Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Ը.

Օգոստոս 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Քաղաքապետարանի Նոր Կառոյց

Քաղաքապետարանը գնեց իր հին կեդրոնին կից գտնուող շէնքը: Երկու շէնքերը միացուեցան եւ նորոգութիւններ կատարուեցան: Այսպիսով ընդարձակուեցաւ քաղաքապետարանի տարածութիւնը: Գեղեցկացաւ անոր արտաքին տեսքը: Կատարուեցան ներքին նոր բաժանումներ, գրասենեակներ, որոնց շնորհիւ ստեղծուեցան աշխատանքի լայն կարելիութիւններ` քաղաքապետարանի ծրագիրները իրականացնելու համար: Նոր կառոյցը օժտուեցաւ վերելակով, համակարգիչներով եւ նոր սարքերով` գոհացում տալու ժողովուրդին բոլոր պահանջներուն: Համակարգիչները հաստատուեցան Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան որոշումով եւ գործակցութեամբ Նիւ Եորք նահանգի Ալպանի համալսարանին:

Պողոտաներ

– «Արմէնիա» պողոտային վրայ գտնուող եւ դուրս ցցուած շէնքերու մասերը քանդուեցան, պողոտան լայնցաւ եւ գեղեցկացաւ` հակառակ բնակիչներու եւ մա՛նաւանդ խանութպաններու բողոքներուն: «Դուք մեր հացը կը կտրէք, մեր եկամուտին պատճառ կ՛ըլլաք, ճիշդ չէ ձեր ըրածը», կը պոռային ու կը բողոքէին անոնք:

Պէտք է ըսել, որ այդ շէնքերը ընդհանրապէս շինուած էին առանց յատակագիծի եւ հին կառոյցներ եղած էին: Երբ «Արմէնիա» պողոտային ծրագիրը պատրաստուած է, այդ շէնքերուն որոշ մասերը նկատի առնուած են իբրեւ ճամբու մէկ մասը: Այս ծրագիրը գոյութիւն ունէր 1950-ական թուականներէն ի վեր, սակայն անոր գործադրութիւնը ձգձգուած էր յաճախ: Պողոտային ընդլայնումով քանդուեցան այդ շէնքերուն առջեւի մասերը, ապա վերանորոգուեցան եւ ներկուեցան յատուկ գոյներով: Շէնքերու, բնակարաններու եւ խանութներու տէրերուն տրուեցան հատուցումներ:

– Կառուցուեցաւ նաեւ երկաթուղիի պողոտան, որ կ՛երկարի Սին էլ Ֆիլէն մինչեւ Տորայի հրապարակը: Հին սերունդի մարդիկը պէտք է լաւ յիշեն, որ երկաթուղագիծի երկու կողմերը ցեխի մէջ կ՛ըլլային ընդհանրապէս: Ասիկա մեծ չափով թեթեւցուց ներքին շուկաներու խճողումի հարցը:

Այս ճամբու իրականացումը եղաւ երկաթուղիի ընկերութեան հետ համաձայնաբար: Ընկերութիւնը քաղաքապետութեան զիջեցաւ նախկին երկաթուղիի ճամբան, որուն դիմաց քաղաքապետութիւնը ծովեզերքէն հողաշերտ մը տուաւ ընկերութեան:

– Վերաշինուեցաւ, ձգձգումներէ ետք (պետական յատկացումներու ուշացման պատճառով), Սալոմէի հրապարակէն Նահրի կամուրջ երկարող պողոտան, ինչպէս նաեւ կառուցուեցաւ Էշրեֆիէ-Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ մայրուղի կամուրջը: Քանդուեցան քարտէսի վրայ եղող քանդուելիք բոլոր շէնքերը: Բնակարաններուն տէրերը ստացան իրենց հատուցումները:

Քաղաքապետութեան Սպանդանոց

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին Պուրճ Համուտի սպանդանոցը քանդուեցաւ եւ փակուեցաւ: Այս մէկը բաւական դժուարութիւն ստեղծեց թէ՛ քաղաքապետութեան եւ թէ՛ մսագործներուն, որովհետեւ քաղաքապետութեան պաշտօնեաները ստիպուեցան իրենք մէկ առ մէկ այցելել մսագործներուն, որոնք, իրենց կարգին, յաճախ ստիպուեցան երթալ Պէյրութի սպանդանոցը իրենց կենդանիները մորթելու համար: Հետեւաբար, ժամանակի եւ նիւթականի անտեղի մսխում մը ստեղծուեցաւ իրենց համար: Այս հարցերուն առաջքը առնելու համար քաղաքապետութիւնը ձեռնարկեց իր սպանդանոցի վերակառուցման աշխատանքներուն, որոնցմէ ետք մամուլի մէջ նուազուրդի յայտարարութիւն կատարուեցաւ: Պուրճ Համուտի սպանդանոցը սկսաւ գործել 1 ապրիլ 2003-էն սկսեալ, արդիական կազմածներով:

Արագածի Շրջանին Մէջ
Հանրային Պարտէզի Բացում

Նախաձեռնութեամբ Word Vision հաստատութեան եւ համագործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Սուքլինի, Ռոթար քլապի (Պաապտայի մասնաճիւղ) եւ Green Garden Group-ի, 12 մարտ 2009-ին տեղի ունեցաւ հանրային պարտէզի բացումը` Արագածի շրջանին մէջ: Այս պարտէզի կառուցման որոշումի հիմնական նպատակը շրջանին մէջ բացակայ «կանաչ տարածութեամբ» հողի մը վրայ խաղավայր մը հաստատելն էր, որպէսզի շրջանի փոքրիկները իրենց հոգեկան գոհացումը ստանան հոն այցելելով եւ խաղալով:

Քաղաքապետարանի շէնքերուն մօտ գտնուող փոքրերու խաղավայրը, որ քանդուած վիճակ մը կը պարզէր, ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ: Բացումը տեղի ունեցաւ 4 յունիս 2001-ին: Խաղավայրին յանձանձումը վստահուեցաւ ԼՕԽ-ին:

Պասքեթպոլի Եւ Մինի–Ֆութպոլի
Փակ Մարզադաշտերու Կառուցում

Շրջանի պատանիները եւ երիտասարդները մարզական առողջ մթնոլորտի մէջ պահելու նպատակով, քաղաքապետական խորհուրդը իրագործեց պասքեթպոլի եւ մինի-ֆութպոլի երեք փակ մարզադաշտերու շինութեան ծրագիրը, քաղաքապետարանի ֆութպոլի դաշտին դիմաց գտնուող հողաշերտին վրայ: Նորակառոյց դաշտերու բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 19 սեպտեմբեր 2006-ին:

Նման ապահով միջավայրի մը ստեղծումը մեծապէս նպաստեց շրջանի երիտասարդութեան առօրեայի բարելաւման, որուն իբրեւ արդիւնք` շուրջ հազար երիտասարդներ պարբերական դրութեամբ իրենց ժամանակը կ՛անցընեն այս կեդրոնին մէջ:

– Ասիական խաղերու նախօրեակին (2000) վերանորոգուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը:

– ՀՄԸՄ-ի զանազան խումբերու փորձերուն համար կը զգացուէր կարիքը դաշտի մը: Այս ուղղութեամբ աշխատանք տարուեցաւ Արիս ընտանիքին քով, որ սիրայօժար տրամադրեց իրեն պատկանող հողաշերտը: Այս վերջինը կցուեցաւ քաղաքապետարանի հողաշերտին եւ ընդհանուր տարածութեան վրայ շինուեցաւ ֆութպոլի դաշտ մը` տրամադրելի ՀՄԸՄ-ին:

Երիտասարդական Կեդրոն

ՄԱԿ-ի «Մըրսի Քորփս» կազմակերպութեան հետ գործակցաբար, հիմնուեցաւ երիտասարդական կեդրոն մը, որ կը նպատակադրէ Պուրճ Համուտի երկրորդական վարժարան յաճախող եւ շրջանին մէջ բնակող, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ բնակող,  բայց այլուր գտնուող վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն համար առողջ մթնոլորտ ստեղծել: Այս կեդրոնը նաեւ կը միտի միջդպրոցական աշակերտական յարաբերութիւնները սերտացնել, երիտասարդներուն մէջ Պուրճ Համուտի նկատմամբ կապուածութեան զգացումը ամրապնդել եւ ընդհանուր զարգացումներու տարբեր գիտելիքներ ուսուցանել: 28 յունիս 2006-ին տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին ներկայացուեցան այս ծրագրին մանրամասնութիւնները:

Այս կեդրոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան աշակերտական սեմինարներ տարբեր նիւթերով (conflict resolution, ծրագիրներու պատրաստութիւն, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ այլն):

