ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Եւրոպայի վեց մեծ տէրութիւնները` Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, կայսերական Գերմանիա, Աւստրօ-Հունգարական կայսրութիւն, Իտալիա եւ ցարական Ռուսիա, չկրցան իրականացնել 1878 թուականին գումարուած Պերլինի վեհաժողովէն ի վեր Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական նահանգներուն նկատմամբ պահանջուած բարեփոխումները: Անոնք նոյնիսկ չկրցան գործնական միջոցներու դիմելով` կանխարգիլել սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի հրահանգով արեւմտահայութեան դէմ իրագործուող զանգուածային կոտորածները: Սակայն վերոնշեալ պետութիւններուն բնակիչները բողոքի բուռն ցոյցերով հակազդեցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայութեան դէմ տեղի ունեցող սահմռկեցուցիչ իրադարձութիւններուն` աննախընթաց զօրակցութիւն ցուցաբերելով իրենց հաւատակից քոյրերուն եւ եղբայրներուն հանդէպ:
Թէպէտ Զուիցերիա եւրոպական վերոյիշեալ գերտէրութիւններու շարքին չի դասուիր, սակայն յատկապէս 1895-1896 թուականներէն սկսեալ եւ յաջորդ տարիներուն զուիցերիացի ժողովուրդը չէ զլացած այս ուղղութեամբ բողոքի հզօր եւ իրերայաջորդ ցոյցեր կազմակերպել երկրին տարբեր քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ, որոնք բազմաթիւ ու անհերքելի վկայութիւններ ձգած են Հայոց ցեղասպանութեան առաջին եւ երկրորդ փուլերուն մասին: Այս վկայութիւններէն մին կը հանդիսանայ, թերեւս` մեր պատմագիտութեան ոչ այնքան ծանօթ, մարտ 1897-ին Զուիցերիոյ դաշնային կառավարութեան ներկայացուած ուղերձը, որուն բնագիրը պահպանուած է Զուիցերիոյ դաշնային արխիւին մէջ:
Նախապատմութիւնը
15 սեպտեմբեր 1896 թուականին Պեռնի մէջ կը ձեւաւորուի «Զուիցերիոյ հայանպաստ օգնութեան յանձնախումբերու համաժողով»¬ը, որուն գլխաւոր առաջադրանքն էր մարդասիրական օգնութիւն կազմակերպել տառապեալ հայութեան համար` ղեկավարելով Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ շրջաններուն մէջ աջակցութեան գործնական ծրագրեր: Ժամանակ չսպառելու եւ շուտափոյթ ձեռնարկումներու դիմելու նպատակով վերոնշեալ համաժողովը 10 դեկտեմբեր 1896 թուականին կ՛ընտրէ գործադիր յանձնախումբ մը` կազմուած Պեռնի, Նոյենպուրկի եւ Ժընեւի յանձնախումբերու նախագահներէն:
1896 թուականի սեպտեմբերին Լոզանի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային հանրահաւաքը կը մեկնարկէ եւ ընթացքի մէջ կը դնէ Զուիցերիոյ ամբողջ տարածքին ծաւալուն ստորահաւաք մը, որ մինչեւ 26 մարտ 1897 թուականը յաջողապէս կ՛ապահովէ Հայկական հարցին ի նպաստ 453.015 հազար քաղաքացիներու ստորագրութիւններով լիազօրուած ուղերձ (աղերսագիր – petition) մը` ուղղուած Զուիցերիոյ Դաշնային խորհուրդին:
Զուիցերիոյ բոլոր քանթոններուն (այդ ժամանակ թիւը` 25 տարածաշրջան կամ նահանգ) մէջ, 16 տարիքը թեւակոխած քաղաքացիներուն համար, նաեւ իւրաքանչիւր շրջանի բնակչութեան համապատասխան լեզուով (ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ ռեթոռոմաներէն) կը պատրաստուին ստորագրահաւաքի յատուկ ձեւաթուղթեր, որոնց բովանդակութիւնը նոյնանման բողոքագիրն էր` ուղղուած Զուիցերիական Համադաշնութեան Դաշնային խորհուրդին: Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք անոր բովանդակութիւնը.
«Զուիցերիոյ Համադաշնութեան
Դաշնային Գերագոյն Խորհուրդին
Համադաշնութեան մեծարգո՛յ նախագահ,
Դաշնային խորհուրդի յարգարժա՛ն պարոնայք,
Սարսափով եւ վրդովումով է համակուած զուիցերիացի ժողովուրդը տեղեկանալով այն գազանութիւններուն մասին (հրձիգութիւններով ոճիր, թալաններ, կոտորածներ), որոնք երկու երկար տարիներէ ի վեր կ՛ամայացնեն թրքական կայսրութիւնը եւ զայն կը ներկեն արիւնով:
Զուիցերիացի ժողովուրդը զարմացած է, թէ ինչպէ՛ս Եւրոպան անտարբեր կանգնած է բիւր-բիւրոց պղծման եւ եղեռնագործութեան դիմաց. այդ նոյն Եւրոպան, որուն մեծ տէրութիւնները հին ու նոր ժամանակաշրջաններու մէջ ինքզինքնին արեւելեան քրիստոնեաներու հովանաւորներ կը համարէին, եւ որոնց, պաշտօնական պայմանագրերու համաձայն, հաւաստիացուցած էին արդար իշխանութեան մը բարեացակամութիւնը:
Զուիցերիացի ժողովուրդը խղճի պարտք կը համարէ բողոք ներկայացնել իրականացած եւ մեր դարաշրջանին համար ամօթալի այս բոլոր յանցագործութիւններուն դէմ:
