ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Զուիցերիոյ Մէջ ` Մօտիկ Ու Հեռաւոր
«Հայորդիներ»-ու Հետ
Փարիզէն ետք Եարճանեանը կը տեսնենք Զուիցերիոյ մէջ, 1904-ի սկիզբները:
Ֆրանսայէն Զուիցերիա այս տեղափոխութիւնը դժբախտաբար կը կատարուէր առողջական պատճառներով: Բանաստեղծին կուրծքին տակ յայտնուած էր դարուն անողոք հիւանդութիւնը` թոքախտը: Բժիշկները յանձնարարած էին իրեն մեկնիլ Զուիցերիա` Լէյզենի հանրայայտ օդասուն բուժարանը, հարկաւոր դարմանումին հետեւելու համար: Իսկ բուժարանին մասնագէտ բժիշկները պիտի ըսէին իրեն, որ առնուազն մէկուկէս տարուան շրջան մը անհրաժեշտ էր` առողջանալու ճամբուն մէջ մտնելու համար:
Անկախ բուժման հարկադրանքէն` Զուիցերիան կ՛առինքնէր զինք:
Ժընեւն ու Լոզանը հրապուրիչ էին` որպէս հայ համալսարանական ուսանողութեան կարեւոր կեդրոններ: Բայց Ժընեւ ունէր աւելի կարեւոր հանգամանք մըն ալ. հո՛ն էր Դաշնակցութեան «Դրօշակ» պաշտօնաթերթին խմբագրատունը, ուր կը մէկտեղուէին ազատախոհ հայ մտաւորականներն ու երիտասարդները. պարբերաբար հոն կ՛այցելէին արտասահմանէն ժամանած հիւր գործիչներ կամ գրողներ ալ: Կուսակցութեան հիմնադիրները եւս` Քրիստափոր, Սիմոն Զաւարեան եւ այլք, ողջ էին դեռ: Եարճանեան, որ արդէն ամբողջովին տարուած էր հայ ազատագրական դիւցազնամարտի գաղափարներով, հիմա ուղղակի շփման մէջ կը մտնէր այդ պայքարի գաղափարախօսներուն ու կազմակերպիչներուն հետ:
«Դրօշակ»-ի մէն մի թիւը ինքնին ներշնչումի նոր կայծեր կը հրահրէր իր հոգիին մէջ: Եթէ թղթատենք այս ամսագրին 1903-1905-ի թիւերը սոսկ, անմիջապէս պիտի անդրադառնանք, որ անիկա յեղափոխական ճարճատուն գրականութեան հնոց մըն էր:
Ապտիւլ Համիտի դժոխային վարչակարգին անդոհալից տարիներն էին, ու հայկական ֆետայական շարժումները ստացեր էին նոր թափ: Արեւմտահայաստանէն ու Կիլիկիայէն «Դրօշակ»-ին գաղտնօրէն յղուած անհամար նամակներ ու տեղեկագրեր կը պարզէին այն անշնչելի մթնոլորտը, որ կը տիրէր հայաբնակ նահանգներուն մէջ` մեծ քաղաքներէն մինչեւ աննշան գիւղերը: Նամակներ կը հասնէին` Սղերդէն, Մուշէն, Վանէն, Քղիէն, Տէրսիմէն, Բասէնէն, Երզնկայէն, Կարինէն, Տիվրիկէն, Մանազկերտէն, Չմշկածագէն, Ախլաթէն, Խարբերդէն, բոլորն ալ` մտահոգիչ լուրերով, ընդվզեցնող մանրամասնութիւններով եւ օգնութեան կանչերով:
Կովկասեան ճակատն ալ հանգիստ չէր: Ցարական կառավարութիւնը 1903-ի յունիսին պաշտօնական հրամանագրով կ՛որոշէր գրաւել Հայ եկեղեցւոյ անշարժ եւ շարժական գոյքերը, կալուածները… Նոյն ցարական վարչակարգին դրդումով ծայր պիտի տային հայ-թաթարական բախումները եւս (1905): Արեւելահայոց ընդդիմութիւնն ու խռովքը հասած էին իրենց գագաթնակէտին (ի դէպ, Սիամանթոյի «Կովկաս» բանաստեղծութիւնը գրուած էր այս առթիւ. «Զա՛րկ, Կովկաս, աւերակեալ ու արցունքոտ Հայաստանին աչքերը քեզի կը նային», կը գրէր ան): Անդին` բռնկած էր Սասունն ալ` երկրորդ անգամ ըլլալով (1904): Կը հասնէր ապստամբութեան ղեկավարներէն Հրայր Դժոխքի նահատակութեան լուրը… «Դրօշակ» հերթաբար կը գուժէր ծանօթ այլ ֆետայիներու մահը եւս` լուսանկարներով ու կենսագրական նոթերով:
Եարճանեան, արդէն գերզգայուն հոգի մը, այսպիսի մթնոլորտի մը ազդեցութեան տակ, տեսանողի մը պայծառութեամբ ու մարգարէական շունչով, կարծես ականատես մը եղած ըլլար դէպքերուն, իր գրիչը կը թաթխէր հեռաւոր նահատակներու արեան մէջ ու կը սկսէր թուղթին յանձնել «Հայորդիները» բանաստեղծութիւններու շարքը, «Դրօշակ»-ի էջերուն (1903), «Սիամանթօ» գրչանունով, տակաւին Փարիզ գտնուած օրերէն: Ղարիբի (Աւ. Ահարոնեան) «Ազատութեան ճանապարհին» թերթօնին ու Է. Ակնունիի Փեթերսպուրկէն ղրկած «Կովկասեան խաբրիկներ»-ուն քովն ի վեր` Սիամանթոյի մարտունակ քերթուածները գրական նոր շունչ մը կը շահեցնէին Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթին:
«Հայորդիները» շարքը ունեցաւ երեք անջատ հրատարակութիւններ: Շարքին Ա. եւ Բ. բաժինները տպուեցան Ժընեւ` 1905-ին ու 1906-ին, իսկ Գ. բաժինը` Փարիզ, 1908-ին:
«Հայորդի» բառին օգտագործումը իբրեւ խորագիր` ի յառաջագունէ նշում մըն էր արդէն պրակները լեցնող բանաստեղծութեանց ազգային բնոյթին մասին: Ներքին բաժանումներու վերնագրերը` նմանապէս. «Դարերու վրէժը», «Հողին ձայնը», «Ահաբեկիչներ», «Ատելութեան կոչ», «Որբերու ճակատագրէն», «Սովամահ», «Բանտերու խորերէն», «Կախաղաններու կատարէն», «Դաւաճաններ» եւ այլն: Ան նոյնիսկ ջատագովական առանձին քերթուածներ ձօնած էր զօր. Անդրանիկին, Աղբիւր Սերոբին եւ Խրիմեան Հայրիկին` անոնց «դիւցազնի արփաթեւ անունէն եղէգի մը պէս դողդոջելով»:
«Դիւցազնօրէն»-ի էջերէն մեզի ծանօթ նո՛յն բանաստեղծն էր հոս, հայ ժողովուրդի նուիրական իղձերուն հետ միաձուլուած քերթողը` իր իւրայատուկ եւ արտասովոր ոճով, իր կրակէ պատգամներով, իր հոգեցունց նկարագրութիւններով, իրեն սիրելի բառապաշարով, ցեղին հանդէպ իր ցուցաբերած նուիրումով, խիզախ եւ ըմբոստ հայորդիներու հանդէպ տածած իր պաշտամունքով եւ ստրկամիտներու ջոլիրին նկատմամբ իր սնուցած նողկանքով… Նո՛յն Սիամանթոն, այո՛, քիչ մը աւելի կատարելագործուած ոճով, նախորդ հատորին որոշ մթութիւնները վանող ձգտումով, աւելի պայծառ ու յստակատես գաղափարներով, մա՛նաւանդ` ՅՈՅՍԻՆ կառչած մնալու իր անխախտ կեցուածքով ու ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ողջունելու իր հաւատքով: «Դիւցազնօրէն»-ի մթնոլորտն ու հոգեվիճակը կը շարունակուէին հո՛ս եւս:
«Հայորդի»-ի կերպարին մէջ Սիամանթօ խտացուցած էր իր ցեղային առաքինութիւններուն գիտակից առասպելական հայ դիւցազուն մը, փորձառու եւ ալեհեր, որ եկած էր լուծելու վրէժը իր ժողովուրդին դարաւոր ստրկութեան: Ան կանգնած էր «յոյսերու երկաթէ սանդուխի կատարին» եւ «անկշռելի բարկութեամբ» ականատեսն էր բռնակալութեան լուծին տակ հեծող իր ժողովուրդին մեղկ, համակերպող վիճակին: Հիմա ան ոտքի պիտի հանէր ըմբոստ մարտիկները, պիտի հնչեցնէր կռուի եւ դիմադրութեան շեփորները, պիտի թամբէր իր «արիւնախում նժոյգը», պիտի ժողվէր իր համակիրները իր թեւերուն տակ ու զարդարելէ ետք իր գլուխը «առաւօտեան աստղերու բոյլով մը լուսածոր»` պիտի ձեռնարկէր իր վեհ Գործին` ազատագրական պայքարին…
Վարագոյրը կը բացուէր ա՛յսպէս, ու դիւցազներգական հատուածները կը յաջորդէին իրարու` արտակարգօրէն շքեղ պատկերներով ու գեղաքանդակ հիասքանչ ոճով մը:
Եկէք` բանա՛նք գիրքը ու կարդանք… բարձրաձայն, քանզի Սիամանթոյի տողերուն մունջ ընթերցումը շատ բան կը կորսնցնէ իր հրապոյրէն: Հարկ է, որ մեր ականջները զնգա՛ն բառերուն յառաջացուցած մրրիկէն…
Ուրեմն հայրենի ՀՈՂՆ Է (այլ խօսքով` հայոց պատմութեան Մեծ Վկան), որ ընդերքէն ու դարերու խորքէն ձայն կու տայ թափօրին.
Ո՜վ քաղաքներէս եւ երկինքէս հալածուած թափառական զաւկըներ,
Մտի՛կ ըրէք, այս իրիկուն, ձեր հինաւուրց եւ արգաւանդ եւ այրի հողին`
Ատելութիւնով, հեծկլտանքով եւ հոգեվարքով յղի,
… Եւ եթէ կ՛ուզէք որ ձեր վաղնջական ազգը դեռ տեւէ,
… Եթէ կ՛ուզէք որ ազատութեան հերոսները իմ կողերէս նորէն ծնին,
Եթէ կ՛ուզէք որ արհաւրալից գետերս դիակներով բեռցուած չթաւալին,
… Եթէ կ՛ուզէք որ բարեբեր դաշտերս նորէն իրենց ցորեանները ծովացնեն…
… Եթէ կ՛ուզէք որ հովիտներս այլեւս մահուան շունչին տակ չհեծկլտան…
Եթէ կ՛ուզէք որ սերունդներս բարգաւաճին եւ իմ այրիի դէմքս գէթ առաւօտ մը ժպտի…
Եթէ կ՛ուզէք որ խաղաղութիւնը ձեր երդիքներուն տակ արձանանայ,
… Եթէ կ՛ուզէք որ ձեր Վրէժը լուծուի եւ ձեր Ատելութիւնը յափրանայ…
Եթէ կ՛ուզէք որ Արդարութիւնը տիրապետէ եւ իր ոստանը կառուցուի,
Եթէ կ՛ուզէք որ Հայկաշէնն ու Արմաւիրը, Տիգրանակերտն եւ Արտաշատը վերականգնին,
… Ինծի՛ հասէք այն ատեն, մոլեգնաբար եւ գունդ առ գունդ
Բազուկներնիդ ըմբոստացումի երկաթեղէն հովերուն
Եւ ճակատներնիդ բոլոր բաղխումներուն կարկառած. («Հողին ձայնը»)
Շատ հետաքրքրական է վերի տողերուն մէջ` «ձեր ատելութիւնը յափրանայ» գաղափարը: «Յափրանալ» կը նշանակէ յագենալ` զզուելով, ձանձրանալով: «Ատելութիւն» բառը, որ ժխտական իմաստ ունի եւ յանձնարարելի չէ մարդկայնօրէն, այստեղ, բանաստեղծին գրչին տակ, միանալով «յափրանալ» բային` կիսովին կը ստանայ դրական իմաստ… Եւ Սիամանթօ կը սիրէ այս բառը: Ան մինչեւ իսկ, նո՛յն «Հայորդիներ»-ու շարքին մէջ, ունի «Ատելութեան կոչ» խորագրով գլուխ մը, ուր շատ ցնցիչ ցանկութիւններ կը ձեւակերպէ` ակն ընդ ականի տրամաբանութեամբ.
Ալ կը բաւէ որչափ որ անոնց պատրաստ դաշոյնները եկան
մեր բերաններուն մէջ մխրճելու…
Ամէն ստրկութեան, ամէն ծնրադրումի եւ ամէն աղաչանքի
մինչեւ մրուրն այլեւս քամեցինք…
Օ՜, ալ կը բաւէ սեւաթռիչ ագռաւներուն երկաթէ կռինչը մեր ցաւոտ երդիքներուն վրայ,
Օ՜, ալ բաւ է, թո՛ղ ժանիքաւոր անգղերը քիչ մըն ալ ուրիշ կուրծքեր կտցահարեն…
Թող քիչ մըն ալ թշնամիին արիւնը գայ մեր այգին ոռոգել եւ մեր սրունքները թրջել…
Թող քիչ մըն ալ մեր առջեւ թշնամիին կմախքները դիզուին,
ինչպէս արմատախիլ անտառներ…
Ես այստեղ, սա «թունալից» տողերուն դիմաց, անմիջապէս կը մտաբերեմ մեր հանդարտաբարոյ բանաստեղծը` Թէքէեանը, որ ունի «Սուրբ բարկութիւն» խորագրով բանաստեղծութիւն մը, գրուած` 1903-ին, այսինքն` Սիամանթոյի «Ատելութեան կոչ»-ին հետ գրեթէ նոյն շրջանին: Հոն, Թէքէեա՛նն ալ, պահ մը դուրս գալով իր ընկալեալ մեղմ բնաւորութենէն, «սուրբ» կը կոչէ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ եւ այլաբանական պատկերներով կը պահանջէ, որ գառնուկները գա՛յլ դառնան, տատրակները` օձ, շուշանները վերածուին ժանտափուշի, մանուշակներն ալ` մոլեխինդի… Յար եւ նման` Սիամանթոյին, որ իր խօսքն ուղղելով հայ հոգեւորականին` կ՛ըսէր.
Եւ դուն` միսթիք վեղարաւոր, քու քառաթեւ խաչիդ երկու թեւերը փշրելէն` զինուէ՛ անով,
Թշնամիիդ եւ խոնարհութիւն հրամայող Աստծուդ առջեւը ծառանալու համար…
(«Ատելութեան կոչ»)
Հալէպ
(Շար. 3)
———————-