Անդրադարձ

Լիբանան

Լիբանան

Փ. ՃԵՐԱՆԵԱՆ Լիբանան, Միջերկրականեան ալիքներուդ ծովափին` ծաղկող նարինջենիներուդ բուրմունքը կար: Իմ սիրածի աչքերուն, մայրիներուդ կախարդանքին յաւերժական կանաչը կար: Այն ժամանակ կեանքը մեր տան երդիքին տակ խճանկարի մը նման էր, պատառ-պատառ դիմանկարներ կային այնտեղ, որոնց շուքին մեզ իր սիրոյ մականին տակ պատսպարող մօրս դէմքը կը լուսնար ... Մանուածապատ մայթերուդ դպրոց տանող ոտնահետքս կը մնար, ու փողոցի ծայրամասին պատանեկան տարիներուս ակումբը կար,...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Պատմական Պատասխանատու Սերունդ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Պատմական Պատասխանատու Սերունդ

«Ուզո՞ւմ ես գուշակել մի երկրի ապագան, նայի՛ր նրա երիտասարդութեանը» ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ Երիտասարդութեան դերի վերաբերեալ Գարեգին Նժդեհի գնահատականը կարելի է համարել անքննելի ճշմարտութիւն, աւելի՛ն, սխալ չի լինի աւելացնել, որ ինչպիսին որեւէ երկրի երիտասարդութիւնն է, այնպիսին է եւ նրա ներկան: Մենք դրա վկան ենք եղել անցած 35 տարիների ընթացքում: 1988 թ. սկսուած ազգային զարթօնքը երազանքից իրականութեան վերածող առաջատար ուժը հէնց օրուայ երիտասարդութիւնն...

Լոյս Տեսաւ «Դրօշակ»-ի 2023-Ի Ութերորդ Թիւը` Նուիրուած ՀՅԴ-ի Երիտասարդական, Ուսանողական Եւ Պատանեկան Միութիւններուն

Լոյս Տեսաւ «Դրօշակ»-ի 2023-Ի Ութերորդ Թիւը` Նուիրուած ՀՅԴ-ի Երիտասարդական, Ուսանողական Եւ Պատանեկան Միութիւններուն

Լոյս տեսաւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 8-րդ թիւը, որ առանձնայատուկ է անով, որ ամբողջովին նուիրուած է ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներուն` երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններուն գործունէութեան: Կարելի է հաստատ ըսել, որ այս թիւին մէջ լուսարձակի տակ կը բերուին անոնց գլխաւոր նպատակը, հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ հայ երիտասարդութեան կատարելիքները, դաշնակցական երիտասարդութեան դերակատարութեան` անցեալին, ներկայիս ու ապագային: Այս թիւը այս նիւթին նուիրելու առիթ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Գովաբանական Խօսքեր Չենք Ուզեր

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գովաբանական Խօսքեր Չենք Ուզեր

ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՄԵՆԱԿԵԱՆ Ամէն տարի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը կ՛ոգեկոչուի Հայաստանի ու սփիւռքի զանազան երկիրներու ու քաղաքներու մէջ: Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին  մէջ վերջին երեք տարիներուն նոյնպէս կը յիշատակուի ապրիլ 24-ը: Այս տարի ոգեկոչման յայտագիրին մէջ ներառուեցաւ արեան տուչութիւնը, որ տարածուած է յատկապէս սփիւռքի մէջ: Հետեւաբար Լիմասոլի Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման յանձնախումբը կապ հաստատեց քաղաքի «Արեան տուն» կառոյցին հետ եւ անկէ խնդրեց,  որ ...

Անհամբեր Սպասուած Ամիսը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայաստան Եւ Սփիւռք

ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Այսօր հայ քաղաքական կեանքին մէջ գոյութիւն ունի այն մօտեցումը, որ` «Հայրենիքը հեռուէն կարելի չէ սիրել»: Այս խօսքերը եւ նոյնանման արտայայտութիւններ ուղղակի սփիւռքի կազմակերպութիւններուն ուղղուած քննադատական սլաքներ են, որոնք անպակաս կը մնան այսօրուան հայ քաղաքական գործիչներու բերաններէն: Այս երեւոյթը աւելի եւս զարգացած է այս քանի մը տարուան ընթացքին, որովհետեւ հայկական սփիւռքը աչքերնուն  փուշ նկատելով` անոնք իրենց քաղաքական բոլոր...

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) -Դ.-

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) -Դ.-

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Վերադառնանք Հողին: Սիամանթոյի գրչին տակ Հողը կ՛ուզէ, որ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ գոյանայ իր ցանուցիր զաւակներուն միջեւ: Կը սրտապնդէ զանոնք, կը յուսադրէ: Ան կը պահանջէ, որ բոլո՜րը, բոլո՛րը միանան պայքարի գումարտակներուն, այլապէս ամոլները պիտի այրիանան, նորածինները իրենց խանձարուրներուն մէջ իսկ պիտի խեղդուին, դիակները պիտի յօշոտուին, տաճարները պիտի քանդուին ու այգեստանները պիտի մոխրանան... Ուրեմն պէտք է աճապարել` «Նիզակները ցցած ու կուրծքերը բացած»,...

Կատաղութեան Հիւանդութեան (Rabies) Ժահրը Յայտնաբերած Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան

Կատաղութեան Հիւանդութեան (Rabies) Ժահրը Յայտնաբերած Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան

Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան ծնած է 29 յուլիս 1872-ին, Պոլիս: Երկրորդական ուսումը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, 1886-91: Պատանեկան տարիներուն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է գիտութեան հանդէպ ու երազած է դառնալ գիւտարար անուանի գիտնական: 1892-93 տարիներուն ուսանած է Ֆրանսայի Մոնփելիէ քաղաքի բժշկական համալսարանին մէջ: 1893-96 ուսանած է Փարիզի համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ եւ ստացած է բժշկական վկայական: 1896-1902 աշխատած...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Պիոս Թ.՝ «Անարատ Յղութեան» Եւ «Պապական Անսխալականութեան» Վարդապետական Դոգմաները Եւ Հայ Եկեղեցին

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ  «Բուսաւ յԱննայէ մորենին Մարիամ, յոր վառեցաւ հուրն Աստուածային. Զոր ետես Մովսէս զօրինակ Կուսին ի Սինա լցեալ լուսովն անմատոյց Փառս տացուք Տուողին մեզ զօրհնեալն ի կանայս: Գառինքն օրինականքն Յովակիմ եւ Աննա՝ ետուն մեզ զգեղմն ընդունիչ զցօղն երկնային. Յորմէ հոսեաց անձրեւն կենաց եւ բղխեաց աշխարհի աղբիւրն իմաստից. Փառս տացուք Տուողին մեզ զօրհնեալն ի կանայս»: (Շարական Ծննդեան Ս. Աստուածածնի) Սարգիս Պիծակ, 1365-ի եւ 1374-ի միջեւ,New York...

Երկիւղածութիւն Խաչեալին Եւ Յարգանք Սրբութեանց Հանդէպ

Երկիւղածութիւն Խաչեալին Եւ Յարգանք Սրբութեանց Հանդէպ

ԽՈՐԷՆ ԱՐՔ. ՏՈՂՐԱՄԱՃԵԱՆ Սեպտեմբեր ամսուան առաջին այս օրերուն դարձեալ փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ արժանի ըրաւ հասնելու այս ամսուան, եւ թող լուսաւորուին բոլոր հոգիները անոնց, որոնք առյաւէտ բաժնուեցան երկրաւոր այս կեանքէն: Սեպտեմբեր ամիսը, ինչպէս գիտենք, կը յատկանշուի կրթական դարբնոցներու վերաբացումով եւ ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկով, Խաչվերացի եւ Վարագայ Ս. Խաչի տօներով: Մինչեւ Քրիստոսի խաչելութիւնը խաչը պատժամիջոց էր` յանցագործները պատժելու...

Բանակումները Եւ Մենք

Բանակումները Եւ Մենք

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Դիմատետրի մէջ անցնող օրերուն կը տողանցէին աշխարհասփիւռ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու տարեկան բանակումներու նկարները, վիտէոներն ու ռիլերը: Ամէն ոք այդ միութիւններէն նուազագոյնը մէկուն հետ անցեալին հաւանաբար իր բաժին մասնակցութիւնն ու յիշատակները ունի, որոնք կամայ-ակամայ ազդած են իր ինքնութեան ու բնաւորութեան կազմաւորման վրայ եւ դարձած` կարեւորագոյն մէկ բաժինը իր հայկական միջավայրի հաւաքական կեանքին: ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի տարեկան բանակում` «Համաչափ աշխատանքով,...

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական.   Ոտքի` Յանուն Արցախի Հողերու Կենսագործման

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Ոտքի` Յանուն Արցախի Հողերու Կենսագործման

Շրջափակումի ահաւոր պայմաններուն մէջ, երբ ազրպէյճանական լկտիացումը հասած է իր գագաթնակէտին` պատճառելով մարդասիրական աղէտ, ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան եզրին բերած ըլլալով, Արցախի մարտնչող հայը կը պատրաստուի նշել իր անկախութեան հռչակման տարեդարձը` արեամբ ոռոգուած սուրբ հողերուն վրայ: 2 սեպտեմբեր 1991 թուականը անկիւնադարձային հանգրուան մը եղաւ հայոց նորանոր ազատագրական պայքարի հունին ընթացքին` Արցախի ժողովուրդին շնորհելով պետականութեան կազմաւորման եւ պետական սեփական իշխանութեամբ ապրելու...

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց  «Զինուորական Ծառայութեան Եւ Զինուորի  Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքի Նախագիծը

Շտապողական Ու Զգացական Քայլ Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միջազգային քրէական դատարանը 17 մարտ 2023-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձերբակալման հրաման տուաւ: 24 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանը որոշեց, որ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը կը համապատասխանէ երկրի սահմանադրութեան: 21 յուլիս 2023-ին Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահի տեղակալ Եուրի Վորոպիով յայտարարեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները պէտք է ուսումնասիրեն երկրի Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կարգավիճակին միանալու հետեւանքները եւ...

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի Նիստը․ Տեսական Հնարաւորութիւններ Եւ Առկայ Իրողութիւն

Արցախեան Հիմնախնդրի Ներկայ Հանգրուանի Շարունակական Միջազգայնացման Հրամայականը․ «Քաղաքական Ապաշրջափակում»

ԳԷՈՐԳ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մինչպատերազմեայ Ժամանակաշրջան (Մինչեւ 2020) Արցախեան հակամարտութեան սկզբնական շրջանից սկսած՝ Ազրպէյճանը հետապնդել է Արցախի ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ քաղաքական եւ տեղեկատուական մեկուսացում՝ մշտապէս փորձելով հիմնախնդիրը ներկայացնել իբրեւ Ազրպէյճանի ներքին գործ։ Մինչեւ 2020 թուականի պատերազմը ազրպէյճանական այս քաղաքականութեանը հայկական կողմից հակազդեցութիւնը ներառում էր բոլորովին այլ գործիքակազմ։ Միջազգային լսարաններում Արցախի վերաբերեալ առարկայական տեղեկատուութեան հանրահռչակմանը զուգահեռ, էական աշխատանք կատարուեց նաեւ Արցախի...

Արցախի Կողքին Է Զանազան Հանգրուաններու Գոյակռիւներ Շահած, Միաւորուած Եւ Միասնական Լիբանանահայութիւնը*

Արցախի Կողքին Է Զանազան Հանգրուաններու Գոյակռիւներ Շահած, Միաւորուած Եւ Միասնական Լիբանանահայութիւնը*

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Այս օրերուն, աշխարհի տարածքին, տարբեր երկիրներու մէջ տեղի կ՛ունենան Արցախի զօրակցութեան տարբեր հաւաքներ, ցոյցեր, դեսպանատուներու այցելութիւններ եւ յուշագրերու յանձնումներ: Հայութիւնը ամբողջ սփիւռքի տարածքին կը բախէ դռներ, կ՛արձանագրէ բողոքներ, որպէսզի մարդասիրական օժանդակութիւն հասնի արդէն 9-րդ ամիսը թեւակոխած պաշարուած, շրջափակուած Արցախին: Թող թոյլ տրուի, սակայն, արձանագրել, որ տարբեր երկիրներու մէջ ծայր առած հաւաքներուն մէջ եզակի՛ է լիբանանահայութեան նախաձեռնածը` իր բնոյթով,...

Սթափելու Ժամանակը

Սեպտեմբերի Երկուքը` Նոր Դարձակէտ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին առիթը համահայկական զօրաշարժի առիթ հանդիսացաւ: Աւելի քան երկու տասնեակ վայրերու մէջ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռքեան գաղութներ, հայերը մեծաթիւ հաւաքուեցան, բողոքեցին ու պահանջներ ներկայացուցին: Անմիջական շարժառիթը` Արցախի շրջափակումը եւ Լաչինի միջանցքի փակ մնալը, բնականաբար լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացուց, սակայն պէտք չէ մոռնալ ինը ամիսներէ ի վեր շարունակուող ակներեւ անարդարութեան քաղաքական շարժառիթը: Ազրպէյճան վճռած...

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) -Գ.-

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) -Գ.-

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Զուիցերիոյ Մէջ ` Մօտիկ Ու Հեռաւոր «Հայորդիներ»-ու Հետ Փարիզէն ետք Եարճանեանը կը տեսնենք Զուիցերիոյ մէջ, 1904-ի սկիզբները: Ֆրանսայէն Զուիցերիա այս տեղափոխութիւնը դժբախտաբար կը կատարուէր առողջական պատճառներով: Բանաստեղծին կուրծքին տակ յայտնուած էր դարուն անողոք հիւանդութիւնը` թոքախտը: Բժիշկները յանձնարարած էին իրեն մեկնիլ Զուիցերիա` Լէյզենի հանրայայտ օդասուն բուժարանը, հարկաւոր դարմանումին հետեւելու համար: Իսկ բուժարանին մասնագէտ բժիշկները պիտի ըսէին իրեն, որ առնուազն...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ժայռեր Խորտակելու Կամքով

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ինչ որ տեղի ունեցաւ 2 սեպտեմբերին, հայկական աշխարհի տարածքին, աննախընթաց չէր, սակայն ունեցաւ նոր եւ ուժգին հնչեղութիւն, դէպի պայքարի ծովափ նետեց նոր ալիքներ: Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհի տարածքին շուրջ 30 քաղաքներու մէջ հայը ոտքի կանգնեցաւ ու անգամ մը եւս յայտարարեց, որ` - Արցախը հայկական է եւ պիտի մնայ, չէ եղած ու պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ: - Արցախը...

«Ամէն Ինչ Նոր Կը Դարձնեմ…».  Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ

Աշխա՞րհը Փոխուած Է, Թէ՞ Մենք

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Աշխարհի փոխուած ըլլալուն մասին ամէն մարդ այս կամ այն չափով գաղափար ունի: Մեծն ու փոքրը, երիտասարդն ու տարեցը, մինչեւ իսկ մէկ մատ երեխան բնածին ծանօթութիւն ունին. նոյնիսկ թուայնացած աշխարհի արագութենէն ամէն մարդ տեղեակ է: Վստահաբար տեսած էք, թէ ինչպէ՛ս հազիւ ճանաչողութիւն ունեցող երեխաները իրենց ծնողներուն բջիջային հեռաձայնները գործածելու ձեւը գիտեն արդէն, եւ զայն աշխատցնելու սովորական գործընթացէն անցնելով`...

24 Ապրիլ 2023 = 108 Տարի

Մոռցուած Հրեշտակներ

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ 1948 թուականին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (UN) ստեղծումէն երեք տարի ետք, աշխարհի բառապաշարին մէջ տեղ գտաւ Genocide բառը, որ կը նշանակէր ցեղասպանութիւն: Ցեղասպանութեան հռչակագիրին (Genocide Convention) հայրը եղած է Ռաֆայէլ Լեմքին, լեհ փաստաբան մը, որ ստեղծեց ցեղասպանութիւն (Genocide) բառին գաղափարը (concept): 1915 թուականին, Լեսլի Տէյվիս` Խարբերդի ամերիկեան հիւպատոսը, որ ականատես եղած է  ջարդերուն (Խարբերդը թուրքերը Մամուրէթ ՈւլԱզիզ Mamouret oul...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ալպերովիչն Կը Բաժնէ Դրամ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Ալպերովիչն կը բաժնէ դրամ, Հարուստէն կ՛առնէ, աղքատին կու տայ, Ան մէկ-մէկ գիտէ անունները, տուները, Դժուար պարագայ ապրող հայերուն` Սենեակներու մէջ` մութ, ապականած Կամ թէ փողոցը` մայթին վրայ նստած: Մին կը տառապի ոտքին բաց վէրքէն, Միւսը ճնշումէն կամ շաքարախտէն: Քիչ մը կատակով, բայց մեծ յարգանքով Կը համրէ, կու տայ միլիոններն անոնց, Որոնք աղօթքով զինք կը վարձատրեն Եւ սփիւռքի մէջ...

Page 185 of 807 1 … 184 185 186 … 807

Արխիւներ