Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Եօթներորդ Թիւը

August 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն ընթերցողին տրամադրութեան տակ է «Դրօշակ»-ի 2023-ի  յուլիսի թիւը: Հրապարակուող նիւթերուն ցանկը կը գերակշռէ Հայաստան-Արցախի նիւթը` տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական գործընթացներու խորապատկերին վրայ:

Լուսինէ Մխիթարեան քննութեան կ՛ենթարկէ «Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւններու կիզակէտին մէջ» հիմնահարցը, մասնաւորապէս անդրադառնալով, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքի ծրագիրին` թուրք-ազրպէյճանական զոյգին համար: Հեղինակը փաստերու շարադրումով կը բացայայտէ Սիւնիք ներթափանցելու ճամբով Հայաստանի մէջ շօշափելի լծակներ ձեռք բերելու թշնամի պետութիւններու նախագիծները:

Սարգիս Սարգսեան կը քննէ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն նկատմամբ Ռուսիոյ մէջ ձեւաւորուող նոր քաղաքականութեան հարցը եւ այդ ծիրին մէջ Հայաստան-Ռուսիա փոխյարաբերութիւններու, ինչպէս եւ Արցախի հարցին նկատմամբ Ռուսիոյ ներկայ քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները:

Արցախէն Տաթեւիկ Աղաճանեան կը ներկայացնէ հայկական երկրորդ հանրապետութեան մէջ ներկայիս ստեղծուած տագնապալի ընկերային-տնտեսական վիճակը, արցախահայութեան դիմագրաւած ներքին ու արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները:

Պատմաբան Արարատ Յակոբեան կ՛անդրադառնայ 19-րդ դարու հայ հասարակական-քաղաքական միտքի նշանաւոր ներկայացուցիչ Ստեփանոս Նազարեանցի կողմէն իր խմբագրած «Հիւսիսափայլ» թերթին մէջ արծարծուած քաղաքական թէ՞ կրօնական անկախութիւն երկընտրանքային հարցին:

Աւօ Գաթրճեան այս անգամ կը ներկայացնէ դարասկիզբի ազգային-յեղափոխական պայքարի գործիչի, «Նեմեսիս» գործողութեան ամենախորհրդաւոր անդամի` Հրաչ Փափազեանին ապրած ազգանուէր ու վաստակաշատ կեանքին: Հայաստանի մէջ քիչ ծանօթ այս անունը արժանի է համընդհանուր ճանաչման եւ յարգանքի: Աւօ Գաթրճեանին այս յօդուածը, յուսանք, պիտի նպաստէ այդ ճանաչման: «Դրօշակ»-ի սոյն թուականի 8-րդ համարին մէջ ներկայացուած են հետաքրքրական այլ յօդուածներ եւս:

Նախորդը

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Ը.

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթում Է Նա, Ով Գործում Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.