Զուիցերիացի ժողովուրդը յոյսով է, որ մարդասիրութեան եւ քրիստոնէական զօրակցութեան ոգին շուտով պիտի համախմբէ աշխարհամասի բոլոր ազգերը` ստիպելով մեծ տէրութիւններու կառավարութիւնները Թուրքիայէն ընդմիշտ եւ յստակօրէն պահանջել վերջ տալ դաժանութիւններուն:
Մենք որեւէ ատեն մոռցած չենք, որ զուիցերիական քաղաքականութիւնը միշտ ուղղուած եղած է չէզոքութեան բարեխիղճ դիտարկման:
Թէպէտ Զուիցերիան երբեք չի խառնուիր ուրիշ ազգերու վէճերուն, այնուամենայնիւ, լիովին իրաւունք ունի ձայն բարձրացնելու յանուն արդարութեան եւ մարդկայնութեան:
Զուիցերիան բազմիցս նախաձեռնած է միջազգային համաձայնութիւններու ձեռքբերման: Եթէ այսօր ան կրկին նման նախաձեռնութիւն մը փորձէ, ապա պիտի ընէ այնպիսի հանգամանքներու հարկադրանքով, որոնք աւելի անմխիթար չեն կրնար ըլլալ, քան` ներկայիս:
Մենք լիովին կ՛ապաւինինք ձեր իմաստութեան, որ ձեզի պիտի օգնէ ամենակարող Աստուած` ցոյց տալով այն ճամբան, որուն միջոցով մեր յայտարարութիւնը կ՛արժանանայ Եւրոպայի ուշադրութեան:
Թոյլ տուէ՛ք, պարոն համադաշնութեան նախագահ, պարոնայք դաշնային խորհրդականներ, ընդունելու մեր յարգանաց կատարեալ հաւաստիքը»[1]:
Երբ Զուիցերիոյ տարբեր շրջաններու մէջ ստորագրահաւաքները տակաւին կ՛ընթանային, եւ արդէն խնդրոյ առարկայ դիմումը 433.080 քաղաքացիներու ստորագրութիւն ապահոված էր, 4 մարտ 1897 թուականին «Զուիցերիոյ հայանպաստ օգնութեան յանձնախումբերու համաժողով»-ը իր ընդհանուր նախագահին` դոկտ. Քոնրատ Ֆուրրերի գլխաւորութեամբ առաջնորդուած պատուիրակութեամբ կը ներկայանայ Զուիցերիոյ Դաշնային խորհուրդի նախագահ դոկտ. Ատոլֆ Տոյխերին ու անոր կը յանձնէ «Դիմում` Զուիցերիոյ Համադաշնութեան Դաշնային Բարձր խորհուրդին» խորագրով արեւմտահայութեան զօրակցելու վերաբերեալ ուղերձը: Այս առիթով դիմելով համադաշնութեան նախագահին` ան իր ելոյթին մէջ կը նշէ.
«433.080 հազար զուիցերիացիներու անունով մենք պատիւն ունինք ձեզի յանձնելու այս դիմումը: Ան մեծ վրդովմունքի եւ խոր ցաւի մը արտայայտութիւնն է քրիստոնեայ հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած սոսկալի վայրագութիւններուն առնչութեամբ: Մենք քաջ գիտակից ենք մեր ժողովուրդի թուային փոքրութեան, բայց ոչ ոք չի կրնար ժխտել անոր մէկ այն արժանիքը, որ ան գերազանցապէս ունակ է անաչառ դատելու մարդկութեան խնդիրները: Մենք ազգային ատելութիւն եւ ազգային թշնամիներ չենք գիտեր. մենք բոլոր ժողովուրդներուն հետ կ՛ապրինք կատարեալ խաղաղութեան մէջ եւ յօժարակամ կ՛ընդունինք անոնց բոլոր լաւ յատկութիւնները: Ուստի մենք կրնանք ակնկալել, որ երբ մեր ժողովուրդին խիղճը հարիւր հազարաւոր ձայներով կ՛արտայայտուի, ոչ ոք մեզի եսասիրական դրդապատճառներ չի վերագրեր: Լիովին անկախ, անկանխակալ ժողովուրդը ինքզինք մղուած զգացած է [բողոքելու] ցոյցերով դրսեւորելու իր սրբազան բարկութիւնն ու ներքին ողորմածութիւնը: Սոյնը պէտք է տպաւորէ Եւրոպայի միւս ժողովուրդները: Այն, ինչ փոքր ժողովուրդի մը մէջ կը վկայեն հարիւր հազարաւորները, արձագանգ պիտի ունենայ միլիոնաւոր մեծ ազգերու մէջ»[2]:
Ի դէպ, պէտք է ըսել, որ մինչեւ 26 մարտ 1897 թուականը հայանպաստ ստորագրահաւաքները աւարտած չէին, հետեւաբար դոկտ. Ֆուրրեր ստիպուած կ՛ըլլար ստորագրութիւններով լեցուն յաւելեալ ցանկեր ներկայացնել Դաշնային խորհուրդին, որոնց ընդհանուր թիւը կը հասնէր 454.293 հազարի:
Արդարեւ, հայանպաստ այս ամբողջ գործողութեան իւրայատկութիւնը կը կայանար այն իրողութեան մէջ, որ յառաջացած էր համաժողովրդական շարժում եւ զօրակցութեան այնպիսի հզօր իրադարձութիւն մը, որ Զուիցերիա այսպիսի մեծ չափանիշով տեսած չէր: Նաեւ եւրոպական այլ երկիրներու, օրինակ` Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցան զօրակցութեան բազմաթիւ ցոյցեր, եւ կազմակերպուեցան դրամահաւաքի արշաւներ` Օսմանեան կայսրութեան մէջ հեծող հայութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով. սակայն միայն Զուիցերիոյ մէջ համաժողովրդային կամքի արտայայտութիւնը առանձնապէս ամրագրուեցաւ համապատասխան ստորագրահաւաքով մը, որուն կը մասնակցէր շուրջ կէս միլիոն քաղաքացի, եւ որ ուղեկցուելով ուղերձով մը` պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ համադաշնութեան նախագահին եւ Դաշնային խորհուրդի անդամներուն:
Այստեղ հարկ է նշել ուշագրաւ այլ առանձնայատկութիւն մը եւս, որ բուն շարժառիթը` Հայկական հարցը, որեւէ կապ չունէր չէզոք Զուիցերիոյ Համադաշնութեան հետապնդած քաղաքական եւ տնտեսական անմիջական հետաքրքրութիւններուն եւ, այս առումով, ընդհանրապէս իր քաղաքացիներուն հետ: Սակայն մարդկային հիմնական արժէքները, ինչպէս` մարդկայնութեան մասին գերազանց գիտակցութիւնը, մարդասիրութիւնը, արդարութեան սկզբունքը, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, նաեւ կրօնական հանգամանքները, որպիսին քրիստոնէական բարեգործութիւնն է, կը կազմեն հայանպաստ օգնութիւններու եւ զօրակցութեան գերազանց շարժառիթը:
Ուղերձին Բովանդակութիւնը
Ուղերձը հանգամանօրէն կը նշէ 1878 թուականի Պերլինի վեհաժողովին վաւերացուցած պայմանագրին 61-րդ յօդուածը, նաեւ` Կիպրոսի դաշնագիրը (4 յունիս 1878 թ.), որոնց համաձայն, յաչս եւրոպական մեծ տէրութիւններու, Բարձր դուռը կը պարտաւորուէր բարեփոխումներ իրականացնել Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն վիճակը բարելաւելու վերաբերեալ: Սակայն ճիշդ հակառակը տեղի ունեցած էր, եւ` «Այժմ իբրեւ անհերքելի փաստ` ապացուցուած է, որ այս սահմռկեցուցիչ վայրագութիւնները կազմակերպողը ուղղակի թրքական պետութիւնն է»[3]: Ան «շքանշաններով կը պարգեւատրէ արիւնախանձ նահանգապետները»[4], մինչդեռ «պաշտօնանկ կ՛ընէ անոնք, որոնք մեղմ վերաբերում կը ցուցաբերեն»[5] հայերուն հանդէպ: Այսպէս, ուղերձը հայոց զանգուածային կոտորածներու միանշանակ պատասխանատու կը յայտարարէ օսմանեան իշխանութիւնը, որ անշուշտ ներկայացուած էր սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ով:
Ուղերձին հեղինակները, հիմնուելով Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող եւրոպացի դիւանագէտներու հաղորդած տուեալներուն եւ Եոհաննէս Լեփսիւսի «Հայաստանը եւ Եւրոպան. մեղադրագիր քրիստոնեայ մեծ տէրութիւններուն եւ կոչ քրիստոնեայ Գերմանիոյ»[6] երկի տուեալներուն վրայ, սուլթանական զանգուածային կոտորածներուն եւ իրագործուած վայրագութիւններուն վերաբերեալ կը յանգին հետեւեալ նուազագոյն թիւերուն` 100.000 զոհ, 3000 աւերուած գիւղ եւ 500.000 անօթեւան: Բնականաբար հայկական աղբիւրներ եւ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը, յատկապէս թեմական եւ համայնքային վիճակագրական տուեալներէ մեկնելով, շատ աւելի բարձր թիւ մը կը նշեն` զայն ստուգապէս հասցնելով շուրջ 300.000 զոհերու եւ բիւրաւոր նիւթական կորուստներու:
Արտասահմանի մէջ ձեւաւորուած յեղափոխական հայկական կուսակցութիւնները եւ անոնց գործողութիւնները Օսմանեան կայսրութեան տարածքին արդարացում չէին կրնար ըլլալ ամբողջ ժողովուրդի մը դէմ իրագործուած սահմռկեցուցիչ դաժանութիւններուն, երբ հայ ազգաբնակչութեան մեծամասնութիւնը կը շարունակէր վարել խաղաղ եւ իշխանութիւններուն հանդէպ հաւատարիմ կեանք մը: Թէպէտ հայ ժողովուրդը իր հաւաքական յիշողութեան մէջ վառ կը պահէր իր փառաւոր պատմութիւնը եւ կորսնցուցած չէր իր ազգային ազատութեան եւ ինքնիշխանութեան յոյսը, սակայն սոյնը «ան իր հոգւոյն մէջ կը կրէ իբրեւ մեսիական երազ մը» եւ «ինչքան ալ իր նախնիքը խիզախութեամբ կռուած էին, [այնուամենայնիւ], զինուած ապստամբութիւն մը ամբողջապէս հեռու է իրմէ»[7]: Բնականաբար մխիթարական է իմանալ, որ միանգամայն չէզոք եւրոպացին եւս կ՛անդրադառնայ, որ հայ ժողովուրդը ստրկահոգի ազգ մը չէ, քանի որ իր հաւաքական յիշողութիւնը զինք անքակտելիօրէն կը կապէ իր անցեալի փառքի օրերուն, ու ան երբեք կորսնցուցած չէ իր ինքնիշխան պետականութիւնը վերականգնելու յոյսը` հակառակ ճակատագրի հարուածներուն եւ ժամանակի դժնդակ պայմաններուն:
Ուղերձը վերոնշեալ քաղաքական գնահատականէն ետք չի զլանար մատնացոյց ընելու դարերու հոլովոյթին մէջ հայ ժողովուրդին ի սէր Քրիստոսի տուած մարտիրոսական անթիւ վկայութիւնները. «Ժողովուրդ մը, որ իր կրօնական համոզումին համար ուրիշ ոեւէ մէկ ազգէ աւելի զոհաբերուած եւ տառապած է, պէտք է որ ըլլայ իր էութեան մէջ միանգամայն ստեղծագործ եւ պատուաւոր ժողովուրդ մը»[8]:
Այնուամենայնիւ, անհասկնալի է այն փաստը, որ Եւրոպայի մեծ տէրութիւնները, որոնք թէեւ «պայմանագրային իրաւունք» ունէին գործնական քայլերու դիմելու սուլթանին դաժան կամայականութիւններուն դէմ, սահմանափակուեցան դիւանագիտական ամուլ երկխօսութիւններու կամ բանաւոր յուշագրութիւններ յղելու ապարդիւն գործունէութեան մէջ, որոնց նկատմամբ, միեւնոյնն է, միշտ ալ քմահաճ վերաբերմունք ցուցաբերեց արիւնարբու սուլթանը:
