Կօշկակար Որբուկները
ՍՕՍԷ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ 8 ապրիլ 2023-ին, «Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ու երրորդ սերունդով այցելեցինք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, որ կը գտնուի Ժիպէյլի մէջ: Թանգարանին մէջ շրջելու ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւեց կօշիկի հետ կապ ունեցող պատմութիւն մը եւ կօշկակարութեան լուսանկարներ: Յաւելեալ զննելէ ետք այդ լուսանկարները եւ հարցնելէ ետք այդ մասին, իմացայ, որ կօշկակարութիւնը եղած է հայ որբերու սորված արհեստներէն մէկը: Որբերուն համար կօշիկը...




















