Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւագ Շաբաթ. Անպտուղ Թզենի, Տասը Կուսանաց, Օծում Եւ Մատնութիւն

Ապրիլ 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ծաղկազարդի կիրակիին կը յաջորդէ Աւագ շաբաթը: Աւագ կը կոչուի, որովհետեւ կ՛աւանդէ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքին վերջին եօթը օրերու ուսուցումները, չարչարանքները, մահը եւ յարութիւնը:

* * *

Աւագ երկուշաբթին կը խորհրդանշէ արարչութեան երկրորդ օրը, երբ Աստուած ջուրերը բաժնեց իրարմէ եւ երկինքի հաստատութիւնը արարեց: Այդ օր նաեւ Անպտուղ թզենիի յիշատակութեան օրն է: Բեթանիայէն դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ Յիսուս մօտեցաւ թզենիի մը` անկէ թուզ քաղելու համար: Սակայն անոր վրայ պտուղ չգտնելով` անիծեց թզենին: Յաջորդ օր, երբ նոյն ճամբէն կը վերադառնային, աշակերտները թզենին արմատէն չորցած տեսան: Երբ հարց տուին, Յիսուս թզենիի օրինակին մէջէն անոնց սորվեցուց, որ ինչ որ հաւատքով ու առանց տարակուսանքի ընեն` պիտի կատարուի:

Անպտուղ թզենին օրինակն է հաւատք, առաքինութիւններ ու բարի գործեր չունեցող մեղաւորներուն, որոնք պիտի պատժուին աստուածային հրամանով եւ անպտուղ թզենիի նման պիտի չորնան:

* * *

Աւագ երեքշաբթին պատկերն է արարչութեան երրորդ օրուան, երբ Աստուած երկրի վրայ դալար բոյսեր եւ պտղատու ծառեր աճեցուց:

Այդ օր Յիսուս Ձիթենեաց լերան վրայ Իր աշակերտներուն պատմեց Իր չարչարանքներու եւ երկրորդ գալստեան մասին: Այնուհետեւ պատմեց Տասը Կուսանաց առակը:

Հարսանիքի մը ընթացքին տասը կոյսեր իրենց լապտերները առնելով փեսան դիմաւորելու ելան: Կոյսերէն հինգը իմաստուն էին եւ իրենց հետ լապտերներ եւ ամանով ձէթ վերցուցած էին, մինչ միւս հինգը յիմար էին եւ իրենց հետ միայն լապտերներ վերցուցած էին, բայց պահեստի վառելանիւթ չէին առած: Փեսան ուշացաւ, իսկ կոյսերը քունի անցան: Կէս գիշերին ձայն հնչեց, թէ ահա փեսան կու գայ: Կոյսերը արթնցան եւ իրենց լապտերները վառեցին: Յիմարները իմաստուններուն ըսին. «Ձեր այդ իւղէն տուէ՛ք մեզի, որովհետեւ ահա մեր լապտերները կը հանգչին»: Իմաստունները պատասխանեցին. «Գուցէ թէ՛ մեզի եւ թէ ձեզի չբաւէ, ուստի գացէ՛ք վաճառողներու մօտ եւ ձեզի համար գնեցէ՛ք»: Յիմարները քաղաք շտապեցին` ձէթ գնելու եւ իրենց լապտերները վառելու համար: Փեսան եկաւ եւ իմաստուն կոյսերուն հետ հարսանիքի մտաւ: Յիմար կոյսերը վերադառնալով` հարսնատան դուռը փակ գտան. դուռը բախեցին, բայց բացող չեղաւ:

Տասը կոյսերը կը խորհրդանշեն ամբողջ մարդկութիւնը, իսկ անոնց լապտերներուն ձէթը` ողորմութիւնն ու մարդասիրութիւնը: Կոյսերուն ննջելը կը խորհրդանշէ բոլոր մարդոց ննջելը գերեզմանին մէջ, իսկ փեսային ընդառաջ ելլելը` յարութիւնը գերեզմանէն:

Փեսան Քրիստոսն է, հարսնարանը` Երկնային Արքայութիւնը: Իմաստուն կոյսերը անոնք են, որոնք իրենց անձի սրբութեան միացուցին ողորմածութիւն, հաւատքին` բարի գործեր: Իսկ յիմար կոյսերը անոնք են, որոնք առաքինութեան խառնեցին ընչասիրութիւն եւ ողորմածութեան գործերէն հեռու մնացին: Փեսային գիշերով գալը կը խորհրդանշէ, որ Յիսուսի երկրորդ գալուստը գիշերը պիտի ըլլայ: Իմաստուն կոյսերու լապտերներու մշտնջենական լոյսը արդարներուն պայծառութիւնը կը խորհրդանշէ:

Յիսուս մարդոց կը թելադրէ իրենց հաւատքի ճրագները միշտ վառ պահել եւ հաւատքով արթուն հսկել, որովհետեւ հակառակ պարագային Երկինքի Արքայութեան փակ դուռերուն առջեւ կը յայտնուին եւ կը լսեն Աստուծոյ մերժումը. «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, որ ձեզ չեմ ճանչնար»: Այդ պատճառով ալ Տէրը կը պատգամէ. «Արթո՛ւն կեցէք, որովհետեւ չէք գիտեր Մարդու Որդիի գալստեան ո՛չ օրը եւ ո՛չ ժամը»:

Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին տասը կոյսերը խորհրդանշող տասը աղջիկներ, շապիկ հագած` եկեղեցւոյ դասին մէջ կը կանգնին, ձեռքերնին վառած մոմեր բռնած: Տասը կուսանաց առակի ընթերցման պահուն անոնցմէ իւրաքանչիւրը ափսէի մէջ դրուած ու ծալուած տասը թուղթերէն մէկը կը քաշէ: Թուղթերէն հինգին վրայ Իմաստուն,  իսկ միւս հինգին վրայ Յիմար գրուած կ՛ըլլայ: Անոնց, որոնց Յիմար գրուած թուղթը վիճակուի` իրենց ձեռքի մոմերը կը մարեն, մինչ Իմաստուն գրութիւն ունեցողները վառած կը պահեն:

* * *

Աւագ չորեքշաբթի յիշատակն է արարչութեան չորրորդ օրուան, երբ Աստուած լուսատուներ դրաւ երկինքէն ներս: Այդ օր նաեւ յիշատակն է Տիրոջ մատնութեան:

Բեթանիա, Սիմոն Բորոտի տան մէջ ապրող Ղազարոսի քոյր Մարիամ նարդոսի թանկարժէք իւղով օծեց Քրիստոսի գլուխն ու ոտքերը, ինչ որ կը խորհրդանշէր Անոր մօտալուտ մահը:

Հրեայ ղեկավարներէն շատեր նախանձով եւ ատելութեամբ լեցուած էին Յիսուսի նկատմամբ, կ՛ուզէին ձերբազատիլ Անկէ` վերջ դնելով Անոր կեանքին:

Օծման դէպքին յաջորդեց Յուդայի` Յիսուսը մատնելու վճիռը:

Յուդա Իսկարիովտացի, Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն մէկը, ներկայացաւ քահանայապետին եւ համաձայնեցաւ երեսուն արծաթի փոխարէն համբուրելով մատնել Քրիստոսը:

Աւագ չորեքշաբթիի աւետարանական ընթերցումները կը պատմեն նաեւ Աբրահամի` զաւակ ունենալու աւետիսի, Սոդոմ Գոմոր քաղաքներու կործանման, Ղովտի փրկութեան եւ մեղաւոր կնոջ զղջալու ու ներում ստանալու մասին:

Եկեղեցին կը պատգամէ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի եւ հեռու մնալ ամէն տեսակ մեղքէ եւ գայթակղութենէ:

 

 

Նախորդը

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանը Հնդկաստանի Մէջ Հնչեցուց Հայ Հեղինակներու Գործերը

Յաջորդը

Դռնբացէքի Արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?