Յ. Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – Բ. «Դպրոցը Հայախօսութեան Ամրոց Է, Ուստի Դպրոցաշինական Սրբազան Առաքելութիւնը Երբեք Պէտք Չէ Մոռնանք` Աւելի Մեծ Խնամք Տանելով Սփիւռքահայ Դպրոցին», Կը Հաստատէ Յակոբ Չոլաքեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Անդրադառնանք հայկական իրականութեան մէջ հայ դպրոցին դերակատարութեան` անցեալէն մինչեւ այսօր: ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- 1920-ական թուականներուն, երբ ձեւաւորուեցաւ սփիւռքը, կային երկու գլխաւոր վիճակներ` արեւմուտքն ու արեւելքը: Համաստեղը, Բենիամին Նորիկեանը, Վահէ Հայկը Արեւմուտք գացած մեր երիտասարդները ընդհանրապէս Կ. Պոլսոյ կամ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գաւառներու դպրոցներէն շրջանաւարտներ էին, որոնք փոխադրուեցան Ֆրանսա, Ամերիկա եւ գաւառական գրականութեան ու Պոլսոյ արուեստագէտ...




















