Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլի Մէկը Ճեմարանի Մէջ…

Ապրիլ 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

… Տարուան մէջ կար օր մը, որ մեզի ժառանգ էր ինկած հայոց հին հեթանոսական մշակոյթէն, եւ այդ օրը մե՛նք էինք թագաւորը: Ապրիլ Մէկի սպասուած օրն էր այդ մէկը, երբ մեր դասարանները կ՛իյնային մեծապէս վարակիչ անիշխանութեան մը մէջ: Լեւոն Շանթէն մնացած անվիճելի իրաւունք էր ասիկա, որուն ամէն սերունդ փարեր էր մեծագոյն նախանձախնդրութեամբ: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ այսօր եւս – հակառակ մեր դպրոցը շրջապատող դժուարին պայմաններուն Արեւելեան եւ Արեւմտեան Պէյրութի զոյգ կեդրոններուն մէջ – նոր ճեմարանականներու հրոսակախումբը իր առհաւական այդ իրաւունքին կը շարունակէ տէր կանգնիլ:

Դաւը յղացուեցաւ դասարանին մէջ, արաբերէնի պահուն, երեք հոգիներու կողմէ: Այժմ չեմ յիշեր, թէ ո՞վ էր միտքը, ո՞վ էր կամքը եւ ո՞վ` խիղճը յղացողներու այդ եռեակին: Գիտեմ միայն, որ անխօս հաղորդակցութիւնը ճամբայ կտրեց դասարանին մէկ ծայրէն միւսը եւ գոյացաւ երկաթեայ համաձայնութիւն մը բոլորիս միջեւ: Յաջորդ պահը ֆրանսերէնի պահն էր. հետեւաբար պէտք էր անպայման տիկին Եոլանտն ալ քաշել գործին մէջ եւ այդ մէկը կը պահանջէր նուրբ դիւանագիտութիւն: Այստեղ խօսեցաւ աղջկանց անսխալ բնազդը.

– Մեզի մի՛ նայիք, ըսին չորս կողմէն. դուք` տղա՛քդ պիտի խօսիք Մատամին. ան ձեզի լաւ աչքով կը նայի…

Անարդար զրպարտութի՛ւն մը` որուն վրայ վիճելու ժամանակ չկար: Վաչէն եւ ես ներկայացանք Մատամին:

– Մատա՛մ, ըսինք, դասարանը որոշած է, որ ձեր պահը յատկացուի կարեւոր դատավարութեան մը…

– Ի՞նչ դատավարութիւն… հարցուց Մատամը` ուշադիր լսելով մեզ եւ երեւի ակնկալելով յոռեգոյնը:

Վաչէն եւ ես նայեցանք իրարու երես: Վաչէն աչք ըրաւ: Առաջին խոչընդոտը յաղթահարուած էր. Մատամը տրամադիր էր մեզ լսելու:

– Պիտի դատուի պր. Մուշեղը…

Մատամը ժպտեցաւ` անմեղ չարութեան մը գրգիռը աչքերուն մէջ եւ յայտնապէս վարակուած` օրուան խորհուրդէն: Յաղթահարեր էինք երկրորդ խոչընդոտը:

– Շա՛տ լաւ,- ըսաւ ան իր վճիտ վանկերով,- մէ՛կ պայմանաւ. կարգին գործ պէտք է ընէք. ճապաղ բան չեմ ուզեր:

Անցանք գործի: Արդէն պատրաստեր էինք ամբաստանագիրը. բաժնուեր էին դերերը. վերադասաւորուեր էր դասարանի կահաւորումը. նոյնիսկ ճշդուեր էր մամլոյ ներկայացուցիչներու սեղանը: Զանգը հնչեց: Մտանք դասարան:

Տիկին Եոլանտ մեզի կու գար բազմաթիւ յայտնի բանաստեղծներու եւ թատերական դէմքերու ընտանեկան մեծ աւանդութենէ մը. ինքն ալ` հմուտ մասնագէ՛տ մը ֆրանսական թատրոնի: Իր այդ կարողութիւնն էր, որ յանկարծ բեմականացաւ, երբ ան դերասանական բարկութեամբ բացաւ դասարանին դուռը, քալեց դուրս եւ ուսուցչարանէն կանչեց պր. Մուշեղը.

