Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Ընտրութիւններ. Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան «Վերավաճառանշում»-ը Իբրեւ Կեդրոն-Ձախ Կուսակցութիւն

April 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան 90-ամեակի որմազդ, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի զինանշանը:

Ընթերցողներու յիշողութիւնը վերաթարմացնելու համար յայտնենք, որ «Ազդակ» օրաթերթի 21 փետրուար 2023-ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Թրքական ընտրութիւններ. Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան եղափոխութիւնը դէպի կեդրոն-ձախ» խորագիրով յօդուածով սկսանք յօդուածաշարք մը` նկատի ունենալով, որ մէկ կողմէ այս տարի Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան համապետական ընտրութիւններ (նախագահական եւ խորհրդարանական), իսկ միւս կողմէ` 25-27 նոյեմբեր 2022-ին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվար միջազգայնականի 26-րդ համագումարին վերահաստատուեցաւ նախորդ համագումարին (2017 թուականի Քարթախենայի մէջ տեղի ունեցած 25-րդ համագումարին) տրուած որոշումը, որ կը ձգտէր կազմակերպել «Արդեօք Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ճանաչումը կարելիութիւն պիտի տա՞յ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ իրական հաշտութեան» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում, որուն կը նախատեսուի, որ մասնակցին Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններ Հայաստանէն (ի դէմս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան) եւ Թուրքիայէն (ի դէմս Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան): Այդ յօդուածով անդրադարձանք, թէ Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կուսակցութիւնը` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, ի՛նչ պատմաքաղաքական առարկայական եւ ենթակայական պայմաններու տակ որդեգրեց կեդրոն-ձախ ուղղութիւնը նախորդ դարու 1960-ական եւ 70-ականներու թուականներուն ընթացքին:

2014-ի թրքական տեղական ընտրութիւններուն Մերսինի մէջ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան միջեւ կայացած համաձայնութեան նուիրուած որմազդ, ուր գրուած է` «Կեցցէ՛ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը»:

Ընթերցողը, կարդալով նախորդ յօդուածը, ենթադրաբար հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը «վերավաճառանշում»-ի (rebranding) ենթարկած է ինքզինք` իբրեւ կեդրոն-ձախ կուսակցութիւն, ինչպէ՞ս կը մօտենայ հանրութեան` ներկայացնելով 1960-ականներու եւ 1970-ականներու Թուրքիոյ ձախակողմեան ժառանգութիւնը:

Այս յօդուածով պիտի անդրադառնանք վերջին տարիներու ընթացքին (հիմնականօրէն իր ներկայ ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ղեկավարման ժամանակաշրջանին) կուսակցութեան ձեւափոխման եւ քանի մը օրինակներով պիտի ներկայացնենք դրուագներ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան գործունէութենէն:

Թուրքիոյ մէջ նշանաւոր ու ժողովրդային բանաստեղծ եւ արձակագիր, Համայնավար կուսակցութեան անդամ Նազըմ Հիքմեթը տարիներ շարունակ իր քաղաքական պատկանելիութեան պատճառով թէ՛ քեմալական եւ թէ՛ ալ անոր յաջորդած պահպանողական կառավարութիւններուն կողմէ ենթարկուած է ճնշումներու, որոնք ժամանակ մը զայն կը տանին դէպի աքսոր, ժամանակ մըն ալ` դէպի բանտարկութիւն: Իր մահէն ետք (1963), շնորհիւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան որդեգրած կեդրոն-ձախ ուղղութեան, անոր յիշատակը ներբողուեցաւ նոյնինքն քեմալական այդ կուսակցութեան կողմէ: 3 յունիս 2021-ին Հանրապետական ժողովուրդի  կուսակցութեան Անթալիոյ մասնաճիւղը կը կազմակերպէ հանրային յուշ-երեկոյ մշակութային ձեռնարկ մը` նուիրուած Նազըմ Հիքմեթին:

4 մարտ 1971-ին մարքս-լենինեան Թուրքիոյ ժողովուրդի ազատագրութեան բանակը կը կազմակերպէ Միացեալ Նահանգներու բանակի գումակային խումբէն չորս ամերիկացի զինուորներու առեւանգումը` Անգարայի Պալկաթ թաղամասին մէջ: 17 մարտին Թուրքիոյ ժողովուրդի ազատագրութեան բանակէն Տենիզ Կեզմիշ եւ Եուսուֆ Ասլան կը ձերբակալուին: 16 յուլիս 1971-ին կը սկսի անոնց դատավարութիւնը, եւ կ՛որոշուի զանոնք մահապատիժի ենթարկել: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան այդ ժամանակուան ղեկավար Պիւլենթ Էճեվիթ կ՛ընդդիմանայ մահապատիժին եւ կը դիմէ Սահմանադրական դատարան, սակայն ապարդիւն կ՛անցնի դիմումը: Միւս կողմէ` Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնն (Գորշ գայլերու քաղաքական թեւը) ու այդ ժամանակուան վարչապետի (Սուլէյման Տեմիրել) պահպանողական Արդարութիւն կուսակցութիւնը կ՛աջակցին դատարանի որոշումին, եւ 6 մայիսին կը գործադրուի անոնց մահապատիժի որոշումը: 6 մայիս 2016-ին Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Անգարայի մասնաճիւղը կը կազմակերպէ ջահերթ ի յիշատակ Տենիզ Կեզմիշի եւ Եուսուֆ Ասլանի` ներկայութեամբ անոնց ընտանեկան պարագաներուն:

30 մարտ 1972-ին, նպատակ ունենալով ազատ արձակել տալ Տենիզ Կեզմիշն ու Եուսուֆ Ասլանը, Ժողովուրդի ազատագրութեան բանակի ճակատը 10 անդամներով կը կազմակերպէ Օրտու նահանգի Իւնեէ գիւղաքաղաքի ձայնասփիւռի կայանին մէջ աշխատող ՕԹԱՆ-ի երեք արուեստագէտ անդամներու առեւանգումը եւ կոչ կ՛ուղղէ պետական մարմիններուն, որ ազատ արձակեն երկու բանտարկեալները, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին ազատ արձակեն ՕԹԱՆ-ի երեք արուեստագէտները: Նոյն թուականի 30 մարտին թրքական բանակը կը գտնէ Ժողովուրդի ազատագրութեան բանակի ճակատի անդամներուն ապաստանարանը, որ կը գտնուէր Թոքաթ նահանգի Քըզըլտերէ գիւղին մէջ: Հրացանաձգութեան պատճառով կը սպաննուին թէ՛ Ժողովուրդի ազատագրութեան բանակի ճակատի 10 անդամները, թէ՛ ալ ՕԹԱՆ-ի երեք արուեստագէտները: 30 մարտ 2022-ին, յարգելու համար Ժողովուրդի ազատագրութեան բանակի ճակատի գործողութիւնը, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երիտասարդական միութիւնը կը կազմակերպէ այցելութիւն` կազմակերպութեան գլխաւոր անդամ եւ նոյն դէպքի ընթացքին սպաննուած Մահիր Չայանի գերեզման` Անգարայի մէջ:

19 դեկտեմբերէն 26 դեկտեմբեր 1978-ին Մարաշի մէջ Գորշ գայլերու եւ անոր քաղաքական թեւին` Ազզայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ ալեւիներու վրայ յարձակումներ կը կատարուին, եւ կը կազմակերպուին ջարդեր, որոնց շրջագիծը կ՛ընդլայնի` ընդգրկելով նաեւ Մարաշ քաղաքին մէջ ապրող ձախակողմեան անձնաւորութիւնները: Գորշ գայլերու եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան համակիրները կը յարձակին Թուրքիոյ Յեղափոխական արհեստակցական միութիւններու դաշնակցութեան եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Մարաշի մասնաճիւղի գրասենեակներուն վրայ ու հրկիզման կ՛ենթարկեն զանոնք` ալեւիներու խանութներուն կողքին: Ջարդին ընթացքին կը սպաննուին աւելի քան 100 անձեր: Յարգելու համար սպաննուածներուն յիշատակը, 9 հոկտեմբեր 2022-ին Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Մարաշի մասնաճիւղը կը կազմակերպէ քաղաքի ձախակողմեան կուսակցութիւններուն հետ այցելութիւն` դէպի սպաննուածներու գերեզմանները:

22 յունիս 1982-ին Գորշ գայլերը կ՛ահաբեկեն ձախակողմեան Թուրքիոյ Յեղափոխական արհեստակցական միութիւններու դաշնակցութեան հիմնադիր եւ արմատական ձախ Բանուորական կուսակցութեան նախկին փոխնախագահ Քեմալ Թիւրքլերը. վերջինս իր գլխաւոր դերակատարութիւնը ունեցած է 1960-ականներու եւ 1970-ականներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ ձախակողմեան շարժման կազմակերպման գործընթացքին մէջ: 22 յունիս 2022-ին Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը Թուրքիոյ Յեղափոխական արհեստակցական միութիւններու դաշնակցութեան հետ միասին կը մասնակցի Թիւրքլերի սպանութեան 40-ամեակի ոգեկոչական ձեռնարկին` այցելելով անոր գերեզմանը:

Վերեւ յիշուած արարողութիւնները քանի մը օրինակներ են, թէ ինչպէ՛ս Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, որդեգրելէ ետք կեդրոն-ձախ ուղղութիւնը, «վերավաճառանշում»-ի ենթարկեց իր ինքնութիւնը` նախ պաշտպանելով եւ պետութենէն պահանջելով ճանչնալ ալեւիներու (Աթաթուրքի եւ Իւնէօնիւի օրերուն հալածուած) իրաւունքները, ապա` ներբողելով Աթաթուրքի եւ Իւնէօնիւի օրերուն միակուսակցական ժամանակաշրջանին ճնշուած այլախոհ ձախակողմեան շարժումները եւ համագործակցելով արհեստակցական միութիւններու հետ: Կրնանք եզրակացնել այս բոլորէն, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը իր ներկայ նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ղեկավարութեամբ կը փորձէ ներկայացնել ինքզինք իբրեւ եւրոպական չափանիշներով կեդրոն-ձախ կուսակցութիւն:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 3 Ապրիլ 2023)

Յաջորդը

123-Ամեակէն Անդին. Արցախ, Հայ Դատ, Կարողականութիւն Եւ Համահայկական Օրակարգ

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.