Անդրադառնալով վերոգրեալ գործնական քայլերուն, ուղերձը իբրեւ պերճախօս օրինակներ կը բերէ` նշելով այն ռազմական գործողութիւնները, որոնց նախաձեռնեցին Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա` օսմանեան տիրապետութենէն ազատագրելու համար յոյն ժողովուրդը 1827 թուականին: Նմանապէս, եւրոպական տէրութիւններու համաձայնութեամբ, Նափոլէոն Գ. 1860 թուականին 10.000 հաշուող զօրաբանակ մը ուղարկեց Լեռնային Լիբանան` տեղւոյն զանգուածային անհիմն սպանութիւններուն եւ արիւնահեղութեան վերջ տալու նպատակով:
Այս առթիւ ուղերձը ցաւ կը յայտնէ ու Եւրոպայի բարոյական զգաստութեան վերաբերեալ իրաւացիօրէն կը դրսեւորէ տարակոյս մը` հարցադրելով. «Մի՞թէ ժամանակակից մարդկութիւնը այնքան է ստորնացեր, որ ժողովուրդները, մասնաւորաբար` քրիստոնեաները, կորսնցուցեր են միմեանց զօրակցելու զգացողութիւնը»[9]: Հակառակ այս ցաւոտ փաստին` ան միաժամանակ համոզուած է ըսելու. «Մենք կը բողոքենք` յուսալով, որ եւրոպական քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մօտ աւելի ու աւելի կ՛արթննայ խղճի համընդհանուր զգացումը, որուն առջեւ, որպէս բարձրագոյն իշխանութեան գերագոյն ուժի, կը խոնարհին բոլոր պետութիւնները»[10]: Այո՛, եւրոպական դիւանագիտութեան անբարոյականութիւնը, որ թոյլ տուաւ դարաւոր քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի ջերմեռանդ զգացողութեան տէր ժողովուրդի մը բնաջնջումը` Հայկական Բարձրաւանդակին եւ Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքին:
Ուղերձին մէջ ամրագրուած բանաձեւին առաջին կէտը իր մէջ կը խտացնէ կարեւորագոյն փաստ մը, որ հայ ժողովուրդին դէմ օսմանեան իշխանութեան իրականացուցած եղեռնագործութիւնը «սարսափելի յանցագործութիւն մըն է մարդկութեան դէմ»[11]:
Բարձրագոյն մակարդակով այս տեսակ գնահատական մը ներկայացնելը ո՛չ պատահական եւ ո՛չ ալ կրօնադաւանական զգայավար որոշումի մը արդիւնք է: Առկայ ուղերձը հաւաստի տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած, երկար քննարկումներու եւ խմբագրական մանրակրկիտ աշխատանքի մը պարտաւորեցնող թելադրութիւն է, որ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ Զուիցերիոյ մտաւորական հասարակութեան ընտրանին շուրջ կէս միլիոն քաղաքացիներու անունով պաշտօնապէս կը ներկայացնէ Հելվետական Համադաշնութեան նախագահին եւ Դաշնային խորհուրդի անդամներուն:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ժամանակ յանցագործութիւնը բնորոշող «ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւնը տակաւին գոյութիւն չունէր, որ հետագային յօրինեց Ռաֆայէլ Լեմքին, եւ որ վաւերացուց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան 12 դեկտեմբեր 1948 թուականին ընդունուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին համաձայնագիր»-ը: Ուստի վերոյիշեալ ուղերձին մէջ օգտագործուած յանցագործութեան տարողութիւնը` «Յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ», հետագայ շրջանի սահմանումով` «Յանցագործութիւն մարդկայնութեան դէմ», պէտք է ընկալել իբրեւ «ցեղասպանութեան» համարժէք բացատրութիւն մը, որ իրագործուած է հայ ժողովուրդին դէմ, տակաւին Հայոց ցեղասպանութեան առաջին փուլին ընթացքին` 1894-1896 թուականներուն եւ հետեւեալ նոյնքան դժնդակ տարիներուն:
Այս առնչութեամբ հարկ է դիտել տալ, որ ուղերձի գերմաներէն բնագրին մէջ «Verbrechen an der Menschheit» բացատրութիւնը արձանագրուած է: «Menschheit» եւ «Menschlikeit» բառերուն միջեւ թերեւս իմաստային նրբութիւն մը պէտք է զանազանել, ճիշդ հայերէնի «մարդկութիւն» եւ «մարդկայնութիւն» հասկացողութիւններուն նման: Սակայն ուղերձին ֆրանսերէն թարգմանութեան մէջ, որ գերմաներէնին հետ միաժամանակ Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահին եւ Դաշնային խորհուրդի անդամներուն ներկայացուած է, կը կարդանք «humanitռ»[12] բառը, ըստ որում, այսպէս, միաժամանակ կ՛արտայայտուին թէ՛ մարդկութիւն եւ թէ՛ մարդկայնութիւն իմաստները:
Բնականաբար ուղերձը խմբագրողները առաջինը չէին, որ կ՛օգտագործէին վերոգրեալ եզրոյթը: Ան արդէն 1854 թուականէն սկսեալ կիրարկուելու սկսած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ` ստրկավաճառութեան դէմ ելոյթներու առիթով: Յատկանշական է, որ սոյնը իր բառացի արտայայտութիւնը գտած է նաեւ այն ազդարարութեան մէջ, ուր Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա 24 մայիս 1915 թուականին հանդէս գալով համատեղ յայտարարութեամբ` Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուող բռնութիւններուն առնչութեամբ պատասխանատու կը նկատէին երիտթրքական եռապետութիւնը` օգտագործելով «Յանցագործութիւն մարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ»[13] բնորոշումը: Որքան ալ սոյնը միջազգային իրաւունքի կարեւոր դրոյթ մը կը ներկայացնէր, այնուամենայնիւ, ան իրաւական եզրոյթ մը դարձաւ 1946 թուականին` Նիւրենպերկի եւ Թոքիոյի դատավարութիւններուն ժամանակ` ռազմական յանցագործութիւնները պատժելու համար:
Յամենայն դէպս հայ ազգաբնակչութեան դէմ սուլթանական զանգուածային կոտորածները դատապարտելու առնչութեամբ վերոյիշեալ եզրոյթը, առաջին անգամ ըլլալով, օգտագործուած է ներկայ թուականէս 126 տարի առաջ` 4 մարտ 1897 թուականին ստորագրուած եւ պաշտօնապէս Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահին եւ Դաշնային խորհուրդի անդամներուն յանձնուած ուղերձին մէջ:

Ճիշդ է, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը քաղաքական իմաստով չմիջամտեց ինքնիշխան պետութեան մը, այս պարագային` Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործերուն, իր երկրին սահմանադրական չէզոքութեան պատճառով, այնուամենայնիւ, համազուիցերիական հայանպաստ շարժումը անգործունէութեան չմատնուեցաւ, այլ արդիւնաւորուեցաւ բարեսիրական հսկայածաւալ առաքելութեամբ` դարմանատուներով, որբանոցներով եւ կրթութեան օճախներով, որոնք հաստատուեցան Կ. Պոլսոյ, Սեբաստիոյ, Կիւրինի, Ուրֆայի եւ այլ շրջաններու մէջ: Մարդասիրական հայանպաստ առաքելութեան կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մին պէտք է համարել, անտարակոյս, Զուիցերիոյ հողին վրայ, Ժընեւէն ընդամէնը 27 քմ հեռու գտնուող Պընիան (Begnins) գիւղաքաղաքին մէջ «Հայկական օճախ»-ին (le foyer Armռnien) հիմնադրութիւնը 1921 թուականին, որ տարի մը ետք վերածուեցաւ գիշերօթիկ հայկական դպրոցի: Մինչեւ 1943 թուականը Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէն հերթաբար այնտեղ ժամանած են հայ որբուհիներ եւ որբեր, ուր ապրած, սնանած եւ ստացած են հայեցի կրթութիւն` դառնալով ինքնաբաւ ու հասնելով կեանքին: Դժուար է ճշդել ստոյգ թիւը այն հայ երեխաներուն, որոնք 1922-1943 թուականներուն գտնուած են Պընիանի հայկական դպրոցը: Անթոնի Քրաֆթ-Պոննար` այն անմահանուն զուիցերիացի հայասէրը, որ երկար տարիներ այս դպրոցին անձնդիր տնօրէնը եղաւ, հայութեան համար իր հասցուցած շրջանաւարտներուն թիւը 174 աշակերտ կը նշէ:
Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան դէմ Հայ դատին եւ մեր համազգային պայքարին նպաստելու ցանկութեամբ, այստեղ բոլորովին աւելորդ չենք սեպեր առկայ ուղերձն ամբողջութեամբ թարգմանաբար, առաջին անգամ ըլլալով, ստորեւ ներկայացնել ընթերցասէր հասարակութեան.
«Զուիցերիական հայանպաստ օգնութիւններու միութիւն»
Ուղերձ`
Զուիցերիոյ Համադաշնութեան Դաշնային
Գերագոյն Խորհուրդին

Դիմում` Զուիցերիոյ Համադաշնութեան Դաշնային Գերագոյն Խորհուրդին – 1897
Համադաշնութեան մեծարգո՛յ նախագահ,
Դաշնային խորհուրդի մեծարգո՛յ պարոնայք,
Աւելի քան երկու տարի է, որ մեզի ազգակից քրիստոնեայ հայ ժողովուրդը ենթարկուած է ամենաահաւոր հալածանքներու: Սոյնը պէտք է իւրաքանչիւր մարդասէր համակէ խոր ցաւով մը, մանաւանդ երբ 1878 թուականէն սկսեալ այս ժողովուրդին համար մեծապէս յուսադրող ակնկալիքներ կային: Այդ ժամանակ մեծ տէրութիւնները Պերլինի վեհաժողովի 61-րդ յօդուածին մէջ որոշեցին. «Բարձր դուռը յանձն կ՛առնէ հայաբնակ վայրերու մէջ անյապաղ իրագործել տեղական պահանջներէն բխող բարեփոխումներ եւ ապահովել հայերու անվտանգութիւնը քիւրտերէն ու չերքեզներէն»: Կիպրոսի պայմանագրով Անգլիան ստացաւ «Նորին կայսերական մեծութիւն սուլթանին խոստումը` վարչական անհրաժեշտ բարեփոխումներ կատարելու կառավարութեան մէջ` իր ասիական նահանգներէն ներս պաշտպանելու համար քրիստոնեաները եւ [Բարձր] դրան այլ հպատակները»: Փաստ է, որ այդ թուականէն սկսեալ հայերու վիճակը զգալիօրէն վատթարացաւ, իսկ 1894-ին վերջնականապէս սկիզբ առին զանգուածային սպանութիւններն ու աւերածութիւնները, որոնք շարունակուեցան մինչեւ մեր օրերը:
Այն, ինչ երկար ժամանակ անհաւատալի կը թուէր, այժմ իբրեւ անհերքելի փաստ ապացուցուած է, որ այս սահմռկեցուցիչ վայրագութիւնները կազմակերպողը ուղղակի թրքական պետութիւնն է: Ինչպէ՞ս է ան եկած այս սարսափելի որոշումին: Արդեօք հին մոլեռանդութի՞ւնը արթնցաւ իր մէջ, որ մոռացութեան մատնեց հանդուրժողութեան այն բոլոր հրովարտակները` Կիւլհանէի «Հաթթը շերիֆ»-ը, «Հաթթը հիւմայուն»-ը եւ այլն: Գրեթէ այս համոզումին կը յանգինք, երբ նկատի ունենանք, որ հայկական բոլոր գիւղերը, որոնց բնակիչները իսլամն ընդունեցին, խնայուեցան, մինչդեռ յատկապէս քրիստոնեայ քահանաներ ենթարկուեցան ամենավայրագ խոշտանգումներու: Խաղաղ հպատակներու վրայ բռնութիւն կիրարկելը կտրականապէս կը հակասէ Ղուրանի կանոններուն եւ Մոհամետի առաջին յետնորդներու քաղաքականութեան: Արդարեւ, բազմաթիւ թուրքեր լրջօրէն կը ցաւին այս վայրագութիւններուն համար, իսկ ազնուասիրտ թուրք պաշտօնեաներ [նոյնիսկ] փորձած են յաճախ զսպել ամբոխի եւ զինուորներու վայրագ ցասումը: Բայց երբ թրքական կառավարութիւնը շքանշաններով կը պարգեւատրէ արիւնախանձ նահանգապետները, պաշտօնանկ կ՛ընէ անոնք, որոնք մեղմ վերաբերում կը ցուցաբերեն [հայերուն հանդէպ]:
Ինչո՞ւ ան [թրքական պետութիւնը] զանգուածային նման վայրագութիւններու մղեց իր մահմետական հպատակները, ինչո՞ւ ան թոյլ տուաւ, որ աւելի քան 3000 գիւղեր աւերուին, աւելի քան 100.000 մարդ սպաննուի, նաեւ աւելի քան 500.000 հոգի ունեցուածքէ թալանուի` գլորելով զանոնք ծայրայեղ թշուառութեան մէջ: Մի՞թէ այդպէս է [իրականութիւնը], ինչպէս իտալական խորհրդարանին մէջ պնդած է յարգարժան մարդ մը, որ հայ ժողովուրդը ապստամբութիւն բարձրացուցած է կառավարութեան դէմ: Թէպէտ Լոնտոնի, Փարիզի եւ արտասահմանի ուրիշ մեծ քաղաքներու հայկական շրջանակներուն մէջ կազմաւորուած են յեղափոխական կոմիտէներ, որպէսզի փորձեն յեղափոխական գաղափարով տոգորել իրենց ժողովուրդը, բայց արդեօ՞ք սոյնը յաջողած է իրենց: Ո՛չ: Սակայն թուրք պաշտօնեաներ, անշուշտ կառավարութեան հաճոյանալու նպատակով, սոյնը բազմիցս պնդած են` սպառնալիքներու եւ խոշտանգումներու միջոցով համապատասխան վկայութիւններ շորթելով քանի մը հայերէ: Սակայն կրկին ու կրկին, ինչպէս վերջին` Ակնի զանգուածային կոտորածը ցոյց տուաւ, անոնց մեղադրանքները լկտի սուտեր էին: Հայ ժողովուրդը, ճնշող մեծամասնութեամբ, միանգամայն խաղաղասէր ժողովուրդ մըն է, որ ոչինչ կը խնդրէ, քան` իր տան պատիւին եւ խաղաղ աշխատանքին պաշտպանութիւնը: Ի հարկէ ան հաւատարմութեամբ իր յիշողութեան մէջ կը պահէ իր փառահեղ պատմութիւնը, նաեւ կը սնուցանէ յոյսը` վերականգնելու իր ազգային ազատութիւնն ու փառքը, սակայն այս յոյսը ան իր հոգւոյն մէջ կը կրէ իբրեւ մեսիական երազ մը: Արդարեւ, ինչքան ալ իր նախնիքը խիզախութեամբ կռուած էին, [այսուամենայնիւ], զինուած ապստամբութիւն մը ամբողջապէս հեռու է իրմէ:
Արդեօ՞ք հայը ինչ-որ խունացած եւ քայքայուած ժողովուրդ մըն է, որ լոկ իր անցեալին փառքովը կ՛ապրի եւ իր ընդհանուր վարմունքին պատճառով ըստ ամենայնի ատելութեան եւ արհամարհանքի կ՛արժանանայ: Բոլոր անաչառ գիտնականները, որոնց կարգին նաեւ մեր նշանաւոր հայրենակիցը` Էռնեստ Շանտրը (Ernest Chantre), կը վկայեն, որ Փոքր Ասիոյ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ հայը օժտուած է բարձր իմացականութեամբ, մտաւոր զարգացման գերազանց ունակութեամբ, առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան մէջ բազմարդիւն կարողութիւններով, ան կը յատկանշուի իր ընտանեկան պարկեշտ կեանքով եւ, ի մասնաւորի, ատակ է բարձրացնելու կայսրութեան բարօրութեան մակարդակը` արդիական իմաստով: Արդարեւ, եթէ հայ վաճառականներ [Եւրոպայի] մեծ քաղաքներու մէջ առեւտուրով կը զբաղին արեւելեան սովորութիւններու համաձայն, ասոր համար ոչ ոք իրաւունք ունի դատապարտելու ամբողջ հայ ժողովուրդը: Ժողովուրդ մը, որ իր կրօնական համոզումին համար ուրիշ ոեւէ մէկ ազգէ աւելի զոհաբերուած եւ տառապած է, պէտք է որ ըլլայ իր էութեան մէջ միանգամայն ստեղծագործ եւ պատուաւոր ժողովուրդ մը:
Թրքական կառավարութեան գործելակերպը պէտք է պարզապէս որպէս ահաւոր պատժամիջոց յայտարարել, որ կը գործադրուի վայրագ ցեղախումբերու մօտ` ցեղային ատելութեամբ, կրօնական մոլեռանդութեամբ, կողոպտելու եւ ոճրագործելու բնածին մոլուցքով: Կառավարութեան համար խնդիրը փոքրաթիւ յեղափոխականները ձերբակալելը չէր, այլ աշխարհի երեսէն վերացնել այս տհաճ ժողովուրդը, որուն բարեփոխումներու ցանկութիւնները օժանդակուած էին մեծ տէրութիւններու կամքով: Կորչի՛ն այս ողորմելի կեաւուրները, որոնց պատճառով քրիստոնեայ պետութիւններ իրենց խնամակալութեան տակ պահել կ՛ուզեն Մուհամետի ներկայացուցիչը:
Երբ արեւելքի սոսկալի եղելութիւններուն մասին իրերայաջորդ աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւններ Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա հասան, երբ մարդիկ ակամայ լսեցին այնպիսի ամօթալի չարագործութիւններու եւ գազանութիւններու մասին, որոնք մարդկային պատմութեան ամենամութ կողմերը կը յիշեցնեն, իսկ միւս կողմէ` նաեւ տեղեկացան, թէ ինչպէ՛ս բազմահազար քրիստոնեայ այրեր եւ կանայք իրենց հաւատքը ուրանալու փոխարէն` չարչարանքն ու մահը նախընտրած են, հասարակական կարծիքը հետեւաբար սկսաւ ցաւալիօրէն հարց տալ` ինչո՞ւ չեն միջամտեր մեծ տէրութիւնները, երբ իրենք այս առիթով պայմանագրային լիազօրութիւն ունին: Ինչո՞ւ անոնք կը բաւարարուին լոկ դիւանագիտական դիմումներով, որոնք սուլթանը յաճախ կ՛անտեսէ: Մի՞թէ 1827 թուականին Անգլիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան չէին, որոնք միացեալ ուժերով ճնշուած յոյն ժողովուրդը փրկեցին: Արդեօ՞ք 1860-ին Նափոլէոն կայսրը, Եւրոպայէն 10.000 զինուորի հրահանգելով, Լիբանանի տարածքին զանգուածային կոտորածները չսահմանափակեց: Մի՞թէ ժամանակակից մարդկութիւնը այնքան է ստորնացեր, որ ժողովուրդները, մասնաւորաբար` քրիստոնեաները, կորսնցուցեր են միմեանց զօրակցելու զգացողութիւնը: Այլեւս անիմա՞ստ է [Աւետարանի] այն խօսքը. «Եթէ մէկ անդամը չարչարուի, բոլոր անդամները կը չարչարուին [անոր հետ]» [Ա. Կորնթ. ԺԲ, 26]: Ինչպէ՞ս փակէինք մեր ականջները ամբողջ ժողովուրդի մը օգնութեան աղաղակին` մնալով անտարբեր ահաւոր բարբարոսութիւններուն հանդէպ: Ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք ըսել` «մեզի չի վերաբերիր», երբ Եւրոպայի դռներուն առջեւ անհամար պատուարժան կանայք կ՛ենթարկուին սարսափելի զազրագործութիւններու, բիւրաւոր որբեր սովէ եւ ցուրտէ կը մեռնին: Վա՛յ այն ժողովուրդին, որ այլեւս մարդկային պատասխանատուութիւններ չի ճանչնար: Ան կը ճահճանայ անհատի կոպիտ եսասիրութեան, [ընկերային] դասակարգերու եւ խաւերու մէջ, կը դառնայ անկարող` լուծելու տնտեսական մեծ պարտականութիւններ համայնական բարօրութեան համար, եւ թէկուզ անոր թուաքանակը միլիոններ հաշուուի, [միեւնոյնն է], պիտի կործանի իր տխրահռչակ ողորմելիութեան մէջ:
Ուստի մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր գիտակից բարեկամ պէտք է ոգեւորուի, երբ նոյնպէս մեզ մօտ թրքական դաժանութիւններուն դէմ [հասարակական] բոլոր խաւերու եւ դաւանանքներու մէջ խղճի ձայնն է բարձրացած, միաժամանակ նաեւ մեր ժողովուրդը կարեւոր նուիրատուութիւններով իր ձեռքը կարկառած է արեւելքի դժբախտացած եղբայր ժողովուրդին: Զուիցերիոյ 430.000 քաղաքացիներ գրաւոր բողոքով արտայայտած են իրենց վրդովմունքը, եւ տակաւին կը շարունակուի բողոքի նորանոր վկայութիւններու ալիքը: Կեդրոնական եւ արեւելեան Զուիցերիոյ մէջ, ժողովրդային բազմաթիւ հաւաքներու միջոցով, հազարաւորներ իրենց համաձայնութիւնը տուած են հետեւեալ բանաձեւին.
Բանաձեւ
Բոլոր ժողովուրդներու համերաշխութեան զգացումով համակուած` ժողովրդային հաւաքը կը յայտարարէ.
- Դաժանութիւնները, որոնց թրքական կառավարութեան հիմնական մեղքով զոհ դարձան հայ ժողովուրդի աւելի քան 100.000 անդամներ, սարսափելի յանցագործութիւն մըն է մարդկութեան դէմ, եւ քրիստոնեայ ժողովուրդները կը համակէ խոր վրդովումով:
- Նաեւ զուիցերիացի ժողովուրդը պէտք է իր ձայնը բարձրացնէ` հրատապ կոչ ուղղելով եւրոպական մեծ պետութիւններու խղճին, որպէսզի անոնք, նկատի ունենալով [իրենց] փառահեղ աւանդութիւնը, [նաեւ] հաշուի առնելով [իրենց] պաշտօնական պայմանագրերն ու խոստումները, հայ ժողովուրդը պաշտպանեն հետագայ դաժանութիւններէն:
- Մենք հայ ժողովուրդին կը յայտնենք մեր խորազգած ցաւակցութիւնը եւ յանձնառութիւն կը ստանձնենք, մեր կարողութիւններուն համաձայն, բարեգործութեամբ մեղմացնել անոր ահաւոր կարիքը:
Ի հարկէ չպակսեցան անձինք, որոնք թրքական բարբարոսութեան դէմ իւրաքանչիւր բարձրագոչ բողոք աւազին մէջ ապարդիւն անհետացող անհեթեթ երազկոտութիւն որակեցին: Մենք անոնց կը պատասխանենք` երբ վտանգուած են մարդկութեան գերագոյն շահերը, ապա իւրաքանչիւր ոք, իր կարողութեան համաձայն, պէտք է իր պարտականութիւնը կատարէ, անկախ անկէ, թէ ինչ կ՛ըլլայ արդիւնքը: Պատմութիւնը պէտք չէ կարող ըլլայ օր մը ըսելու, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ Եւրոպայի մէջ հանրութեան խիղճը արթնցաւ, զուիցերիացի ժողովուրդը գաղջ եւ վախկոտ լռութիւն մը պահեց:
Որպէսզի ամբողջ բողոքի շարժումը իր լիարժէք նպատակին հասնի, ձերդ պետական բարձր իշխանութեան կը ներկայացնենք հաւաքուած հարիւր հազարաւոր ձայները: Պետական իշխանութիւնը եւ Զուիցերիոյ ժողովուրդը մշտապէս աշխարհի հզօրներուն առջեւ անվախօրէն իրենց կարեկցանքով վկայուած են` ի նպաստ չարաշահուած եւ ճնշուած ժողովուրդներու: Անոնք իրենց համար միշտ պատիւ սեպած են զուտ մարդասիրական բոլոր ձեռնարկներու մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելը` իրենց կարողութիւններուն համաձայն:
Մենք կը բողոքենք` հիմնուելով ոչ միայն յաւիտենական այն անգիր իրաւունքներուն վրայ, որոնց շնորհիւ իւրաքանչիւր ժողովուրդ կրնայ յարգանք պահանջել մարդկային արժանապատուութեան, ընտանեկան պատիւի, կրօնական անձնական համոզումի նկատմամբ, այլ նաեւ` հիմնուելով մարդկային գրաւոր իրաւունքներու, երբեք չեղեալ չնկատուած սուլթաններու կայսերական օրէնքներու եւ մեծ տէրութիւններու պաշտօնապէս հաստատուած պայմանագրերու վրայ: Մենք կը բողոքենք` յուսալով, որ եւրոպական քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ աւելի ու աւելի կ՛արթննայ խղճի համընդհանուր զգացումը, որուն առջեւ, որպէս բարձրագոյն իշխանութեան գերագոյն ուժի, կը խոնարհին բոլոր պետութիւնները: Մենք կը հաւատանք, որ ոչ թէ դիւանագիտական արուեստը, այլ միայն այս խիղճը կրնայ ապահովել այն մեծ խաղաղութիւնը, զոր դարերու ընթացքին լաւագոյն [մտաւորականները] որպէս մշակոյթի զարգացման բարձրագոյն եւ վերջին նպատակ հռչակած են:
Մենք միանգամայն վստահ ենք, որ ձեր պետական բարձրագոյն իշխանութիւնը դրական կեցուածք կը ցուցաբերէ շարժումի մը հանդէպ, որ ատակ է ամրապնդելու արդարութեան եւ մաքուր մարդկութեան ոգին մեր ժողովուրդին մէջ, որովհետեւ այս ոգին է, որ կը հզօրացնէ մեր ժողովուրդը եւ զայն կ՛երաշխաւորէ գեղեցիկ եւ մեծ ապագայով մը:
Ուրեմն հաճեցէ՛ք սոյն դիմումը, որ ձեզի կը փոխանցենք Զուիցերիոյ 430.000 քաղաքացիներու անունով, ընդունիլ ամենայն բարեացակամութեամբ: Այսուհետեւ իւրաքանչիւր ոք պիտի իմանայ, որ ժողովուրդներու գերագոյն շահերու առումով Զուիցերիոյ պետական իշխանութիւններն ու ժողովուրդը տոգորուած են միեւնոյն գաղափարով եւ համոզումով:
Թոյլ տուէ՛ք, պարոն նախագահ, մեծարգոյ պարոնայք դաշնային խորհրդականներ, ընդունելու մեր յարգանաց գերազանց հաւաստիքը»:
Ցիւրիխ, մարտ 1897
Զուիցերիական հայանպաստ օգնութիւններու միութեան անունով`
Ատենապետ`
Դոկտ. Ք. Ֆուրրեր, [հոգեւոր] հովիւ
Ա. Քարտուղար`
Եոհանն Շուրտեր, պրոռեկտոր
Պատուիրակներ
Zurich: StՊnderat Dr. STOESSEL.
- SCHOLDER-DEVELAY.
Bern: Reg. Rat JOLIAT.
Staatsschreiber KISTLER.
Luzern: Reg. Rat DՆRING.
Uri: Landammann MUHEIM.
Schwyz : Pfarrer MAURUS WASER.
Unterwalden: StՊnderat WIRZ.
Zug: StՊnderat KEYSER.
Freiburg: StՊnderat von SCHALLER.
Solothurn: Dr. CHRISTEN.
Basel: Antistes Dr. SALIS.
SekretՊr TH. ISELIN.
Schaffhausen: Antistes ENDERIS.
Appenzell: Pfarrer BUXDORF.
St. Gallen: Dr. HOLENSTEIN
GraubՖnden: Nat. Rat von PLANTA.
Pfarrer RAGAZ.
Aargau: Nat. Rat ZSCHOKKE.
Thurgau: Redaktor Dr. GՆHL.
Pfarrer BERGER.
Tessin: Reg. Rat SIMEN.
Nat. Rat BRUNI.
Waadt: professor PASCHOUD.
Staatsrat VIRIEUX.
Redaktor BONNARD.
Wallis: Nat. Rat LORլTAN.
Neuenburg: Professor G. GODET.
Nat. Rat COMTESSE.
Genf: Oberstlt. L. FAVRE.
[1] Տե՛ս Archives cantonales vaudoises, Comitռ vaudois de protestation, PiՌces diverses, III, E 1881.
[2] Տե՛ս CH-BAR#E2001A#1000-45#256#7.
[3] Հմմտ. Զուիցերիոյ Դաշնային Արխիւ, 01-CH-BAR#E2001A#1000-45#2066.
[4] Հմմտ. նոյն տեղը:
[5] Հմմտ. նոյն տեղը:
[6] Lepsius, Johannes, «Armenien und Europa. Eine Anklage-Schrift wider die christlichen GroշmՊchte und ein Aufruf an das christliche Deutschland», Berlin-Westend, 1896.
[7] Հմմտ. Զուիցերիոյ Դաշնային արխիւ, 01-CH-BAR#E2001A#1000-45#2066.
[8] Հմմտ. նոյն տեղը:
[9] Հմմտ. նոյն տեղը:
[10] Հմմտ. նոյն տեղը:
[11] Բնագիրը` «ein entsetzliches Verbrechen an der Menschheit»: Բնագրին ֆրանսերէն տարբերակը. «Les atrocitռs auxquelles, par la faute du gouvernement turc, plus de 100,000 membres du peuple armռnien ont succombռ sont un crime abominable contre l՛humanitռ.», տե՛ս 01-CH-BAR#E2001A#1000-45#2066.
[12] Տե՛ս նոյն տեղը:
[13] Տե՛ս «Neue ZՖrcher Zeitung» 24.5.1915; «Basler Nachrichten» 25.5.1915; «Der Bund» 26.5.1915; «Journal de GenՌve» 26.5.1915.