ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Անակնկալներով պսպղուն դրական դիպաշարեր չեն պակսիր մեր կեանքին մէջ` անոնք ըլլան անհատական թէ հաւաքական: Աւելի՛ն. ինչ կը վերաբերի գաղութին ու զայն բաղկացնող հասարակութեան` անշուշտ, տարբեր միութիւններ, կառոյցներ, կուսակցութիւններ եւ յարանուանութիւններ ընդգրկող, անոնք միշտ ալ ուզած են իրենց համահայկական ապրումներու ծարաւը յագեցնել միասնականութեան դրօշին ներքեւ, այլապէս իրենց առօրեան իմաստաւորելու եւ ազգային շունչն ու ոգին վառ պահելու նորահաս սերունդի սրտին ու մտքին մէջ:
Նմանօրինակ հայաբոյր մթնոլորտի մը ականատեսը հանդիսացաւ տողերուս հեղինակը հաւատաւոր բարեկամի մը գործատեղիին մէջ, ուր երկու հայորդիներ կը հանդիպին պատահաբար, եւ ուր յարգելի գործատէրը զիրենք կը ծանօթացնէ իրարու եւ կը ներկայացնէ հիւր բարեկամներուն իւրաքանչիւրին բարեմասնութիւնը:
Հիւրերէն մէկը` ասպարէզով մարդկային ծառայութեան կոչուած հայորդի մը, որ գաղութահայ կեանքին մէջ ունեցած է մեծ ներդրում: Իսկ միւսը հանրածանօթ հայորդի, որ իր գրիչով աւելի քան երկու տասնամեակէ կը ծառայէ հայ մամուլին: Թէեւ երկուքն ալ ունէին ուժեղ կապուածութիւն ու սէր հայ գիրին ու հայոց պատմութեան հանդէպ, այդուհանդերձ, անոնք իրարմէ կը տարբերէին իրենց մտածումներով, հարցերուն մօտենալու եղանակով եւ հայ կեանքին ու հայրենիքին վերաբերող բազում մտահոգութիւններով:
Ի դէպ, հայորդիներէն մէկը անմիջապէս կը կռահէ` դիմացինը, երբ հիւրընկալ բարեկամը կու տայ անոր անունը եւ կը ներկայացնէ զինք: Մամուլի աշխատակիցը չէր ճանչնար դիմացի նստողը. պարզապէս կը բարեւէ ու կը գրաւէ նստարանը: Պահ մը նկատելի կը դառնայ, որ երկու հայորդիները ծանօթ են իրարու, պարզապէս որովհետեւ մարդկային ծառայութեան կոչուած վաստակաւոր հայորդին` մօտէն հետեւելով մամուլի սպասարկուին, յաճախ ընթերցած է անոր գրութիւնները, նաեւ շատ անգամ քննադատած զինք` տարբեր նիւթեր շօշափող իր գրութիւններուն համար:
Աւելի՛ն. ան իր քննադատական սուր, ծանր ու վիրաւորական ե-նամակները ուղարկած ու սեփականութիւնը դարձուցած էր մամուլի ծառայողին: Այլապէս ալ, այդ բոլոր նամակները կը մնային անպատասխան, առանց մոռացութեան տրուելու:
Ու ահա, նախախնամութեան իսկ դասաւորումով` այս երկու հայորդիները կը հանդիպին իրարու: Քննադատողը, իմանալէ ետք դիմացինին անուն-մականունը եւ որոշ ատեն մը ետք զգալով` անոր հեզահամբոյր մօտեցումը, կը ներկայացնէ ինքզինք ու պահու լրջութենէն թելադրուած կ՛աւելցնէ. «Ազատ կարծիքի իրաւունքով զինուած` ես յաճախ քննադատած եմ քեզ, անշուշտ, առանց յետին նպատակի»:
Իր կարգին, «դաժան» ե-նամակներ ստացած հայորդին կ՛ընդգծէ. «Հաւատալով հանդերձ ազատ մտքի արտայայտութեան ու անոր կարեւորութեան, մտահան պէտք չէ ընել ճշմարտութիւն մը, որ էապէս կ՛առնչուի հայ կեանքին, հաւաքականութեան թէ անհատին, որ եթէ երբեք քննադատութիւնը դէպի լաւին ձգտելու հրամայական պահանջ է, այդուամենայնիւ անիկա զերծ պէտք է ըլլայ լպիրշ խօսքերէ, անյարիր, անպատշաճ ու վիրաւորական արտայայտութիւններէ:
«Այլապէս ալ որեւէ քննադատութիւն, որ կ՛ընդգրկէ առողջ նպատակ ու զերծ կը մնայ ինքնանպատակ ըլլալէ ու սեփական եսը շոյող ողբերգութենէ, արժանի է բոլորին գնահատանքին, թէկուզ եւ բովանդակէ «սիրտ խոցող» ճշմարտութիւն»:
Երկար ատեն համբերութեամբ զինուած հայորդիին վերոնշեալ խօսքէն ետք, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ բարեկամին ի սրտէ արձակուած` իրարու ծանօթանալու եւ զիրար ըմբռնելու պատգամին ընդառաջ, քննադատող հայորդին ոտքի կը կանգնի ու կ՛ըսէ. «Ի՛նչ լաւ առիթ է, որ հանդիպեցանք եւ ծանօթացանք իրարու: Հազար ներողութիւն եթէ երբեք պատասխան գրութիւններովս քեզ վիրաւորած եմ: Նպատակս այդ չէ եղած բնաւ: Վիրաւորանքս սեպէ վարդեր, որոնք փշոտ էին: Յուսամ առիթ կը ստեղծենք դարձեալ հանդիպելու եւ զրուցելու»:
Պահու հոգեպարար ու եղբայրական մթնոլորտի ազդեցութեան տակ, մենք` հանդիպման ներկաներս, մեր կարգին, յուզումի կայլակներ ունեցանք մեր հոգիին մէջ, ուրախութիւնը պատեց մեզ, որովհետեւ ականատես էինք հայաբոյր ու կենսաշող երեւոյթի մը, որուն ծարաւը կ՛ապրի հայ կեանքը ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի:
Եթէ երբեք առողջ ու շինիչ քննադատութեամբ ազգեր ու պետութիւններ կը զարգանան, կը յառաջդիմեն, առաւել կը զօրանան, միւս կողմէ, կոյր ատելութեամբ եւ անհանդուրժողի մօտեցումով նախապաշարուած մարդիկ պատճառ կը դառնան ազգաքանդ գործընթացներու, յագուրդ տալով իրենց անասնական բնազդին, հոգիի ու մտքի դալկութեան:
Արդ, վերոնշեալ երկու հայորդիներուն մեծահոգի, ազնուասիրտ, գնահատելի ու ներշնչող վերաբերումը պէտք է վարակիչ ըլլայ ու տարածուի հասարակութեան բոլոր խաւերուն մէջ` պարզապէս ամրագրելու, որ ծանօթացումն ու ճանաչողութիւնը հզօր զէնքեր եւ օրինակելի խայծեր են` հաւաքական կեանքի առողջացման ու առաւել բիւրեղացման:
17 մարտ 2024