Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ուշացած, Բայց Թանկագին Ներողութեան Խնդրանքի Մը Դէմ Յանդիման (Ականատեսի Վկայութիւն)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Անակնկալներով պսպղուն դրական դիպաշարեր չեն պակսիր մեր կեանքին մէջ` անոնք ըլլան անհատական թէ հաւաքական: Աւելի՛ն. ինչ կը վերաբերի գաղութին ու զայն բաղկացնող հասարակութեան` անշուշտ, տարբեր միութիւններ, կառոյցներ, կուսակցութիւններ եւ յարանուանութիւններ ընդգրկող, անոնք միշտ ալ ուզած են իրենց համահայկական ապրումներու ծարաւը յագեցնել միասնականութեան դրօշին ներքեւ, այլապէս իրենց առօրեան իմաստաւորելու եւ ազգային շունչն ու ոգին վառ պահելու նորահաս սերունդի սրտին...



















