ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Ուսումնասիրական այս յօդուածով լուսարձակի տակ կ՛առնենք ժողովրդային մեծ ճանաչում գտած «Աքսորի երգ» վերնագիրը կրող ցաւոտ, յուզիչ եւ ազդեցիկ երգը, որ աւելի ծանօթ է առաջին տողի բառերով` «Հալածուած ենք Հայաստանի լեռներէն»:
Չկայ հայ մը, յատկապէս` սփիւռքի տարածքին, որ երգած կամ լսած չըլլայ այս երգը, նաեւ չափազանցած չենք ըլլար նոյնիսկ, եթէ ըսենք, որ հայ մը մանկութեանը տարիներուն իր Մեծ եղեռնի ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած հայկական կոտորածներուն եւ Եփրատին առաջին անգամ կը ծանօթանայ «Աքսորի երգ» վերնագրուած երգով, ինչպիսին էր պարագան մեր եւ մեր նախորդ սերունդներուն: Նշուած այս իրողութեան քաջածանօթ ըլլալնուս համար ուզեցինք պրպտել եւ տեղեկութիւն հաւաքել երգի ինքնութեան եւ ծնունդի մասին:
Մեր աշխատութեան ընթացքին բարեբախտաբար կրցանք փոքր տեղեկութիւն մը ձեռք ձգել: Նախ 25 դեկտեմբեր 1919-ին, Պոսթընի մէջ լոյս տեսած Յ. Գ. Պէրպէրեանի «Ընդարձակ գրպանի երգարան»-ի էջ 267-ին մէջ կը հանդիպինք «Աքսորի երգեր» խորագրով: Ապա` բանաւոր յիշողութիւններու եւ հօրս տուեալներուն` եւ բաւական տարիներ յետոյ դիմելով երկու հօրաքոյրներուս (Ալիս եւ Սանդուխտ), որոնք քաջատեղեակ էին այս երգին իրենց մօրմէն (Արուսեակ Գաթրճեան, 1905-1964): Անոնք կը յիշեն իրենց մօր պատմած յուշերը` մանկութիւնը, ծննդավայրէն (Այնթապ) տարագրութիւնն ու այլ յուշեր: Այդ յուշերէն մէկը իրենց մօրը երգած «Աքսորի երգ»-ն է, որ սորված է ծննդավայրի վարժարանը, մօտաւորապէս ջարդի օրերուն:
Դժբախտաբար երգին հեղինակը մեզի համար կը մնայ անյայտ, սակայն վերոնշեալ աղբիւրներու յայտնաբերած փաստերուն համաձայն, կը հաստատենք, որ իրագործուած հայկական կոտորածներուն, ջարդերուն եւ ցեղային սպանդներուն մասին պատմողական բնոյթ ունեցող «Հալածուած ենք Հայաստանի լեռներէն» երգը գրուած է Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն:
Այսքան յստակ պատկերացում կազմող հայոց արհաւիրքը ապրողներու կողմէ գրուած «Աքսորի երգ»-ը այդ ճամբան քալողներու նուէր երգ մը չէ լոկ, այլ երգ մըն է պատմութեան մէջ արձանագրուելիք այդ օրերը իրենց մերկութեամբ ու պատահարներով, որոնք պատճառ դարձան հայ ժողովուրդի զաւակներուն ոչնչացումին, գաղթին, որոնցմէ քիչեր հազիւ կրցան փրկել իրենց կեանքը:
Ստորեւ տրուած երգին մէջ կը բացատրուի, որ հայոց լեռները պաշարուեցան թրքական զօրքով` պատելով վախ ու դող, հազարաւոր անմեղներ սուրի քաշուելով նահատակուեցան, ոմանք քալելով կիզիչ արեւուն տակ դէպի Սուրիոյ անապատները` քշուեցան առանց ջուրի ու հացի, ճաշակեցին կեանքի դաժանութիւնը: Հոն կը տեսնենք իրականութիւնը` առանց այլափոխումի: Իրենց պատիւը փրկող կոյս աղջիկները, որոնք իրենք զիրենք Եփրատ գետը նետեցին (1895-1896-ին սկսած ջարդերէն արդէն նախադէպը կար, օրինակ` Խարբերդի կանայք), քանի՜-քանի՛ մանուկներ մորթուեցան եւ հայ ժողովուրդը անտէր, անմխիթար, որբացած զաւակներ, այրիացած կիներ եւ խելագարած ամբողջ ժողովուրդ մը անտեղեակ եղածներէն, իր ետին կը թողու արեամբ հեղեղուած, ածխացած հայրական օճախը եւ ցուպը ձեռքին կ՛իյնայ աքսորի ճամբան, քիչ ետք իրեն ի՞նչ պիտի պատահիի հարցականով:
Երգի բառերուն եւ երաժշտութեան հեղինակը ծանօթ չէ մեզի, սակայն մշակուած եւ դաշնաւորուած է տաղանդաւոր երաժշտագէտ, յօրինող, դաշնաւորող, նուագող եւ խորհրդատու Ալեքսան Մնակեանի կողմէ:
Ալեքսան Մնակեան ծնած է Պուրճ Համուտ (Լիբանան), 10 նոյեմբեր 1936-ին: Սկսած է նուագելու 1952-ին` քաջալերուած հ. Գրիգորիս Հեպոյեանի կողմէ: 1955-1957 ելոյթներ կ՛ունենայ Հալէպի, Պաղտատի, Լիբանանի, Թեհրանի, Պոլսոյ եւ Կիպրոսի մէջ: 1957-1959 Միլանոյի մէջ (Իտալիա) կը կատարելագործէ իր երաժշտական գիտութիւնը` աշակերտելով Մայեսթրօ Ֆիւկազզայի, կը ստանայ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներ: 1959-ին կը վերադառնայ Լիբանան, ուր իբրեւ ձեռնադաշնակի վարպետ կը նուագէ Լիբանանի պետական ռատիոկայանի նուագախումբին մէջ ու կը դասաւանդէ պետական երաժշտանոցին մէջ: 1975-ին, իբրեւ գեղարուեստական պատասխանատու, կ՛ընկերակցի Համազգայինի պարախումբին, որ կը մասնակցի ՔՈՆՖՈԼԱՆ-ի (Ֆրանսա) միջազգային փառատօնին: 1977-ին նոյն խումբին հետ ելոյթներ կ՛ունենայ Քուէյթ եւ Պարսկաստան: 1978-ին «Ծնծղայ» մանկական երգչախումբի երգացանկի պատրաստութեան, եղանակներու դաշնաւորման ու գործիքաւորման աշխատանքը կը կատարէ: 1980-ին կը ղեկավարէ «ՆԱՆՕՐ» մանկապատանեկան երգչախումբը եւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու երգչախումբը: 1981-ին գեղարուեստական պատասխանատու է Համազգայինի «ՆԱՆՕՐ» պարախումբին, իսկ 1983-ին գեղարուեստական պատասխանատու` Համազգայինի պարախումբին: Ալեքսան Մնակեան իր գործուն մասնակցութիւնը բերած է նաեւ լիբանանահայկական եւ լիբանանեան բազմաթիւ ձեռնարկներու` իբրեւ յօրինող, դաշնաւորող, նուագող եւ խորհրդատու: Միւս կողմէ` Մնակեան իր ուրոյն յօրինումներով եւ երաժշտական վաստակով կարեւոր տեղ գրաւած է լիբանանցի մեծահամբաւ արուեստագէտներ Ռահպանիներու աշխարհին մէջ: Ալեքսան Մնակեան մահացաւ Քանատայի մէջ, 1986-ի ապրիլին:
«Հալածուած ենք Հայաստանի լեռներէն» երգը ստեղծուած ու կազմաւորուած է հայ ժողովրդական քնարական երգերու կայուն արտայայտչամիջոցներու, խորհրդանիշներու, կառուցուածքային ու բանաստեղծական տողերու հանգաւորման եղանակներու ու ձեւերու օգտածործմամբ: Հետեւաբար երգը հանդարտ, յուզիչ է եւ տպաւորիչ, որ տարիներ շարունակ հազարաւոր սիրտեր տաղած է:
Հալածուած ենք Հայաստանի լեռներէն,
Ո՞վ չի վախնար հուրով սուրով մեռնելէն.