– Խնդրեմ, պր. Մուշեղ, եկէ՛ք եւ յանձն առէք անկարգներու այս դասարանը…

Պր. Մուշեղ մտաւ ներս` մեզ սաստելու յստակ դիտաւորութեամբ, երբ ատեանէն հնչեց դատաւորին «մուրճ»-ը.

– Թող ամբաստանեալը գրաւէ իր աթոռը… նիստը բացուած է:

«Ամբաստանեալ»-ը նայեցաւ շուրջը. քար լռութիւն էր: Բոլորս ալ կ՛ըմբոշխնէինք պարոնին դէմքին ակնթարթային կերպարանափոխութիւնը:

Միայն զինք մօտէն ճանչցողները գիտեն, թէ ան ինչպէ՛ս կ՛արտայայտէր իր ուրախութիւնը: Զուսպ եւ աննշմարելի ժպիտ մըն էր, որ կը սուզուէր իր խորքերը եւ այդ պահուն ռատիոգործօն ուժ մը կը ճառագայթէր իր ամբողջ անձնաւորութենէն. միայն շրթներն էին, որոնք թեթեւօրէն կը մատնէին պահը:

«Ամբաստանեալ»-ը համակերպեցաւ եւ անխօս բազմեցաւ աթոռին:

Ամէն բան մտածուած էր. ամէն բան պատրաստուա՛ծ: Ամբաստանագիրը կ՛ըսէր, թէ պարոնը, որպէս փոխտնօրէն, մեղաւոր էր հայագիտական առարկաներու համեմատութիւնը Ճեմարանի դասացուցակէն պակսեցուցած ըլլալու յանցանքով. նաեւ մեղաւոր էր դպրոցին վերաբերող շարք մը խնդիրները Լսարանականներու միութեան հետ քննած չըլլալու յանցանքով. եւ դեռ մեղաւոր էր Լսարանականներու պարբերաթերթ` «Ջահակիր»-ին բաւարար պիւտճէ յատկացուցած չըլլալու աններելի թերացման համար:

Նիստը յաջող կ՛ընթանար, երբ յանկարծ անդրադարձանք, թէ մոռցեր էինք պաշտպան փաստաբան մը նշանակել… Բարեբախտաբար մեր դատաւորը, որ Վաչէն էր, արագ որոշում մը տուաւ եւ յայտնեց, թէ փաստաբանական կազմէն ոչ ոք ուզած էր գործը յանձն առնել. հետեւաբար ամբաստանեալն էր, որ պիտի պաշտպանէր ինքզինք…

Հոն էր, որ խնդիրը լրջացաւ: Պր. Մուշեղ ձեռք առաւ «ինքնապաշտպանութեան» գործը.

– Պարոնայք դատաւորք,- ըսաւ,- ես կը խնդրեմ, որ այս դատը չեղեալ նկատուի, քանի որ անիկա որեւէ հիմ չունի: Տնօրէնութիւնը,- ըսաւ,- այս տարի վերադասաւորեց դասացուցակը, ճի՛շդ է. բայց նաեւ ընդարձակեց Ճեմարանի հայագիտական ուսմանց բաժինը… շուտով Ճեմարանը կ՛ունենայ Հայագիտական բարձրագոյն դասընթացք եւ կը յուսամ, որ դատախազ կողմը կ՛արձանագրուի եւ լրջութեամբ կը հետեւի այդ աշխատանքին: «Ջահակիր»-ը,- ըսաւ,-  բաւարար պիւտճէ ունի եւ լաւագոյն պայմաններ: Կար ժամանակ, երբ լսարանականները զայն իրենց ձեռքով կը տպէին փոխանակ տպարաններու դիմելու. եւ այդ օրերուն անոր խմորատիպ էջերէն քանի մը գրագէտներ եւ բանաստեղծներ տուաւ Ճեմարանը… յուսամ աւելիով կ՛արդիւնաւորուի նաեւ այսօրուան մեր սերունդի աշխատանքը: Իսկ Լսարանական միութիւնը ունի շատ ուրիշ գործեր, որոնք իրեն կը սպասեն. դպրոցին հոգը թող ձգէ մեզի…

