Անդրադարձ

Աներեր Կեցուածքէ Շեղում

Աներեր Կեցուածքէ Շեղում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու մէջ այս տարուան նոյեմբեր 5-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը սկսած է որոշ չափով ազդել ու մեղմել Ուաշինկթընի Իսրայէլի նկատմամբ աներեր աջակցութիւնը եւ ամերիկեան վարչակազմը շեղել այդ վաղեմի աւանդութենէն ու անոր կեցուածքները տարբերել երկիրի նախորդ վարչակազմերու կեցուածքներէն: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը սկսաւ զգալ ամերիկեան եւ միջազգային հասարակական կարծիքի ճնշումը: Այդ երկու հասարակութիւնները զզուած են Կազայի մէջ...

Հայ Դպրոցն Ու Հայերէնի Դասաւանդումը  (Մտորումներ Հալէպահայ Վարժարաններու Միօրեայ Լսարանին Առիթով)

Հայ Դպրոցն Ու Հայերէնի Դասաւանդումը (Մտորումներ Հալէպահայ Վարժարաններու Միօրեայ Լսարանին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր (Սուրիոյ պատերազմէն ասդին) Հալէպի հայկական մեր վարժարանները կը դիմագրաւեն բազմապիսի դժուարութիւններ: Կայ տնտեսական սուր տագնապ (երբեմնի կայուն պիւտճէները տակնուվրայ եղած են ու գանձանակները` պարպուած), կայ աշակերտական թիւի աննախադէպ նուազում (գաղթի անկասելի ալիքը ամէն ամիս մեզմէ կը խլէ տասնեակ ընտանիքներ), կայ մեր դպրոցները խուժած ոչհայ աշակերտներու մեծ թիւ եւ ատոր դիմաց` վարժարաններուն հայկականութիւնը...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Պրիւքսէլի Եռակողմանի Յայտարարութեան Ճակատագրական Բացը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ ԱՄՆ-ի, Եւրոպական Միութեան և Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւնը կը խօսի ամէն ինչի մասին, բացի Հայաստանի համար կենսական և անմիջական նշանակութիւն ունեցող անվտանգութեան սպառնալիքներէն։ Կը խոստանայ ամէն բան, բացի թուրքևազրպէյճանական ոսոխին դէմ ապահովութեան շօշափելի երաշխիքներէ։ Ան բացարձակապէս կ՚անգիտանայ գոյութենական այն սուր ճգնաժամը, որուն դէմ յանդիման կը գտնուի մեր երկիրը այսօր։ Այս պայմաններուն մէջ, բացառիկ ուշիմութեան կարիք չունի...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Ոտատակ Ընկած Նիկոլ, Ոտատակ Եղող Հայաստան

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ոտատակ Ընկած Նիկոլ, Ոտատակ Եղող Հայաստան

2024 թ. փետրուարի 16-18-ին Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովում Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարել է. «Ուքրանիոյ հարցով Հայաստանը Ռուսաստանի դաշնակիցը չէ»: Իսկ փետրուարի 22-ին «France 24» լրատուական հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցում Փաշինեանն ասել է. «Փաստացի Հայաստանը սառեցրել է իր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին»: Նոյն այդ օրերին շրջանառւում են խօսակցութիւններ, իսկ շաբաթներ անց յայտնի է դառնում, որ Հայաստանը Ռուսաստանի սահմանապահ ծառայութեանը պաշտօնական նամակով տեղեակ է պահել սոյն թուականի...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան Երրորդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան Երրորդ Թիւը

Առցանց հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի 2024 թուականի մարտի թիւը, որուն «Առաջնորդող»-ին խորագիրն է` «Ոտատակ ընկած Նիկոլ, ոտատակ եղող Հայաստան», ինչ որ ճշգրտօրէն կ՛արտայայտէ այսօրուան Հայաստանի ղեկավարին քաղաքական վարքը, որուն իբրեւ հետեւանք ալ աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր գործընթացներու յորձանուտի մէջ ընկղմող մեր երկիրն է: Թիւին մէջ տպուած է նաեւ քանի մը օր առաջ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին այն յայտարարութիւնը, որով ան անդրադարձաւ իշխանութիւններու կործանարար քաղաքականութեան, մասնաւորապէս`...

Այնճարի Մէջ Ժողովրդային Նշում` Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակի

Զանգակատան Յարատեւ Ղօղանջը…*

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Գարնան ծաղկունքին զուգահեռ, երջանկութեան ուժ մը կը համակէ մեր սիրտերը. երազանքի շաւիղ մը կը պարուրէ մեր հոգին, կը տանի մեզ հեռուները, յաւերժութեան այն ուղին, որ հարուստ է գրականութեան ակօսներէն կեանքի կոչուած միլիոնաւոր ստեղծագործութիւններով` բանաստեղծութիւններ, արձակ գրութիւններ, թատրերգութիւններ, միտք հարստացնող գոհարներ, երեւակայութեան դաշտը գունազարդող պատկերներ, յոյզեր ու ապրումներ, որոնց հեղինակները ծանօթ, երբեմն ալ անծանօթ մշակներ են, անոնց խոփը, արօրն...

Փոքր Յուշեր Ն. Փալանճեան Ճեմարանէն

«Հայկական Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի»-ն Եւ Համազգայինը

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ ազգին պարտադրուած մռայլ ու գորշ իրավիճակին ի տես` Հայաստանի, Արցախի թէ աշխարհացրիւ սփիւռքի մէջ, Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսը 2022-ը, ապա 2023 տարիները հռչակեց «Սփիւռքի տարի»` Ա. եւ Բ. համապատասխան խորքով, որուն ամբողջական արտայայտութիւնը ցոլաց հռչակագիրին մէջ, եւ որուն յաջորդեցին գործնական աշխատանքներ: Մեր այս գիրով պիտի չանդրադառնանք անշուշտ վերոյիշեալ գործնական աշխատանքներուն ու անոնցմէ ստացուած արդիւնքներուն... Սակայն պիտի...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Ժխտողականներ Էրտողան Եւ Նեթանիահու Անամօթաբար Կը Շահարկեն Ցեղասպանութիւն Եզրոյթը` Զիրար Մեղադրելու Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ  «Քալիֆորնիա Քուրիըր» Քանի մը տասնամեակ շարունակ Իսրայէլ ու Թուրքիա մեղրամիսի մէջ էին` քաղաքական եւ տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերելով իրարու: Սակայն տարիներու ընթացքին անոնց յարաբերութիւնները սրեցան պաղեստինեան հարցերու վերաբերեալ իրենց հակադիր դիրքորոշումներուն պատճառով: Քանի մը անգամ Իսրայէլ եւ Թուրքիա նման հակամարտութիւններու պատճառով յետս կանչեցին իրենց դեսպանները մայրաքաղաքներէն, սակայն` զանոնք կրկին վերականգնելու համար: Այլ կերպ ըսած` բազմիցս վիճած եւ հաշտուած են:...

Մինակ Չես

Թովմաս Առաքեալ Անհաւա՞տ Էր

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ        Ս. Յարութեան յաջորդող առաջին կիրակին մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն կողմէ սահմանուած է` իբրեւ Նոր կիրակի կամ Կրկնազատիկ: Մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները յիշեալ անուանումներուն վրայ կ՛աւելցնեն Թովմայի կամ Թովմասի կիրակի անուանումը: Հայ եկեղեցւոյ ս. հայրերը այս անունը ո՛չ այդ օրուան համար եւ ո՛չ ալ տարուան միւս կիրակիներուն համար կը գործածեն: Այս անուանումը կու գայ Յոյն եկեղեցիէն: Մեր Նոր...

Այն Բարի Ու Ծառայասէր Երգիչը, Որ Հետք Մը Ձգեց

Այն Բարի Ու Ծառայասէր Երգիչը, Որ Հետք Մը Ձգեց

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Խօսքը քառասուն օրեր առաջ յաւիտենութեան անցած մեներգիչ ու դպրապետ Գէորգ սրկ.  Պէպէճեանի մասին է: Գիտակցական ամբողջ կեանք մը դասական, աշուղական ու ժողովրդային երգարուեստին նուիրած էութիւն մը եղաւ պարոն Պէպէճեան, որ նախ գիտցաւ  բեմական կեանք մտնելէ առաջ մշակել Աստուծմէ իրեն շնորհուած իւրայատուկ ձայնը, որուն համար աւարտեց Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցը, այնուհետեւ միայն որակեալ ու վաւերական հայ թէ օտարալեզու երգերով...

Յետմահու Զրոյց Դպրապետիս Հետ.  Գէորգ Սրկ. Պէպէճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յետմահու Զրոյց Դպրապետիս Հետ. Գէորգ Սրկ. Պէպէճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ԴՊՐԱՊԵՏ ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան, Վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան. Դառն ցաւերը մարդու վերայ չեն մնայ երկար, Որպէս յաճախորդ շարուէ շարան կու գան ու կ՛երթան» ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻ Չէի կրնար երեւակայել, որ կեանքի դարանակալ լախտը պիտի հարուածէ կեանքիս մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած իմ շատ սիրելի իտէալս, աշուղական երգերու մեկնաբան, երաժշտագէտ ու...

Ոգեղէն Ձայնի Մը Յաւերժ Ունկնդրութիւնը (Գէորգ Պէպէճեանի Անմեռ Յիշատակին)

Ոգեղէն Ձայնի Մը Յաւերժ Ունկնդրութիւնը (Գէորգ Պէպէճեանի Անմեռ Յիշատակին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Յետադարձ ակնարկ մը նետելով լիբանանահայ գաղութի հայաշունչ առօրեային, մեր մտքի ու հոգիի պաստառին վրայ կ՛ուրուագծուի լուսաշող պատկերը արուեստագէտի մը, որուն ստեղծագործ կեանքը յագեցած է երաժշտութեամբ, նուիրումով եւ ազգային արժէքներու ծառայութեամբ: Տարիներ շարունակ, ան` անզուգական ձայնի տէր ու բացառիկ մենակատար Գէորգ Պէպէճեան, ներկայութիւն եղաւ հայ բեմերու վրայ, իբրեւ ոգեղէն ապրումներու եւ յոյզերու մեկնաբան, որ իր «քարակերտ», հնչեղ եւ զուլալ...

Խոհեր` Սիրոյ Տօնին Առիթով.  Ազնուահոգի Տղու Մը Սիրոյ Հեքիաթը  (Եղիկ Գայայեանին)

Ծննդեան 60 Եւ Նահատակութեան 35-Ամեակ. Արագածի Ծնունդ Եղիկ Գայայեանի Յիշատակին (Գաղափարանուէր Տղոց Կարօտով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Խօսքը կը վերաբերի Պուրճ Համուտի Արագածի շրջանին, որ աւելի քան հարիւր տարուան պատմութիւն մը ունի իր շալակին: Փաստօրէն, հայահոծ շրջան մը, որ կազմաւորուած է յետ Եղեռնի, մանաւանդ` Կիլիկիոյ պարպումէն ետք: Արդար է նշել, որ այս շրջանը բաղկացնող թաղերը շէնցած են շնորհիւ այն սերունդին, որ հազիւ կրցած էր ճողոպրիլ թուրքին եաթաղանէն: Անոնք` մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, կազմած էին...

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ «Տեսակ Մը Թատրոն»

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ «Տեսակ Մը Թատրոն»

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 5, 6 (ստանձնած է Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը) եւ 7 ապրիլին` երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ «Տեսակ մը թատրոն» թատրերգութիւնը: Այս անգամ խումբը բեմ կը բարձրանայ ամերիկացի 5 տարբեր գրողներու 5 տարբեր պատկերներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ մթնոլորտ ու նիւթ կ՛ընդգրկէ` վերացական, առօրեայ կեանքի հետ առնչուող, սիրային եւ երգիծական: «Տեսակ մը...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Պատմութեան Մայրուղիին Վրայ…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Այս խորագրով տեղադրած յօդուածս յանկարծ անհետացած է Դիմատետրի իմ էջէս: Չեմ գիտեր, թէ որո՞նք ունին նման միջամտութիւններ բանեցնելու կարողութիւնը, եւ ի՞նչ մեքենականութեամբ կ՛իրագործուին նմանօրինակ գործողութիւններ: Եթէ իսկապէս խափանարարական բնոյթ ունի պատահածը, կ՛ուզեմ պարզապէս յստակ ընել, որ ես կը մնամ իմ տեսակէտներուն վրայ, զորս բաց մտքով կը բաժնեմ (եւ պիտի բաժնեմ) բոլորին հետ: Եւ ինչպէս միշտ, կը հրաւիրեմ  տարակարծիք...

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Գ.)

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Գ.)

ԳԱՌՆԻԿ Ա. ՔՀՆՅ. Գ. Դ.- Դժուար Սահմանելին (Հայկական Դիտանկիւնէ) Ի՞նչն է, որ դժուար սահմանելի է: Սփիւռքը: Ինչո՞ւ: Թէօլէօլեանի ակնարկութեամբ եւ իրողապէս, շատ հայեր դիւրին կը գտնեն սահմանել սփիւռքը, քանի որ զայն կը հասկնան որպէս երեւոյթ մը, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու սերունդներէն կազմուած է (այս հասկացողութիւնը պիտի կազմուէր անցեալ դարու 30-ական թուականներէն` ըլլալով իբրեւ անուանում մը «ի սփիւռս աշխարհի» գաղութներու ամբողջութեան,...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Հայրենահանուածի Եւ Ցեղասպանութեան Ժառանգներու Մարդու Եւ Ազգային Իրաւունքի Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Կրկին ԱՄԵԱԿ: Միշտ  մտածել եւ կրկնել` ՅԵՏՈՅ Ի՞ՆՉ: Պիտի խօսինք, պիտի գրենք, ցաւի յուշակոթողներ այցի պիտի երթանք: Աւանդութիւնը պիտի յարգուի: Ճանաչումներ-ը գոհունակութեամբ պիտի յիշուին: Ծէսերէն անդին քայլ մը առնելով` պիտի ըսե՞նք, թէ մէկ ԱՄԵԱԿ-է միւսը, մէկ ՃԱՆԱՉՈՒՄ-է միւսը, անոնց բազմապատկումներէն ետք, ի՞նչ փոխուեցաւ Հայ Ազգի  իրաւունքի վերականգնումին, անոր հանդէպ արդարութիւն վճռելու եւ ճանչնալու անոր  հայրենատիրական  իրաւունքը: Հայրեհանուածները գեղագիտական...

Սթափելու Ժամանակը

Համախմբումի Անհրաժեշտութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 5 ապրիլին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ ուշագրաւ եռակողմ հանդիպում մը: Հանդիպումին կը մասնակցին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյեն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Անթոնի Պլինքըն եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Եռակողմ այս հանդիպման օրակարգը չէ հրապարակուած, այս պատճառով ալ բազմապիսի մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է: Բաւականանանք այսքանով եւ սպասենք հանդիպման աւարտին հրապարակուելիք տեղեկատուութեան: Այդ...

Հալէպահայ  Երաժիշտ  Սալեմ  Պալիի  Շիջումը  Ժընեւի  Մէջ

Հալէպահայ Երաժիշտ Սալեմ Պալիի Շիջումը Ժընեւի Մէջ

 ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Սուրիահայ երաժշտասէրները պիտի յիշեն Հալէպի «Զուարթնոց» երգչախումբի յայտագիրներուն մէջ Ռահպանի-Պալի զոյգ անունները, առաջինը` իբրեւ յօրինումի համաշխարհային հռչակ ունեցող երաժիշտներ Ռահպանի եղբայրները, որոնց բազմաթիւ ստեղծագործութիւններէն ընտրանիի մը երգչախմբային մշակումը կատարած է Սալեմ Պալի: Նախաեղեռնեան շրջանի հալէպահայ բնիկները «եան» մակդիրը չունէին իրենց  մականուններուն վերջաւորութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ` Ճանճի, Ղազալ, Աճեմի, Ասֆահանի, Թահհան, Ֆարրա, Նահհաս եւ այլք, ընդհանրապէս արաբախօս, սակայն...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Հեքիաթ Չէ Սա. Մոռցուած Երգէ Մը Պատգամներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ֆրէօյտը հաւանաբար կրնայ լուսաբանել այն, ինչ որ պատահեցաւ ինծի երկու օր առաջ: Առաւօտուն, երբ արթնցայ, ուղեղիս մէջ կը թափառէր մեղեդի մը (վստահ եմ` ոեւէ մէկուդ ալ կը պատահի նոյնը), երգի մը պատառիկը, որ առաջին վայրկեաններուն անուն չունէր: Յետոյ այդ մեղեդին քիչ մը ձեւ-կերպարանք առաւ եւ զիս տարաւ մանկութեան օրերս: Մինչեւ իսկ յիշողութեանս մէջ վերականգնեցան քանի մը նախադասութիւն այդ...

Page 151 of 807 1 … 150 151 152 … 807

Արխիւներ