Յոբելեանները` իբրեւ իրականութիւն, մանաւանդ` հաւաքական եւ կազմակերպական կեանքին մէջ, կարեւոր են իրենց բնոյթով, որովհետեւ առիթ կ՛ընծայեն յետադարձ ակնարկ մը նետելու, վերանորոգուելու եւ որոշ նպատակի մը ուղղութեամբ արդէն իսկ նախապէս սկիզբ առած աշխատանքի մը նոր թափ ու սլացք տալու համար:
Այս տարի Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակն է: Այս առիթով «Մեր խօսքը» բաժինը կը յատկացնենք ուսանողութեան` խօսելով հաւաքական մեր կեանքին մէջ անոնց ունեցած կարեւոր դերին մասին, նաեւ կոչ կ՛ուղղենք անոնց` համախմբուելու եւ յեղափոխական կեցուածք որդեգրելու:
Պատմութեան ընթացքին, ընդհանրապէս, ազատութեան ձգտող ազգերը դէպի ազատութեան բագին առաջնորդողները եղած են երիտասարդութիւնն եւ ուսանողութիւնը: Անոնք խմբակներ կազմելով, իտէալներ կերտելով մշակած են գաղափարաբանութիւններ, եւ այդ գաղափարաբանական համոզումներէն մեկնելով` սլացք տուած են իրենց պայքարին: Նման երիտասարդական-ուսանողական խմբակներ, որոնց կարգին է նաեւ ԶՈՄ-ը, կարեւոր դեր խաղացած են երիտասարդութեան մօտ իմացականութեան եւ քննական միտքի զարգացման մէջ: Իսկ իմացականութիւնը (intellect) ուսանողութեան ձեռքին եղող այն մուրճն է, որ կը քանդէ ստրկութեան եւ ճնշուածութեան բոլոր շղթաները:
Սիրելի՛ ուսանողներ, ճգնաժամային այս օրերուն, երբ հայրենիքն ու հայութիւնը կ՛ապրին հայոց պատմութեան ամէնէն դժնդակ շրջաններէն մէկը, մենք` իբրեւ ուսանողութիւն, պէտք է համախմբուինք:
«Ազդակ Շաբաթօրեակ»-ի մէջ 5 յունուար 1975-ին [Զ. Տարի, 5 յունուար 1975, Թիւ 2 (252)] լոյս տեսած «Դաշնակցական ուսանողութեան ընթացքի եւ կեցուածքի հարցեր» վերնագրով իր ստորագրած յօդուածին մէջ տոքթ. Բաբգէն Փափազեան կը գրէ. «…Անհրաժեշտ է տեւաբար դիրք ճշդել կեանքի իրականութեանց առաջացուցած ամէն տեսակ նորանոր ճնշումներուն նկատմամբ` առանց համակերպելու անոնց: Կը համակերպի ան, որ տեսլական մը չունի, ձգտում չունի: Մտքի հարցերով զբաղողները չեն կրնար համակերպիլ, կը պայքարին մինչեւ վերջ»: Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակին առիթով մեր խօսքը կ՛ուղղենք հայ ուսանողութեան եւ կոչ կ՛ուղղենք` ըմբոստանալու, դիրք ճշդելու եւ չհամակերպելու: Կոչ կ՛ուղղենք` միաւորուելու, համախմբուելու եւ մասնագիտական, անհատական, նկարագրային ու մտային բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դնելու հայութեան դատին:
ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


