Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 5 –

August 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՄՈՆ ԳԱՖԱԼԵԱՆ

Սիրելի՛ պատանիներ ու պարմանուհիներ,

Կը շնորհաւորեմ ձեր յոբելեանը: Դուք աշխարհի ամենաթանկ երեխաներն էք: Դաշնակցութիւնը կեանքի մեծ դպրոց մըն է, որ երբեք աւարտական դասարան չունի: Դպրոցին մէջ կը սորվիք օրինակելի, բարոյականի տէր, ճշդապահ ու խոստումի տէր անձ ըլլալ:

Պատասխանատու կ՛ըլլաք ձեր ընտանիքին, ընկերներուն ու շրջապատին հանդէպ: Անշահախնդրօրէն կը ծառայէք, կը նուիրուիք հայ ազգին: Կ՛ունենաք ուժեղ կամք ու անդրդուելի հաւատք եւ կ՛ըլլաք քաջ, կտրիճ ու ինքնավստահ: Միութեան մէջ կը սորվիք ճիշդ որոշում տալ եւ չզղջալ: Ինքնավստահ անձ կը դառնաք, կը սորվիք յարգել ձեր ընտանիքն ու ձեզմէ մեծերը: Դուք պէտք է ձգտումը ունենաք ըլլալու լաւագոյնը: Դաշնակցականը ո՛ւր որ ալ ըլլայ, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուի եւ որեւէ ասպարէզի մէջ պէտք է ձգտի լաւագոյնին: Ան երբեք պիտի չյուսահատի ու յարատեւ պիտի պայքարի: Ան ՀՅԴ ճամբով պիտի ծառայէ միայն ու միայն հայ ազգին, հայրենիքին ու պետականութեան:

Կարեւոր չէ` վարչական էք թէ ոչ, ապագային կոմիտէի անդամ ըլլաք թէ ոչ… Կարեւորը ծառայելն է գաղափարին, ով որ կ՛ուզեն ալ ըլլան պատասխանատուները… Վերջապէս, ամէնէն կարեւորը Դաշնակցութենէն երբեք ակնկալիքներ պէտք չէ ունենաք, ինչ ալ ըրած ըլլաք ազգին, ով կ՛ուզէք` եղէք, եւ ինչ կ՛ուզէք` ըրած եղէք, պէտք է ըլլաք ազնիւ, համեստ, պարկեշտ ու միշտ ՀՅԴ-ի զինուոր, դրօշին տակ երդուեալ զինուորը, որ չի փոխուիր եւ շռայլութիւններու դիմաց չի կործանիր…

Ու երբեք ձեզ պէտք չէ շեղէ այս աշխարհի փառքը: Պէտք է մնաք սկզբունքի եւ խոստումի տէր անձ: Հաւատացէք, որ հոգեկան երջանկութիւն է ինքնաբաւ ըլլալը: Սորվեցէք սիրել` ձեր ընտանիքը, ընկերը, հայրենիքը, ազգը, մարտական ընկերը, ժողովական ընկերը, սէր-միութիւնը ուժեղ կը դարձնէ…

Ձեր բոլորին կը մաղթեմ ուժ, կամք, հաւատք, երբեք չյուսահատիք… Շնորհակալութիւն վարիչներուն եւ Ընդհանուր վարիչ մարմինին, որոնք իրենց վստահուած գործը կը կատարեն:

Ապրի՛ն ձեր ծնողները, որոնք կը վստահին, եւ որոնք անպայմանօրէն պիտի հպարտանան իրենց պատանի երեխաներով, որովհետեւ անոնք ճիշդ ուղղութեան կը հետեւին, վստահաբար պիտի չզղջան…

Հայաստան

 

Նախորդը

Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով. Հոգիս Ի Քեսապ

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Պատգամը Արցախի Ներկայ Ճգնաժամային Իրավիճակին Մասին

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.