Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչեալին Հետքերով Յարութեան Յոյսով

Մարտ 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ արարողակարգին մէջ ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ Աւագ շաբաթը, որովհետեւ այս շաբթուան ընթացքին առաւել յստակութեամբ մեր դիմաց կը պարզուի արարչագործութեան խորհուրդը, եւ կ՛ամրապնդուի երկրաւոր կեանքի եօթը ժամանակաշրջաններու ճանաչողութիւնը.  այլ խօսքով, անգամ մը եւս առիթ կ՛ունենանք` խորաթափանց մօտեցումով քննելու  արարչութենէն մինչեւ Տիրոջ երկրորդ գալուստին, Քրիստոսի չարչարանքներու, խաչելութեան եւ յարութեան յիշատակումին եւ աշխարհի վախճանի հասկացողութիւնները :

Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օրը ունի իրեն յատուկ հոգեւոր ու բարոյական պատգամ մը: Արդ, առանձնացնելով Աւագ հինգշաբթիի «Կարգ չարչարանաց» անզուգական խորհուրդը, սոյն մտածումները կը ներկայացնեմ  նախ իբրեւ երախտագիտական խօսքեր` հասցէագրուած մեր Փրկիչին, ապա իբրեւ թախանձագին աղօթք` ուղղուած Անոր գթառատ սրտին:

Աստուածորդին առանձին էր. Ան լքուած էր նոյնիսկ իր ամէնէն մտերիմներէն` իր աշակերտներէն: Լքուած էր այն մարդոց կողմէ, որոնք տակաւին քանի մը օրեր առաջ ովսաննաներով, ձիթենիի ճիւղերով, ծափողջոյններով եւ ուրախութեամբ դիմաւորած էին Զայն: Անտեսուած էր այն մարդոց կողմէ, որոնք տակաւին քանի մը ժամեր առաջ սեղանակից դարձած էին Իրեն` աղ ու հաց կիսելով իրարու հետ:

Աստուածորդին Բեթղեհէմի իր հրաշալի ծննդեան վայրկեանէն մինչեւ Գողգոթա քալած էր մարդուն համար, որովհետեւ անհունօրէն սիրած էր Իր պատկերն ու նմանութիւնը կրող մարդ արարածը եւ այդ սէրը Զինք մղած էր օգտագործելու ամէն միջոց, որպէսզի փրկէ զայն մեղքէն եւ մահուան դատապարտութենէն: Եւ ահա Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, երկինքէն երկիր խոնարհելով, մեր Տէրը յանձն առած էր ապրիլ մարդուն հետ, բժշկել զայն, քարոզել, խրատել, երբեմն յանդիմանել, քաջալերել, օրհնել, ուրախակից եւ վշտակից դառնալ մարդուն: Այս բոլորը մեծագոյն ապացոյցն են, որ Ան սիրած էր մարդը իր ամբողջ էութեամբ եւ այդ սիրոյն իբրեւ գերագոյն արտայայտութիւն` ինքզինք զոհած մարդուն մեղքերու քաւութեան համար:

Յիսուսի չարչարանքները վերյիշելու եւ Իրեն հետ զանոնք վերապրելու այս պահուն ցաւով ու կսկիծով կ՛անդրադառնանք, որ հակառակ անոր որ Աստուած իր կենդանութեան շունչը փչեց մարդուն մէջ, մարդը փորձեց շնչահեղձ դարձնել մարդու Որդին: Հակառակ անոր որ կոյրերը սկսան տեսնել, անդամալոյծները քալել, խուլերը լսել, բորոտները բժշկուիլ, այս բոլորին դիմաց Աստուածորդին արժանացաւ ամէնէն անարգական, ամէնէն բիրտ եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքին: Այլ խօսքով, մարդ ապերախտ գտնուեցաւ իր անձին եւ Աստուծոյ նկատմամբ: Սակայն այս բոլոր չարչարանքները դիմակայելով` Յիսուս համբերութեամբ եւ լռութեամբ քալեց Գողգոթայի ճամբայէն, որովհետեւ քաջ գիտէր, որ իր հարթած ճանապարհէն` սիրոյ ճանապարհէն, նո՛ր ուխտով մկրտուած զաւակներ պիտի քալեն, ոգեւորուած այն Տէրունի կտակով, որ մեր Տէրը իբրեւ նոր պատուիրան տուած էր Իր աշակերտներուն եւ անոնց միջոցաւ նաեւ մեզի:

Ահա այսպէս, քաջ գիտնալով Իրեն սահմանուած գալիք ահաւոր տառապանքին ու դառն բաժակի անմիջականութիւնը, Յիսուս փոխան վրէժխնդրութեան ու չարիքի` աստուածային իր էութեամբ ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. սիրեցէ՛ք իրար: Ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ իրար սիրեցէք: Ձեր իրար սիրելով է, որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք»:

Եւ այժմ այդ մեծագոյն սիրոյն եւ անոր աղբիւրին` խաչեալ Փրկիչին դիմաց ակնածանքով եւ անկեղծութեամբ կանգնած, մեր մտքերն ու յոյզերը կը ներկայացնենք Իրեն ու կ՛ըսենք.

Արքա՛յ երկնաւոր, սրտաբեկ հոգիով եւ ողբաձայն աղաղակով կը հայցենք Քու ողորմութիւնդ, որովհետեւ սոսկ շնորհած ողորմութեամբդ է, որ մենք կրնանք կանգնիլ Քու փառահեղ էութեանդ առջեւ: Կը գիտակցինք մարդկային մեր անկատար էութեան եւ Քու ամէնօրհնեալ անունդ կը կանչենք` աղերսագին յուսալով, որ ողորմութեամբդ գօտեպնդես մեզ: Նայէ՛ մեր զղջման խոստովանութեան եւ մահուան արժանի մեր անձերուն, պարգեւէ՛ անմահիդ ողորմութիւնը: Գթութեամբ ընդունէ մեղքով ծանրացած մեր դառնացած խօսքերը:

Որդի՛ Աստուծոյ, կ՛աղաչենք, ապրեցո՛ւր մեր մէջ Քու ամենայաղթ խաչիդ զօրութիւնը` տեսնելու քու փառքիդ վեհութիւնը, բժշկուելու քու օրհնեալ աջովդ, մխիթարուելու Քու կենսատու խօսքովդ, քաջալերուելու եւ զօրանալու Քու սուրբ ներկայութեամբդ, սիրուելու Քու անապական սիրովդ եւ յիշուելու ողորմածէդ, երբ Քու թագաւորութեամբդ գաս: Խաչովդ փրկէ մեզ եւ օգնէ, որ գիտակցինք, թէ Քեզմէ բխող ու մեզ լիացնող Աստուածային ա՛յդ ուժը, ա՛յդ կամքն ու խօսքը, ա՛յդ կայծն ու վրէժը, ա՛յդ փառքը սոսկ, ա՛յդ շնորհն ու շունչը, ա՛յդ յոյսն համայն` մեզի տրուած խաչն է միայն:

Եւ այդ խաչին առջեւ ծնրադիր, անգամ մը եւս բարձրաձայնենք`

Փառք սուրբ խաչիդ, ալէլուիա. սուրբ մատնութեանդ, ալէլուիա.

Չարչարանացդ, ալէլուիա:

Փառք եւ երկրպագութիւն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:

 

 

Նախորդը

Թատերական Գործիչները` Թատրոնի Մասին

Յաջորդը

Մեր Զատիկը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?