Իրարու երես նայեցանք: Կատակը փոխուած էր լուրջի: Մենք նախօրօք պատիժն ալ սահմաներ էինք. պատժամիջոցն ալ որոշուած էր. եւ սակայն այդ պահուն չեմ գիտեր ինչո՛ւ յանցաւորներու պէս ամէն բան մոռցանք, եւ շատեր նոյնիսկ գլուխնին կախեցին: Այդ պահուն էր սակայն, որ մեր դատաւոր ընկերը ըրաւ իր երկրորդ գիւտը.

– Ատեանը,- ըսաւ,- չի կրնար չեղեալ նկատել այս դատը. կրնայ միայն ներում շնորհել…

Ամբողջ դասարանը պայթեցաւ այդ պահուն – եւ մենք որոտընդոստ ծափահարութիւններով շրջապատեցինք մեր քաղցր ուսուցիչը: Միակ անյողդողդը տիկին Եոլանտն էր, որ ընդհանուր շփոթին մէջ մեզ կարգի կը հրաւիրէր.

– Շատ աղէկ, կը բաւէ՛. դեռ քսան վայրկեան ունիք. անցնի՛նք դասի:

Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր գաղութները Մուշեղ Իշխանի անունը ճառագայթեց որպէս Եղեռնէն վերապրող մեր սերունդին զգայուն բանաստեղծը: Բայց այդ մէկը գիրի՛ն պատգամն էր միայն: Իր աշակերտները բախտը ունեցան զինք ճանչնալու գիրէն անդին. այսինքն` նախքան գիրը… իր առօրեայի՛ն մէջ` որպէս ուսուցանող, որպէս մտածող, որպէս գործող ու կառավարող եւ այդ եռուզեռին մէջ ամէն քայլափոխին` տագնապող մա՛րդ: Ինք եւ իր պաշտօնակիցները իւրայատուկ հոյլ մըն էին. սակաւաթիւ ընտրեալներու մատեա՛ն գունդը: Անոնք «ձեռքո՛վ» ընտրուած էին երկու մեծ վարպետներու` Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի խորաթափանց յայտնատեսութեամբ:

Այս մարդոց վէպը դեռ չէ գրուած եւ թերեւս երբեք ալ չգրուի: Ասոնք ուսուցիչնե՛րն էին: Այս դարու քսանական, երեսնական, քառասնական թուականներու այդ անուղղանե՛րը` որոնք հաւատացին, թէ կրնան դրօշը բարձր բռնել հայակրթութեան համեստ օճախներու մէջ: Հաւատացին, թէ կրնան այդ համեստ բոյները վերածել օճախի: Հաւատացին գաղափարի՛ն, որ կրնար յաղթահարել անցողիկ իրականութեան դժխեմ խոչընդոտները: Հաւատացին մեր ժողովուրդի ոգեկան ուժին եւ մեր ազգային անկախ պետականութեան: Մեծ գործի մը զինուորագրեալներուն վայել ջերմեռանդութեամբ, սփիւռքի ամբողջ տարածքին, առանց աւելորդ հարցուփորձի, առանց ընկրկումներու, առանց փողի ու թմբուկի` անոնք մնացին պատնէշի վրայ եւ շնորհիւ անսպառ այդ հաւատքին դրօշը անցաւ սերունդէ սերունդ:

Մըքլէյն, Վիրճինիա

«ՊՐ. ՄՈՒՇԵՂԸ» հատուած
21 սեպտեմբեր 1990
«Հորիզոն», Մոնրէալ

Նախորդը

Տոմս. Բարի Կամեցողութեան Խրատ…

Յաջորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Արցախէն Տաւուշ` Իշխանութիւններու Պետականաքանդման Կորստաբեր Վարքագիծը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?