Կազմակերպուեցան լուսանկարչութեան, գծագրութեան եւ իւղաներկի դասընթացքներ, որոնց աւարտին տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս:

Պուրճ Համուտի փողոցներու արտաքին տեսքը բարեզարդելու նպատակով, կեդրոն յաճախող աշակերտները, մասնագէտի մը ընկերակցութեամբ, իրենց գծագրութիւններով գեղեցկացուցին լքուած կարգ մը պատեր:

Ամէն տարի, Նոր տարուան, Բարեկենդանի եւ Ս. Զատկուան տօներու առիթներով տեղի ունեցան յատուկ խրախճանքներ Պուրճ Համուտ բնակող կարիքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն համար, ինչպէս նաեւ շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներու բաժնուեցան նուէրներ:

Երիտասարդները այցելութիւն մը տուին Հայ Ծերանոց, ուտելիքներ եւ նուէրներ բաժնեցին ծերերուն եւ այս առիթով պատրաստուած յատուկ գեղարուեստական յայտագիրով մը ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին:

Կազմակերպուեցան համակարգչային զանազան ծրագիրներու ուսուցման դասընթացքներ, որոնց հետեւեցան հայ աշակերտներ, հայկական վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի զանազան մասնաճիւղերու վարչականներ: Այս դասընթացքներու աւարտին մասնակցողները արժանացան ՄԱԿ-ի կողմէ տրամադրուած միջազգային յատուկ վկայականներու:

Այս կեդրոնը յաճախող աշակերտները նաեւ այցելեցին Լիբանանի պատմական վայրեր` ծանօթացման նպատակով:

Խորհրդաժողովներու Եւ Սեմինարներու
Մասնակցութիւն

Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ մասնակցեցան տեղական թէ միջազգային յատուկ խորհրդաժողովներու եւ սեմինարներու` Պրազիլի, Եգիպտոսի, Մարոքի, Յունաստանի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Մեքսիքայի, Հնդկաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Քաղաքապետ Մսըրլեան եթէ ինք չմասնակցէր (արդէն շատ քիչ կը մասնակցէր այդ ժողովներուն), երկու-երեք անդամներ կը նշանակէր քաղաքապետական խորհուրդէն, որ ներկայացնէին զինք: Արդար ըլլալու համար, նոյն մարդիկը չէր ղրկեր միշտ, այլ իր քով արձանագրած էր հերթ մը, որպէսզի բոլորին առիթ տայ: Ան միշտ կը յարգէր այդ հերթը: Բոլորին ալ կարգը կու գար: Անշուշտ գտնուեցան կարգ մը անդամներ, որոնք աւելի շատ զբօսնելու գացին, քան ժողովի մասնակցելու:

Բոլոր պարագաներու, այս միջազգային ժողովներու մասնակցութեան շնորհիւ էր, որ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը եւ Պուրճ Համուտը քոյր քաղաքներ եղան քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի օրերուն:

Թիրօ Քեմփ (Սանճաք Քեմփ)
Կամ St. Jacques Plaza

30 հոկտեմբեր 1999-ին «Զարթօնք» օրաթերթի աշխատակիցին (Գ. Տ.) հետ հարցազրոյցի ընթացքին, երբ տակաւին վեց ամիս եղած էր իր ընտրուելուն, Անդրանիկ Մսըրլեան կը ներկայացնէր քաղաքապետական խորհուրդի կատարելիք ծրագիրները, որոնց ամէնէն կարեւորներէն կը հանդիսանար բնակարանային շէնքերու կառուցումը: Այս ծրագիրը բաժնուած էր երկու մասի – Արագածի շրջան եւ Քեմփ սանճաք (Թիրօ կամ Նորաշէն):

Յայտնեցինք նախապէս, որ նոր ճամբաներու եւ հողաշերտերու գնման գծով քաղաքապետական խորհուրդին կայացուցած որոշումը վաւերացուեցաւ կառավարութեան կողմէ` պետական պաշտօնաթերթի 24 հոկտեմբեր 2002-ի թիւին մէջ լոյս տեսած, ճշդուած հողաշերտերու համապատասխան թիւերով: Սոյն որոշումը կը պարփակէր նաեւ Թիրօ քեմփի շրջանի շուրջ քսան հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն մը: Անկէ ետք անմիջապէս կատարուեցան հողատէրերու հատուցման գործընթացը, ինչպէս նաեւ օտարներու կողմէ բնակուած երկու հարիւրէ աւելի հիւղակներու հատուցումները: Այս հիւղակները անմիջապէս քանդուեցան: Իսկ հայերու կողմէ բնակուած հիւղակներու պարպումի աշխատանքը որոշ դանդաղեցում արձանագրեց:

Թիրօ քեմփի սեփականացման ծրագիրի արտօնագիրը առնելէ ետք, շինարարական աշխատանքները սկսելու որոշումը կը կատարուի նուազուրդի ճամբով:

Անդրանիկ Մսըրլեանը ճիգ չխնայեց այս ծրագիրը յաջողցնելու համար: Անոր կրնկակոխ հետապնդումը, յամառութիւնը եւ հետեւողականութիւնը օգնեցին իրեն, որ հողամասը ամբողջութեամբ պարպուի բնակչութենէ: Ասիկա դժուարագոյն գործն էր, որովհետեւ հիւղակներու հայ տէրերը ներսէն եւ դուրսէն, ինչ-ինչ պատճառներով եւ սին հաշիւներով աշխատեցան, որ չպարպեն իրենց տուները: Անդոն անոնց տուաւ երեք անգամ աւելի ինչ որ հատուցում ճշդուած էր դատարանին կողմէ:

Յետոյ, շէնքերը շինելու նուազուրդի ատեն, Անդոն դիմագրաւեց նոր դժուարութիւններ: Տեղի ունեցան չորս նուազուրդներ, բոլորն ալ անյաջող նկատուեցան պետական սպասարկութիւններուն կողմէ, հաւանաբար նաեւ քաղաքական պատճառներով:

Այս անյաջողութիւնը, ինչպէս նաեւ «հաշուարկումի դիւան»-ին (տիուան ալ մուհասապէ) յարուցած դժուարութիւնները պատճառ եղան, որ շինարարութիւնը ուշանայ երեք-չորս տարիով:

Անդոն յաղթահարեց իր դիմաց ցցուած բոլոր դժուարութիւնները: Այդպէս է, որ հողատարածքը պատրաստ եղաւ շինարարութեան համար:

* * *

Թիրօ քեմփ Սանճաք հարցին եւ այլապէս Պուրճ Համուտի վերաբերեալ Անդրանիկ Մսըրլեան պատրաստել տուաւ կարգ մը ուսումնասիրութիւններ, որոնք են`

– 2002 սեպտեմբերին, Գարակէօզեան կեդրոնին հետ գործակցաբար, Քրիստին Դանիէլեան անգլերէնով պատրաստած է ուսումնասիրութիւն մը Քեմփ Սանճաքի բնակիչներու ժողովրդագրական եւ ընկերային հարցերու մասին: Ընտանիք առ ընտանիք արձանագրուած են բոլորին պարագաները – հօր, մօր եւ զաւակներուն անունները, ծննդեան թուականները, զբաղումը, եկամուտը եւ այլն:

– 11 օգոստոս 2005 թուակիր, ճարտարապետ Վազգէն Չեքիճեան, դարձեալ անգլերէնով, պատրաստած է քեմփ Սանճաքի ծրագիրին առնչութեամբ ուսումնասիրութիւն մը:

– Մարտ 2009-ին ճարտարապետ Տիրան Հարմանտարեան, անգլերէնով, պատրաստած է ուսումնասիրութիւն մը` Պուրճ Համուտի այլազան մարզերուն եւ կարելիութիւններուն մասին, որոնց կցած է ճարտարապետական քարտէսներ:

Օժանդակութիւններ

– Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը 17 տարուան ընթացքին հայ համայնքի բոլոր կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն հետ հաստատեց մնայուն ու հետեւողական կապ եւ հետամուտ եղաւ անսալու անոնց կարիքներուն:

– Քաղաքապետութիւնը տարեկան հետեւողական դրութեամբ օժանդակեց համայնքի կրթական, բարեսիրական, ընկերային, մշակութային եւ մարզական բոլոր միութիւններուն եւ կառոյցներուն: Հովանաւորեց նաեւ նշեալ միութիւններու կողմէ իրականացուող նոր ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ:

– Քաղաքապետութիւնը հոգաց ԼՕԽ-ի անտէր ծերերուն «Պնակ մը կերակուր»-ի ծրագրի շաբաթական ծախսերուն մէջ օրուան բաժինը, տարեկան դրութեամբ:

– Ասոր կողքին, ան ստանձնեց Հայ Ծերանոցին մէջ գտնուող կարիքաւորներու բաժինի նորոգութեան ծախսերը: Տեղին է հաստատել, որ քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան մարդը մեծ տկարութիւն ունէր հայ ծերերու եւ կարիքաւորներու նկատմամբ:

– Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ներդրումով ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը օժտուեցաւ օտիոկրամի եւ թիմփանոկրամի գործիքներով: Այս բաժինին բացումը կատարուեցաւ 15 յունուար 2003-ին, Լիբանանի Առաջին տիկին Անտրէ Լահուտի կողմէ:

– Քաղաքապետութիւնը կազմակերպեց Պուրճ Համուտի բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն համար (աւելի քան վեց հազար աշակերտներ) 2001-ին եւ 2002-ի Կաղանդի տօնակատարութիւններ քաղաքապետարանի դաշտին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Անտրէ Լահուտի: Գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր, եւ բաժնուեցան նուէրներ:

– Տարեվերջին, Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով նուէրներ եւ խաղալիքներ տրամադրուեցան Պուրճ Համուտի բոլոր դպրոցներու մանկապարտէզի աշակերտութեանց: Միջբարեսիրականի կողմէ կազմակերպուած Ամանորի ձեռնարկին քաղաքապետութիւնը նուէր բաժնեց նաեւ շրջանի ծերերուն եւ կարիքաւոր 600 ընտանիքներու:

Նիւթական–Հաշուական

Անդրանիկ Մսըրլեան կը սիրէր թափանցիկութիւնը բոլոր հաշուեկշիռներուն մէջ: Պարբերաբար ան հրատարակել տուաւ քաղաքապետութեան տարեկան հաշուեկշիռները եւ տրամադրութեան տակ դրաւ ժողովուրդին, որպէսզի ոեւէ մէկը կարենայ նայիլ եւ ուսումնասիրել:

Այլ Աշխատանքներ

– 2010-ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները ընտրուեցան առանց քուէարկութեան, իբրեւ արդիւնք մրցակիցի չգոյութեան: Խորհուրդի 21 անդամներէն 8-ն անդամ էին նաեւ նախորդ խորհուրդին, իսկ 13-ը` առաջին անգամ ըլլալով անդամ կը դառնային անոր:

10 մայիս 2010-ին Մեթնի գաւառապետի գլխաւորութեամբ գումարուած քաղաքապետական խորհուրդի նիստին քաղաքապետ վերընտրուեցաւ Անդրանիկ Մսըրլեան, եւ փոխքաղաքապետ ընտրուեցաւ Ճորճ Գրիգորեան:

– Ֆութպոլի դաշտին կից շինուեցաւ հրշէջներու կեդրոն մը` յատուկ Պուրճ Համուտի շրջանին համար:

– Շինուեցաւ հանրային բաղնիք մը քաղաքապետարանի հրապարակին կից:

– Կենսոլորտի նախարարութեան հետ գործակցաբար, քաղաքապետարանը փակել տուաւ կարգ մը հաստատութիւններ` ծովեզերեայ շրջանին մէջ, որոնք իրենց հակաօրինական աշխատանքներով կենսոլորտը կը թունաւորէին: Այս հաստատութիւններու շարքին էր սպանդանոցի մօտ գտնուող ոսկորի գործարանը, որ գարշահոտ թոյներ կ՛արձակէր շրջանին մէջ:

– Կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի արհեստագիտական կեդրոնին, գործակցութեամբ «Պիա ուա թանմիա» ամսաթերթին եւ հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, 7- 9 նոյեմբեր 2002-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մարզումի դասընթացք, նուիրուած կենսոլորտի պահպանման: Անոր մասնակցեցան հայ եւ ոչ հայ վարժարաններէ 35 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնց հաղորդուեցան անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ ծանօթութիւններ կենսոլորտի պահպանման գործնական ձեւերուն մասին, որպէսզի անոնք, իրենց կարգին, դաստիարակեն իրենց աշակերտները: Այս դասընթացքին ներկայ գտնուեցան նաեւ կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Պերճ Հաճեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ:

– Թմրեցուցիչներու գործածութեան դէմ տարուող պայքարի ծիրին մէջ, կազմակերպուեցան երկու ձեռնարկներ: Առաջինը` մշակութային փառատօն մը Պուրճ Համուտի մարզադաշտին մէջ, 25 յունիս 2005-ին, թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի «Միջազգային օր»-ուան առիթով, մասնակցութեամբ հայ եւ ոչ հայ երգիչներու եւ Համազգայինի պարախումբին: Երկրորդը` դասախօսական ձեռնարկ մը «Պօղոսեան» սրահին մէջ, 5 ապրիլ 2006-ին, գործակցութեամբ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարող երիտասարդական միութեան: Այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան շրջանի բոլոր երկրորդական վարժարաններու աշակերտները:

– Կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի բոլոր շէնքերու թուագրումի աշխատանքը: Շէնքերու մուտքին զետեղուեցան կալուածներու թիւերը:

– Քաղաքապետութիւնը ձեռնարկեց շրջանի շէնքերու եւ բնակիչներու ամբողջական վիճակագրման աշխատանքին: Այս առնչութեամբ ան աշխատանքի հրաւիրեց որոշ թիւով ոստիկաններ եւ պահակներ ցանկագրումի աշխատանքը արագացնելու համար: Կատարեց նաեւ Պուրճ Համուտ բնակող բոլոր օտարահպատակներու արձանագրութեան աշխատանքը:

– Ծովեզերեայ շրջանի մայրուղիին տեսքը  տնկուեցան արմաւենիներ` մինչեւ Տորա: Ամէն տարի քաղաքապետարանը մուտք մը ունեցաւ արմաւները ծախելով ընկերութեան մը:

– 19 նոյեմբեր 2010-ին, Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, քաղաքապետարանի դաշտին մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն մասնակցեցան հայ եւ ոչ հայ երգիչներ:

– 9 ապրիլ 2011-ին Ազգ. առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի վերանորոգման եւ բարեզարդման ծրագրի ներկայացում` կատարողութեամբ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի «Ըրպըն փլենինկ ինսթիթիութ»-ին եւ գործակցութեամբ աւստրիական «Ըփլայտ արթց» համալսարանին:

– 15 մայիս 2011-ին քաղաքապետարանի դաշտին մէջ Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու գումարտակի զինուորական ցուցադրութիւն, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան:

– Գնուեցան շտապ օգնութեան երեք ինքնաշարժներ, որոնք շրջագայութեան դրուեցան, անհրաժեշտութեան պարագային ժողովուրդին օժանդակելու համար:

– Յուլիս 2006-ի լիբանանեւիսրայէլեան պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, քաղաքապետութիւնը մնայուն ձեւով սննդեղէն բաժնեց շրջանին մէջ ապաստան գտած գաղթականներուն:

– 26-30 մայիս 2009-ին ձիարշաւարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Garden show and spring festival» ցուցահանդէսը, որուն մասնակցեցան Պուրճ Համուտէն արհեստաւորներ, ինչպէս նաեւ «Հայ ֆուտ»-ը եւ ԼՕԽ-ը: Պատրաստուեցաւ նաեւ Պուրճ Համուտի արհեստաւորներու մասին մանրամասնութիւններ բովանդակող գրքոյկ մը:

– Քաղաքապետարանը պայմանագրութիւն ստորագրեց ճարտարապետերու հետ եւ յատուկ կազմածներով քննել տուաւ կասկածելի կամ վտանգաւոր թուացող շէնքերը: Ուսումնասիրութեան արդիւնքները փոխանցուեցան առ որ անկ է` պատշաճ տնօրինումներ կատարելու համար:

* * *

Արդէն իսկ այս երկար յօդուածաշարքին մէջ Անդոյին քաղաքապետութեան շրջանի գործունէութեան բաժինը եղաւ ոչ ամբողջական` աղբիւրներու սակաւութեան, ինչպէս նաեւ յօդուածները օրը օրին հասցնելու պատճառներով: Այլ առիթի կը վերապահենք այդ գործունէութեան համակարգեալ, ամբողջական (կարելիութեան սահմաններուն մէջ) եւ ուսումնասիրուած ներկայացումը:

Օրին քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին առաջարկուած է քարոզչական գրասենեակ մը հաստատել քաղաքապետարանին մէջ, բայց ան մերժած է եւ նախընտրած է լռութեան մէջ աշխատիլ: Իսկ անոր լռութիւնը պատասխաններ ունէր իր մէջ:

(Շար. 8 եւ վերջ)

Նախորդը

Չէզոքացնենք Յանձնուողականութիւնը, Վերանորոգուինք, Վստահինք Երիտասարդութեան, Դաշնակցականանանք Եւ Հետեւողական Գործով Շարունակենք Լիզպոնի Հինգին Ուղին

Յաջորդը

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի Եօթներորդ Թիւը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?