ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Պատգամը Արցախի Ներկայ Ճգնաժամային Իրավիճակին Մասին
«Արցախի փրկութիւնը՝ համահայկական առաջնահերթութիւն» * — ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ — Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Արցախի պարզած ներկայ ճգնաժամային կացութեան։ Շրջափակումի ենթարկուած Արցախէն ներս մեր ազգին զաւակները սովամահ ըլլալու անմիջական վտանգին ենթակայ են։ Մեր ժողովուրդի հոծ բազմութեան ներկայութեան, կ՚ուզենք բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ անդրադառնալ համայն մեր ազգը յուզող ու տագնապեցնող Արցախի հարցին, Հայրապետական Մեր պատգամը ուղղելով հինգ հասցէներու.- Մեր Առաջին պատգամը...



















