Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Դաստիարակող, Կրթող, Միտք Զարգացնող Տարրեր

March 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուսուցչաց եւ Մայրերու տօներու զուգադիպութիւնը մտածել կու տայ դաստիարակչական ու կրթական գործընթացին մասին ընդհանրապէս:

Սերունդներ չեն կերտուիր միայն գիտութիւն ամբարելով, այլեւ` դաստիարակուելով, մտածելակերպ զարգացնելով, հոգատարութեան արժանանալով, կեանքին պատրաստուելով եւ քննական մտածողութեան ատակ ու բանիմաց դառնալով: Այլապէս կրթական գործընթացը կը մնայ թերի:

Իրականութեան մէջ որեւէ ընկերութեան մէջ սերունդներ կերտող տարրերը մայրը, ուսուցիչն ու մամլոյ ծառայողը, կամ գրողն են հաւասարապէս:

Եթէ մայրը մանուկին ծնունդէն մինչեւ հասունացման տարիքը կը հսկէ, կը դաստիարակէ, կը սորվեցնէ եւ կ’ուղղէ, ուսուցիչը մարդակերտումի հիմնական առաքելութիւնը ի կատար կ’ածէ, գիտութեան կողքին, գիտելիքը ի սպաս ի՛ր ու իր միջավայրի՛ն զարգացման օգտագործելու հմտութիւններ կը փոխանցէ, ինչպէս նաեւ աշակերտին նկարագրի ձեւաւորման կը նպաստէ` իր խօսքով, վարուելակերպով, մանկավարժական մօտեցումներով ու ամէնօրեայ հսկողութեամբ: Միւս կողմէ` մամլոյ ծառայողը, կամ գրողը ընդհանրապէս, երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս հասարակութեան մտածողութիւնը կ’ուղղէ, քննական մտածողութեան ուղիներ ցոյց կու տայ, հասարակութեան մը արժէքային համակարգի պահպանման կը նպաստէ ու այդ համակարգը իր յօդուածներով կաթիլ առ կաթիլ կը փոխանցէ ընթերցողին` անոր մտածելակերպին վրայ ուղղակի ազդեցութիւն բանեցնելով, կարծէք` գրիչով կը խօսի իր ընթերցողին հետ: Այս պատճառով ալ երիտասարդ սերունդը փճացնելու կոչուած հոսանքներ կը փորձեն սողոսկիլ զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ, օգտագործել գրիչներ` ազդելու հասարակութեան մտածելակերպին վրայ եւ ուղղորդելու զայն դէպի իրենց նպատակը:

Կայուն ու բարգաւաճ հասարակութիւններու մէջ մեծ արժէք կը տրուի մօր, ուսուցիչին ու հրապարակագիրին, կամ ընդհանրապէս մամլոյ ծառայողին, այլ խօսքով` դաստիարակչական ու կրթական գործին նուիրուած երեք տարրերուն, որպէսզի հասարակութիւնը փճացնող հոսանքներ նուազագոյն ազդեցութիւնը ունենան, ու յատկապէս երիտասարդ սերունդը իր առողջ մտածելակերպով, իր քննական մտածողութեամբ եւ իր վարք ու բարքով նպաստէ հասարակութեան եւ երկրի զարգացման:

Որքան ժամանակակից են Մեծն Կոմիտաս վարդապետի խօսքերը` ուսուցիչին եւ ընտանիքին ուղղուած: Վարդապետը իր խօսքը ուսուցիչին ուղղելով` կ’ըսէ.

«Ուսուցի՛չ պարոններ ու քոյրե՛ր, զգուշութեամբ ու երկիւղածութեամբ մօտեցէ՛ք դաստիարակութեան գործին. խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը. դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է, սխալ ուղղութեամբ ազգ մը կը խորտակէք վերջը…»:

Ապա անդրադառնալով ընտանիքի դերին` կը գրէ.

«Ընտանիքը որքան զարգացած ըլլայ, մանուկն ալ այնքան մտքի առաւելութիւններով երեւան կու գայ»:

Միւս կողմէ` գրողը, կամ հրապարակագիրը հասարակութիւնը իր վիճակէն մէկ աստիճան վեր բարձրացնելու ճիգ կը թափէ, հարցերու լուծման ճամբայ ցոյց կու տայ, սակայն ան ալ, իր կարգին կ’ազդուի հասարակութեան քաղաքակրթութենէն, ստեղծած պայմաններէն եւ գրողին հանդէպ հասարակութեան մօտեցումէն: Գրողը իր բազմատեսակ ստեղծագործութիւններով դաստիարակչական գործէն անդին կ’անցնի նաեւ, կը ներկայացնէ իրավիճակներ, հոգեվիճակներ ու մարդկային մտքի ստեղծագործական մակարդակներ` իր գրութիւններուն ընդմէջէն իր ապրած ժամանակաշրջանը արտացոլացնելով:

Ունի՞նք կրթական մշակը, մայրը, գրողը գնահատելու, անոնց ճիգը խթանելու ռազմավարութիւն, մշակոյթ, կ’ունենանք առողջ ու բանիմաց սերունդ, աւելի՛ն` զարգացող հասարակութիւն: Անտարբերութեա՞մբ կը նայինք այս տարրերու դերին սերունդներու կերտման ու զարգացման մէջ, կ’ունենանք նոյնքան անտարբեր սերունդ մը, այլեւ` հասարակութիւն մը, որ իւրաքանչիւր դժուարութեան դիմաց դիւրաւ կը խամրի:

Նախորդը

«Պաքուի Պահանջած Գիւղերը Յանձնելու Պարագային, Տաւուշի Մարզը Պիտի Բաժանուի 2 Մասի». ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Անդամ

Յաջորդը

Մանուկներու Օրուան Առիթով` ԼՕԽ-ականներ Այցելեցին Լիբանանահայ Վարժարաններ

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.