ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աշխարհի փոխուած ըլլալուն մասին ամէն մարդ այս կամ այն չափով գաղափար ունի: Մեծն ու փոքրը, երիտասարդն ու տարեցը, մինչեւ իսկ մէկ մատ երեխան բնածին ծանօթութիւն ունին. նոյնիսկ թուայնացած աշխարհի արագութենէն ամէն մարդ տեղեակ է:
Վստահաբար տեսած էք, թէ ինչպէ՛ս հազիւ ճանաչողութիւն ունեցող երեխաները իրենց ծնողներուն բջիջային հեռաձայնները գործածելու ձեւը գիտեն արդէն, եւ զայն աշխատցնելու սովորական գործընթացէն անցնելով` ծրագիրները փոփոխութեան ենթարկելու փորձեր ալ կը կատարեն: Անոնք նոյնիսկ կը ծիծաղին երբեմն իրենց ծնողներուն կամ մեծ ծնողներուն վրայ, երբ վերջինները, նուազագոյն ծանօթութեամբ, չեն կրնար ամէնէն պարզ ծրագիրը բանալ:
Կայ նաեւ միւս տարբերակը, երբ իր հարիւրամեակին հասած մարդը մեծ ախորժակով կը հետաքրքրուի թուայնացած աշխարհի նորագոյն ծրագիրներով, ամէնօրեայ մամուլը կը կարդայ համացանցի կայքէջերէն, եւ այսպէս, շարունակաբար, ինքնաթարմացման կը դիմէ` մրցելով երիտասարդ սերունդին հետ:
Աշխարհի այս արագասոյր ընթացքը նաեւ պատճառ կը հանդիսանայ, որ մարդ իր բարեկամներն ու թշնամիները լաւապէս ճանչնայ: Համացանցի ընդհանրացումէն մինչեւ այսօր որքա՜ն մարդիկ գործընկերներ գտեր են, որքա՜ն ուրիշներ զիրար դարձեալ յայտնաբերեր են, երբ տարիներէ ի վեր լուր չունէին իրարմէ, կամ չէին գիտեր միւսին աշխարհի ո՛ր մասին մէջ գտնուիլը: Ասոնց շարքին` մանկութեան ընկերներ, դասընկերներ, համալսարանի նոյն ճիւղի ուսանողներ եւ այլն:
Կայ նաեւ դրամին միւս երեսը սակայն, երբ նոյն այս համացանցը պատճառ կը հանդիսանայ նոյնիսկ ամէնէն մտերիմ յարաբերութիւններու խզման… Ամուսիններուն միջեւ հաստատուած սիրոյ ամուր կապը յանկարծ կը թուլնայ, կը քակտի համացանցի ճամբով յայտնուած անծանօթ անձի մը միջոցով, որ մէկ օրէն միւսը կը դառնայ ամուսինէն կամ կնոջմէն աւելի հարազատ մտերիմ` քանդելով յաւերժական սիրոյ համար կառուցուած ադամանդեայ դղեակները…
Կասկած չկայ, որ աշխարհը փոխուած է: Կենցաղի յառաջդիմութիւնը, ապրելակերպի ոճով, կեանքի հանգստաւէտութեամբ եւ ուսման բաժանմունքներու բազմացումով` այդ փոփոխութեան բացայայտ նշաններն են: Ուզենք կամ չուզենք, մենք ո՛չ միայն վերոյիշեալ փոփոխութեան մասնակից ենք, այլեւ փոփոխութիւնը իրագործողներն ենք: Մարդը չէ՞, որ այսքան զարգացում բերաւ աշխարհին: Աստուծոյ տուած բանականութեան շնորհքը ան զարգացուց իր մէջ, աճեցուց տրուած իմաստութիւնը եւ մինչեւ անջրպետ ուղղեց իր քայլերը:
Իսկ մա՞րդը…
Մարդը փոխուա՞ծ է:
Այս հարցումին այնքան պատասխան կայ, որքան թիւով որ մարդ կայ այս աշխարհի վրայ: Իւրաքանչիւր անձ իր փոխուած ըլլալուն մասին սեփական եւ հարազատ կարծիքն ու պատասխանը ունի: Բայց անկեղծութի՞ւն… Ունի՞նք բաւարար անկեղծութիւն` ճշմարտութիւնը ըսելու: Այս հարցումին պատասխանն ալ իւրաքանչիւր անձին յատուկ է: Այսինքն կան մարդիկ, որոնք ճշմարտութիւնը խօսելու համարձակութիւն ունին, իսկ ուրիշներ քաղաքավարութեան եւ այլ ընկերային հարցերու զոհ ըլլալով` իրենց շրջապատէն պիտի պահեն ճշմարտութիւնը: Ուրեմն բացարձակ անկեղծութիւն չկայ այս կեանքին մէջ: «Որքան մարդ` այնքան բնաւորութիւն» պիտի ըսէր ծերունի իմաստուն բարեկամս, եթէ այսօր ողջ ըլլար: Յիշատակը անթառամ. ան շատ լաւ հասկցած էր մարդուն էութիւնը:
«Մարդը բնութեան կենդանին է»: Համաձայն ենք իմաստասիրական մտածողութեան: Հին քարէ դարու մարդը յանկարծ կրնայ յայտնուիլ 21-րդ դարու մարդուն մէջ: Մեր այս խօսքին ինքնախօս փաստերէն մէկն է պատերազմական դրութիւնը, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կրնայ յանկարծ ծայր առնել: Ո՛չ ոք կրնայ ապահովեցնել ուրիշները, իր երկրի կամ ժողովուրդի քաղաքակրթուած ըլլալուն մասին, որքան ալ օրինակներ բերէ, կամ հաստատումներ կատարէ ան: Ամէնէն ազնիւ կերակրատեսակները ունեցող եւ քոքեթ կենցաղաոճ որդեգրած ազգերը, որոնց նոր սերունդները պատերազմի պատմութեան մասին անգամ տեղեկութիւն չունին, յանկարծ կրնան զէնք վերցնել, մարտի դաշտ իջնել եւ պայքարիլ թշնամիին դէմ: Այն մայթերը, որոնց վրայ շքեղ սրճարաններու սեղանները շարուած էին, եւ այնտեղ զոյգերով զրոյց տալը երազային կեանք էր ուրիշներու համար, յանկարծ կը վերածուին սպանդանոցի եւ արիւնահեղութեամբ կը լուացուին ամէն օր…
Մարդը իր բնութիւնը չի՛ փոխեր: Մարդը ամէնէն գիշատիչ գազանն է այս տիեզերքի` հակառակ իր կատարած բոլոր տեսակի խոստովանութիւններուն: Մեղքի հասկացողութիւնը, որ կրկնողութեան չափանիշը գլած-անցած է արդէն, մեծագոյն փաստն է, որ մարդը գիտակից մեղանչող մըն է: Խոստովանութիւններով զղջումի հասած անձեր դարձեալ չե՞ն մեղանչած: Ճիշդ այս պատճառով քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը մեղաւոր մարդուն կը թելադրէ մնայուն ապաշխարութեան ընթացքի մէջ ըլլալ: Այնքան ատեն որ մարդ այս կեանքի մէջ կը գտնուի, չի՛ կրնար բոլորովին հեռու մնալ մեղանչումէ:
Եկեղեցւոյ կողմէ եւ ժողովուրդին վկայութեամբ, սուրբ հռչակուած անձեր իրենք իրենց գրաւոր խոստովանութիւններուն մէջ ինքնադատապարտում կը կատարեն եւ մեղքերու տիղմին մէջ մնացած մարդէ մը աւելի ներում կը հայցեն Արարիչէն: Ինքնագիտակցութիւնն է, որ սուրբերը մղած է նման քայլի: Անոնք միշտ իրենք իրենց անձը բաղդատած են Աստուծոյ էութեան հետ եւ անոր լոյս մաքրութեան նմանելու ճիգին մէջ` իրենց հոգւոյն պատերուն մրոտած ըլլալէն ամչցած:
Ինքնագիտակցութիւնը միջոց մըն է պարզապէս` զսպելու այն, ինչը բնութենէն կը պարտադրուի մարդուն: Անձնասիրութիւնը, իր բոլոր տեսակներով, առաջին քայլն է մարդկային բնութիւնը իրագործելու: Ինքնասիրութեան զսպումէն կախեալ է այն նուազագոյն փոփոխութիւնը, որ մարդ կրնայ բերել իր կեանքին մէջ` խնայելու ուրիշները: Գիշատիչ գազանը եւ միւս բոլոր կենդանիները իրենց անսուաղութիւնը յագեցնելու եւ իրենց կեանքը ապահովելու համար բնազդային մօտեցումով կը շարժին, ուր խղճահարութեան հասկացողութիւն չկայ: Գազանը, թռչնազգին, սողունը կամ ծովային կենդանին իր եւ ձագերուն ստամոքսը յագեցնելու բնազդով դէմը ելած ամէն յարմար կենդանի ուտեստեղէն կը համարէ անով պահպանելու համար իր եւ ձագերուն գոյութիւնը:
Մարդուն տրուած բանականութիւնը, սակայն, գոյապահպանման տարբեր միջոցներ ցոյց կու տայ անոր, որպէսզի ան կարենայ ստեղծել կամ հայթայթել այն, ինչը իր կենդանութեան պահպանումին պիտի ծառայէ: Ուրեմն` առանց ուրիշին վնասելու` կրնա՛յ ապրիլ մարդը, եթէ ուզէ: Վերջին երկու այս բառերը աւելի ծանր են, քան` աշխարհի ամէնէն ծանր ժայռը, որ կրնայ իյնալ մարդու մը գլխուն…
Եթէ ուզէ…
Բայց մարդը փոխուա՞ծ է, որ ուզէ… Ո՛չ, մարդը դեռ չէ՛ փոխուած եւ փոխուելու նպատակ ալ չունի` ըստ երեւոյթին…