Դար ու սարեր անցանք, դադար չունեցանք,
Դիակներէն անցանք, արցունք չունեցանք:
Արեւին տակ մեռնիլն, Աստուա՛ծ իմ, վատ է,
Պուտ մը ջուրի մեր շրթունքը կարօտ է…
Մանուկները կուրծքերուն վրայ մորթեցին,
Հորերուն մէջ ողջ մայրերը լեցուցին…
Ո՞ւր է մայրիկ, ո՞ւր է իմին հայրիկը,
Չե՞ս գիտեր, որ վատ է թուրքին դանակը:
Ո՞ւր է մայրիկ, ո՞ւր է անոր դիակը,
Արցունքն իջաւ մինչեւ սրտիս յատակը:
Կոյս աղջիկներ իրարու ձեռք բռնեցին,
Իրենք զիրենք Եփրատ գետը նետեցին,
Երկու օր վերջն ալ խեղճ մայրերուն գիտցուցին,
Խեղճ մայրերն ալ անմխիթար մնացին:
Մոխիր դարձան մեր պատուական տուները,
Արիւններով ներկուեցան քարերը(1):
«Աքսորի երգ»-ը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին «Ապրիլեան երգեր»-ու բնագաւառին մէջ առաջիններէն է, որ մանրամասն ձեւով կը նկարագրէ ապրուած օրերու արհաւիրքը, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդը` երիտթուրքերու համաթուրքականութեան եւ համաթուրանական երազներուն, որոնց հիմնական նպատակն էր Արեւմտեան Հայաստանը մաքրել ոչ թուրք ցեղերէ եւ դարձնել զայն թուրանական հայրենիք: Այս ծրագիրը յատկապէս կ՛իրականանար հայերու բնաջնջումով, որուն յաջողութեան համար կատարուեցաւ կանխամտածուած եւ ծրագրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Աքսորի երգ»-ը իր էութեամբ աննախընթաց յուզումի ալիք մը կը խռովէ, եւ ունկնդիրը երգի միջոցով կը ծանօթանայ հայ ազգին կրած տառապանքին ու կոտորածին` ցեղապաշտ թուրքին կողմէ:
Հեղինակը կ՛արտացոլացնէ իր հոգեկան հարազատ աշխարհը, մեզի կը բերէ արցունք, տառապանք, պատուախնդիր կեցուածք. մէկ խօսքով` հայու վիճակը կը դրսեւորէ խոր ու առինքնող թրթռացումներով, հայ սիրտի տրոփով:
Վերջապէս, «Աքսորի երգ»-ը ստեղծուած ըլլալով գերազանցապէս 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան արիւնահեղ ջարդերու ու կոտորածներու ազդեցութեամբ, ան կը բնութագրէ Արեւմտահայաստանէն բռնագաղթի ու աքսորի ենթարկուած հայերու ընդհանուր մարդկային ու քաղաքական կացութիւնը, կ՛արտացոլացնէ աքսորի ճամբուն շարք մը էական կողմերը, այս կամ այն չափով կ՛անդրադառնայ աքսորի հետեւանքներուն:
Ահա այս երգի ընդմէջէն է, որ մեզի կը փոխանցուի այն վաւերական դրոշմն ու պատգամը. Մեծ եղեռնի ժամանակահատուածին մէջ օտար երկինքներու տակ ծնած եւ հասակ առնող սերունդի հոգիներուն մէջ պիտի մշակուէր ու ամրապնդուէր ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան ոգին, ու այդ ոգիի հարազատ արտացոլացումն է աներկբայօրէն այս յեղաշրջիչ երգը, զոր այդ սերունդը իր մորթին վրայ զգաց բազմատեսակ փորձառութիւններով:
Մենք մեր կարգին իրաւունք չունինք ընկրկելու մեր Դատին` Հայ դատի արդար իրաւունքներուն իրականացման ճամբուն վրայ, միայն պարտութիւն եւ սուգ ժառանգելու վաղուան սերունդներուն: Մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ պահանջատէր եւ կամքի տէր: Այս կամքը ժամանակով չէ սահմանափակուած, այլ պայմանաւորուած է մեր արթնութեամբ, հանճարին թելադրած ինքնավստահութեամբ եւ ճիշդ տեսլականներու բիւրեղացումով:
——————-
Օգտագործուած աղբիւրներ
– Գաթրճեան Աւօ, «Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երգ-երաժշտութեան վրայ», Հալէպ, 2010, էջ 93-95:
– Պէրպէրեան Յ. Գ., «Ընդարձակ գրպանի երգարան» (Ազգային, յեղափոխական, սիրային, ժողովրդական եւ գեղջկական երգեր, 300 երգեր): Պոսթըն, 25 դեկտեմբեր 1919:Ծ
– «Յեղափոխական եւ ժողովրդային երգեր», Պէյրութ, 1972, հրատարակութիւն «Մշակ» մատենաշարի, էջ 119:
(1).- «Յեղափոխական եւ ժողովրդային երգեր», Պէյրութ, 1972, հրատարակութիւն «Մշակ» մատենաշարի, էջ 119: