Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին – Բ. –
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ 3.- Աւստրիա. Հայերու թիւը` 6000-7000, որուն մեծամասնութիւնը` Վիեննայի մէջ, ուր կայ նաեւ Մխիթարեաններու վանքը` շուրջ 10 հոգեւորականներով: Աւստրիան ալ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2015-ին: 4.- Իտալիա. հայերու մօտաւոր թիւը 4000-ի շուրջ է, որուն 3000-ը` մնայուն բնակիչ, իսկ 1000-ը` ուսանող կամ ժամանակաւոր: Մեծամասնութեամբ` Միլանոյի մէջ հաստատուած: Իտալիոյ հայերու միութիւն մը պաշտօնական ճանաչում ստացած է 1955 թուին, բայց հիմա ան...



















