Անդրադարձ

Հերմինէ Աւագեան. Իմ Ու Քո Պատերազմը

Ամենաերկար Ընթրիքը

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ Տղամարդը հաւաքեց չոր փայտերը, դրեց իրար վրայ ու վառեց կրակը: Երկինքը կլանում էր կայծերը ու յետ չէր տալիս, երկինքը սովոր է ամէն ինչ առնել-տանել: Ուզեց լաց լինել, բայց զգաց, որ աչքերը չոր են, նորից փորձեց, էլի չստացուեց, զայրացաւ ինքն իր վրայ, որ չի կարողանում մարդավարի լաց լինել: Սիրտը լցուած էր, բայց ներսի բոլոր դռները փակ էին, արցունքը մնացել...

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէն «Ոստայն 18 – Աշնանային» Հատորը

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէն «Ոստայն 18 – Աշնանային» Հատորը

Առցանց լոյս տեսաւ «Ոստայն 18 - աշնանային» հատորը, որ կը կրէ նաեւ ենթատիտղոս մը` «Դէմքեր, յիշատակներ»: Արդարեւ, ան նուիրուած է անձերու, որոնք «այս կամ այն ձեւով հետք մը ձգած են» հեղինակին վրայ ու բաժնուած այս աշխարհէն` իրմէ ալ «մաս մը տանելով իրենց հետ»: Գիրքը կը բովանդակէ 72 յօդուածներ, որոնք «սրտի խօսքեր են, դամբանական, դրուատանք, վերյիշումներ. քիչ պարագաներու կը վերաբերին անձի...

Սիլվա Կապուտիկեան (ԻԱ.).  Յանձնառու Քաղաքացին

Սիլվա Կապուտիկեան (ԻԱ.). Յանձնառու Քաղաքացին

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Երեւան, Մաշտոցի պողոտայ, 1973, աշուն Նոր հրատարակուած էր եղբօրս` Պետիկ Հերկելեանին առաջին գրքոյկը` «Պատուհանէն դուրս»-ը, որմէ տրցակ մը տարած էի հետս Երեւան` բաժնելու համար ազգականներու, ընկերներու եւ որոշ գրողներու: Որովհետեւ Պետիկը նամակ մըն ալ գրած էր Յովհաննէս Շիրազին, որոշեցի առաջինը այցելել անոր, որուն միաժամանակ ցանկութիւն ունէի ծանօթանալու: Այն ատեն Շիրազը կ՛ապրէր Լենինի (այժմ` Մաշտոցի) անուան պողոտային վրայ: Բարձրացայ...

Դժուա՞ր Բան Է Հայ Ըլլալը (Թարթափումներ)

Պրիսմակէս. Ներսի Շուկան

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Արեւելքի գրեթէ բոլոր հին քաղաքները այս շուկաներէն ունին, Համիտիէ` Դամասկոսի մէջ, Խան Խալիլ` Գահիրէի մէջ, իսկ Հալէպի մէջ`  Ներսի շուկայ, բերդին անմիջական հարեւանութեամբ: Ներսի շուկայ, Մութ շուկայ, Գոց շուկայ ... Պաշտօնական անունը սակայն` Քաղաքի շուկայ (Սու՛ ըլ մըտինէ), հին քաղաքի շուկան: Ինծի համար` մի՛շտ Ներսի շուկայ: Բազմաթիւ մուտքերէն ինծի ծանօթ են` կիներու շուկային մուտքը, համեմներու շուկային մուտքը, քաղցրեղէնի...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Արձակուրդս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ի՞նչ է արձակուրդը. յաճախ հարց տուած են ինծի շուրջիններս` անմեղօրէն: Արդեօ՞ք առօրեայէն փախուստ մըն է, թէ՞ իսկապէս կազդուրուելու եւ վերանորոգուելու փորձ մը: Անձնապէս համոզուած եմ, որ արձակուրդ ըսուածը մարդուս համար բնական պահանջ մը ըլլալով հանդերձ, ան նաեւ գեղեցիկ ու թարմ ակնկալութիւն մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ սահմանուած օրերու ընթացքին կեանքը տարբեր ձեւով ու ոճով ապրելու գաղտնիքն...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նոր Ձիւնագնդակը Պէտք Չէ Հալի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը, որ երկար սպասումէ ետք լոյս աշխարհ եկաւ օգոստոսի վերջին օրը (44-օրեայ պատերազմի պայթումի, 3 տարելիցէն մօտաւորապէս ամիս մը առաջ), հայութեան քաղաքական բեմի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկն է պատերազմէն ասդին եւ բնականաբար դուռը լայն բացաւ մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու առջեւ, պատասխան տուաւ շարք մը հարցումներու, սակայն անպատասխան կը մնան մեծ ու փոքր բազմաթիւ հարցումներ: Այլ խօսքով,...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Ամուլ Հառաչանքը` «Խորապէս Մտահոգ» Արեւմուտքին Եւ «Մեծապէս Ցաւող» Արեւելքին, Եւ Լացակումաց Հայութեան Պատկերը (2 Սեպտեմբեր 1991)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կար ժամանակ, երբ Արցախի Հանրապետութեան նուիրուած անկախութեան տօնը մեծ շուքով եւ ոգեւորութեամբ կը կատարուէր: Իրերայաջորդ սերունդներ, վերջին երեսուն տարուան ընթացքին, պահ մը մոռացութեան տալով իրենց կեանքին ու կարգ ու սարքին առնչուող մտահոգութիւնն ու դժուարին պայմանները` խանդավառ եւ ինքնավստահութեամբ լեցուած, կը տողանցէին Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ` իրենց հայեացքն ու յոյսը յառած Արարատին: Իրօք, արդար ու գօտեպնդիչ էին այդ օրերու բոլոր...

Արցախը Պայքարում Է, Արցախը Յառնելու Է

Արցախը Պայքարում Է, Արցախը Յառնելու Է

ՅԱՍՄԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ... Արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանը վաւերագրել է պատերազմի ողջ ընթացքը: «Պատերազմի աչքերը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի շնորհիւ նա ամէնուր` Հայաստանում եւ սփիւռքում, ներկայացրել է, թէ ինչպէ՛ս է մաքառել հայ զինուորը` մեզ թշնամի ունենալով ոչ միայն երկու ցեղասպան, հայատեաց պետութիւններին, այլեւ` նրանց դաշնակից հակահայ երկրներին ու տարածաշրջան բերուած ահաբեկիչներին: Այդ լուսանկարներն արդէն պատմական վաւերագրեր են... Պատմութեան վաւերագիր են նաեւ հէնց...

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի  (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Բ. –

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Բ. –

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Չօպանեանի Գուրգուրանքն Ու «Դիւցազնօրէն»-ի Երեւումը Արշակ Չօպանեան Արշակ Չօպանեանն ալ մէկն էր այն մտաւորականներէն, որոնք ստիպողաբար թողուցին Պոլիսը ու Փարիզ հաստատուեցան: Հոս` Սենի ափին, երէց ու գուրգուրոտ եղբայրը պիտի դառնար ան Եւրոպա ապաստանած հայ ուսանողներուն: Առաւել եւս` ան մենտոր մը պիտի ըլլար գրական խմոր ունեցող սկսնակ ու խոստմնալից երիտասարդներուն համար: Իր սեփական հրատարակութիւնն եղող «Անահիտ» հանդէսը` ազգային-գրական-մշակութային բովանդակութեամբ,...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Հայկ Խաչատուր Բոնապարտեան (Պոնափարթեան)

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Հայկ Խաչատուր Բոնապարտեան (Պոնափարթեան)

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան ծնած է 18  հոկտեմբեր 1880-ին, Մալաթիա: Հօր անունը` Խաչատուր: 1895-ին  ծննդավայրին մէջ մասնակցած է թուրք խուժանի մը դէմ բախումի մը եւ յաղթական դուրս եկած է: Բժշկակակ վկայական ստացած է 1908-ին: 1914-15 ծառայած է օսմանեան բանակին` իբրեւ բժիշկ: 1914-ի կիսուն, ռուս-թրքական ճակատին վրայ ծառայութեան օրերուն, ընկերներու հետ ձիերով փախուստ տուած է թրքական բանակէն, անցած...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մինակ Չէ՛ք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Լիբանանահայութիւնը ուրբաթ, 1 սեպտեմբեր 2023-ին պիտի գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Արցախի իր քոյր-եղբայրներուն կողքին է` ընդառաջելով հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած ստորագրահաւաքին, համախմբումին եւ մոմավառութեան: Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կայանալիք այս նախաձեռնութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` անգամ մը եւս հաստատելու լիբանանահայութեան կամքը, կորովը եւ...

Եռամիասնութեան Մասին

Եռամիասնութեան Մասին

Ա. Ա. Համազգային ընդհանուր շահերու ապահովման եւ երաշխաւորման հոլովոյթին մէջ դերերը բաշխուած պէտք է ըլլան, որպէսզի իւրաքանչիւր բաղկացուցիչ տարր կարենայ իր ներուժը ի սպաս դնել հայ ժողովուրդի համազգային շահերուն եւ տեսլականներուն գործադրութեան նպատակով թափուող ճիգերուն: Առանց դերերու ճիշդ բաշխման` Հայաստան - Արցախ - սփիւռք եռամիասնութիւնը ոչ միայն ամուլ կը մնայ, այլեւ վնասակար գործօնի մը կը վերածուի, որովհետեւ իւրաքանչիւր մաս կը...

Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ

Փաշինեան Կ՛անարգէ Ամէն Բան, Որ Սրբութիւն Է Հայ Ժողովուրդին Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Չկայ օր մը, որ անցնի առանց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոպիտ մէկ նոր սխալին: Ահա՛ թէ ինչ կ՛ըլլայ, երբ դեղին մամուլի լրագրողը կը յայտնուի իշխանութեան ղեկին: Հայերուն մեծ մասը, կուրցած նախկին ղեկավարներու հանդէպ ունեցած բացարձակ հակակրանքէն, սկիզբը զայն գրկաբաց ընդունեց: Բարեբախտաբար Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը կտրուկ անկում ապրած է` հինգ տարի առաջուան 80 տոկոսէն անցեալ ամիս նուազելով...

Սթափելու Ժամանակը

Սփիւռքը Ինչո՞ւ Լուռ Էր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ժամանակին հպարտութեամբ կ՛ըսէին, որ եթէ Ազրպէյճանը նաֆթ ունի, մենք ալ սփիւռք ունինք: Հիմա կ՛ըսեն. ո՞ւր է սփիւռքը, ինչո՞ւ չի շարժիր: Ժամանակին սփիւռքը կը շարժէր, որովհետեւ Հայաստանը կը շարժէր. այժմ Հայաստանը լռած է, սփիւռքը հեռուէն պէտք է իր փոխարէն խօսի, պահանջէ բան մը, որուն Հայաստան կը ձեւացնէ, որ չի հաւատար: Սփիւռքի կազմակերպուած կառոյցները մատնուած են անել կացութեան: Հայաստանի նոր...

Մեծ Ուրախութեան Աւետիսը  (Ս. Ծնունդ)

Թիւ Չենք, Մարդ Ենք

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ամէնօրեայ մեր ներկայ կեանքին մէջ թիւերը իրենց կարեւոր դերը ունին: Թիւերը մեր ամէնօրեայ բառարանին անբաժան մէկ մասը կը կազմեն: Օրինակ, երբ մէկը կը փորձէ մեզ խաբել, մեզի սպառնալ, մեզ շահագործել, սովոր ենք ըսելու. «Թիւդ ունիմ, կրնամ ոստիկանութեան լուր տալ»: Երբ մէկը մեր գնահատանքին եւ համակրանքին առարկայ է, անոր կ՛ըսենք,  «Դուն ինծի համար թիւ մէկ բարեկամ...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Մտորում` Հայրենատիրութեան Ուղիով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ մտահոգութեան եւ մղձաւանջի առարկան են գիտակից հայ մարդուն, ուր որ ալ գտնուի ան, եթէ չէ այլասերած, որ «Յաղթելու ենք»-ի ձրիաբար բաշխուած երազէն ետք, «Միացում» լսելէ եւ անոր հաւատալէ ետք ան այսօր ինքզինք կը գտնէ անլուսամուտ պատի առջեւ, եթէ «ուտուշ-խմուշ»-ի երջանիկ տուրիստ  կամ «ազգի գործերով զբաղող «էսթեպլիշմընթ»-ներու մեծ կամ պզտիկ ինքնագոհ խաղցող չէ: Խորհրդային Միութեան...

Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայ Կաթողիկէ Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի 5-Ամեակին Նուիրուած Պարբերական

Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայ Կաթողիկէ Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի 5-Ամեակին Նուիրուած Պարբերական

Այսօր համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ խարխափող մարդը ընդհանրապէս եւ հայը` մասնաւորաբար, տարուած ճարտարարուեստի ընձեռած «բարիքներէն», կը հեռանայ իր արմատներէն եւ կը դատարկուի իր էութենէն` որդեգրելով օտարներու անյարիր բարքերն ու սովորութիւնները, կենցաղն ու ապրելակերպը, որով անբարոյ վարքերը կը գերակշռեն մարդու ապրելակերպին ու  մտածելաոճին մէջ, ուստի եւ կը չքանան ազգային աւանդութիւններն ու հայկական նկարագրային խառնուածքը, մանաւանդ` երիտասարդ տարրի մօտ: Առ այդ, այսօր, աւելի...

Յ. Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – Գ.  «Անհրաժեշտութիւնն Է, Որ Զիս Մղած Է Ուսումնասիրութիւններ Կատարելու Եւ Զանոնք Հրատարակելու», Կ՛ըսէ Յակոբ Չոլաքեան

Յ. Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – Գ. «Անհրաժեշտութիւնն Է, Որ Զիս Մղած Է Ուսումնասիրութիւններ Կատարելու Եւ Զանոնք Հրատարակելու», Կ՛ըսէ Յակոբ Չոլաքեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մերօրեայ ժամանակաշրջանին առցանց դպրոցները տիրական ներկայութիւն դարձած են, անոնք նաեւ կան հայկական իրականութեան մէջ, ի՞նչ կը մտածէք անոնց մասին:      ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այսօր, աւանդական դպրոցին կողքին, կան ուսուցման արդիական միջոցներ: Առցանց ուսուցումը, առցանց համալսարանները շատ մեծ տեղ կը գրաւեն ընդհանրապէս աշխարհի մէջ, նաեւ սկսած են մուտք գործել հայ կեանքին մէջ: Ես, օրինակ, Երեւանի մէջ կը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Անկախութեան Հռչակագիրի Աղաւաղում

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անկախութեան Հռչակագիրի Աղաւաղում

Յատկապէս տարեդարձները, եթէ քաղաքական երես մը ունին, հետզհետէ սկսած են ահ ու սարսափի մատնել հայորդին: Նմանօրինակ սենարիօ մըն ալ պատահեցաւ վերջին քանի մը օրերուն, երբ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 33-ամեակը նշելու համար խօսք առաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Եթէ անոր յայտարարութիւններն ու խօսքերը հաւաքենք եւ ներկայացնենք, հաւանաբար կը մատնուինք, երկմտանքէ աւելի, գլխապտոյտի: Զիրար հակասող հաստատումներ, բացատրութիւններ, լուսաբանութիւններ եւ վերլուծումներ, որոնց...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Ա. –

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Է՜ր երբեմն, տասնամեակներ առաջ, Հայոց ցեղասպանութեան ապրիլեան ոգեկոչումի օրերուն անպայման կը յիշատակուէր Սիամանթոն` որպէս մէկը մեր նահատակ մեծ մտաւորականներէն, Դանիէլ Վարուժանի, Ռուբէն Սեւակի, Ռուբէն Զարդարեանի, Գրիգոր Զոհրապի, Երուխանի, Թլկատինցիի, Հրանդի եւ անոնց տարաբախտ սերնդակիցներուն շարքին: Տեղ մը, բեմէն կամ մամուլի էջերէն, անպայման կը լսէինք այս անունը կամ կը հանդիպէինք անոր դասական մէկ լուսանկարին, զոր շա՛տ լաւ կը ճանչնայինք:...

Page 186 of 807 1 … 185 186 187 … 807

Արխիւներ