւ` ո՞վ պիտի երաշխաւորէ, որ ազերիական ուժերը վաղը այլ յառաջխաղացքներ պիտի չկատարեն եւ հանրութիւնն ալ պիտի իմանայ, որ ատիկա կ՛ըլլայ (գաղտագողի) համաձայնութիւններու ճամբով:

Եթէ պահիկ մը հետեւինք այս իշխանաւորներու տրամաբանութեան եւ Արցախը տեսնենք մեր մայր հայրենիքէն անջատ տարածք, ի՞նչ պիտի ըլլան բացատրութիւնները, երբ յաջորդ փուլին ազերիական ուժեր յառաջխաղացքներ արձանագրեն մէկ կողմէ Նախիջեւանէն, միւս կողմէ` Արցախէն ու նոյնինքն Հայաստանէն խլուած տարածքներէ (Սեւ լիճ, Ջերմուկի բարձունքներ, Սոթք…):

Մեր ժողովուրդին կուրութիւնը, ուղեղներու բթացումը սահման ունի՞: Որքա՞ն, մինչեւ ո՞ւր կարելի է հանդուրժել, որ «ժողովուրդին կողմէ ընտրեալ» իշխանութիւնը ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ եւ առանց զինեալ ու քաղաքական-դիւանագիտական հակադարձութեան` պատառ-պատառ կորուստի մատնէ մեր հայրենիքը, շարունակէ յանցանքի բաշխում կատարել` նշաւակ դարձնելով մէյ մը «նախկիններ»-ը, ուրիշ օր մը` ռուս խաղաղապահները, վաղը նաեւ… եւրոպացի դէտերն ու (շղթան դո՛ւն շարունակէ, ընթերցողս):

30 մարտ 2023

 

Նախորդը

Պապի՜կ, Քաղաքիդ Անունը Ի՞նչ Է

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դաշնակցական Պատանին` Դաշնակցութեան Ապագան

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.